ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ

Ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէնէ թարգմանուած քանի մը պատմուածքներ, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին համար այս կամ այն ձեւով տալիք պատգամ մը կամ դաս մը կը պարունակեն, մանաւանդ այս ծանր օրերուն, երբ թագաժահր վարակին պատճառով մեզմէ շատեր իրենց մտածումներով շատ յաճախ հեռուները կ՚երթան՝ ամէն բան մթնած ու խաւարած տեսնելով: Իրավիճակը, այո՛, ծանր է, բայց մարդ արարածը աւելի զօրաւոր ու բարձր է այդ իրավիճակներէն իր բանականութեամբ եւ հոգեւոր ու մտաւոր ներաշխարհով: Յոյսով եմ, որ այս պատմուածքները գէթ մի քանի հոգիի համար օգտակար կ՚ըլլան՝ դուրս գալու ճնշուածութենէն եւ կեանքին նայելու աւելի դրական ու լուսաւոր նայուածքով, չմոռնալով, որ մեր Արարիչն Աստուած ո՛չ թէ մեր կորուստը, մահը կ՚ուզէ, այլ՝ փրկը-ւիլն ու յաւիտեան ապրիլը:

ԵՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՔԵԶ...

Նշանաւոր հոգեբան մը իր դասախօսութեան սապէս սկսաւ.

-Ո՞վ կը փափաքի այս 20 տոլարնոց թղթադրամը ունենալ:

Բազմաթիւ ձեռքեր բարձրացան...: Փափաքողները շատ էին...

-Մինչ ձեզմէ ոեւէ մէկը այս թղթադրամը կը ստանայ, ես թղթադրամին բան մը պիտի ընեմ, շարունակեց հոգեբանը:

Ան ճմռթկեց թղթադրամը եւ դարձեալ հարցուց, թէ ոեւէ մէկը կը փափաքի՞ վերցնել զայն...

Դարձեալ ձեռքեր բարձրացան...

-Այդ պարագային, -պատասխանեց ան-, ես հետեւեալը կ՚ընեմ...

Ան թղթադրամը յատակին վրայ նետեց, ոտքով տրորեց, ապա վերցուց ճմռթկած ու աղտոտած դրամը ու հարցուց.

-Տէ, ձեզմէ որո՞ւն պէտք է այս աղտոտ թղթադրամը:

Դարձեալ բոլորն ալ փափաք յայտնեցին...

-Սիրելի՛ բարեկամներ, այս պահուն դուք շատ թանկարժէք դաս մը առիք, -ըսաւ հոգեբանը-, նկատի չունենալով այն բոլորը՝ ինչ ըրի այս թղթադրամին, դուք բոլորդ ալ փափաք յայտնեցիք ստանալու զայն..., որովհետեւ ան չէ՛ կորսնցուցած իր արժէքը...: Ան կը շարունակէ 20 տոլար արժողութեամբ թղթադրամ մնալ...: Կեանքի մէջ ալ յաճախ այդպէս կը պատահի, երբ մենք՝ յատակին կը յայտնուինք, տրորուած, աղտոտած..., նման պարագաներու մենք մեզ անարժէք ու անպէտք կը զգանք...: Կարեւոր չէ, թէ ինչ պատահած է քեզի, կամ՝ կը պատահի..., աղտոտ, թէ մաքուր, դուն երբեք արժէքդ չես կորսնցներ... Դուն միշտ անգին կը մնաս՝ Աստուծոյ եւ անոնց համար, որոնք քեզ կը սիրեն... 

ԱՌԱՆՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՉԵՍ ՀԱՍՈՒՆՆԱՐ

Երիտասարդ մը շոքեկառքին մէջ տարեց մարդու մը հանդիպեցաւ: Երիտասարդը փիլիսոփայական գիրք մը կը կարդար, իսկ ծեր մարդը՝ Աւետարան:

Երիտասարդը ծերուկին ըսաւ.

-Ինչպէ՞ս կը կարդաս այդպիսի գիրք մը, որու վրայէն աւելի քան 2000 տարի անցած է եւ մեր օրերուն ժամանակավրէպ դարձած է: Ա՛ռ այս գիրքը, որպէսզի միտքդ լեցնէ ու սնուցանէ, ինչպէս նաեւ որպէսզի ծանօթանաս փիլիսոփայութեան ինչութեան:

Ծերուկը խնդաց ու շարունակեց խաղաղութեամբ կարդալ, առանց պատասխանելու երիտասարդին փիլիսոփայութեան: Երբ ժամանակը եկաւ շոքեկառքէն դուրս գալու եւ մինչ կը պատրաստուէին իջնելու՝ ծերուկը ըսաւ երիտասարդին.

-Ես եմ այն փիլիսոփան, որուն գիրքը կը կարդաս:

Եւ եզրակացուց ըսելով.

-Ինչքան ալ մեծնաս եւ բարձր դիրքերու հասնիս այս կեանքի մէջ, անպայմանօրէն պէտք է Աստուծոյ դառնաս, որովհետեւ առանց Աստուծոյ չես հասուննար:

ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ՅԵՏԱՁԳԵԼ

Երկու ընկերներ ձուկ որսալու գացին։ Անոնցմէ մէկը մեծ ձուկ մը որսաց, դրաւ զայն իր կողովին մէջ եւ ոտքի կանգնեցաւ երթալու համար։ Իր ընկերը հարցուց.

-Ո՞ւր կ՚երթաս։

Ան պատասխանեց.

-Տուն։ Մեծ ձուկ մը որսացի։ Բաւարար է ինծի համար։

Ընկերը պատասխանեց.

-Սպասէ՛, որպէսզի ինծի պէս ուրիշ մեծ ձուկեր ալ որսաս։

Ընկերը հարցուց անոր.

-Ինչո՞ւ համար։

Ան պատասխանեց.

-Երբ մէկ ձուկէն աւելի որսաս, կրնաս ծախել զայն։

Ընկերը հարցուց.

-Ինչո՞ւ համար այդ մէկը ընեմ։

Ան ըսաւ.

-Որպէսզի աւելի դրամ ձեռք ձգես։

Ընկերը հարցուց.

-Ինչո՞ւ համար։

Ան պատասխանեց.

-Որպէսզի դրամատան մէջ ունեցած հաշիւիդ վրայ աւելցնես։

Ընկերը հարցուց.

-Ինչո՞ւ համար ընեմ այդ մէկը։

Ան պատասխանեց.

-Որպէսզի հարուստ ըլլաս։

Ընկերը հարցուց.

-Եւ ի՞նչ ընեմ հարստութիւնը։

Ան պատասխանեց.

-Օր մը կրնաս մեծնալ, ժամանակդ վայելել զաւակներուդ ու կնոջդ հետ։

Խելացի ընկերը ըսաւ անոր.

-Ճիշդ այդ է որ հիմա կ՚ընեմ եւ չեմ ուզեր յետաձգել զայն մինչեւ մեծնամ ու կեանքս կորսնցնեմ:

ԱՐՏԱՔԻՆԷՆ ՄԻ՛ ԴԱՏԷՔ

Փոքրիկ մը խճողուած ճաշարան մը մտաւ եւ նստելով սեղանի մը մօտ, հարցուց սպասարկող աղջկան.

-Շոքոլայով պաղպաղակ ունի՞ք:

Սպասարկողը պատասխանեց.

-Այո, ունինք:

Դարձեալ փոքրիկը հարցուց.

-Ի՞նչ կ՚արժէ:

Սպասարկողը պատասխանեց.

-Հինգ ղրուշ:

Դարձեալ փոքրիկը հարցուց.

-Իսկ ի՞նչ կ՚արժէ ոչ մէկ բանով պաղպաղակը (միայն կաթով):

Սպասարկողը քրթմնջելով պատասխանեց.

-Չորս ղրուշ:

Փոքրիկը պատուիրեց կաթով պաղպաղակ եւ սպասարկողը բերաւ անոր ուզածը: Փոքրիկը սկսաւ հաճոյքով ուտել:

Ճաշարանը կամաց-կամաց սկսաւ աւելի խճողուիլ: Սպասարկող աղջիկը ջղայնութեամբ կը նայէր փորքիկին խեղճ հագուկապին, սակայն միաժամանակ անոր հաճոյքով եւ ինքնավստահութեամբ ուտելուն, երբ անդին ոմանք կը սպասէին, որ փոքրիկը աւարտէ ուտելը:

Սպասարկող աղջիկը այնքա՛ն փափաքեցաւ վռնտել այդ փոքրիկը, որպէսզի անոր տեղը մեածահասկ յաճախորդներուն տար: Անոր ուզածը ի՞նչ էր, որ միւս յաճախորներուն ուզածին դիմաց՝ ընդամէնը մէկ բաժակ կաթով պաղպաղակ, տակաւին միւս յաճախորդները զինք լաւապէս ալ պիտի վարձատրէին:

Ի վերջոյ փոքրիկը նշան ըրաւ սպասարկող աղջկան, թէ աւարտած է արդէն եւ հաշիւն ալ ձգած է սեղանին վրայ:

Սպասարկող աղջիկը աճապարնքով ուղղուեցաւ դէպի սեղան, որպէսզի մաքրէ զայն եւ հաշիւը առնէ:

Անակնկալը սակայն այստեղ էր, որ ստիպեց աղջկան լալ, որովհետեւ փոքրիկը սեղանին վրայ հինգ ղրուշ ձգած էր, որով ինքզինք արգիլած էր շոքոլայով պաղպաղակէն, որպէսզի սպասարկող աղջկան վարձատրութիւն մը ձգէ:

Քանի՞ անգամ ուրիշները արտաքինէն միայն դատած ենք..., «որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սիրտին կը նայի» (Ա. Թգ 16.7)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020