Խրի­մեան Հայ­րի­կի Ըն­տա­նե­կան Կեան­քը Եւ Տի­րա­ցուու­թիւ­նը Յան­կոյս­նե­րու Պստիկ Տա­ճար Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ Մէջ

Խրիմեան Հայրիկ ծնած է 4 (16) ապրիլ 1820-ին, Վանի Յանկոյսներու պապենական տան մէջ, այն պահուն, երբ արեգակը իր առաջին շողերը կ՚արձակէր Վարագայ լերան զոյգ գագաթէն:

Հօրեղբայրը՝ Խաչատուր պապենական հնատիպ Աստուածաշունչի կողքին արձանագրած է.

«Ի թուականութեան Հայկազեան տոմարիս ՌՄԿԹ եւ յամի Տեառն Փրկչին մերոյ 1820 Ապրիլի 4, ծնունդն երկրորդ որդւոյն եղբօր իմոյ»:

Մկրտիչի մեծ եղբայրը՝ Մսրխան ծնած էր 1818-ին:

Պապենական աւանդութեան համաձայն նորածինին մկրտութիւնը կատարուեցաւ ծնունդէն ութ օր ետք, Յանկոյսներու Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ Պատարագի: Հայկական հնաւանդ սովորութեան համաձայն, նորածիններու մկրտութիւնը պատարագով կը կատարուէր եւ աւանդութիւնը սրբութեամբ կը պահուէր:

Մկրտութեան աւանդական կարգին համաձայն քահանան Մայր Մաշտոցը ձեռին աղօթքներ կարդալէն ետք խօսքը կնքահօր ուղղելով երեք անգամ կը հարցնէ. «Երախայն զի՞նչ խնդրէ»: «Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն» կը պատասխանէ կնքահայրը, որմէ ետք քահանան միւռոնով կ՚օծէ մանկան ճակատը, աչքերն ու ականջները, երեսն ու շրթունքները, կուրծքն ու կռնակը, ձեռներն ու ոտները. յետոյ տատմէրը մեռոնաշորերով կը խանձարուրէ զայն եւ կը յանձնէ կնքահօր, որ խանձարուրը գրկած, երկու ձեռին՝ երկու մոմ բռնած կը բարձրանայ սեղան եւ խանձարուրը կու տայ պատարագիչ քահանային: Պատարագիչը խանձարուրը գրկած կը դառնայ սեղանին շուրջ, կը կատարէ կարգը, կ՚օրհնէ մանկան ծնունդը եւ խանձարուրը կը յանձնէ կնքահօր:

Տատմէրը խանձարուրը գրկած վերադարձան տուն:

Տղակնունքի ճաշկերոյթին, կիներ ու աղջիկներ բոլորուեցան ծննդկան մօր անկողինի կողքին դրուած կլոր, փայտեայ ցածկեկ սեղանին շուրջ, իսկ տղամարդիկ՝ վերնայարկի սենեակի սեղանին շուրջ: Շէնշող ճաշկերոյթին մասնակցեցան նաեւ կտաւի գործանոցի աշխատողները եւ թաղին աղքատները:

Այդ ժամանակ Էջմիածինէն ժամանած նուիրակ մը իջեւանած էր Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին խուցը: Ան գիշերը երազին մէջ տեսած էր, որ եկեղեցիի դրան առջեւ մեծ եւ հսկայ կաղնիի ծառ մը բուսած է, հաստ ու երկար, տերեւախիտ չորս ճիւղերով, որոնք Հայաստանի արեւելքը, արեւմուտքը, հարաւը եւ հիւսիսը տարածուելէ ետք անցան աշխարհի չորս կողմերը: Եպիսկոպոսը իր երազը մեկնած էր ըսելով, որ այդ օր մկրտուած մանուկը մեծ մարդ պիտի ըլլայ եւ անոր անունը պիտի տարածուի աշխարհի չորս կողմերը:

***

Խրիմեան Հայրիկի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները կապուած են Վանի Յանկոյսներու հայրենի բնաշխարհին հետ: Վանի Այգեստանի բարձրադիր եւ ջրառատ Յանկոյսներ զուտ հայաբնակ թաղը հարուստ էր պատմական յիշատակարաններով: Յանկոյսցիք, նահապետական վարք ու բարքով, սերունդէ սերունդ դրացիական եւ ազգականական ջերմ սիրով ու զգացումներով կապուած էին իրարու եւ ճանչցուած էին իբրեւ կրօնասէր հաւաքականութիւն:

Յանկոյսներու ձորը կանաչապատ դրախտավայր էր, ուրկէ դէպի արեւմուտք հոսող գետակը կը թափէր Վանայ ծովուն մէջ: Գետակին վրայ փայտեայ կամուրջ մը կար: Ամբողջ ձորը եւ շրջապատը ուռիի եւ բարտիի ծառաստաններով, պարտէզներով եւ պուրակներով ծածկուած էին, որոնց մէջ ցրուած էին թաղեցիներու հողաշէն տուները: Վանապատկան աղբիւրը՝ Վոխվի քեահրիզը, ուռիի եւ բարտիի տասնեակ հազարաւոր ծառերով շրջապատուած, թաղեցիներուն կիրակնօրեայ զբօսավայրն էր: Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, իր սպիտակ գմբէթով, ծով կանաչութեան մէջէն վեր կը բարձրանար: Եկեղեցւոյ արտաքին դրան առջեւէն կը հոսէր Մեռոնի առուն, ուր ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան Ջրօրհնէքի արարողութիւն կը կատարուէր եւ առուին մէջ միւռոն կը թափուէր: Դէպի արեւելք Նորատունկերն էին՝ ընդարձակ խաղողի այգիներ: Աւելի վեր Վանից (Վանքի) ջրաղացն էր եւ Բաղնիսայ քարերը, որոնց չորս կողմէն, ձորերէն առատ ջուրեր կը հոսէին:

Յանկոյսներու բարձունքին Հողաբերդն է (Թոփրաք գալէ), իսկ Զըմփ-զըմփ մաղարան հսկայ եւ խորհրդաւոր քարայր մըն է, որուն մէջէն, ըստ վանեցիներուն, գետնափոր ուղի մը կը հասնի մինչեւ Վանի բերդը:

Յանկոյսներու առջեւ տարածուած էր Վանի համայնապատկերը: Դէպի արեւմուտք Վանայ ծովն էր, Քաղաքամէջը եւ բերդը, իսկ դէպի հարաւ՝ Այգեստանը, ուր ընդարձակ կանաչութեան մէջէն վեր կը խոյանային Նորաշէնի, Սուրբ Յակոբայ եւ Արարուց եկեղեցիներու գմբէթները:

***

Մկրտիչ Խրիմեան իր հօրեղբօր՝ վարպետ Խաչատուրի շունչին տակ սորվեցաւ կտաւագործութիւն եւ գրաճանաչութիւն: Վանեցի վարպետները կարդացուոր կ՚ըլլային եւ իրենց աշկերտին, արհեստին հետ միաժամանակ գրաճանաչութիւն կը սորվեցնէին եւ սաղմոս ու Նարեկ կարդալ կու տային:

Վարպետ Խաչատուր եւ մանուկ Մկրտիչ արեւածագին միասին եկեղեցի կ՚երթային, որմէ ետք կտաւի գործանոցը մտնելով կ՚աշխատէին: Երեկոյեան, երբ կոչնակը հնչէր, նորէն եկեղեցի կ՚երթային: Մկրտիչ իրենց կտաւի գործանոցին մասրա լցող աշկերտն էր:

Մկրտիչ առտուն խինածի փայտերը գրկած կը բերէր, ջուր կը լեցնէր գետնի ծակերուն մէջ եւ չորսական փայտեր կը բարձրացնէր: Վարպետ Խաչատուր բամպակեայ թելը կը խինէր (կը հիւսէր) այդ փայտերուն վրայ, խինածի ճաղը ձեռքին կ՚երթեւեկէր, իսկ Մկրտիչ խինածի կտրած թելերը կը կապէր: Խինածը կը տեւէր շուրջ երկու ժամ, որմէ ետք կ՚երթային կտաւի գործանոցը: Վարպետ Խաչատուր կը նստէր կտաւի խորին գլուխը եւ կտաւ կը գործէր, իսկ Մկրտիչ ճախարակին առջեւ նստելով մասրա կը լեցնէր:

Մասրա լցող աշկերտ Մկրտիչ տարիներու ընթացքին դարձաւ խալիֆա՝ վարպետի օգնական: Մեծ եղբայրը՝ Մսրխան արդէն կտաւագործ վարպետ էր: Անոնք ամբողջ օրը կ՚աշխատէին գործանոցին մէջ: Մկրտիչ կտաւի խորին գլուխը նստած կտաւ կը գործէր եւ խինածի ճաղը ձեռքին բռնած խինած կ՚ընէր:

Գործանոցին մէջ, գործատէր, վարպետ, խալիֆա եւ փոքրահասակ աշկերտ բոլորը հաւասար էին եւ վարպետ Խաչատուրի հոգածու հսկողութեան ներքեւ համերաշխօրէն կ՚աշխատէին օրն ի բուն:

Երեկոյեան ժամերգութենէն եւ ընթրիքէն ետք ուսուցման պահն էր: Մկրտիչ, Խաչատուր հօրեղբօր դիմաց ծնկաչոք նստած, Աւետարան, Նարեկ եւ սաղմոս կը կարդար ու կը բացատրէր, իսկ հօրեղբայրը սխալները կ՚ուղղէր, մեկնութիւններ եւ բացատրութիւններ կու տար, գրաբար կը սորվեցնէր եւ հայերէն լեզու կը դասաւանդէր: Այնուհետեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը կը վերլուծէին: Յետոյ ալ «Յայսմաւուրք»էն քանի մը գլուխ կը կարդային եւ շարականներ կ՚երգէին:

Ժամանակ մը ետք Մկրտիչ ձգեց կտաւագործութեան պապենական արհեստը եւ նուիրուեցաւ ուսման եւ ինքնակրթութեան: Աշնան եւ ձմրան եղանակներուն իրենց տան մէկ անկիւնը, իսկ գարնան եւ ամրան եղանակներուն ծառերուն տակ կ՚առանձնանար եւ կարդալով ու գրելով կը զբաղէր: Ան իրենց այգիին մէջ, խնձորի ծառի մը վրայ, ճիւղերուն մէջ քանի մը տախտակներ տեղաւորած եւ նստատեղի շինած էր: Ան նաեւ իր շուրջ համախմբած էր իրեն հասակակից քանի մը ընկերներ:

Մկրտիչ եղբօր՝ Մսրխանի հետ այգիին խնամք կը տանէր, կը փորէր, կը ցանէր, կը ջրէր, քաղհան կ՚ընէր, պտուղները կը հաւաքէր, գինի կը պատրաստէր, ծառեր կը տնկէր եւ կը պատուաստէր: Մկրտիչ առտու եւ երեկոյ եկեղեցի կ՚երթար եւ աջակողմեան դասը կանգնելով տիրացուութիւն կ՚ընէր:

Տիրացու Մկրտիչ թաղեցի ընկերներուն հետ յաճախ պտոյտի կ՚երթար շրջակայ գիւղերն ու վանքերը, իսկ Վարագայ վանքը իր նախասիրած վայրն էր: Վարագայ լերան եւ հովիտին չքնաղ բնութիւնը, հինաւուրց մենաստանին յիշատակները, անցեալի փառքերը, խորհրդաւոր մթնոլորտը եւ վանականներուն ապրելակերպը հմայեցին տիրացու Մկրտիչը: Ան յաճախ, քանի մը օրը անգամ մը, երկու ժամուան ճամբան հետիոտն կտրելով եւ զառիվեր բարձրանալով կը հասնէր Վարագայ վանք եւ իբրեւ տիրացու, տաճարի կիսամութ խորհրդաւորութեան մէջ կը մասնակցէր ժամասացութեան:

Տիրացու Մկրտիչ Յանկոյսներու թաղին եւ նաեւ ամբողջ Վանի մէջ ծանօթ դարձաւ իբրեւ Սուրբ Գրոց եւ մատենագրութեան հմուտ պատանի:

Վարպետ Խաչատուր, Խրիմեան տոհմին պետը մահացաւ 1836-ին: Տիրացու Մկրտիչ միշտ կ՚ողբար հօրեղբօր մահը եւ յաճախ գերեզմաննոց կ՚երթար ու հօրեղբօր շիրիմին վրայ խունկ կը ծխէր:

***

Տիրացու Մկրտիչ 1841-ի գարնան Վանայ ծովուն արեւելեան կողմը գտնուող Կտուց կղզիի անապատը մտաւ, հոն իր ուսումը կատարելագործելու համար: Կտուց անապատի միաբանները, արտաքին աշխարհէն ամբողջովին կտրուած, մթին խուցերու մէջ, ճգնաւորական կեանք կ՚ապրէին: Սուրբ Կարապետ եկեղեցիին մօտն էր Սուրբ Հրեշտակապետաց մատուռը, ուր պահ-ւած էին ձեռագիրները: Անապատը անցեալին գրչութեան կեդրոն եղած է: Լճափին կը գտնուէր դրսի տունը, եւ անապատը մերձափնեայ ընդարձակ դաշտեր ունէր, ուր կ՚աշխատէին միաբանները:

Տիրացու Մկրտիչ ժամանակ մը ետք Կտուց անապատէն հեռացաւ եւ Լիմ անապատը մտաւ: Լիմ կղզին կը գտնուի Վանայ ծովուն հիւսիս-արեւելեան կողմը: Վանական համալիրը կ՚ընդգրկէր Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, աւելի փոքր Սուրբ Սիոն եկեղեցին եւ աղօթասաց միաբաններու մթին խուցերը, դպրատունը եւ սեղանատունը: Լիմ գրչութեան կեդրոն եղած էր: Միաբաններ, վանահօր գլխաւորութեամբ, օրական եօթը անգամ ժամերգութիւն կը կատարէին, գիշերները անքուն կը ճգնէին, բոլոր պահքերը եւ ծոմերը կը պահէին եւ քրջազգեստ էին: Դպրատունը կրօնագիտական եւ հայագիտական ուսման կեդրոն էր՝ իր հայկաբան եւ աստուածաբան վարդապետներով: Տիրացու Մկրտիչ քանի մը ամսուան ընթացքին հմտացաւ գրաբարին եւ եկեղեցական գրականութեան: Իր վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեց աշխարհուրաց միայնակեաց վանականներու կեանքը:

Տիրացու Մկրտիչ 1842-ի գարնան Լիմ անապատէն հեռացաւ եւ վերադարձաւ Վան, Յանկոյսներու հօրենական տունը: Ան այլեւս կարդացուորներու դասակարգին կը պատկանէր: Յանկոյսներու քահանաները իրմէ խնդրեցին, որ թաղի Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստ-ւածածին եկեղեցւոյ դպրատան մէջ վարժապետութիւն ընէ, բայց Մկրտիչ աւելի մեծ հեռանկարներ ունէր իր առջեւ:

***

Հայրենի աշխարհը, անոր սրբավայրերը եւ պատմական յիշատակարանները տեսնելու եւ տառապեալ հայոց ժողովուրդը մօտէն ճանչնալու նպատակով տիրացու Մկրտիչ իր հետ առնելով իրեն թաղեցի երկու ընկերակիցներ 1842-ի ամրան իբրեւ ուխտաւոր ճամբայ ելաւ: Երեք ընկերակիցները շրջեցան Թիմարի, Արճէշի, Ալջաւազի, Ախլաթի, Կարճկանի, Կարկառի, Մոկսի, Ռշտունիքի, Հայոց Ձորի, Շատախի, Անձեւացիքի (Նորդուզ), Աղբակի եւ Սարայի գիւղերը: Անոնք տեսան հայկական հին փառքերու յիշատակարանները, պատմական վայրերն ու սրբավայրերը, հայրենի գիւղերը, լեռներն ու ձորերը, դաշտերն ու գետերը, ծանօթացան հայ գիւղացիի վիճակին եւ գաղափար կազմեցին: Շրջագայութիւնը տեւեց շուրջ հինգ ամիս:

Մկրտիչ եւ իր երկու ընկերակիցները 1842-ի աշնան վաճառականներու կարաւանի մը հետ ութ օրուան ճանապարհորդութենէ ետք հասան Սուրբ Էջմիածին, ուխտերնին կատարեցին եւ կրկին կարաւաններու միացած աշնան վերջաւորութեան վերադարձան Վան: Քիչ ժամանակ ետք մահացաւ Մկրտիչի հայրը:

***

Տիրացու Մկրտիչ Խրիմեան 1846-ին ամուսնացաւ Յովհաննէս Սեւիկեանի դստեր՝ Մարիամի հետ: Հարսնցուի ընտրութիւնը կատարեց Մկրտիչի մայրը: Աղջիկտեսը եւ երկու շաբաթ ետք՝ նշանդրէքը տեղի ունեցան Մեծ Պահոց շրջանին:

Հարսանիքը տեղի ունեցաւ Զատիկէն ետք: Պսակի նախորդող երեկոյեան կատարեցին Մարիամի խինադրէքը, ձեռքերը հինայով ներկելու արարողութիւնը, իսկ Մկրտիչի՝ սափրելու արարողութիւնը: Այնուհետեւ քահանան հալաւօրհնէք կատարեց, օրհնելով հարսանեկան հագուստները:

Պսակի արարողութիւնը կատարուեցաւ առաւօտուն, Յանկոյսներու Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագի ընթացքին, եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ Խրիմեան գերդաստանի ննջեցեալներու հոգւոյն կատարուած հոգեհանգիստէն ետք:

Հարսանեկան թափօրը երբ մօտեցաւ Խրիմեաններու դրան առջեւ, հարսն ու փեսան ձիերուն վրայ էին դեռ, երբ գառնուկ մը զենեցին անոնց առջեւ: Մկրտիչ յուզուեցաւ եւ լալով ըսաւ որ ինչո՞ւ մորթեցիք այդ անմեղ գառնուկը:

Կերուխումը, նուագը, երգ ու պարը շարունակուեցան մինչեւ յաջորդ առաւօտ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 18, 2018