Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քի. ­Ծո­վան­կար­չու­թեան հանճա­րեղ վար­պե­տը

Յուլիսի 17-ին, երկու հարիւր տարի առաջ, Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, ծնաւ Յովհաննէս անունով հրաշք մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայկեան Հանճարին աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մէկը՝ իր Այվազովսքի ազգանունով խորհրդանշելով ծովանկարչական արուեստի վարարումը։

Ծանօթ Իվան Այվազովսքի, Յովհաննէս Յայվազեան կամ Օհաննէս Այվազեան անուններով՝ Այվազովսքի (1817-1900)  ամբողջ յուզաշխարհ մը յաւերժացուց ծովու խորախորհուրդ պատկերներով՝ ծովային բազմերանգ գոյներով եւ լոյսի ու ստուերի անվերջ խաղերով, ծովու ալիքներուն կատաղութեամբ եւ փոթորկումներուն ցասումով, ծովու անխռով հանդարտութեամբ եւ տիեզերական անխռով իմաստութեամբ։

Արուեստագէտի բոլորանուէր կեանք մը վիճակուեցաւ Հայկեան այս բացառիկ ծնունդին։ Հին յունական գաղթավայր եւ այժմու ուքրանական աշխոյժ նաւահանգիստ Թէոտոսիան մեծցաւ եւ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ Այվազովսքիով, որուն անունով 1880-ին բացուած պատկերասրահը մինչեւ այսօր դէպի Թէոտոսիա կ՚ուղղէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք ծովու խորհուրդով հաղորդուելու բուռն սէրն ու անյագ ծարաւն ունին։ Աշխարհի բոլոր մեծ թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ մնայուն ցուցադրութեան իր ուրոյն անկիւնը ունենալու փառքին արժանացած հայ մեծ ծովանկարիչին գործերը, կարեւոր մասով, ցուցադրուած են իր ծննդավայրի իր անունը կրող այդ պատկերասրահին մէջ եւ այցելուները, որքան աւելի մօտէն շփուին անոր գլուխ գործոցներուն հետ, այնքան իրենց մէջ կ՚արմատաւորուի անխառն համարումն ու սքանչացումը Այվազովսքիի ծովանկարչական անկրկնելի մեծութեան նկատմամբ։

Այվազովսքի զաւակն է Գէորգ Այվազեանի, որ եղած է Մոլտաւիա հասած, բայց ի վերջոյ Խրիմ վերադարձած ու Թէոտոսիա հաստատուած հայ առեւտրական մը։ Յովհաննէս Նախնական իր ուսումը ստացած է տեղւոյն հայոց ծխական վարժարանին մէջ՝ մանուկ տարիքէն ցուցաբերելով նկարչական յատուկ սէր եւ շնորհալի ընդունակութիւն։ 1830-1833 թուականներուն յաճախած է Սիմֆերոպոլի ռուսական երկրորդական վարժարանը, իսկ այնուհետեւ՝ 1833-1837 թուականներուն Սեն Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի ակադեմիային մէջ, բարձրագոյն ուսման հետեւած է ռուս հռչակաւոր բնանկարիչ Մ. Ն. Վորոպիովի դասարանին մէջ։

1837-ին, իր «Անդորր» անուն նկարին համար, Այվազովսքի արժանացաւ իր կեանքի առաջին պարգեւին՝ Ակադեմիայի բարձրագոյն մրցանակին ոսկէ շքանշանի եւ երկու տարուան համար Խրիմի մէջ նկարչութեամբ պարապելու ուղեգիրի։
Այդպէ՛ս սկսաւ Այվազովսքիի գեղարուեստական վերելքը, որ շարունակական մագլցում մը եղաւ ծովանկարչութեան գագաթն ի վեր։

1840-ին, առ ի գնահատանք Այվազովսքիի խրիմեան ստեղծագործական շրջանի իրագործումներուն, Փեթերսպուրկի Ակադեմիան զինք ուղարկեց արտասահման՝ ինքնակատարելագործման հնարաւորութիւններ ընձեռելով երեսնամեայ արուեստագէտին։ Այվազովսքի եղաւ Իտալիա՝ նաեւ Ս. Ղազար, Սպանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Հոլանտա, ամէնուր մօտէն ծանօթանալով ժամանակի եւրոպական մեծ նկարիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս խորանալով նկարչական արուեստի գլուխ գործոցներու իւրովի ուսումնասիրման մէջ։ Այս շրջանին է, որ Այվազովսքի մասնակցեցաւ, յատկապէս Փարիզի եւ Ամսթերտամի մէջ, նկարչական հեղինակաւոր ցուցահանդէսներու՝ միջազգային մրցանակներու տիրանալով եւ ակադեմական կոչումներու արժանանալով, որոնց մինչեւ մահ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ, շարունակ վերագնահատման ու նորովի մեծարման փառք կուտակելով իր անունին շուրջ։

1844-ին Այվազովսքի վերադարձաւ Ռուսաստան, ստացաւ Ռուսական Գեղարուեստական ակադեմիայի ակադեմիկոսի կոչում (1887-էն՝ պատուաւոր անդամ) եւ նշանակուեցաւ Ծովային ընդհանուր շտապի գեղանկարիչ։ 1845-ին Այվազովսքի վերջնական բնակութիւն հաստատեց իր ծննդավայրին՝ Թէոտոսիայի մէջ, ուր ոչ միայն շարունակեց իր ստեղծագործական բեղուն աշխատանքը, այլեւ՝ աշխուժօրէն լծուեցաւ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։

Ձարական Ծովուժի գեղանկարիչի իր հանգամանքով, Այվազովսքի անձամբ մասնակցեցաւ ռուսական զօրքերու մղած պատերազմներուն եւ մեծ է թիւը այն նկարներուն։ Այդ շարքէն յիշատակելի են մանաւանդ 1853-1856-ի Խրիմի պատերազմին նուիրուած Այվազովսքիի նկարները, որոնք 1854-ին, Սեւաստոպոլի պաշարման օրերուն, առանձին ցուցահանդէսով ներկայացուեցան։

1850-ականներուն եւ 1860-ականներուն, Այվազովսքի շարունակ ճանապարհորդութեան մէջ եղաւ՝ գեղարուեստական իր աշխատանքով։ Եղաւ Ամերիկաներ, Ափրիկէ ու Ծայրագոյն Արեւելք, ամէնուր ցուցահանդէսներ տուաւ եւ մրցանակներու տիրացաւ։

Ընդգծելի է, որ հայ իրականութեան հետ մնայուն եւ յարաճուն կապով յատկանշուեցաւ ու իմաստաւորուեցաւ Այվազովսքիի կեանքը։ 1868-ին ան ուղեւորուեցաւ Կովկաս, եղաւ Թիֆլիզ ու Պաքու, 1869-ին իր գործերուն ցուցահանդէսը տուաւ Թիֆլիզի մէջ եւ, այդպէսով, հիմը դրաւ հայ նկարիչներու անձնական ցուցահանդէսներու աւանդութեան։ Այվազովքսիի աշակերտեցին եւ անոր արուեստին շարունակողները եղան Վ. Մախոխեան, Մ. Ճիւանեան եւ Մ. Մահտեսեան։

Աւելի քան 6000 նկար հաշուող մեծարժէք ժառանգութիւն մը Այվազովսքի կապեց իր անունին։ Գեղարուեստական տաղանդի այդ վարարման արգասիքն են Արարատին նուիրուած Այվազովսքիի գործերը, որոնց լաւագոյն նմոյշներէն ոմանք մնայուն ցուցադրութեան իրենց փառաւոր տեղը գտած են Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։ Միայն օրինակներ թուելու կարգով կ՚արժէ յիշատակել «Արարատ լերան հովիտը», «Հայ մարտիկի երդումը», «Հայ ժողովրդի մկրտութիւնը», «Պայրոնի այցը Մխիթարեաններին Ս. Ղազար կղզում» եւ «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքում» գործերը, որոնք 19-րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին, ոգորումներուն եւ մաքառումներուն, տառապանքներուն եւ յոյսերուն, վեհութեան եւ անկումին խորագոյն պահերը որսացած եւ յաւերժութեան յանձնած են՝ գեղարուեստական բարձրարժէք նուաճումով։ Այվազովսքի նաեւ գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներու դիմագրաւումին։ Մեծ եղաւ Այվազովսքիի ներդրումը մանաւանդ 1894-1896-ի համիտեան կոտորածներու ժամանակ։ Ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց Այվազովսքի, միջազգային ցուցահանդէսներու արժանացուց այդ շարքը եւ ոչ միայն հայկական իրաւունքին ու արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցուց աշխարհով մէկ, այլեւ՝ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օգնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած հայ գաղթականներուն։

Եւ այսօր, երբ աշխարհի տարբեր ազգերուն պատկանող մարդոց շարքին նաեւ հայոց աչքերը կը կեդրոնանան Այվազովսքիի նկարներուն վրայ, անպայման ծովու խորհուրդին մէջ անոնք կը տեսնեն եւ կը հմայուին ալեկոծումներովն ու խաղաղութեամբը հայու հոգիին, որուն ինքնուրոյն թարգմանը հանդիսացաւ հայոց հպարտութիւնը ջրդեղող Այվազովսքին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017