ԳՐԵԼԸ ԱՐՈՒԵՍՏ է
Մեր օրերուն իսկական ԳՐՈՂներ գտնելը գրեթէ անկարելի դարձած է, որովհետեւ գրիչ շարժողները շատցած են: Իւրաքանչիւր անձ որ գրիչ կը շարժէ կամ մատները ստեղնաշարին վրայ կը պարեցնէ, ինքզինք գրող կը համարէ…:
Սկիզբէն ըսեմ, թէ այս տողերը արձանագրողը եւս ԳՐՈՂ չէ, այլ՝ գրելու փորձեր կատարող մը սոսկ, երբեք յաւակնութիւնը չէ ունեցած եւ չունի ինքզինք գրող համարելու: Սակայն, ի տես այսօրուան սարսափելի վիճակին, կարելի չէ պահ մը անդրադարձ չկատարել տիրող քաոսային վիճակին՝ գիրի ու գրականութեան անդաստանէն ներս:
Վերը նշեցի, թէ ԳՐՈՂ գտնելը մեր օրերուն գրեթէ անկարելի դարձած է. այստեղ աւելցնեմ նաեւ, որ նոյնքան անկարելի դարձած է իսկական ԳՐԱՔՆՆԱԴԱՏ գնտելը, որ մեծ դեր ունի գրողին ԳՐՈՂ դառնալուն: Հրապարակին վրայ մի քանի գրաքննդատ ու քննադատներ կան, որոնք ո՛չ բարոյականութեան եւ ո՛չ ալ ամօթի սահմաններ ունին ու կը ճանչնան, եւ միայն աջ ու ձախ վիրաւորելով, հայհոյելով է որ կը յառաջանան…, մոռնալով սակայն որ վիրաւորանքն ու հայոհյանքը բնաւ դրական արդիւնք չեն կրնար ունենալ եւ տալ:
Գրութիւնը վերնագրած ենք՝ «Գրելու արուեստը», որովհետեւ իրապէս գրելը արուեստ մըն է, այն ալ ա՛յնքան նուրբ արուեստ մը, որ գործ ունի մարդու հոգիին ու զգացումներուն հետ, որ ի վիճակի է մարդուն ներաշխարհը դրական կերպով փոթորկել: Միւս կողմէ նոյնքան եւս գրաքննադատութիւնն ալ արուեստ մըն է, որով սատար կը հանդիսանայ, կը գօտեպնդէ գրողին ինքնակատարելագործուելու, յառաջանալու, աւելի հմտանալու եւ խորանալու իր արուեստին մէջ:
Այստեղ մէջբերենք մեծանուն Դանիէլ Վարուժանին մէկ նամակը, ուղղուած Երուանդ Քոչեանին, անոր քերթուածներուն կապակցութեամբ:
«Յունիս, 1913, Պոլիս
Ազնիւ պարոն
Երուանդ Քոչեան,
Ստացայ Ձեր նամակը եւ կարդացի Ձեր քերթուածները։ Ձեր բանաստեղծական կարողութիւնները դեռ կազմաւորման մէջ են։ Բայց որովհետեւ ապագային արժէքաւոր ըլլալու խոստումը կու տան, ուստի այժմէն իսկ, այդ տեսակէտով, արժէք մը ունին անոնք՝ խոստումին արժէքը։ Դուք, ինչպէս կ՚երեւայ, ատակ էք յուզման եւ երեւակայութեան։ Կրճատումներէ խոյս տուէք կարելի եղածին չափ ու ջանացէք նոր նիւթեր գտնել գրելու համար։ Անշուշտ բանաստեղծ ըլլալու համար աշխատիլը անօգուտ է, բայց կայ արուեստը, որ ըստ իս, բանաստեղծութեան չափ արժէք ունի, եւ արուեստը ճիգ մըն է…: Եւ աշխատեցէք աւելի նոր եւ աւելի ինքնատիպ ըլլալ. - ամէն ինչ մի՛ կարդաք։ Որոճացէք մեծ տաղանդներու վրայ միայն, որոնց շունչը լոկ կարող է մեզ բարձրացնել։
Ընդունեցէք մաղթանքներս Ձեր յաջողութեան։
Դանիէլ Վարուժան»:
Ընթերցողը վստահ նկատեց, թէ ի՜նչ կերպով Վարուժան կը քաջալերէ Քոչեանին, անոր տալով պարտ ու պատշաճ ուղղումները եւ թելադրութիւնները, ինքզինք ա՛լ աւելի կատարելագործելու:
Գրելը աշխատանք կը պահանջէ, ջանք կը պահանջէ, եռանդ կը պահանջէ, իսկ ամենէն կարեւորը ընթերցանութիւն կը պահանջէ, մնայուն ընթերցանութիւն: Առանց աշխատելու, ճիգ թափելու եւ կարդալու, կարելի չէ լաւ գրող ըլլալ, կարելի չէ ինքնուրոյն գրող ըլլալ: Պէտք է զգոյշ ըլլալ սակայն եւ գրելը ընդօրինակութեան հետ չխառնել: Մեր օրերուն, որովհետեւ, մեծ է թիւը անոնց, որոնք այստեղէն ու այնտեղէն նախադասութիւններ իրարու փակցնելով, յօդուած կամ գրութիւն «կը գրեն» եւ հանրութեան կը ներկայացնեն: Այդ մէկը գրել չէ՛, այլ՝ գրագողութիւն, աւելի պարզ՝ ԳՈՂութիւն…: Իսկ գրողը որպէսզի ԳՐՈՂ ըլլայ եւ ո՛չ թէ ԳՈՂ, պէտք է աշխատի, պէտք է կարդայ, պէտք է ջանք թափէ:
Շաւարշ Միսաքեանը այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Գրական-գեղարուեստական կենդանութեան մը առաջին յուսատու նշանը պիտի ըլլար աշխատանքը, բառին բարձրագոյն առումով։ Եւ սակայն, մենք կը նկատենք չափազանց աւաղելի կացութիւն մը։ - Անոնք որ գրական դաշտը ակօսելու յաւակնութիւն ունին, նոյնիսկ շատերը անոնցմէ, որ հարազատօրէն ընծայուած են այդ կոչումին, իբրեւ կանոն՝ կը նախընտրեն հեշտիւ զբաղումները։ Կը խուսափին տաժանքէ, պատասխանատու աշխատանք եւ կորովի սպառում պահանջող հետապնդութիւններէ։ Եթէ ունին բնածին ընդունակութիւնը գրելու, այլեւս չեն վրդովուիր անդրագոյն մտահոգութիւններով։ Կը գրեն այնպէս եւ այնքան, որ կը թոյլատրէ իրենց ինքնուրոյն ձիրքը, ինչքան որ կարելի է արտադրել վայրկեանի տրամադրութեան տակ, յուլօրէն, երանաւէտ անշարժութեամբ, միշտ զգոյշ՝ գիտակից ու չարքաշ տքնութիւններէ, խորապէս սակաւապետ ու դիւրահաճ։
Թերեւս ա՛յս է մէկ հիմնական պատճառը, որ նորահաս գրողները՝ զարհուրելի մեծամասնութեամբ մը՝ կը հակին բանաստեղծութեան։ Ի հարկէ աւելի հեշտ պիտի ըլլար ոտանաւոր մը յարդարել ու ստորագրել - կ՚ուզեմ ըսել նմոյշ մը սա անանուն միջակութիւններէն, որ մեր ամէն մէկ քայլին լայնասփիւռ ցրուած կը տեսնենք մեր շուրջը, տպուած կամ ձեռագիր - քան լլկուիլ արձակով մը, որ անպայման քրտնալի ճիգեր պիտի պահանջէր, եւ որ կրնար վճռել լինել թէ չլինելու բախտը»։
Գրելը նաեւ պէտք է ոճ ունենայ, այսինքն՝ պէտք է իւրաքանչիւր գրող ունենայ իր արտայայտումի յատուկ ձեւը, եղանակը: Այսօր, դարձեալ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ «գրող»ներու եւ «բանաստեղծ»ներու, որոնց գրութիւնները, արտադրութիւնները երբ կարդանք, այնպիսի տպաւորութիւն կը ստանանք, որ այդ բոլոր գրութիւններն ու բանաստեղծութիւնները նոյն գրիչին կը պատկանին:
Ըսի՛նք գրելը արուեստ է, եւ հետեւաբար գրելը ինքնուրոյնութեան դրսեւորում: Սակայն, որպէսզի գրելը իրական արուեստի գործ դառնայ եւ ինքնուրոյնութեան դրսեւորում՝ կարիք ունի անպայման յատուկ ոճի, ինքնուրոյն ոճի, որ միայն գրողինը պէտք է ըլլայ:
Այս ուղղութեամբ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Ինտրայի (Տիրան Չրաքեանի) «Ոճի աստիճանները» գրութիւնը, որով կ՚աւարտենք մեր այսօրուան յօդուածը.
«1. Ոճը աստիճաններ ունի. - Նիւթերուն եւ գրողներուն համեմատ ոճը կը փոխուի. հետեւաբար բազմապիսի ոճեր կան: Բայց այդ բոլորը կը բաժնուին երեք աստիճաններու. պարզ ոճ (style simple), միջին ոճ (style moyen), բարձր ոճ (style sublime):
2. Պարզ ոճ. - Երբ մեր բուն ըսելիքը կ՚ըսենք եւ զայն չենք բեռնաւորեր երկրորդական կամ երրորդական կարեւորութիւն ունեցող գաղափարներով եւ կը խօսինք այնպէս որ կարելի չէ աւելի համառօտ ըլլալ, գործածած կ՚ըլլանք պարզ ոճ:
Սեղմութիւն (concision) եւ միամտութիւն (naïveté) պարզ ոճին յատկանիշներն են: Երբ էական գաղափարներ քով քովի են ու չեն ընդմիջուած երկրորդականներով, ոճը կ՚ըլլայ սեղմ (concis): Երբ կը խօսինք այնպէս որ կարծես մեր ըսածներուն արժէքին անտեղեակ ենք, ու նպատակ չունինք մեր դիմացինը շլացնելու, մեր ոճը կ՚ըլլայ միամիտ (naïf):
3. Միջին կամ բարեխառն ոճ (Style tempéré). - Երբ էական գաղափարներէ զատ երկրորդական կամ երրորդական գաղափարներ ալ կ՚արտայայտենք, երբ կը ջանանք մեր դիմացինին աչքին առջեւ պատկերացնել ինչ որ կ՚ուզենք անոր պատմել, եւ միեւնոյն ատեն մեր կրած տպաւորութիւններն ալ կ՚աշխատինք հաղորդել անոր, մեր ոճը կը դադրի պարզ ըլլալէ եւ կ՚ըլլայ ինչ որ կը կոչուի ծաղկեալ կամ բարեխառն կամ միջին ոճ: Առ հասարակ գրականութեան մէջ գործածուած ոճն է այս: Իր սեփական յատկութիւններն են.
Ճոխութիւն (Richesse). - Առատութիւն պատկերալի բացատրութիւններու, գաղափարներու, զգայութիւններու, զգացումներու, առանց անշուշտ աւելորդաբանութեան:
Վայելչութիւն (Elégance). - Շնորհ, գեղեցկութիւն, հրապոյր, զգացումներու, գաղափարներու, եւ անոնց բացատրութեանց մէջ:
Փափկութիւն (Délicatesse). - Քօղարկում, որ կը ծառայէ իրականութեան խստութիւնը մեղմելու:
Նրբամտութիւն (Finesse). - Սովորական զգացողութեանց համար անզգալի իրերու եւ վիճակներու թափանցողութիւն եւ արտայայտութիւն:
4. Բարձր ոճ (Style sublime). - Երբ մեր հոգին յուզուած է (վիշտով, ուրախութեամբ, յափշտակութեամբ, կիրքերով), մեր ոճը կը դադրի սովորական ըլլալէ, կ՚ունենայ անսովոր կարողութիւն մը ներգործելու, յուզելու, նուաճելու: Գրականութեան մէջ այդպիսի ոճ մը կը կոչուի բարձր ոճ. իր յատկութիւններն են.
Ոյժ (Force), որ յառաջ կու գայ ամբողջ յուզման մը, ամբողջ զգացումներու միակ կարճ խօսքի մը կամ միակ բառի մը մէջ խտացումէն:
Մեծվայելչութիւն (Magnificence), որ յառաջ կու գայ պատկերներու եւ բացատրութեանց շքեղութենէն:
Վսեմութիւն (Sublimité), որ պատկերներու, զգացումներու կամ գաղափարներու այն բարձրութիւնն է, որ հիացում ու երկիւղ միանգամայն կը ներշնչէ:
Բայց ոճին մէջ կան այսպէս վսեմ պատկերներ, վսեմ զգացումներ, վսեմ գաղափարներ, կամ ուրիշ խօսքով պատկերի վսեմութիւն, գաղափարի վսեմութիւն: Այսպիսի հանգամանքներ կրնան գտնուիլ պարզ ոճի մէջ ալ առանց սակայն անոր յատկանիշ ըլլալու»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
11 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ