ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ ՍԱՀԱԿ ԱՆՏԷՔԵԱՆ. «ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԻՒՆ ՄՆԱԼ»

Արդէն իսկ հասանք տեղ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը պիտի ըլլայ՝ «յետքորոնայի ժամանակները»։ Ի զուր չէ անշուշտ, որ նման գաղափար շրջանառութեան մէջ դրուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ուր մէկէ աւելի անուանի վերլուծաբաններ յաջորդ տասնամեակներուն համար նախանշած են, թէ ամէն ինչ, որ տեղի ունենալ պիտի սկսի քորոնա համաճարակի վերջանալու փուլի առաջին ամիսներուն՝ պիտի տեղադրուի այդ ապառնի ժամանակին մէջ, որուն ընթացքին ալ տարբեր առումներով եւ յաճախ բազմակողմանի տեսանկիւններէ բաւական մեծ եւ ցնցիչ փոփոխութիւններ երեւան պիտի գան։

Նախքան այսօրուան հարցազրոյցին անցնիլը, հարկ է նշել, որ այսօր աշխարհը կառավարել փորձող, կամ առնուազն, որպէս այդպիսի ներկայացող բոլոր-բոլոր տէրութիւնները ինչ-որ տեղ մեծ ձախողութիւններու մէջ են։ Երկիր մը շատ, երկիր մը քիչ, սակայն ապահովաբար աւելի մեծ վնասներ կրած են ու կրելու են այն երկիրները, որոնք ունին մեծ պատասխանատուութիւններ, հզօր տնտեսութիւն, ամուր բանակ եւ մարդկային ու գիտական մեծ ներուժ։

Այդ երկիրներու ամենէն առաջնայինը բոլորիս համար Միացեալ Նահանգներն է. նոյն այդ երկիրը, որ կը փորձէ աշխարհը «կառավարել», կամ առնուազն ինչ-որ չափով հանդէս գալ որպէս աշխարհի «տէրն ու տիրական»ը։ Այս առումով ալ աւելի քան յատկանշական է, որ հակառակ դուրսէն հզօր եւ անպարտելի երեւցող դրութեան՝ Միացեալ Նահանգներ այսօր յայտնուած է մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք կրնան լուրջ բարդութիւններու տանիլ այդ «հզօր» երկիրը եւ իրողապէս շատ բան շրջել ամբողջ աշխարհով մէկ։

Ամէն պարագայի այդ եղափոխութիւնները ժամանակի հարց են ու յստակ է նաեւ, որ այսօրուան իրավիճակը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերցուած ձեռնոցներն ու պատասխանատուութիւնները կը գտնուին բաւական բարդ եւ հրատապ դրութեան մը մէջ։

Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մօտալուտ ապագան.  արդեօք այդ երկիրը պիտի շարունակէ՞ որպէս գերհզօր երկիր մը գոյանալ...

Այս բոլորին մասին խօսեցայ ամերիկահայ քաղաքագէտ՝ Սահակ Անտէքեանին հետ։ Ամերիկահայ քաղաքագէտ՝ Սահակ (Իզհաք) Անտէքեան հեռակապի միջոցաւ պատասխանեց մեր հարցումներուն։

*

-Պրն. Անտէքեան, Ամերիկան պիտի տկարանա՞յ-թուլանա՞յ քորոնավարակին հետեւանքով։

-Ո՛չ միայն Ամերիկան, որպէս հզօր պետութիւն պիտի ազդուի եւ տկարանայ քորոնավարակի պատճառով, այլ նաեւ՝ բոլոր միւս հզօր պետութիւնները: Ընդհանուր աշխարհը ցնցուած է այսօր: Այս վարակը անշօշափելի բան մըն է եւ թերեւս հզօր պետութիւնները պատրաստ չէին այսպիսի թշնամիի մը դէմ դնելու: Երբ նայինք, թէ ի՛նչ կը պատահի աշխարհի չորս կողմը, յատկապաէս՝ Չինաստան, Իտալիա, Սպանիա, Իրան եւ այլ երկիրներ, կը տեսնենք, որ ինչ մեծ թիւով մահեր կ՚արձանագրուին վարակի պատճառով: Երեւելի դարձած խնդիր է նաեւ անգործութիւնը. Միացեալ Նահանգներու մէջ մօտաւորապէս 35 միլիոն ամերիկացի անգործ մնաց այս ութ շաբաթներու ընթացքին:

Այո՛, ճիշդ է, Ամերիկան կը տառապի եւ ցնցուած է քորոնայի պատճառով, բայց, ինչպէս ըսի, Ամերիկան միակը չէ, միջազգային, համաշխարհային երեւոյթ մըն է, որ թերեւս բոլոր պետութիւններուն, ազգերուն վրայ ալ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ։

-Ինչպէս տարբեր երկիրներու, Ամերիկայի պարագային եւս այս համաճարակը պիտի ազդէ քաղաքական իրավիճակին վրայ։ Որո՞նք պիտի ըլլան գլխաւոր տուժողները եւ ինչո՞ւ։

-Այո՛, քորոնա վարակը ազդած է Ամերիկայի քաղաքականութեան վրայ, նաեւ տոյժերը շատ են ասոր հետեւանքով: Ուրեմն, բժշկական դիտանկիւնէ խօսելով, հիմնական եւ գլխաւոր տուժողները պիտի ըլլան տարեցները եւ փոքր երեխաները, որոք արդէն բժշկական հարցեր ունին: Իսկ քաղաքական դիտանկիւնէ, ընդհանրապէս ժողովուրդի աղքատ խաւը պիտի տուժէ, քանի որ անոնք արդէն որոշ դժուարութեան մէջ էին, եւ այսօր քորոնայի պարտադրած պայմաններուն պատճառով աւելի ծանր դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին:

Ըսեմ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը իր կրցածին չափ կը փորձէ օգնել եւ մեղմել անոնց ծանր վիճակը, մանաւանդ նախագահ Թրամփ շուրջ 2 թրիլիոն տոլար օգնութիւն յատկացուց ժողովուրդին եւ փոքր առետրական գործերով զբաղուողներուն համար: Սա որոշ չափով պիտի օգնէ աղքատ խաւին, բայց միւս կողմէ ալ հարուստ դասակարգը արդէն իրենք զիրենք անջատած են ժողովուրդէն եւ մեկուսացման մէջ են իրենց մեծ տուներուն, պալատներուն մէջ:

Ընդհանուր առմամբ նիւթապէս եւ առողջապէս տկարը ժողովուրդն է, որ կը տուժէ եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի բոլոր ժողովուրդը կը տուժէ այս վարակին պատճառով:

-Հաւանակա՞ն է նախագահական ընտրութիւններու յետաձգումը։

-Ներկայիս նախագահական ընտրութիւններու յետաձգումը քիչ մը դժուար է, քանի որ ընտրութեան թուականը ճշդուած է նոյեմբերի մէջ եւ մինչ օրս փոխուած չէ: Ինչպէս նաեւ նախագահ Թրամփին եւ փոխ-նախագահին պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը կ՚աւարտի 20 նոյեմբեր 2020-ին: Հետեւաբար, յետաձգման մասին խօսքեր չկան, Քոնկրեսի խօսնակ Նենսի Փելոզին իր հերթին յայտարարեց, որ շարք մը կարգադրութիւններ պիտի ընեն, որպէսզի ընտրութիւնները տեղի ունենան ճշդուած թուականին: Այդ կարգադրութիւնները կ՚ընդգրկեն կարգ մը որոշումներ եւ առաջնային քայլեր. ինչպէս՝ ելեկտրոնային քուէարկման ձեւը որդեգրել եւ իրականացնել:

-Եթէ պատուաստը Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնաբերուի, այն օգտակար «զէնք» պիտի դառնա՞յ նախագահ Թրամփի համար։

-Եթէ քորոնա վարակին պատուաստը յայտնաբերուի Ամերիկայի մէջ, անկասկած, որ նախագահ Թրամփ այդ փաստը պիտի օգտագործէ՝ ըլլայ ներքին քաղաքականութեան գծով, կամ՝ արտաքին: Հոս կարեւոր է նշել, որ նախագահ Թրամփ այս վարակը շատ լուրջի չէր առած սկզբնական շրջանին՝ յունուար, փետրուար ամիսներուն, բայց մարտէն սկսեալ, երբ տեսաւ համաճարակին պատճառած աւերներու չափը, սկսաւ լրջօրէն քայլեր ձեռնարկել: Առաջին հերթին Թրամփ նշանակեց յանձնախումբ մը «Covid-19 task force» անունով, որուն մաս կազմեցին շատ կարեւոր անձնաւորութիւններ եւ զանազան մասնագէտներ. ինչպէս՝ տքթ. Անթոնի Ֆաուչի: Եւ այսպէս, մարտէն սկսեալ Թրամփ կարեւոր ճիգեր գործադրեց եւ նեցուկ ցոյց տուաւ դեղօրայքի այն ընկերութիւններուն, որոնք արդէն լծուած էին քորոնայի համար պատուաստը գտնելու։ Այս կը նշեմ նաեւ ըսելու համար, թէ եթէ մինչեւ յառաջիկայ ընտրութիւններ պատուաստը պատրաստ ըլլայ, ապա այն ատեն պարզ պիտի դառնայ, որ Թրամփի վերընտրութիւնը պիտի պսակուի յաջողութեամբ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, ապա Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս պիտի ներկայանայ որպէս աշխարհի առաջնորդ եւ անգամ մը եւս ամրագրուի, որ այս երկիրը մարդու իրաւունքները պաշտպանող յառաջատար երկիր է:

-Ամերիկան, որպէս գերպետութիւն ցնցուեցաւ այս համաճարակին հետեւանքով, ի՞նչ էին մեծագոյն թերացումները, եւ արդեօք այդ թերութիւնները սրբագրելի՞ են։

-Այո՛, ճիշդ է, որ Ամերիկան որպէս գերպետութիւն ցնցուեցաւ քորոնա համաճարակին հետեւանքով եւ կարգ մը թերացումներ կային թէ՛ Ամերիկայի, թէ՛ այլ պետութիւններու կողմէ: Սկիզբը, դեկտեմբեր 2019- յունուար 2020 ժամանակահատուածին տեղեկատուութեան պակաս կար Չինաստանի կողմէ, հետեւաբար՝ համագործակցութեան բացակայութիւն: Երբ Չինաստանը պէտք եղած տուեալները չփոխանցեց միւս երկիրներուն, որպէսզի այս համաճարակին առաջքը առնեն, ան որոշ չափով յանցաւոր եղաւ, Ամերիկա նոյնպէս սխալներ գործեց, քանի որ անակնկալի եկաւ եւ պատրաստուածութիւն չունէր, որովհետեւ այս «պատերազմը» իր բնոյթով քիչ մը նորութիւն էր ամերիկեան բանակին համար։ Այս մէկը կենսաբանական պատերազմ մըն է, կը կարծեմ, որ այս մէկը նաեւ զանազան ազդեցութիւններ պիտի ունենայ Ամերիկայի քաղաքականութեան վրայ։ Կարգ մը ապրանքներու արտադրութիւնը՝ որ մինչ այդ Չինաստանի միջոցաւ կ՚ըլլար, հիմա Ամերիկայի համար կը դիտարկուի որպէս ազգային անվտանգութեան հարց ու որոշուեցաւ այդ ապրանքները այլեւս Ամերիկայի մէջ արտադրել. օրինակ՝ հականեխող հեղուկները, երեսի դիմակը եւ այլն:

-Միացեալ Նահանգներու դերը կրնա՞յ տկարանալ աշխարհի մէջ, առ ի հետեւանք արձանագրուած մեծ սխալներուն։

-Այո՛, Միացեալ Նահանգներու դերը կրնայ տկարանալ աշխարհի մէջ, նկատի առնելով քաղաքական եւ տնտեսական զօրաւոր մրցակցութիւնը՝ որ կար եւ տակաւին կայ ու կը շարունակուի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ: Այդ մրցակցութիւնը արդէն իր գագաթնակէտին հասած էր նախքան քորոնա համաճարակի մէջտեղ գալը եւ ինչպէս գիտէք, այդ մրցակցութիւնը նոյնիսկ «Պաղ պատերազմ»ի օրով ալ բաւական «տաք էր»: Եւ, ինչպէս գիտէք, այդ պատերազմը որոշ ձեւով կը վերականգնուի միջազգային գետնի վրայ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի ներկայութեամբ, մրցակցելով Ամերիկայի հետ: Բայց, իմ համոզմամբ, նկատի առնելով, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին զօրաւոր երկիր է իր քաղաքականութեամբ, տնտեսական կեանքով եւ զինուորական ուժով, անոր դերի տկարացումը մօտ ապագային տեղի պիտի չունենայ։ Բայց եւ այնպէս, եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, ապա կանխատեսելի է, որ յառաջիկայ տասն տարիներուն Միացեալ Նահանգներ իր այսօրուան դիրքերէն նահանջէ եւ դադրի իբրեւ միահեծան գերտէրութիւն գոյութիւն ունենալէ։

Որպէսզի Ամերիկայի դերը տկարանայ աշխարհի մէջ, պէտք է ուրիշ պետութեան մը դերը զօրանայ, մէկը կը վնասէ, որպէսզի միւսը շահի, բայց ներկայիս այդ մէկը չեմ տեսներ, գոնէ մօտիկ ապագային ոչ մէկ երկիր պատրաստ է փոխարինել Ամերիկան։

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020