ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ՝ «ՄԵԾՆ ԿՈՎԿԱՍ»Ի ՆԱԽԱՔԱՅԼ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի օ­րերս Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցը մի քա­նի ա­ռում­նե­րով կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցէ:

Նախ հա­շուի պէտք է առ­նել, որ Փու­թին Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կայ ե­ղաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) հեր­թա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին: Հանգրուա­նի մը, երբ ռուս-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­ռա­ցիօ­րէն մտած են փա­կու­ղի:

Բա­ցի այդ, որ Ռու­սաս­տան ամ­րօ­րէն կառ­չած կը մնայ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի (նկա­տի ու­նիմ Սու­րիա) մէջ, իր փո­րած «խրա­մատ­նե­ր­»ուն, յստակ է նաեւ, որ Մոս­կուա կա­րե­ւոր ճի­գեր տա­նե­լով յա­ջո­ղե­ցաւ Թուր­քիան դարձ­նել հին օ­րե­րէն ե­կած «նեղ օ­րե­րու» բա­րե­կամ:

Ա­րա­բա­կան լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք բա­ցա­յայ­տօ­րէն կա­րե­ւո­րե­ցին Փու­թի­նի Ան­գա­րա տուած այ­ցը եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր ծի­րը հա­մա­րե­ցին նախ եւ ա­ռաջ տնտե­սա­կան շա­հագրգ­ռո­ւա­ծու­թիւն­նե­րէ ար­մատ ստա­ցող ըն­թա­ցա­կարգ մը, ո­րուն մէջ քա­ղա­քա­կան «ար­մատ­նե­ր­»ը մեծ նշա­նա­կու­թիւն մը չու­նին:

Բայց խոր­քին մէջ այդ­պէս չէ: Մոս­կուա կա­րե­ւոր «նուէ­ր» մը ը­րաւ Ան­գա­րա­յին՝ սա­տար կանգ­նե­լով Սու­րիոյ սահ­մա­նա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ քրդա­կան պե­տու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու «ե­րա­զ­»ին կազ­մա­քանդ­ման: Այդ կը նշա­նա­կէ, որ Մոս­կուա դադ­րեց­նե­լով քրդա­կան ջո­կատ­նե­րուն վե­րա­զի­նու­մը, նոյն­պէս «օրհ­նե­ց» Ան­գա­րա­յի շղթա­յա­զեր­ծած «Եփ­րա­տի վա­հա­ն» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ իր լռու­թեամբ թոյլ տուաւ, որ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը «քրդա­կան ե­րա­զ­»ի մը ա­ռաջ­քը առ­նէ:

Այս բո­լո­րէն զատ ու վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւան տուած իր այ­ցին, պէտք է հասկ­նալ, որ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րին կա­տա­րած այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը մի­տի ան­գամ մը եւս ցոյց տալ Կով­կա­սին իր ի­րա­կան դէմ­քը:

Այ­սինքն Վլատիմիր Փու­թին, որ հայ­կա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կին մէջ մին­չեւ ե­րէկ հա­ւա­նա­կան «խառ­նակ­չու­թիւն­նե­րու» կամ տար­բեր ձե­ւա­չա­փի «ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րու» դէմ յան­դի­ման կրնար գտնուիլ, այ­սօր ա­պա­հո­վե­լով Ան­գա­րա­յի թի­կուն­քը՝ կրնայ խօ­սիլ նոր ձե­ւա­չա­փով:

Այդ ձե­ւա­չա­փը բնա­կա­նա­բար «Մեծն Կով­կա­ս­»ի տրա­մա­գիծն է, ուր­կէ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը պի­տի փոր­ձէ ա­մէն գնով «հզօր լե­զուո­վ» մը խօ­սիլ:

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին հետ հա­մըն­թաց մեծ լա­րում­նե­րու հա­սան ռուս-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Մինչ եւ­րո­պա­կան թե­ւը, ընդ­հան­րա­պէս կը բա­ցա­կա­յի տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րէն, ա­մե­րի­կեան կող­մը ոչ միայն ան­հան­գիստ է ռու­սա­կան ուղ­ղա­կի մի­ջամտու­թե­նէն, այլ կը փոր­ձէ ա­մէն գնով պա­տուար հան­դի­սա­նալ ռու­սա­կան ու­ժե­րու նե­ցու­կով մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի մէջ յա­ռաջ­խա­ղաց կա­տա­րել փոր­ձող սու­րիա­կան բա­նա­կին:

Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ սու­րիա­կան դէպ­քե­րուն մէջ ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող ի­րա­նեան եւ սէու­տա­կան կող­մե­րը ան­ցած են խնդրի «լո­քո­մո­թի­ւ­»ի վեր­ջին վա­կոն­նե­րը: Ու այս ալ բնա­կան հե­տե­ւանք է, երբ խա­ղին հիմ­նա­կան եր­կու տէ­րե­րը «մէյ­տա­ն» իջ­նե­լով կը ճա­կա­տին ի­րա­րու դէմ:

Մինչ Ռու­սաս­տան կա­րե­ւոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով եւ Տու­մա­յի կող­մէ պատ­րաս­տուած օ­րէնք­նե­րով կ՚ամ­րագ­րէ իր ներ­կա­յու­թիւ­ն՝ ա­պա­հո­վե­լով «Հմե­մին» օ­դա­կա­յա­նի եւ Թար­թու­սի բո­լոր կա­րե­ւոր զի­նուո­րա­կան խա­րիսխ­նե­րը, ան­դին Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Հա­լէ­պի մէջ «երկ­րորդ ձեռ­քո­վ» կը կռուի ար­դիա­կան զէն­քեր տրա­մադ­րե­լով Սու­րիոյ Ա­զատ բա­նա­կին ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ պա­տե­րազ­մող ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րուն:

Այս ընդ­հա­նուր հու­նին մէջ է, որ Վլա­­տիմիր Փու­թին կը ներ­կա­յա­նայ ՀԱՊԿ-ի ժո­ղո­վին: Մոս­կուա բնա­կա­նա­բար պի­տի փոր­ձէ ա­մէն գնով ա­պա­հո­վել այս զի­նուո­րա­կան դա­շին­քին «բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­ն­»ը՝ Ա­րեւ­մուտ­քին ալ ը­սե­լու հա­մար, թէ գետ­նի վրայ ռուս­ե­րը ա­ռան­ձին չեն եւ ՆԱ­ԹՕ-ն նախ­կի­նին նման միակ «խա­ղա­ցո­ղ­»ը:

Գա­ղա­փա­րա­կան բա­ւա­կան խճճուած ի­րադ­րու­թեան մը մէջ յստակ է նաեւ, որ թէ՛ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ թէ Մոս­կուա մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ են:

Այս­պէս, մինչ Ան­գա­րա ո­րոշ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նի ՆԱ­ԹՕ-ի կա­տա­րած քայ­լե­րուն դի­մաց, ե­րե­ւե­լի կը դառ­նայ, որ Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ալեքսանտր Լու­քան­շեն­քօ ռու­սե­րու յա­ռա­ջի­կայ հա­ւա­նա­կան քայ­լե­րուն փո­խա­րէն յստակ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ կրնայ ու­նե­նալ:

Նշեմ, որ նոյն Լու­քա­շեն­քոն նախ­քան Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լը, ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու ը­սած էր, թէ ի­րենք պատ­րաստ չեն մասն­ակ­ցիլ Ռու­սաս­տա­նի շա­հե­րուն հա­մար մղուե­լիք ո­րե­ւէ պա­տե­րազ­մի:

Հա­յաս­տա­նի «ա­րեւմ­տա­մէ­տ» հա­մա­ր-ւող մէ­կէ ա­ւե­լի կայ­քեր վեր­ջերս ՀԱՊԿ-ի Ե­րե­ւա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մա­սին անդ­րա­դար­ձում­ներ կա­տա­րե­ցին: Ա­նոնց հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը այն է, որ միւս տէ­րու­թեանց հետ հա­մե­մա­տած «փոք­րիկ Հա­յաս­տա­ն­»ը ինչ­պի­սի դե­րի մը մէջ պի­տի յայտ­նուի այս բա­ւա­կան բարդ դրու­թեան մէջ: Ա­նոնք բա­ւա­կան վտա­ն­գա­ւոր կը հա­մա­րեն նաեւ այս ժո­ղո­վէն բխող եւ Ա­րեւ­մուտ­քին ու յատ­կա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն ուղ­ղեալ ո­րե­ւէ պատ­գամ՝ նկա­տել տա­լով, որ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ «հա­մա­ռու­սա­կա­ն» կե­ցուածք­նե­րուն որ­դեգ­րու­մը կրնայ բա­ւա­կան բարդ վի­ճա­կի մը մատ­նել եր­կի­րը:

Թե­րեւս տե­ղին է մտա­հո­գուիլ, բայց եւ այն­պէս հա­շուի չառ­նել, որ այս ժո­ղո­վը կամ ան­կէ ետք տե­ղի ու­նե­նա­լիք գոր­ծըն­թաց­նե­րը դրա­կան չեն Հա­յաս­տա­նի հա­մար, առ­նուազն կար­ճա­տե­սու­թիւն է: Այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին է դար­ձեալ, որ Հա­յաս­տան «ա­ռանց քա­շուե­լու» պէտք է խօ­սի ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին մա­սին: Ոչ ան­պայ­ման լու­ծում­ներ սպա­սե­լով, այլ բարձ­րա­ձայ­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան «տէ ֆաք­թօ» ան­կախ ըլ­լա­լը եւ այդ ա­ռու­մով անվ­տան­գու­թեան բա­ւա­րար եւ հա­մո­զիչ վստա­հե­ցում­ներ պա­հան­ջե­լը: Ի վեր­ջոյ Կով­կա­սի մէջ անվ­տան­գու­թեան ընդ­հա­նուր հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու ռու­սա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է յու­շել Ար­ցա­խի ու ա­նոր խա­ղաղ բնակ­չու­թեան անվտ­ան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման մա­սին:

Փաստ է նաեւ, որ նոր դէպ­քե­րու բե­րու­մով Կով­կա­սը պի­տի դառ­նայ ռու­սա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն աշ­խոյժ գե­տի­նը, հոն ստեղ­ծե­լով տնտե­սա­կան կա­յուն ի­րա­վի­ճակ եւ բա­նա­լով բո­լոր փակ հա­մա­րուած ա­ռիթ­նե­րը:

Տնտե­սա­կան, գե­րար­դիա­կան, գի­տա­կան ու յատ­կա­պէս զի­նուո­րա­կան ա­ռում­նե­րով Մոս­կուա մեծ ակն­կա­լիք­ներ պի­տի ու­նե­նայ Կով­կա­սէն ու հոն գտնուող իր դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րէն՝ Հա­յաս­տա­նէն ու Ի­րա­նէն: Բա­ցի այս բո­լո­րէն, Ատր­պէյ­ճա­նի «հար­ցե­րը» կար­գի բե­րե­լով Ան­գա­րա­յի հետ: Իսկ «կար­գի չբե­րել»ը կը նշա­նա­կէ ա­մէն գնով պահ­պա­նել այս տա­րած­քի խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ գե­տին պատ­րաս­տել յա­ռա­ջի­կայ ը­նե­լիք­նե­րուն հա­մար:

Հիմ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղով­նե­րուն լոյ­սին տակ ա­ւե­լի յստակ պի­տի դառ­նայ Մոս­կուա­յի ու­նե­ցած ծան­րակ­շիռ դե­րը:

 Ու­ժե­րու այս նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը ան­պայ­ման չի նշա­նա­կեր, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ռուս­ա­ստան կրնան մեծ եւ անս­պա­սե­լի բա­խում­նե­րու եր­թալ: Այդ­քան ալ հեշտ չէ խօ­սիլ հա­մաշ­խա­րհա­յին եր­րորդ պա­տե­րազ­մի մը մա­սին, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը կրնան յան­գեց­նել հա­մա­տա­րած քան­դու­մի:

 Խա­ղը այդ չէ: Հի­մա ե­ղած գոր­ծըն­թա­ցը եւ յստա­կօ­րէն ե­րեւ­ցող պա­րա­նաձ­գու­թիւ­նը կը մի­տի ե­րան­գա­ւո­րել եր­կու հիմ­նա­կան խա­ղա­ցող­նե­րուն գա­լիք ան­ցու­մա­յին փու­լե­րը:

Այս­պէս, մինչ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը պատ­րաս-տըւի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու, Ռու­սաս­տան կը փոր­ձէ բա­նալ սիւ­նիի աշ­խար­հի փակ դռնե­րը:

Ու այս ընդ­հա­նուր դրու­թեան մէջ սպա­սե­լի է նոյ­նիսկ, որ անց­նող տա­րի­նե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար հա­ւա­տա­րիմ հա­մա­րուող դաշ­նա­կից­ներ ստի­պուած ըլ­լան փո­խել ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը, ե­թէ Ա­մե­րի­կա­յի յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հը վե­րա­տե­սու­թեան չեն­թար­կէ իր Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ծայր աս­տի­ճան «ձա­խա­ւե­ր» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

Ա­սոր փո­խա­րէն յստակ է նաեւ, որ Սու­րիոյ մէջ իր ու­նե­ցած դե­րով Փու­թին հան­դէս պի­տի գայ որ­պէս ան­զի­ջող կողմ մը, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րին հա­մար ալ յստակ է, որ Մոս­կուա Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ այ­լեւս կորսնց­նե­լու տեղ չու­նի: Զի­նուո­րա­կան պայ­մա­նագ­րե­րու գնով, ա­րեան գնով, մեծ կո­րուստ­նե­րու գնով յստակ չէ, սա­կայն Քրեմ­լի­նի կող­մէ վճռուած է ա­մէն գնով պահ­պա­նել սու­րիա­կան իր ա­մե­նա­վեր­ջին ու ա­մե­նա­թանկ ամ­րո­ցը:

Գա­լով պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նին՝ յստակ է, որ Մոս­կուա­յի կող­մէ «քա­ղա­քա­կան նե­ցու­կ» ու­նե­ցող երկ­րի նոր վար­չա­պե­տը կո­չուած է բա­ցի դրա­կան նոր «տի­նա­միզ­մ­»էն, կա­տա­րել նաեւ «վի­րա­բու­ժա­կա­ն» գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ստեղ­ծեն քա­ղա­քա­կան, բայց մա­նա­ւանդ տնտե­սա­կան դրա­կան պայ­ման­ներ: Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կը յա­ջո­ղի իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ կամ ոչ, յստակ չէ տա­կա­ւին, սա­կայն յստակ է, որ ռու­սա­կան կող­մին մօտ Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր գե­տի­նը ա­ւե­լի դրա­կան հու­նի մը մէջ դնե­լու ո­րո­շու­մը պա­տա­հա­կան չէ: Ու այս խօս­քին ա­մե­նէն վա­ւե­րա­կան ա­պա­ցոյ­ցը երկ­րի իշ­խա­նա­կան օ­ղակ­նե­րուն ա­մե­նէն «կա­յու­ն­»ին՝ Սիւ­նի­քի մարզ­պետ Սու­րիկ Խա­չատ­րեա­նի պաշ­տօ­նէն հե­ռա­ցումն է: Բան մը, որ պէտք է հա­մա­րել «վի­րա­բու­ժա­կա­ն» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկիզբ:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի տա­րա­ծքաշր­ջան­ա­յին հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն, այս կա­րե­ւոր ժո­ղո­վը ա­ռիթ մըն է ան­գամ մը եւս գի­տակ­ցե­լու՝ Ե­րե­ւա­նի Կով­կա­սի մէջ ու­նե­ցած ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­րար դե­րին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016