ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ՀՐԱԿ ԱՐԱՊԱՂԵԱՆ. «Կ՚ՈՒԶԵՄ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԻՄ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ»

Մասնագիտութիւններու հարցը սկսած է էական դրոյթ դառնալ Հայաստանի մէջ։ Որեւէ ոլորտէ ներս կը փնտռուին մասնագէտ մարդիկ, որոնք տիրացած են բարձր կրթութեան եւ պատրաստ են իրենց ձեռք բերած հմտութիւնները, մասնագիտական ընկալումները եւ անշուշտ զանազան երկիրներու մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնը կիսուիլ Հայաստանի մէջ։

Ու հակառակ անոր, որ յաճախ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին բողոքներ կը լսուին, կայ, գոյութիւն ունի տնտեսական ենթախաւ մը, որ դանդաղ եւ հաստատ քայլերով կը զարգանայ։

Խօսքս կապ ունի մանաւանդ սփիւռքահայ այն երիտասարդ ներդրողներուն հետ, որոնք զանազան ձեւաչափերով կը փորձեն միջին մակարդակի ձեռնարկութիւններ կերտել Հայաստանի մէջ։

Եթէ հաշուի առնենք այսօր Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը, ապա պէտք է անպայման շեշտադրել, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի ազատ տնտեսութիւն կերտելու հիմնարար մի քանի դրուածք, որոնց մասին կ՚արժէ անպայման խօսիլ։

Նախ՝ երկիրը մտած է տնտեսական բարեփոխումներու միջավայր մը, որ նաեւ կը յատկանշուի կաշառակերութեան դէմ երեւցող անդուլ պայքարի քաղաքական կամքով։

Անշուշտ ճիշդ չէ ըսել, որ անցեալ փուլին տնտեսական ոլորտը իսկապէս «փակ» ոլորտ մըն էր, սակայն անցեալ իշխանութիւններու օրօք եւ մէկէ աւելի առիթներով այդ իշխանութիւններուն դէմ հնչած տեսակէտները իրավիճակը կը դարձնէին մտահոգիչ, մասնաւորապէս սփիւռքահայ այն գործարարներուն համար, որոնք հաստատակամ որոշում չունէին Հայաստանի մէջ նոր գործ մը, միջին կամ մեծ ձեռնարկութեան մը սկսելու վերաբերեալ։

Քաղաքական դաշտին մէջ առկայ լարուածութիւնը, իշխանութեանց դէմ լսելի դարձած խօսքերն ու երկրին մէջ առկայ քամահրանքի մթնոլորտը կը տարածուէր ամէնուրեք, եւ այդ մէկը անշուշտ հիմնական պատճառաբանութիւն կը դառնար, որ սփիւռքահայ մասնաւորապէս երիտասարդ գործարարները, այսպէս ասած, ամէն տեսակի ռիսքի նետուէին ու գային Հայաստան նոր գործի սկսելու համար։

Թերեւս նախկին իշխանութիւններուն մասին լսուած խօսքերը արդիւնք էին քաղաքական ընկալումներու, սակայն հայկական իրականութեան մէջ «ջուրը չտեսած մերկանալու» ընկալումը աւերներ կը գործէր մասնաւորապէս երկրի տնտեսութեան զարգացման առումով։

Կայի՞ն արդեօք սխալներ, այո՛, անշուշտ կային։ Կաի՞ն արդեօք բացթողումներ, այո՛, կային ու դեռ ալ կան, սակայն այսօր Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը կերպով մը իր դրական ցոլքերը սկսած է տարածել եւ նոյնիսկ ազդել մասնաւորապէս սփիւռքի երիտասարդական շրջանակներուն մօտ։

Անցեալին սփիւռքի երիտասարդութիւնը Հայաստան կու գար երազելու, տեսնելու, ծանօթանալու, սիրելու եւ մեր երկիրը աւելի մօտէն ճանչնալու նպատակով։ Այսօր ալ կայ այդ մէկը ու լաւ է, որ կայ, սակայն այսօր այդ բոլորին վրայ աւելցած է Հայաստանի մէջ ապրելու ցանկութիւնը, որուն զուգահեռ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ երիտասարդ ամենէն աւելի կը մտածէ փոքր աշխատանք մը, փոքր գործ մը ունենալու կամ փոքր ձեռնարկութեան մը սկսելու մասին։

Կասկածէ վեր է անշուշտ, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները երկրին մէջ տնտեսական աը ապահովելու համար կարեւոր քայլեր պէտք է առնեն ու այդ առումով ալ ճիշդ կ՚ըլլայ, եթէ կերպով մը տնտեսական բարելաւումներու իրենց ծրագիրներուն մէջ հաշուի առնեն սփիւռքին համար փոխշահաւէտ պայմաններու ստեղծումը։

Սա անպայման չի նշանակեր, որ հայրենի իշխանութիւնները պարտաւոր են զատողութիւն դնել «ներսի» եւ «դուրսի» գործարարներուն միջեւ, բայց եւ այնպէս, անոնք պարտաւոր են ստեղծել այնպիսի գրաւիչ պայմաններ, որոնց համար ոչ միայն սփիռքահայ երիտասարդներ Հայաստան պիտի գան, այլ նաեւ Հայաստան պիտի բերեն իրենց արաբ, ֆրանսացի, ամերիկացի, լեհ, ռուս եւ թուրք գործընկերները։

Ի դէպ չգոհանալով միայն «տեսական» մօտեցումներով եւ այսօրուան նիւթն ու անոր շօշափած հիմնախնդիրները ամրագրելով հիմնաւոր փաստարկներով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ կարճ զրոյց մը օրերս Երեւան տեղափոխուած ու նոր ասպարէզի նետուած լիբանանահայ երիտասարդ՝ Հրակ Արապաղեանին հետ։

Ստորեւ հարցազրոյցը.

-Մինչեւ ձեր Հայաստան գալը, Լիբանանի մէջ ի՞նչ գործով կը զբաղէիք:

-2014-ին աւարտեցի Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի գիտական բաժինը, որմէ ետք ուսումս շարունակեցի Lebanese International University-ի մէջ եւ ստացայ «Electrical engineering»ի վկայական:

Սակայն նախքան համալսարանական ուսման անցնիլս, արդէն սկսած էի աշխատիլ Պէյրութի՝ «Casper and Gambinis» ճաշարանին մէջ, ուր ձեռք ձգեցի մեծ փորձառութիւն եւ շահեցայ բազմաթիւ մրցանակներ:

-Շատ կը լսենք, որ լիբանանահայութեան, յատկապէս երիտասարդ խաւը մտադիր է Լիբանանէն հեռանալ, ի՞նչ է պատճառը, եւ, ձեր կարծիքով, արդեօք մեծ է անոնց թիւը:

-Այս վերջին մի քանի տարիներուն Լիբանանի մէջ կը տիրէ անհասկնալի սղութիւն, աշխատանք ճարելու ու ոլորտներու սահմանափակ ըլլալը երեւելի դարձան։ Այս պատճառներով է, որ լիբանանահայութեան երիտասարդ խաւը եւ յատկապէս համալսարանական շրջանաւարտ տղաքն ու աղջիկները կը դիմեն արտասահման, մասնաւորապէս Ծոցի արաբական երկիրներ, աշխատանքի եւ, այսպէս ըսած, «ապագայ կերտելու» համար։ Անշուշտ անոնք նպատակադրած կ՚ըլլան որոշ շրջան մը աշխատելէ ետք Լիբանան վերադառնալ, բայց՝ շատերը ետ չեն վերադառնար:

-Հայաստանը, ձեր կարծիքով, գրաւի՞չ երկիր մըն է լիբանանահայ երիտասարդութեան համար: Եթէ այո, ի՞նչ է անոր գրաւութիւնը։

-Լիբանանի հայ գաղութը եղած է միշտ ազգասէր եւ հայրենասէր գաղութ: Երեխաներ արդէն փոքր տարիքէն դեռ հայրենիքը չտեսած, իրենց երազային աշխարհին մէջ սիրահարուած կ՚ըլլան Հայաստանին։ Իսկ եթէ առիթը ընծայուի Հայաստան գալով, անոնք իրենց երազը կ՚իրականացնեն։ Անոնք կը սկսին ոչ թէ երազելով, այլ հիմնաւորուած եւ խոր համոզմունքով սիրել Հայաստանը, կը տեսնեն, թէ Հայաստանը որքան գրաւիչ երկիր մըն է իր բնութեամբ, համեստ ժողովուրդով եւ մանաւանդ Արարատով։

Կրնամ ըսել, որ Հայաստան տեղափոխուիլ ուզողներուն թիւը մեծ է, մանաւանդ երիտասարդական խաւին մէջ։ Կարեւոր է հաշուի առնել, որ անոնցմէ շատեր Լիբանանի մէջ իրենց տարիներու աշխատանքով եւ ճակտի քրտինքով հասած են բարձր դիրքերու, եւ հիմա անոնցմէ շատերուն համար խորթ կը թուի մէկդի թողուլ այդ ամէնը... սակայն վստահ եմ, երբ Հայաստանի մէջ ըլլան յարմար առիթներ, կու գան, կ՚աշխատին, կ՚ապրին ու կը հաստատուին Հայաստանի մէջ, կու գան եւ կը հարստացնեն մեր երկիրը իրենց մտքերով եւ փորձառութեամբ:

-Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէր Հայաստանը մինչեւ այստեղ գալդ։ Դուն Հայաստանի մէջ աշխատելու հնարաւորութիւն ստացած ես, ի՞նչ է իրական պատկերը: Ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր երեւակայած՝ պատկերացուցած աշխարհէն իրական աշխարհին միջեւ. ի՞նչ էին տարբերութիւնները եւ հիմա որ հոս պիտի բնակիս, արդեօք նախկին պատկերը փոխուեցա՞ւ։

-Ես առաջին անգամ 2013-ին, երբ 17 տարեկան էի, եկայ Հայաստան, ուր մասնակցեցայ Արցախի ֆոնտի կազմակերպած «Ասպետ» ճամբարին: Այդ ինծի համար երազ մըն էր, որ իրականացաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ Արարատի սարը, մնացի Արցախ եւ մօտէն ծանօթացայ հայ զինուորին: 2015-ին եւ 2018-ին դարձեալ, մաս կազմելով ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբի կազմակերպած ճամբարին, եկայ Արցախ, ուր շփուեցայ տեղւոյն ժողովուրդին եւ երեխաներուն հետ: Փորձառութեան առումով սակայն ամենէն տպաւորիչը 2017-ին էր, երբ մաս կազմեցի «Birthright Armenia» («Դէպի Հայք») ծրագրին եւ առիթը ունեցայ չորս ամիս աշխատելու Հայաստանի մէջ, մօտէն ծանօթացայ աշխատաւոր դասակարգին, Հայաստանի շուկային եւ տնտեսական վիճակին: Այսօր արդէն իմ լաւ ընկերոջս՝ Աւետիս Մնչրեանին միջոցաւ ինծի աշխատանքի առիթ ստեղծուեցաւ Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ գտնուող «Gouroo» ճաշարանին մէջ։ Այժմ ուրախութեամբ կրնամ ըսել, որ Երեւանի ամենէն գեղեցիկ եւ լաւ ճաշարաններէն մէկուն մէջ տնօրէնի պաշտօն կը վարեմ:

Ես ուզեցի Հայաստան գալ եւ հինգ տարուան փորձառութիւնս բաժնեկցիլ ճաշարանային ոլորտին մէջ գործողներուն հետ։

Հայաստանը ինծի համար արդէն դադրած է հանգստավայր մը ըլլալէ, ուր կու գայի ժամանցի, հանգստանալու, պտըտելու եւ ապա Պէյրութ վերադառնալու:

-Ձեր աշխատած՝ սնունդի, ճաշարանային ոլորտին մէջ Հայաստանը խոստմնալի՞ց երկիր մըն է:

-Այո, Ճաշարանային ցանցերու ոլորտին եւ ընդհանրապէս Hospitality-ի մէջ, իմ կարծիքով, Հայաստանը խոստմնալից երկիր մըն է եւ ես տեսնելով այդ ներուժը, համոզուեցայ Հայաստան գալու եւ իմ ներդրումը ունենալու այս ոլորտի զարգացման մէջ: Մէկ խօսքով կ՚ուզեմ անպայման ներդրումս ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ։

-Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել սփիւռքահայ երիտասարդներուն:

-Սփիւռքահայութեան կ՚ուզեմ ըեսլ, որ մենք կը պատկանինք Հայաստանին եւ մենք՝ որպէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւն, մեր նոր մտքերն ու փորձառութիւնները հաւաքելով աշխարհի չորս կողմէն եւ մէկտեղելով Հայաստանի մէջ, կրնանք ունենալ հզօր հայրենիք: Վստահ եմ, որ զանազան մտքեր եւ գաղափարներ կան, թերեւս նոյնիսկ շատ պարզ բաներ, ինչ որ մենք ունինք մեր ապրած երկիրներուն մէջ, որոնք դեռ չկան Հայաստանի մէջ, դուք եղէք այդ նորարարութիւնները առաջինը Հայաստան բերողները։ Հայաստան եկէք, հիմա արդէն ժամանակն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 18, 2019