ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ

Կեդրոնի թաղերու մայթերէն մէկուն վրայ հայրենադարձ մը կը քալէր, ու՝

-Յիսուն դրամով օգնէք, էլի՛...

Մտազբաղ հայրենադարձին դէմը կանգնելով աղերսեց ծերունի մը:

Կոպեկներու հաւաքածոյ մը դրաւ հայրենադարձը անոր երկարած ափին ու շարունակեց ճամբան:

Քիչ ետք, հայրենադարձը մոռցուած բան մը առնելու համար վերադարձաւ նոյն մայթին վրայէն անցնելով, ուր դարձեալ դէմը կեցաւ նոյն ծերունին ու՝

-Յիսուն դրամով օգ..., ո՛հ, դուք օգնել էիք, չնկատեցի...

Ըսաւ ծերունին ամօթխած հայեացքով ու ափը պարզած, այլի մը հանդիպելուն սպասեց:

ՏԱՆՏԷՐՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԸ

-Էս մեր ֆրիտուրնիցան (ռուս.- երեկտրական տապակ) կարո՞ղ է ուզենաք առնէք. նոր է, ձեր նոր տան համար հարկաւոր կը լինի:

Կ՚ըսէ տան տիրուհին հայրենադարձ վարձակալին՝ Տիկ. Զարուկին, որ տուն գնած ու փոխադրութեան եռուզեռի մէջ է:

-Նախ գիտնամ ինչի՞ մասին կը խօսիս,- կը պատասխանէ հայրենադարձը զննելով տան տիրոջ բերած գործիքը:

-Ֆրիտուրնիցա է էլի՛, որ քարթոշքա (ռուս.- գետնախնձոր), հաւ..., ենք ժառիտ (ռուս.- տապկել) անում,- կը շարունակէ տան տիրուհին:

-Հա՛, ելեկտրական տապա՞կ է. չեմ կարծեր որ պէտք ունենամ, մենք տապկուած շատ չենք ուտեր,- կը պատասխանէ հայրենադարձը:

-Դուք շատ լաւ էլ հայերէն էք խօսում, բայց ելեկտրական տապակէն լաւ է հնչում ֆրիտուրնիցան. վարժութիւն է, էլի՛, սովորէք, պէտք կը լինի:

-Կ՚ուզեմ կա՛մ լուացքի մեքենան, կամ ալ հեռատեսիլը հետս տանիլ, քանի կէս առ կէս վճարեցինք անոնց գիները,- կ՚առաջարկէ հայրենադարձը:

-Չէ՛, ազիզ ճան, էդպէս բան չի լինի, դու վճարեցիր ու օգտուեցիր: Չի կարելի սարքը տնից վերցնել ու տանիլ,- կը պատասխանէ տան տէրը, ապա,- էս էլ չմոռանաս թողնել,- կը շարունակէ սեղանին վրայ դրուած հեռաղեկը տեսնելով:

-Ի՞նչը,- կը պատասխանէ հայրենադարձը:

-Հեռակառավարման սարքը, էլի՛: Մի քանի օրից նոր վարձուորներ են գալու, ամէն ինչ իր տեղում է լինելու, ոնց որ դուք էիք եկել:

-Առանց հեռատեսիլի ի՞նչ ընեմ հեռաղեկը...

Այսպէս կէս հայերէն, կէս ռուսերէն կը շարունակուի վէճի նմանող այս զրոյցը:

ԹԻԶՈՎ ՉԱՓԵԼԸ

-Մա՛մ, այսօր քննութիւն ունիմ, յաջողութիւն մաղթէ ինծի,- կ՚ըսէ հայրենադարձ պատանուհի մը իր մօր:

-Յաջողութիւն բալէս,- կը պատասխանէ երեւանցի դրացին, որ սուրճ խմելու եկած է հայրենադարձին տունը, ու կը պատմէ՝

... Թէ երբ ինք պատանի էր ու օր մը քննութիւն պիտի յանձնէր, իր մեծ մայրը գուշակած էր քննութեան արդիւնքը: Մեծ մայրը ունէր կանխագուշակութեան շնորհք մը, ըստ որուն ուսէն մինչեւ ափին մէջը կը չափէր. ափը ձեռքին մէջ, բաց վիճակով, կը բռնէր, ու բաներ մը կը շշնջար եւ միւս ձեռքը թիզ առ թիզ ուսէն դէպի վար կ՚իջեցնէր. երբ ափին մօտենար՝ կամ կը գոցուէր եւ զօրութիւն մը թոյլ չէր տար որ ձեռքը բացուի՝ վատ արդիւնքի գուշակութիւնն էր ասիկա. կամ ալ ձեռքը ինքնստինքեան հանգիստ կը բացուէր ափին մէջ, որ բարի արդիւնք կը կանխատեսէր եւ ձեռքին բացուածքին չափ կ՚ըլլար արդիւնքը, այսինքն միջակ, լաւ կամ գերազանց...:

Այդ օրը, սակայն հակառակ անոր որ լաւ պատրաստուած չէր ու վստահ չէր իր գիտելիքներէն, ուստի մեծ մօր գուշակութենէն գերազանց նիշ մը ստանալուն տեղեկութիւնը անհեթեթութիւն համարած էր, ու երբ քննութեան ներկայացած ու դասախօսը գերազանց նշանակած էր իրեն, հոն անդրադարձած էր գուշակութեան զօրութեան մը կողմէն հասած ըլլալը:

-Ի՛նչ լաւ, դուք ալ գուշակել չէ՞ք գիտեր,- խանդավառուած կը հարցնէ պատանուհին:

-Ոչ բալէս, ես չգիտեմ, լաւ կը լինէր որ իմանայի. էնպէս չի՞:

Այ քեզ բա՜ն...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019