Ճնշուա­ծու­թե­նէ Զերծ Չա­փա­հաս Ե­րախա­ներ

Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, մա­նա­ւանդ՝ ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րու շրջա­նին, քիչ չեն այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք  ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը բա­նա­կում­նե­րու կը ղրկեն, ար­տատ­նա­յին գոր­ծու­նէու­թեան: Մեր հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ սփիւռ­քի հայ­կա­կան բո­լոր գա­-ղութ­նե­րը, տա­րի­նե­րէ ի վեր սկաու­տա­կան շար­ժում­նե­րով, պա­տա­նե­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով նման շատ անհ­րա­ժեշտ բա­նա­կում-հա­ւաք­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն, ո­րոնց դրա­կան ար­դիւնք­ներն ու ար­ձա­գան­գը ան­շուշտ նո­րու­թիւն չէ: Սա­կայն հե­տաքրք­րա­կան է չա­փա­հաս­նե­րու, կամ չա­փաանց­նե­րու հա­մար կազ­մա­կեր­պուող բա­նա­կում­նե­րու միտ­քը, ո­րուն անդ­րա­դար­ձած է «Պի.Պի.Սի.»:

*

ԱՐ­ՁԱ­ԿԷ ՆԵՐ­ՔԻՆ Ե­ՐԱ­ԽԱԴ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ մի­լիո­նա­ւոր ե­րա­խա­ներ, պա­տա­նի­ներ ա­մէն ա­մառ բա­նա­կու­մի կը ղրկը-ւին: Նոր ըն­կեր­ներ կ՚ու­նե­նան, խա­ղեր կը խա­ղան, քնա­պար­կե­րու մէջ կը քնա­նան: Իս­կա­պէս մեծ հո­լո­վոյթ մըն է:

Ի դէպ, ին­չո՞ւ միայն ե­րա­խա­նե­րը պի­տի ու­նե­նան ամ­բողջ զուար­ճան­քը:

Այս­պէս կը մտա­ծէ «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ը, փոքր, բայց հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ կը կազ­մա­կեր­պէ միայն  չա­փա­հաս­նե­րու ճամ­բար­ներ, հա­ւաք-բա­նա­կում­ներ:

Գա­ղա­փա­րը այն է, որ չա­փա­հաս­նե­րը կրնան ի­րենց նե­րաշ­խար­հի ե­րա­խան ար­ձա­կել եւ մաս­նակ­ցիլ նոյն ար­կա­ծախնդ­րա­կան ժա­մանց­նե­րուն, խա­ղե­րուն, ո­րոնց կը մաս­նակ­ցին ե­րախա­նե­րը բա­նա­կա­վայ­րին մէջ: Բայց՝ եր­կու յատ­կան­շա­կան բա­րե­փո­խու­մով. ա­զա­տօ­րէն մատ­չե­լի ո­գե­լից ըմ­պե­լի­ներ եւ գի­շե­րա­յին հա­ւա­քոյթ­ներ: Թէեւ դուք կրկին պէտք է քնա­նաք ընդ­հան­րա­կան ննջաս­րա­հի  մէջ:

ԹՈՆ ՄԸ ԶՈՒԱՐ­ՃԱՆՔ

«Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ը հիմ­նադ­րած է Ա­տամ Տի­հաուէր՝ 33-ա­մեայ գա­նա­տա­ցի մը, նախ­կին տնօ­րէ­նը Նիւ Եորք տե­ղա­կա­յուած ճար­տա­րա­գի­տա­կան  նո­րաս­տեղծ ըն­կե­րու­թեան մը: Ան ա­ռա­ջին ան­գամ չա­փա­հաս­նե­րու հա­մար ա­մառ­նա­յին  ճամ­բա­րի գա­ղա­փա­րը յղա­ցաւ, երբ 2013 թուականի գար­նան կը կազ­մա­կեր­պէր հին ըն­կեր­նե­րու հետ շա­բա­թա­վեր­ջի հա­ւաք-հան­դի­պում մը:

«Աս­պա­րէ­զիս բե­րու­մով բազ­մա­թիւ գի­շեր­ներ կ՚աշ­խա­տէի եւ կա­րի­քը զգա­ցի ըն­կեր­նե­րուս հետ հա­ճե­լի շա­բա­թա­վեր­ջի մը», կ՚ը­սէ ան:

«Ես միշտ սի­րած եմ կազ­մա­կեր­պել ձեռ­նարկ­ներ, եւ ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րու մաս­նակ­ցե­լով մեծ­ցած եմ: Ու­րեմն մտա­ծե­ցի, որ թոն մը զուար­ճանք պի­տի չըլ­լա՞յ ար­դեօք շա­բա­թա­վեր­ջի մը հա­մար ըն­կեր­նե­րով ճամ­բար մը վար­ձե­լը», կ՚ը­սէ ան:

Ա­տա­մին ըն­կեր­նե­րը բո­լորն ալ սի­րե­ցին յի­շո­ղու­թեան գի­ծին վրայ պտոյ­տի մը գա­ղա­փա­րը, եւ ու­րեմն երեք օ­րուան հա­մար վար­ձե­ցին ա­մառ­նա­յին ճամ­բար մը, Նիւ Եոր­քի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին մէջ: Ա­տամ քա­ջա­լե­րեց իր ըն­կեր­նե­րը, որ­պէս­զի այլ մար­դիկ ալ հրա­ւի­րեն: Շուրջ իննսուն ան­ձեր մաս­նակ­ցե­ցան այդ ա­ռա­ջին շա­բա­թա­վեր­ջին, ո­րուն ձեռ­նարկ­նե­րէն էին՝  ջու­րի վրայ դա­հոյ­կով սա­հի­լը,  ձայ­նի հա­ղոր­դա­վա­րի մաս­նակ­ցու­թեամբ գի­շե­րա­յին հա­ւա­քոյթ­ներ, պա­րեր:

«Այն­քան յա­ջող էր, որ վեց ա­միս ետք կազ­մա­կեր­պե­ցի ձմեռ­նա­յին ճամ­բար մը, ո­րուն մաս­նակ­ցող­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 120-ի», կ՚ը­սէ Ա­տամ:

Այդ երկ­րորդ ճամ­բա­րէն ետքն է, որ Ա­տամ ո­րո­շեց, որ կրնայ իր գա­ղա­փա­րը վե­րա­ծել լիա­ժամ աշ­խա­տան­քի, հիմ­նա­կան գոր­ծի: Իր ըն­կեր­նե­րը քա­ջա­լե­րած էին զինք՝ ը­սե­լով, որ հա­ւաք կազ­մա­կեր­պե­լու բնա­ծին ու­նա­կու­թիւն ու­նի: Ու­րեմն Ա­տամ իր աս­պա­րէ­զը, գոր­ծը լքեց Մա­յիս 2014 թուականին եւ պաշ­տօ­նա­պէս հիմ­նեց «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ը: Ըն­կե­րու­թեան ա­նու­նը յղում է այն փաս­տին, որ ի տար­բե­րու­թիւն ե­րա­խա­նե­րու ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րուն, հոս չկան հսկիչ­ներ՝ զուար­ճան­քը փճաց­նող։

«Ես փոքր խնա­յո­ղու­թիւն մը ու­նէի միայն, բայց մտա­ծե­ցի, որ կրնամ սկսիլ ճամ­բա­րով մը, ա­պա՝ եր­կու: Երբ լու­րը տա­րա­ծուե­ցաւ, հո­լո­վոյ­թը ա­րա­գօ­րէն ըն­թա­ցաւ», կ՚ը­սէ ան:

Ա­տամ կ՚ը­սէ, որ  սկիզ­բը ինք դժուար աշ­խա­տանք կա­տա­րած է ա­մառ­նա­յին բա­նա­կա­վայ­րե­րու եր­բեմն շփո­թա­հար սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րուն «բա­ցատ­րե­լու եւ հիմ­նա­ւո­րե­լու» չա­փա­հաս­նե­րու ճամ­բա­րի գա­ղա­փա­րը: Զա­նոնք հա­մո­զած է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ին շնոր­հիւ՝ ի­րենց բա­նա­կա­վայ­րե­րու բաց­ման ե­ղա­նակ­նե­րը կ՚եր­կա­րաձ­գուին, ո­րով­հե­տեւ այդ վայ­րե­րը կը վար­ձա­կա­լուին դպրո­ցա­կան ար­ձա­կուրդ­նե­րէ ա­ռաջ եւ ետք:

«Ա­սի­կա աս­տի­ճա­նա­բար ա­ճող ե­կա­մուտ է բա­նա­կա­վայ­րե­րուն հա­մար, ո­րոնք իբ­րեւ կա­նոն՝ փակ կ՚ըլ­լան գար­նան եւ աշ­նան ե­ղա­նակ­նե­րուն, երբ մենք կը վար­ձա­կա­լենք ա­տոնք», կը նշէ Ա­տամ:

Լոս Ան­ճե­լըս տե­ղա­կա­յուած ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն ա­ճե­ցաւ՝ շնոր­հիւ բեր­նէ բե­րան քա­րոզ­չու­թեան, եւ այս տա­րի երեսուն ճամ­բար­ներ պի­տի գոր­ծեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի մէջ:

Ճամ­բա­րի իւ­րա­քան­չիւր շա­բա­թա­վերջ ե­րեք գի­շեր կը տե­ւէ եւ թի­ւե­րը սահ­մա­նա­փա­կուած են երկու հա-րիւր ան­ձով: Մաս­նակ­ցող­նե­րուն մի­ջին տա­րի­քը երե-սուն է: Բո­լոր ննջաս­րահ­նե­րը երկ­սեռ են եւ՝ երկ­յար­կա­նի մահ­ճա­կալ­նե­րով: Մաս­նակ­ցու­թեան սա­կը իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի 575 տո­լար է, նե­րա­ռեալ՝ ու­տե­լի­քը եւ բաց խմիչ­քը:

ՄՈՌ­ՑԷ՛Ք ԱՇ­ԽԱ­ՏԱՆ­ՔԸ

Ու­րեմն ին­չո՞ւ «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ը այն­քան շատ սի­րուած է: Ա­տամ կը մատ­նան­շէ քա­նի մը պատ­ճառ­ներ.

«Կայ այդ բո­լո­րին կա­րօ­տա­բաղ­ձու­թիւ­նը: Հա­ճե­լի չէ՞ր ըլ­լար ճամ­բար վե­րա­դառ­նալ ըն­կեր­նե­րու հետ, կա­րե­նալ խմել եւ ամ­բողջ գի­շե­րը ար­թուն մնալ»:

«Միւս գա­ղա­փա­րը այն է, որ բազ­մա­թիւ մար­դիկ ի­րենց ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն բա­նա­կու­մի չեն գա­ցած. այն­պէս որ, ա­տոր մա­սին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կայ, եւ այժմ ա­նոնք կրնան եր­թալ»: Ա­տամ կ՚ա­ւելց­նէ, որ ճամ­բար­նե­րէն ոչ մէ­կը «ուայ-ֆայ» ու­նի, ու­րեմն մար­դիկ մէկ կողմ պէտք է դնեն ի­րենց հե­ռա­ձայն­նե­րը, մոռ­նան տան եւ աշ­խա­տան­քի մա­սին եւ պար­զա­պէս զուար­ճա­նան, նոր մար­դոց հան­դի­պին: Մաս­նա­գէտ­ներ եւ հո­գե­բան­ներ հա­մա­ձայն են Ա­տա­մի պնդում­նե­րուն «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ի ա­ճի, տա­րած­ման վե­րա­բե­րեալ: Ա­նոնք կ՚ը­սեն, որ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով չա­փա­հաս­ներ կ՚ընտ­րեն ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րը, իբ­րեւ մի­ջոց մը՝ վա­յե­լե­լու ան­հոգ ման­կու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րը:

«Սա­կայն այս հե­տաքրք­րու­թեան, եւ չա­փա­հաս­նե­րու ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան իս­կա­կան մղիչ գոր­ծօն­նե­րը, ա­ւե­լի կա­պուա­ծու­թիւ­նը աշ­խա­տանք-կեանք հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան պրկում­նե­րը եւ նստա­կեաց ապ­րե­լա­կերպն են», կ՚ա­ւելց­նեն ա­նոնք:

Ո­ՐՈՇ ՄՏԱ­ՀՈ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ՞Ր

«Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ը, այ­նու­հան­դերձ, քննա­դա­տուած է այն ի­րո­ղու­թեան հա­մար, որ բո­լո­րին հա­մար բաց չէ: Փո­խա­րէ­նը, ով որ կը փա­փա­քի մաս­նակ­ցիլ, պէտք է ար­ձա­նագ­րուի, որ կը նե­րա­ռէ պա­տաս­խա­նել իր ան­ձին մա­սին հար­ցում­նե­րու (հար­ցա­թեր­թի­կի ձե­ւով), եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ տա­լու իր ու­նե­ցած ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու հա­շիւ­նե­րուն մա­սին: Ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­պա «յա­տուկ կ՚ընտ­րէ» կամ «կը զտէ, կը հա­մադ­րէ» երկու հարիւր ան­ձեր, ո­րոնք կրնան մաս­նակ­ցիլ իւ­րա­քան­չիւր ճամ­բա­րի:

Քննա­դատ մը ա­սի­կա ա­նուա­նեց՝ «Քիչ մը կա­ղա­ցող ըն­կե­րա­յին մե­քե­նա­յա­կա­նու­թիւն»: Սա­կայն ճամ­բա­րը պաշտ­պա­նեց իր մօ­տե­ցու­մը:

Տէյվ Քուշ­նըր՝ «Ոչ հսկիչ­նե­րու ճամ­բար»ի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն ը­սաւ. «Սահ­մա­նա­փակ տե­ղե­րու պատ­ճա­ռով մենք կ՚ու­զենք վստահ ըլ­լալ, որ ճամ­բար գա­լիք երկու հարիւր ան­ձե­րը ա­մե­նէն շատ փա­փա­քող­ներն են: Մենք կ՚ու­զենք վստահ ըլ­լալ, որ այս ճամ­բա­րի մաս­նա­կից­նե­րը զի­րար պի­տի յար­գեն եւ ա­տե­լու­թիւն կամ վտան­գա­ւոր վե­րա­բեր­մունք պի­տի չդրսե­ւո­րեն: Մենք շատ հպարտ ենք այն փաս­տով, որ ճամ­բա­րին մէջ ոչ ոք կռուած է, նոյ­նիսկ՝ այն մար­դի­կը, ո­րոնք տրա­մադ­րե­լի բաց խմիչ­քի հա­ւաք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին»:

Ա­տամ ա­պա­գա­յին հա­մար կը ծրագ­րէ յա­ւե­լեալ ըն­դար­ձա­կում՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի, ինչ­պէս նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Ան կ՚ը­սէ. «Ես կը սի­րեմ մար­դի­կը եր­ջան­կաց­նել եւ չա­փա­հաս­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձե­ռել՝ մոռ­նա­լու ճնշուա­ծու­թիւ­նը, պրկում­նե­րը մե­ծա­հա­սակ­նե­րու կեան­քին մէջ, միա­ժա­մա­նակ ստեղ­ծե­լով նոր, յա­րա­տեւ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ»:

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016