Ի՞ՆՉ Կ՚ՈՒԶԷ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները միայն տեղական բնոյթ չունին: Նախապէս ալ գրած ենք այս մասին՝ շեշտելով, որ Պէյրութը միջինարեւելեան մեծ քարտէսին վրայ այն փոքր ու նուրբ կէտն է, որ կը համարուի կարեւոր տարրալուծարան մը, ուր կը մշակուին բախումի սահմանագիծերն ու կանոնները: Բնականաբար, երբ բախման մասին կը խօսինք, կը խօսինք նաեւ Իրան-Սէուտական Արաբիա «հին-նոր» «ճակատում»ի մը մասին, որ կը դրսեւորուի տարբեր ձեւաչափերով ու քայլերով: Այս «բաց» ճակատումին ընթացքին տեղի կ՚ունենան յաճախ անսպասելի, տարօրինակ, անակնկալ ու նոյնիսկ «անհասկնալի» դէպքեր, որոնց վերջինը Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի «անսպասելի» հրաժարականն է, որ ցարդ ալ կը շարունակէ հանդիսանալ գլխաւոր «իրադարձութիւն»:
Լիբանանցի յայտնի լրագրող Նիքոլա Նասիֆ, որ այս նիւթին մասին ուշագրաւ յօդուած մը գրած է՝ կ՚ըսէ, որ այս քայլով, այսինքն՝ Սաատ Հարիրիի հրաժարականով Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կ՚ուզեն ցոյց տալ, թէ Լիբանանի կառավարութեան գլխաւոր «խաղաքարտ»ը կը գտնուի իրենց մօտ: Բացայայտ է նաեւ, որ Սէուտական իշխանութեան եւ յատկապէս գահաժառանգ իշխանին կողմէ կատարուած «կարգադրութիւններ»ը, յատկապէս այս հանգրուանին, սկսած են ժխտական արդիւնքներ տալ:
Անշուշտ այս մօտեցումը ունի բազմապիսի երեսակներ, որոնց ամենաուշագրաւը Լիբանանի սիւննի հատուածին ընդդիմանալն է տեղի ունեցող դէպքերուն: Պէյրութցիք կը մերժեն Սէուտական մարմիններուն իրենց հետ խօսելու այս ոճը ու անկէ անդին երթալով տարբեր մակարդակներու վրայ ալ «անհաւարատմութիւն» կը յայտնեն իրենց հովանաւորներուն:
Այս առումով ալ երբեք գաղտնիք չէ, որ Լիբանանը բաժնուած է երկու հաւասարազօր ուժերու միջեւ: Մինչ երկրի սիւննիներուն համար հիմնական հովանաւորը կը հանդիսանայ թագաւորական Ռիատը, անդին շիիները, որոնք կը համարուին երկրորդ հիմնական խաղացողներ, իրենց «քաղաքական ուղղութիւն»ը կը ստանան Թեհրանէն: Անշուշտ երկրին մէջ կան այլ ազդեցիկ ուժեր եւս, սակայն քաղաքական օրակարգը ձեւաւորող երկու հիմնական ուժերը կը մնան երկու իսլամական համայնքները, որոնց գլխաւոր դէմքերն ալ ստանձնած են երկրի վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի կեդրոնական դիրքերը:
Վերադառնալով Ռիատ-Թեհրան լար-ւածութեան՝ ապա յստակ է, որ այդ լար-ւածութիւնը, որն ունի «պատմական հիմքեր», տարբեր տուեալներու եւ պայմաններու բերումով է, որ վերջին շրջանին կ՚ապրի սաստկացում մը:
Այս բոլոր իրադարձութիւնները լաւապէս «մարսելու» ու ապագայի կանխատեսումներ կատարելու համար անպայման պէտք է հաշուի առնել Սուրիոյ տագնապը, Իրաքի ընդհանուր վիճակը ու յատկապէս Եմէնի պատերազմը:
Ու այն ինչ, որ կը կատարուի այս երեք ճակատներուն վրայ՝ կը բանայ, կը ստեղծէ, կը շեշտադրէ բախման նոր կանոններ, որոնցմէ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ դուրս գալ եւ ներկայանալ յաղթական դէմքով մը:
Ուրեմն, այն ինչ որ կը կատարուի Ռիատի մէջ, պատահական չէ: Ու հոն է, որ թագաւորութեան ներքին խոհանոցներուն մէջ «եփուած ապուր»ը հրապարակ կը հանուի ու կը հրամցուի բոլոր խաղացողներուն:
Ըսել, որ այս վիճակները կրնան նոր պատերազմներու յանգեցնել՝ առնը-ւազն միամտութիւն է, որովհետեւ շրջանին մէջ շուրջ վեց տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմները տակաւին չեն աւարտած: Չէ բացառուած նաեւ, որ առկայ «հին լարուածութեան» դէպի նոր ուղղութիւն մը տանիլը նպատակ ունի հաւասարակշռութիւններու նոր ընթացակարգ մը յառաջ բերել: Սուրիոյ մէջ իրենց կրած մասնակի «պարտութենէն», բայց մանաւանդ Եմէնի մէջ երեւելի դարձած խայտառակ իրավիճակէն ետք է, որ սէուտցիք կը փորձեն «նոր խաղ» մը խաղալ: Իբր այդ ալ, անոնց ձեռնարկած քայլերը, արագ որոշումները ու յատկապէս թագաւորութեան մէջ կատարած ձերբակալութիւնները երբեք պատահական չէին:
ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԻՆ «ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ»Ը
Լիբանանի մէջ պատահած զարգացումները աւելի քան զարմանալի էին: Զարմանալի այն առումով, որ մինչեւ Ռիատ մեկնիլը ու ապա «անսպասելի» հրաժարական տալը՝ Լիբանանի վարչապետը չէր խօսած «լուրջ դժգոհութիւններ»ու մասին: Ընդհակառակն, ան շատ հանգիստ, շատ խաղաղ եւ բնականոն հունով մը կը շարունակէր իր աշխատանքը: Լիբանանեան լրատուական գործակալութիւններ ալ վարչապետին ճամբորդութենէն անմիջապէս ետք կը ցուցադրէին կարճ տեսանիւթ մը, ուր Հարիրի շրջապատուած էր երկրի երիտասարդներով եւ կատակներ կ՚ընէր անոնց հետ:
Հետաքրքրականը այն է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ իրականացուած համաձայնութիւնը, որուն հիմքով զօրավար Աուն Պաապտայի նախագահական պալատ կը հասնէր, իրականութիւն կը դառնար մասնաւորապէս Ռիատի «կանաչ լոյս»ով: Թագաւորութիւնը Լիբանանը իր քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելով կը հաւատար, որ այդ կերպ պիտի կարողանայ նոր իրավիճակ ստեղծել եւ միաւորներ վաստակիլ:
Ցարդ յստակ չէ, որ Լիբանանի վարչապետը իրօք ինչքանով կը փորձէր ճնշել իր քաղաքական «հակառակորդներ»ուն վրայ, անոնցմէ պահանջելով դարձեալ սեղան բերել մեծ թիւով լիբանանցիներու համար ապօրինի համար-ւող «Հիզպուլլահ»ի զէնքի խնդիրը։ Սակայն կրնանք ենթադրել, որ Հարիրի հակառակ այդ հարցին շուրջ իր ունեցած եւ կտրական կեցուածքներէն հասկցած էր, որ ներկայ փուլին ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ այդ կողմին ու հետեւաբար Իրանին ունեցած կարեւոր ձեռքբերումներուն՝ երկրի վիճակին մէջ մեծ փոփոխութիւններու մասին խօսիլը կամ պահանջելը առնուազն անիմաստ է: Այս բարդ եւ բաւական նուրբ թելերուն կամ կեց-ւածքներուն վերաբերեալ կանխորոշումները տեղին չեն, ու առնուազն դուրսի օղակներուն վրայ եղող վերլուծաբաններուն ու լրագրողներուն համար ալ բաւական դժուար է կանխատեսել կամ իմանալ, թէ Հարիրի մինչեւ ո՛ր կարմիր գիծը կրնար հասցնել իր պահանջները:
Սակայն յստակ է, որ Պէյրութի մէջ ապրող քաղաքական ոեւէ գործիչի համար ալ շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլար հասկնալ ընդհանուր գետինը ու շարժիլ այդ գետինին կանոններով:
Այստեղ նաեւ պարզ կը դառնար, որ Ռիատի մէջ ապրող ղեկավարներէն շատ-շատերը կա՛մ ընդհանրապէս խըզ-ւած էին գետինէն կամ ալ իրենց պահանջները կը ձեւակերպէին նոր հաւանական տագնապի մը աղիւսները պատրաստելու համար: Ամէն պարագայի շատ յստակ է, որ գահաժառանգ Մուհամմէտին համար այսօր ամենէն առաջնայինը «Հիզպուլլահ»ի զէնքի հարցն է ու անոր սուրիական տարածքներէն հեռանալու պահանջը:
Թէկուզ թագաւորութիւնը նոր չէ, որ «Հիզպուլլահ»ին մօտ վտանգաւոր ուժ մը կը տեսնէ, սակայն անոր այս կեց-ւածքին թանձրացումը կապ ունի Եմէնի մէջ կատարուած դէպքերուն եւ հոն նոր «Հիզպուլլահ»ը ստեղծելու լռելեայն ճիգերուն հետ: Ու այս բոլորէն անդին Ռիատ կը փորձէ ամէն գնով նոր «պատգամ» մը տալ Պէյրութի սիւննիներուն՝ քիչ մը հեռու երթալով ու նախապատրաստելով, որ անոնք որեւէ պահու պատրաստ պէտք է ըլլան «Հիզպուլլահ»ի հետ ճակատումի մը երթալու: Ճիշդ այս բանաձեւումին համար էր նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ծայր առած տագնապին առաջին օրերուն միջազգային մէկէ աւելի առաջատար կայաններ պատերազմի մը վտանգին մասին սկսան բարձրաձայնել: Այդ վտանգը ցայսօր ալ առկայ է, սակայն լիբանանցի գործիչներու աչալրջութեան շնորհիւ էր նաեւ, որ տագնապը տարողութիւն կը ստանար ու կ՚աճէր քաղաքական տեսադաշտի մը մէջ, ուր եղած ու տակաւին ալ եղող ենթադրութիւններէն շատ շատերը չափազանցուած են:
ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ «ՆՈՐ» ՀԱՐԻՐԻ ՄԸ
Երբ այս յօդուածը կը հասցնենք իր աւարտին, տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ վարչապետ Սաատ Հարիրին: Այսինքն՝ ան պիտի յաջողի՞ իր տուած խոստումները կատարել եւ Պէյրութ վերադառնալ, այդպիսով առիթ տալով նոր քննարկումներու, թէ՞ պիտի շարունակէ մնալ իր ռիատեան «աքսորավայր»ին մէջ:
Սակայն այս մօտեցումներէն ու քայլերէն անդին յստակ է, որ այս տագնապի աւարտին կամ նոր փուլի մը անցնելու ժամանակ՝ Լիբանանն ու լիբանանցիք պիտի ունենան բոլորովին «նոր» Հարիրի մը։ Ան միայն լիբանանեան մակարդակով քաղաքական գործիչ մը չէ, այլ դարձած է միջազգային դէմք մը, որուն իրավիճակով մտահոգ են արեւմտեան գլխաւոր ղեկավարներ: Նոյնը կարելի է ըսել Լիբանանի համար, ուր Հարիրիի ընդդիմադիրներուն մօտ ներկայիս սկսած է երեւելի անոր հանդէպ դրական նոր «ուժականութիւն» մը:
Աւարտին անպայման պէտք է շեշտադրել, որ մինչ Ռիատ հասնիլը Հարիրի այլ գործիչ մըն էր, սակայն այսօր յետ իր հրաժարականին՝ բոլորովին այլ կերպար մըն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան