ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Ահա՛, այսօր կրկին վերամուտ է։

Ամրան արձակուրդը վերջանալէ յետոյ անմիջապէս կը սկսի վերամուտի խանդավառութիւնը, յուզումը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւնները։ Աշակերտ, ուսուցիչ ծնողք արդէն հասած են կրթական նոր տարեշրջանի մը սեմը։ Աշակերտներն ու ծնողները մե՜ծ հաճոյքով կը պատրաստուին նոր ուսման տարեշրջանի մը՝ կատարելով զանազան գնումներ։ Իսկ կրթական մշակներն ալ նոր տարեշրջանին կը պատրաստուին նորանոր գիտելիքներ ամբարելով, որպէսզի երբ դասաւանդման ձեռնարկեն, աւելի լաւ ուսում ջամբեն իրենց աշակերտներուն։

Անձի մը ամենահաճելի, ամենասիրելի եւ անմոռանալի ժամանակահատուածն է վերամուտի շրջանը։ Թէեւ վերամուտի թուականը կրնայ փոփոխութիւն կրել դպրոցէ դպրոց, սակայն աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու յուզումը միշտ առկայ է այս շրջանին։ Կրկին պիտի լսուին առաջին զանգակին ղօղանջը, աշակերտներուն ուրախ ձայները, վազվզուկները… Ուսանողներ կրկին պիտի հանդիպին իրենց կարօտցած սիրելի ընկերներուն ու կրթական մշակներուն։ Նոր շրջանին անոնք պիտի մասնակցին զանազան մշակութային, մարզական, թատերական, երաժշտական եւ այլ ձեռնարկներու։ Այս միջոցառումներուն ընթացքին անոնք բացի նոր ընկերներ, նոր ծանօթութիւններ ունենալէ, առիթը պիտի ունենան նոր գիտելիքներով հարստանալու։

Վերամուտին բոլոր վարժարաններէ ներս կ՚ըլլան փոփոխութիւններ, բարեփուխումներ։ Կրնան միացած ըլլալ նոր դասընկերներ, ուսուցիչներ։ Անոնք ալ միջոց մը վերջ կը դառնան հարազատներ։ Անշուշտ ուսուցիչներու դասաւանդման ձեւն ալ փոխուած կրնայ ըլլալ կամ միացած ընկերները կրնան առաւել յաջող ըլլալ։ Բայց ոչ մէկուն կամքը եւ աշխատութեան թափը պէտք է նուազի։ Ընդհակառակն աւելի պէտք է աշխատանք տանի անոնց մակարդակին հասնելու համար։

Բացի այս բոլորէն, հարկ է նշել, թէ հայ վարժարանները հայ աշակերտներուն երկրորդ տունն է, ուր ոչ միայն կը սորվին ու կը զարգացնեն իրենց մայրենի լեզուն, այլ նաեւ մշակոյթն ու պատմութիւնը հայ ժողովուրդին։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ հայ դպրոցը հայ լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութեան պահպանման օճախն է։ Հայ վարժարանին մէջ աշակերտը հասակ կ՚առնէ մեծասքանչի սիրով ու իր ապագայի ծրագիրները կը կազմակերպէ այդ սկզբունքով։ Ապագան փայլուն, իր ժողովուրդին օգտակար, ուշիմ ու ազնիւ մարդիկ հասցնելու օճախ մըն է հայ վարժարանը։ Հանդիպիլ կարելի չէ հայ դպրոցի մը ջերմ մթնոլորտին, օտար դպրոցի մը մէջ։ Հոն ամբարած գիտելիքները, ինքնապահպանման զգացումը ամբողջ կեանքի ընթացքին կ՚առաջնորդեն զինքը։ Դասընկերներն ու դասընկերուհիները կը դառնան իր ընտանիքի հարազատ անդամները։ Անոնց հետ կրնայ բաժնեկցիլ ամէն ինչ…

Եւ ահաւասիկ, այս վերամուտին եւս հայ վարժարանի աշակերտները պիտի միանան նոյնպէս իրենց ջերմ ու հայաշունչ մթնոլորտին։ Այս միջավայրին մէջ հասակ առած նոր սերունդներն են որ պիտի պահեն, պահպանեն, գուրգուրան ու իրենց յաջորդ սերունդներուն պիտի փոխանցեն հայու հոգին ու ազգային ինքնութիւնը։ Պիտի ըլլան թէ՛ ի-րենց ապրած երկրին եւ թէ իրենց ժողովուրդին օգտակար տարրեր։

Իմ տեսակէտէ եւս այս վերամուտը ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Ես ալ իբրեւ հայ դպրոցի շրջանաւարտ, գրի առած այս համեստ տողերով՝ այսօր մուտք գործել կը ջանամ հայ մամլոյ անդաստանէն ներս…

Նոր տարեշրջանի մը շեմին, ամենաջերմ մաղթանքներ բոլոր աշակերտներուն. անոնք ունենան յաջողութիւններ ու բարձր պահեն հայ դպրոցին վարկը։

Օ՜ն, ուրեմն կը ղօղանջեն առաջին զանգերը…

Բարի վերամուտ ու բարի երթ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ     

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017