ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»:

Գրաբարով այս համարը այսպէս կը կարդանք. «Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»: Պարտք ու յանցանք այստեղ գրեթէ նոյն իմաստը ունին, որովհետեւ երբ յանցանք՝ որ է մեղք կը գործենք, այդպէսով պարտքի տակ կը մտնենք, պարտքի տակ նախ եւ առաջ Աստուծոյ դիմաց, իսկ երկրորդ հերթին պարտքի տակ անոր հանդէպ՝ որուն դէմ յանցանք գործած կամ մեղանչած ենք:

Տէրունական աղօթքին հեղինակը հետա-քըրքրական կերպով այս խնդրանքը նախորդող մի քանի խնդրանքներէն ետք կը դնէ: Մինչեւ հիմա եղած խնդրանքները բոլորն ալ շնորհ գտնելու, պարգեւ ստանալու խընդ-րանքներ էին, իսկ այս մէկը ներում խնդրելու եւ կամ պարտքերէ ազատուելու խընդ-րանք է: Շատերու համար կրնայ զարմանալի թուիլ այս պարագան եւ շատեր նոյնիսկ կրնան հարցնել. ինչպէ՞ս կարելի է նախ եւ առաջ շնորհներն ու պարգեւները խնդրել եւ նոր միայն ներում խնդրել մեր գործած սխալներուն համար: Զանազան մեկնիչներ զանազան բացատրութիւններ տուած են: Պատասխանը՝ ըստ մեր ենթադրութեան այն է, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ, այսինքն՝ Աստուծոյ համար էական չէ մեղաւոր ենք կամ ոչ, որովհետեւ Ինք իր օրհնութիւնը բոլորին կը բաշխէ, ինչպէս կը վկայէ Աստուածաշունչը՝ երբ կ՚ըսէ. «Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45): Կը տեսնենք, թէ Աստուծոյ պարգեւած բարիքները չափանիշ չեն ճանչնար, այսինքն՝ չունին չար կամ բարի, արդար կամ մեղաւոր, այլ՝ բոլորին են անխտիր, եւ այս մասին կը վկայէ մեր Տիրոջ մինչ այժմ սորվեցուցած աղօթքին բովանդակութիւնը, ուր առաջին հերթին կ՚ըսէ՝ «Հայր մեր», այսինքն՝ մեր բոլորին Հայրը, չ՚ըսեր «արդարներուն կամ բարիներուն Հայր», այլ՝ «Հայր մեր», իսկ այս «մեր»ը կը բովանդակէ ամբողջ մարդկութիւնը: Երկրորդ խնդրանքը՝ «թող սրբաբանուի անունդ». այս խընդ-րանքն ալ իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջ մարդկութիւնը, որովհետեւ աշխարհի երեսին ապրող բազմամիլիոն մարդիկ այս խնդրանքը կը կատարեն, նոյնիսկ առանց իմանալու իրենց խնդրածի ինչութեան մասին: Երրորդ խնդրանքը՝ «Քու կամքդ թող ըլլայ». դարձեալ խնդրանք մը, որ բոլոր մարդկութեան վրայ կը տարածուի, տարբեր կրօններու պատկանող մարդիկ, իրենց խընդ-րանքներուն մէջ յաճախ Աստուծոյ կը դիմեն խնդրելով Անկէ, որպէսզի Իր կամքը թագաւորեցնէ իրենց կեանքին մէջ: Յաջորդող խնդրանքը՝ «ամենօրեայ մեր հացը». այս եւս ընդհանրական խնդրանք մըն է, զոր բոլոր մարդիկ կը խնդրեն Աստուծմէ: Բնականաբար, մինչեւ այժմ թուարկած խնդրանքները հակառակ այն իրողութեան, որ բոլոր մարդիկն ալ կարելիութիւնը ունին խնդրելու, բայց բնականաբար հաւատացեալին եւ ոչ-հաւատացեալին, արդարին եւ ոչ-արդարին խնդրելու կերպին, ըմբռնումին եւ սպասումին մէջ տարբերութիւն կայ:

Գալով պատասխանին անոնց՝ որոնք կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ այս խնդրանքը՝ «ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները» նախորդող խընդ-րանքներէն ետք կու գայ եւ ո՛չ թէ սկիզբը, սա պարզ պատասխանը կու տանք, այս խընդ-րանքով կերպով մը քրիստոնեան իր անկեղծ հաւատացեալ ըլլալու փորձաքարին է, որ դէմ առ դէմ կը յայտնուի: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, այն մարդը, որ այս նախադասութիւնը կ՚ըսէ, վստահաբար զայն կ՚ըսէ կատարեալ ըմբռնումով եւ գիտակցութեամբ, այլ խօսքով, այս խնդրանքը երբ կը կատարէ, այդ ձեւով նախ եւ առաջ ինքզինք է, որ քննած կ՚ըլլայ եւ նոր համարձակութեամբ կը դիմէ Աստուծոյ այս խնդրանքով: Բնականաբար խօսքը կը վերաբերի անոնց՝ որոնք խիղճով առողջ են եւ գիտակցութեամբ լուսաւոր:

Ինչո՞ւ համար փորձաքար է այս խնդրանքը, մի քանի պատճառներով.

ա) Գիտակցելու կարողութիւն:

բ) Կատարեալ ճանաչողութիւն:

գ) Բոլոր պարագաներու մէջ դիմացինին ներելու քաջութիւն:

ա) Գիտակցելու կարողութիւն. մարդ երբ Աստուծոյ կը դիմէ ըսելով՝ «Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են», որով հիմնական երկու ճշմարտութիւններու մասին կը խօսի.

1) Մեր յանցաւոր ըլլալու հանգամանքը:

2) Մեր՝ ուրիշին ներելու իրողութիւնը:

1) Մեր յանցաւոր ըլլալու հանգամանքը. «Ներէ՛ մեր յանցանքներուն», մեր մեղքերուն ներում խնդրելու աղերս մըն է սա, որ իր մէջ կը պարունակէ գիտակցութեան նշոյլ, իսկ գիտակցութիւնը իր մէջ կը պարունակէ անդրադարձ եւ անդրադարձն ալ իր կարգին՝ զղջում եւ ապաշխարութիւն: Վերը ըսինք փորձաքար, արդարեւ գիտակցութիւնը, անդրադարձը, զղջումն ու ապաշխարութիւնը այդ փորձաքարին զարնուելու եւ մեր ինքնութիւնը հասկնալու նախադրութիւններն են, որովհետեւ շատ յաճախ մեր սեփական կեանքին մէջ կ՚ապրինք յուզումի կամ «ինքնագիտակցութեան» պահեր, որոնց համար կու տանք ապաշխարութիւն կամ անդրադարձ որակումները, սակայն յաջորդող լուրջ դէպքի պարագային կը հասկնանք, որ այդ բոլորը պարզապէս մեր զգացական աշխարհի արտադրութիւններն են. (այս մէկը լաւ հասկնալու համար՝ կ՚արժէ, որ մարդ «Սերմնացանի առակը» եւ այդ անոր մեկնութիւնը կարդայ (տես, Մտ 13.1-9 եւ 18-23): Արդարեւ, եթէ մարդ ամբողջական գիտակցութեամբ արտասանէ այս բառերը, որոնցմով խոստովանած կ՚ըլլայ իր մեղաւոր ըլլալը: Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեզի, թէ կատարեալ մարդ չկայ աշխարհի վրայ եւ Եկեղեցւոյ Հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ կ՚աւելցնեն, որ միակ կատարեալ մարդը այս աշխարհի վրայ՝ Քրիստոս Աստուած-Մարդը Ի՛նք էր: Եւ Աստուծմէ ներում խնդրելով՝ մեր անձերուն յանցաւոր ըլլալը խոստովանելու կողքին, նաեւ համարձակ յայտարարութիւն մըն է, զոր կ՚ընենք, որով յանձնառութեան տակ կը մտնենք՝ փորձել կատարեալ ըլլալու, հետեւելով մեր Փրկիչին թելադրութեան, թէ՝ «կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48):

2) Մեր՝ ուրիշին ներելու իրողութիւնը. մեր Տէրը սորվեցնելէ ետք մեզի մեր յանցանքներուն ներում խնդրել, կը սորվեցնէ ըսել նաեւ՝ «ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»: Ասիկա կարծէք ձեւով մը Ոսկէ Կանոնին նախակարապետն է: Արդարեւ, Ոսկէ Կանոնը կ՚ըսէ. «Ինչ որ կ՚ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12). կ՚ուզե՞նք, որ մարդիկ ներեն մեզի, հետեւաբար նախ պէտք է մենք ներենք. կ՚ուզե՞նք ներում գտնել մեր յանցանքներուն, հետեւաբար նախ եւ առաջ մե՛նք պէտք է ներենք ուրիշներուն՝ մեր նկատմամբ գործած յանցանքները:

Արդարեւ, երբ այս խնդրանքով կը դիմենք Աստուծոյ, նախ եւ առաջ պէտք է ներած ըլլանք բոլորին՝ անխտիր, եւ նոր միայն համարձակութիւն ունենանք Աստուծմէ ներում խնդրելու, լաւ գիտնալով, որ եթէ մենք չենք ներած մեր նմաններուն, ներում պիտի չգտնենք Աստուծմէ, որովհետեւ դարձեալ Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ մեզ դատելու համար» (Մտ 7.1-2). այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ եթէ մեր նմաններուն չներենք իրենց յացանքները, մեր յանցանքները եւս պիտի չներուին, որովհետեւ ինչպէս որ վարուինք մեր նմաններուն հանդէպ, նոյն վերաբերմունքին մենք եւս պիտի արժանանք: Աւելի՛ն, երբ մեր նմաններուն չենք ներեր ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններ յառաջ բերելով եւ կը համարձակինք մեր յանցանքներուն ներում խնդրել Աստուծմէ, վստահ պէտք է ըլլանք, որ ինքնախաբէութեան մէջ ենք, որովհետեւ ներում խնդրելը եւ ներում գտնելը գրաւական ունին մեր ներելու հանգամանքը:

բ) Կատարեալ ճանաչողութիւն. գիտակցիլը իր հետ կը բերէ կատարեալ ճանաչողութիւն: Ի՞նչ կը նշանակէ կատարեալ ճանաչողութիւն: Կատարեալ ճանաչողութիւն կը նշանակէ ինքզինք լաւապէս ճանչնալ իր դրական եւ բացասական երեսներով, այսինքն՝ իր ունեցած առաքինութիւններով եւ իր ունեցած թերութիւններով: Այլ խօսքով, երբ մարդ կը գիտակցի իր մեղանչական վիճակին, ատով ինքզինք է որ կը ճանչնայ, որով կը խոստովանի իր մեղաւոր ըլլալը առաջին հերթին, եւ երկրորդ՝ կը դիմէ Իր Արարիչին, գիտակցելով իր անկար վիճակին եւ թէ իր լաւութիւնը անքակտելի կերպով առընչուած է իր՝ նմանին եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած փոխ-յարաբերութեան հետ: Ոմանք պիտի հարցնեն. ինչո՞ւ յարաբերութիւնը յիշած ատեն նախ նմանը եւ ապա Աստուած դրինք: Շատ պարզ պատճառի մը համար, որու պատասխանը Սուրբ Յովհաննէս առաքեալը ի՛նք կու տայ, երբ կ՚ըսէ. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ» (Ա.Յհ 4.20)։ Այս համարը կարդալով կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ համար նախ մեր նմանին հետ յարաբերութիւնը նշեցինք եւ նոր Աստուծոյ, որովհետեւ եթէ մեր նմանը՝ մարդ արարածը, որ ամէն օր կը տեսնենք, ամէն օր շփում ունինք իրեն հետ, բայց չենք սիրեր զինք եւ կամ չենք ներեր անոր, ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ խաբել ըսելով, թէ մենք զԱստուած կը սիրենք, եւ աւելի՛ն, ինչպէ՞ս կը համարձակինք Աստուծմէ ներում խնդրել, երբ մենք չենք ներած մեր նմանին: Այս ուղղութեամբ կը կարդանք. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցելու ատեն յիշես, որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա՛ նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցէ» (Մտ 5.23-24)։ Այստեղ յստակ կերպով կը հասկնանք, որ Աստուած նոյնիսկ մեր ընծաները չ՚ընդունիր, եթէ մեր նմանին հետ հաշտուած կամ իրարու ներած չըլլանք, որով ալ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ կարեւորը մեր նմանը ներելու հանգամանքը, որ կատարեալ ճանաչողութիւն կը պահանջէ մեզմէ, որովհետեւ միայն կրնայ ներել ա՛ն, որ ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ եւ գիտակից է իր վիճակին:

գ) Բոլոր պարագաներու մէջ դիմացինին ներելու քաջութիւն. Տիրոջ սորվեցուցած այս խնդրանքը իր մէջ նաեւ կը պարունակէ այն քաջութիւնն ու համարձակութիւնը, որով մենք պէտք է միշտ առաջին նախաձեռնողները ըլլանք ներելու, այսինքն՝ պէտք է սպասենք, որ նախ ներեն մեզի եւ յետոյ նոր միայն մենք ներենք, այլ՝ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք առաջինը մենք ներելու, առանց փոխադարձ վերաբերմունքը սպասելու, այլ՝ ներենք այն գիտակցութեամբ, որ երբ ներենք մեր նմաններուն, Աստուած Ի՛նք ալ պիտի ներէ մեզի: Եւ այստեղ նկատի պէտք է ունենանք կարեւոր պարագայ մը, որ մեր ներելու հանգամանքը պէտք է պայմաններ կամ պարագաներ ունենայ, այլ՝ միշտ եւ առանց պայմաններու ու պարագաներու նայելու պէտք է ներենք, ինչքան ալ մարդոց մեզի հասցուցած նեղութիւնը կամ ցաւը խոր ու մեծ ըլլայ, նոյնիսկ անտանելի. այդ պարագաներուն մէջ անգամ մենք քաջութիւնը պէտք է ունենանք ներելու, ներելու անխտիր եւ առանց պայմանաւորութիւններու, որովհետեւ մեր Խաչեալ Փրկիչը այդ ներելու քաջութեան գերագոյն օրինակն է, որ տուած է մեզի Խաչին վրայէն, երբ զԻնք չարչարողներուն ու խաչողներուն համար Աստուծմէ խնդրեց ըսելով. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Արդարեւ, նմանինք մեր Ներող Փրկիչին, մենք եւս ներելով բոլոր անոնց, որոնք մեր դէմ յանցանք գործած են եւ ապա ըսենք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10):

Ի վերջոյ պէտք է զգոյշ ըլլանք այս տողը կարդացած ատեն եւ սխալ կերպով չհասկնանք այնտեղի ըսուածը, որովհետեւ ոմանք այս խնդրանքին հանդիպելով կը տարուին մտածելու, թէ Աստուած Իր կատարելիք ներումին համար պայման կը դնէ մեր առջեւ: Ո՛չ, Աստուած մեր դիմաց ո՛չ մէկ պայման կը դնէ, այլ՝ երբ մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի ըսել՝ «ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են»։ Այս ձեւով մեզի սորվեցնել կ՚ուզէ, թէ մեր ներուելու հանգամանքը թէեւ կախում ունի մեր նմանին ներելու հանգամանքէն, բայց ատով չէ՛ պայմանաւորուած, որովհետեւ Աստուած կատարեալ Սէ՛ր ըլլալով, պայմաններ չի դներ մարդը ներելու համար, այլ՝ կը ներէ առանց պայմաններու եւ ասոր ամենէն վառ օրինակը Իր Միածին Որդիին աշխարհ գալն ու մեր մեղքերուն՝ յանցանքներուն համար խաչուիլն էր, որով Աստուած ներեց մեր յանցանքներուն եւ մեզ վերստին Իր որդեգրութեան արժանացուց: Հետեւաբար, չտարուինք մտածելու, որ մեր ներուելուն համար պայմաններ կան, այլ պարզապէս, Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք եւս մեր դերակատարութիւնը ունենանք մեր փրկութեան գործին մէջ, այլ խօսքով՝ խօսքէն գործի անցնինք եւ գործնականապէս ցոյց տանք, որ մենք իր զաւակներն ենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

Վաղարշապատ, 15 հոկտեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018