ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Օ­գոս­տոս ամ­սուն հայ­րե­նի­քը կը վխտայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով: Աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէն կը ժա­մա­նեն հայ­րե­նիք՝ ա­նոր տե­սար­ժան վայ­րե­րը ըմ­բոշխ­նե­լու: Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը միայն հա­յեր չեն հար­կաւ. բա­ւա­րար է ե­րե­կո­յեան քա­լել Ե­րե­ւա­նեան հրա­պա­րակ­նե­րուն մէջ ու լսել հասկ­նա­լի ու ան­հասկ­նա­լի լե­զու­ներ՝ անգ­լե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, պարս­կե­րէն, յու­նա­րէն, ա­րա­բե­րէն, հնդկե­րէն...: Թխա­դէմ ա­րաբ­ներ ու հնդիկ­ներ, կարմ­րա­հեր ու շի­կա­հեր սպի­տա­կա­մորթ եւ­րո­պա­ցիք, չի­նա­ցիք եւ այլ երկ­րա­ցի­ներ կը շրջին՝ լե­զու­նե­րու խառ­նա­րան մը գո­յաց­նե­լով:

Կաս­կա­տի գե­ղա­տեսք աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կը հան­դի­պիմ ա­մե­րի­կա­հայ զբօ­սաշր­ջիկ՝ վաթ­սու­նի մօտ կնկայ մը: Հա­րա­զատ­նե­րը զինք շրջա­պա­տած կ­­՚ու­ղեկ­ցին, որ­պէս­զի չսոս­կայ ան աս­տի­ճան­նե­րէն իջ­նե­լու ժա­մա­նակ: Բարձ­րու­թե­նէն վախ­ցող այս կի­նը դո­ղա­լով կ­­՚իջ­նէ 600 աս­տի­ճան կազ­մող այս տե­ղէն. հոս­կէ ե­կած են, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­պա­ւի­նե­լով վե­րե­լակ­նե­րու գո­յու­թեան. սա­կայն ա­նոնք ան­տե­ղեակ են, որ այս մուտ­քը կը փա­կուի ե­րե­կո­յեան ժա­մը ու­թին: Ին­ծի հա­մար ալ ան­հասկ­նա­լի է, թէ ին­չո՞ւ կը փա­կուին վե­րե­լա­կին դռնե­րը: Ե­թէ պե­տու­թիւ­նը չ՚ը­ներ հա­շի­ւը սո­վո­րա­կան քա­ղա­քա­ցիին, որ կրնայ տա­րուան բո­լոր ե­ղա­նակ­նե­րուն մերթ ընդ մերթ փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի փո­խա­րէն օգ­տա­գոր­ծել այս վե­րե­լա­կը եւ այս­պի­սով կո­պեկ­ներ խնա­յել յօ­գուտ իր ըն­տա­նի­քին, գո­նէ հո­գայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը, ո­րոնց­մէ լա­ւա­պէս կը շա­հի... ան­դին մո­լերն ու հան­րա­յայտ վա­ճա­ռա­տու­նե­րը չեն փա­կուիր:

Հրա­շա­գեղ բնու­թիւնն ու ան­զու­գա­կան կլի­ման ի­րենց զգլխիչ զօ­րու­թիւ­նը կը սփռեն, կը կա­խար­դեն: Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն համ­րուած օ­րերն ու ժա­մե­րը կը գլո­րին, կը սա­հին: Կազ­մուած են ծրա­գիր­ներ տար­բեր ու­ղի­նե­րով. Սե­ւա­նի ուղ­ղու­թեամբ ա­նոնք կա­րե­լիու­թիւնն ու­նին այ­ցե­լե­լու նաեւ Գառ­նին ու Գե­ղար­դը, Ծաղ­կա­ձո­րը, Դի­լի­ջանն ու յա­րա­կից վան­քերն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, իսկ Ջեր­մու­կի ուղ­ղու­թեամբ ան­կա­րե­լի է կանգ չառ­նել Խոր Վի­րա­պի ու Նո­րա­վան­քի մէջ եւ Ջեր­մու­կը անց­նե­լով ալ Տա­թե­ւի եր­կա­րագ­նաց ճո­պա­նու­ղիով հաս­նիլ հրա­շա­գեղ Տա­թե­ւի վան­քը, հոգ չէ թէ ճա­նա­պարհ­նե­րը խորտ ու բորտ են ու յոգ­նե­ցու­ցիչ: Շատ են տե­սար­ժան վայ­րե­րը, գան­ձե­րը հայ­րե­նի: Ա­ճա­պա­րա­նօք զբօս­նե­լը, հան­գիս­տի պա­հերն իսկ կը խլէ: Ի՞նչ հան­գիստ, վայր­կեան մ­­՚իսկ կորսնց­նե­լը անհ­նար է. միւս կող­մէն  կազ­դու­րիչ կլի­ման կ­­՚ոչն­չաց­նէ յոգ­նա­ծու­թիւնն ու կը նա­խա­պատ­րաս­տէ նո­րա­նոր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու:

Ութ տա­րի ա­ռաջ այ­ցե­լած եմ Խոր Վի­րապն ու Նո­րա­վան­քը, ինչ­պէս նաեւ Ջեր­մու­կը, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թիւն իր դրոշ­մը ու­նի: Ա­ռա­ջին այ­ցեու­թիւ­նը միշտ ալ տար­բեր կը թուի: Ին­չո՞ւ ար­դեօք: Թե­րեւս եր­կու տա­րուան կե­ցու­թիւնս է պատ­ճա­ռը, որ ա­ռիթ մըն էր մօ­տէն հա­ղոր­դակ­ցե­լու ու զգա­լու հա­յաս­տան­ցիին մտա­հո­գու­թիւնն ու մա­քա­ռու­մի կսկի­ծը: Վա­րոր­դը կը շեշ­տէ զգա­ցում­ներս մտա­տանջ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը. «Եօթ զա­ւակ­նե­րու հայր եմ, եր­կու տղերքս բա­նակ են գնա­ցել՝ մե­ծը ա­ռաջ­նագ­ծում էր կռւում Ապ­րի­լեան դէպ­քե­րին, միւ­սին նոր եմ տա­րել ու յանձ­նել ծա­ռա­յու­թեան: Էս­պէս չի լի­նի, թող ծա­ռա­յու­թիւնն  ա­ւար­տեն ու գան, ես էլ եմ ըն­տա­նիքս տա­նե­լու մի այլ բար­ւօք եր­կիր: Էս­տեղ ա­պա­գայ չկայ»:

Կը հաս­նինք Ջեր­մուկ, խումբ-խումբ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կը թա­փա­ռին փո­ղոց­նե­րու մայ­թե­րուն վրայ, կը զմայ­լին Ա­րա­րի­չին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, դրախ­տի պա­տա­ռիկ մըն է կար­ծես աշ­խար­հի այս հա­տուա­ծը, ա­մէն կողմ ջուր՝ հան­քա­յի­նը, ջրվէ­ժը, ա­կե­րը, լի­ճը, բնու­թեան վայ­րին ու ըն­տա­նին առ­կայ են: Կը նստիմ լճա­փի նստա­րան­նե­րէն մէ­կուն վրայ, ա­ռանց իսկ նկա­տե­լու կող­քիս նստած տա­տի­կը, զմայ­լան­քը կուր­ցու­ցած է զիս եւս, չեմ ու­զեր աչքս թար­թել, բայց տա­տի­կը հա­մես­տօ­րէն կը բա­րե­ւէ ու.

-Աղ­ջիկ ճան, ո՞նց ես, ար­տա­սահ­մա­նի՞ց ես, նո՞ր ես ե­կել...:

Գլխով ա­յոս կը նշմա­րէ ու կը շա­րու­նա­կէ.

-Դուք էլ չլի­նէ՛ք, մենք լաւ չենք լի­նի, էս տա­րի էն­քան էլ լաւ չի ա­մա­ռը: Պա­տե­րազ­մի հո­տե­րը ձեզ նման­նե­րին սար­սա­փեց­րել են ե­րե­ւի էս­տեղ գա­լուց:

Տա­տի­կը կար­ծես մտիկ ը­նող մը կ­­՚ո­րո­նէ կի­սե­լու հա­մար իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ու կը յա­ջո­ղի զիս խլել բնու­թեան հե­քիա­թա­յին գիր­կէն եւ ու­շադ­րու­թիւնս կեդ­րո­նաց­նել իր վրայ.

-Ին­չո՞ւ տա­տիկ, ի՞նչ կայ որ,- հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հարց­նեմ:

-Մեզ նման­նե­րի տա­րե­կան հա­սոյ­թը ձե­զա­նից է կա­խուած,- կը շա­րու­նա­կէ,- Ես ու­նեմ մի լաւ սար­քած բնա­կա­րան, ո­րի ծախ­քը հո­գա­ցել են իմ տղեր­քը, ով­քեր Ռու­սաս­տա­նում են ապ­րում ու աշ­խա­տում, ի­րանց էս­տե­ղի ըն­տա­նիք­նե­րին փող են ու­ղար­կում, ես էլ իմ աղջ­կայ հետ ամ­րան էն ա­փում մի է­ժան բնա­կա­րան եմ վար­ձում, որ սար­քած չի, կազ իս­կի չկայ, ու իմ բնա­կա­րա­նը վար­ձով եմ տա­լիս ար­տա­սահ­ման­ցի­նե­րին, ու էս­պէս սպա­սում ենք մին­չեւ տու­նը դա­տար­կուի, որ կա­րանք լո­ղա­նանք... մեր ա­մա­ռը էս ա, աղ­ջիկ ճան, պա՛, իսկ ձմրան դա­տարկ­ւում է քա­ղա­քը բնա­կիչ­նե­րից, ծե­րա­նո­ցի է վե­րած­ւում, դպրոց­նե­րում ան­գամ ե­րե­խա­նե­րի թի­ւը նուա­զել է, բո­լո­րը գնում են ար­տա­սահ­ման կամ էլ իջ­նում Ե­րե­ւան՝ ուս­ման հա­մար...:

Հա­յեացքս կ­­՚իյ­նայ հինգ աստ­ղա­նի պան­դոկ­նե­րուն, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն, ո­րոնք շռայ­լու­թեամբ յու­շա­նուէր­նե­րու կրպակ­նե­րուն դէմ կանգ­նած հիաց­մուն­քով կը դի­տեն հա­յա­կերտ մա­նեակ­ներ, հա­յադ­րոշմ ի­րեր, հա­յե­րէն տա­ռե­րով ու Մա­սիս­նե­րու գա­գաթ­նե­րով գե­ղե­ցիկ գծան­կար­ներ եւ կը շուա­րին, թէ ո՞ր մէ­կը գնեն, որ յի­շա­տակ մը ու­նե­նա­լով յա­ւեր­ժաց­նեն այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ի­րենց  բնա­կա­րան­նե­րուն մէկ ան­կիւ­նը զար­դա­րեն խորհր­դա­նի­շով մը՝ «այս տե­ղերն ալ այ­ցե­լած ենք»ի մտայ­նու­թեամբ այլ վայ­րե­րու լու­սան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յին վրայ այս յու­շե­րը եւս ա­ւելց­նեն:

Հե­ռուէն կը մօ­տե­նայ բա­րե­կամ մը, ա­րագ մը կը բա­րե­ւէ, նոյ­նիսկ խօ­սե­լով ժա­մա­նակ կորսնց­նել չ­­՚ու­զեր, տե­սախ­ցի­կը ձեռ­քին կը նկա­րէ հա կը նկա­րէ, ան ալ աս ձե­ւով կը յա­ւեր­ժաց­նէ վայր­կեան­ներ ու ժա­մեր: Աչ­քե­րը կը փայ­լին, եր­ջան­կու­թիւ­նը ան­սահ­ման է, կը լու­սան­կա­րէ ա­մէն ինչ, ու ա­հա կը մօ­տե­նայ, առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նը կը պատ­րաս­տէ ինք­նիկ մը առ­նե­լու, կը նստի կողքս ու.

-Աս նկա­րին մէջ ես ալ կ­­՚ու­զեմ ել­լել քե­զի հետ, որ յի­շեմ հոս քե­զ ալ տե­սած ըլ­լալս:

-Իսկ ես կ­­՚ու­զեմ աս տա­տիկն ալ ել­լէ պատ­կե­րին մէջ ու ան­պայ­ման ին­ծի ալ օ­րի­նակ մը կը ղրկես,- կ­­՚ը­սեմ, բայց ար­դեօք լու­սան­կա­րը կը թա­փան­ցէ՞ տա­տի­կին տա­ռա­պեալ պատ­մու­թիւ­նը եւս...:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016