ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵ՞Ր

Նախորդ երկու յօդուածներս ներկայացուցին Հայաստանէն Պոլիս եկած աշխատանքային գաղթականներու հայաստանակեդրոն կացութիւնը։ Տեսանք, թէ ինչպէս վերջիններս ամէնօրեայ դրութեամբ մտաւոր, զգացական ու շօշափելի կապերու մէջ են Հայաստանի հետ, այդպէսով անդրսահմանային վիճակի մէջ ըլլալով։ Այցելեցինք նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղակայուած Հրանդ Տինք վարժարան, եւ նշեցինք, թէ փոքրիկ Հայաստան մըն է ան։

Հայաստանը, սակայն, դեռ աւելին է Հայաստանէն Պոլիս եկած գաղթականներէն շատերու, եթէ ոչ մեծամասնութեան համար. իրենց նուիրուած շարքիս այս յօդուածով ահա կու գամ անդրադառնալու այդ հանգամանքին եւս։

Իրենց հետ զրոյցներուս ընթացքին քիչ-քիչ նկատեցի, որ հայաստանակեդրոնութիւնը, Հայաստանի հանդէպ պատկանելիութեան զգացումը, սէրը, հոգատարութիւնը, Հայաստանը անփոխարինելի եւ անմրցելի Հայրենիք համարելը կարծես հայ ըլլալու նախապայմաններ ըլլան իրենց պատկերացմամբ։ Եթէ պոլսահայուն համար հայը ամէն բանէ առաջ քրիստոնէութեամբ եւ հայ քրիստոնեայ յարանուանութիւններէն մէկուն պատկանելիութեամբ կը բնորոշուի, ապա հայաստանցիին համար, առնուազն Պոլսոյ հայաստանցիներուն՝ որոնց հետ ես բաւական յարաբերած եմ, Հայաստանով։

Նարինէն, օրինակ, քառասունհինգ տարեկան գաղթական կին մը, կը բացատրէր, թէ «կը հասկնամ, որ որոշ հայեր Հայաստանէն դուրս կը ծնին», բայց եւ այնպէս «իսկական հայ» կամ «կարգին հայ» կը դժուարանար համարել այն հայերը, որոնք Հայաստանը կ՚անտեսեն։ Կարէնը, այլ գաղթական մը, կ՚ըսէր, թէ չի հասկնար, թէ ինչպէս որոշ «արտասահմանցի հայեր» իրենց բնակած երկիրները կը համարեն հայրենիք, Հայաստանի փոխարէն։ Աւելի՛ն, մեծ դժգոհութեամբ կը յիշէր եւ պատմէր հետեւեալ դէպքը (արեւտմահայերէնի թարգմանելով կը մէջբերեմ)։

«Ատեն մը այստեղ պոլսահայ մարդու մը քով կ՚աշխատէի։ Չեմ յիշեր ճիշդ ինչ նիւթով, բայց Թուրքիոյ մէջ կեանքիս պայմաններէն բողոքեցի։ Գործատուս մեծ մասամբ թուրք միւս գործաւորներուն ներկայութեան ինծի պատասխանեց ըսելով՝ որ եթէ չեմ հաւնիր, ձգեմ հայրենիքս երթամ։ «Հայրենիքդ գնա՛», ըսաւ, Հայաստանը նկատի ունենալով։ Հայրենի՞քս։ Ինչո՞ւ իմս, եւ ոչ քուկդ։ Այդ ե՞րբ է որ Հայաստանը դադրած է ձեր ալ հայրենիքը ըլլալէ, եւ այդ ե՞րբ է որ այստե՛ղ է դարձեր ձեր հայրենիքը։ Ես այդ մարդը ինչպէ՞ս հայ սեպեմ»։

Վերոյիշեալ մօտեցումները արդարացնելու միտում չունիմ անշուշտ։ Կը մէջբերեմ եւ կը նկարագրեմ պարզապէս արձանագրելու համար այն փաստը, թէ նոյն ինքնութիւնը կրող մարդիկ երբեմն տարբեր ու իրերամերժ ակնկալիքներ կրնան ունենալ այդ ինքնութենէն։

Հայաստանցիներու այս կեցուածքը շատ նման է, իրականութեան մէջ, բազմաթիւ պոլսահայերու կողմէ խիստ կերպով դրուող հայկականութեան կրօնական նախապայմանին։ Նոյն «Ես այդ մարդը ինչպէ՞ս հայ սեպեմ»ը կարելի է լսել պոլսահայերու կողմէ, այս անգամ մահմետական կամ ալեւի հայերու ուղղուած։

Ինքնութիւնները ի վերջոյ վերուստ տրուած ու սահմանուած երեւոյթներ չեն։ Պատմութեան բովէն անցած եւ հասարակական խմորումներու միջոցով կառուցուած են միշտ ալ անոնք։ Եթէ Թուրքիոյ հայուն համար հայկականութիւնը կրօնքի ու եկեղեցւոյ շուրջ ու միջոցով կերտուած ինքնութիւն մըն է գլխաւորաբար, ապա հայաստանցիին համար շատ աւելի պետական ինքնութիւն է, հողային ինքնութիւն։

Անշուշտ երկկողմանի դրժումներն ու մերժումները ջուրծեծոցի են միայն։ Թէ՛ Հայաստանով չհետաքրքրուող ու Հայաստանը հայրենիք չսեպող պոլսահայ մը (անշուշտ շա՛տ պոլսահայեր չեն տեղաւորուիր այս դասակարգման մէջ) եւ թէ Հայ Եկեղեցւոյ ու քրիստոնէութեան հետ դոյզն իսկ կապ չունեցող մահմետական կամ ալեւի հայ մը, կը մնան հայ, այնքան ատեն երբ իրենք զիրենք կ՚ընկալեն որպէս այդպիսին եւ այլոց հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ այդ ինքնութիւնը կ՚ընդունին որպէս մեկնակէտ։

Այսպէսով, խոստովանիմ, անցում կը կատարեմ Թուրքիոյ տարբեր հայերու միջեւ սահմանագծումներու, յարաբերութիւններու եւ փոխընկալումներու նիւթով յօդուածաշարքիս։ Դեռ սկիզբն ենք ճամբուն։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019