«ՄԱՐԴ ԻՐ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻ»

«Մեծ եղեռնի մասին գրեթէ բան չենք գիտեր»:

Գործակիցս՝ Պերնթ Օլսընն է, Նորվեկիոյ մեր գրասենեակի աշխատակազմէն մին: Օսլօ՝ Նորվեկիա իմ վերջին աշխատանքային այցելութեան ընթացքին առիթ եղաւ անդրադառնալու հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան:

Նորվեկիացիք գիտեն իրենց ազգակից մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի մասին: Գիտեն, որ ան մարդկային հաւաքական կեանքերու համար բարեսիրական շատ գործեր կատարած է, յատկապէս՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղահանուած ժողովուրդներու ինքնութեան եւ անձնագրի ապահովութեան հայթայթման գործին մէջ: Ան նաեւ առընչուած է հայ ժողովուրդին հետ: Բայց, թէ ի՛նչ էր ճիշդ այդ առընչուածութիւնը եւ անոր պատմութեան հետեւանքները, այդ բոլորին շատ ծանօթ չէին:

«Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Նանսենի եւ անոր տածած հոգածութեան եւ նեցուկին՝ Մեծ եղեռնի ընթացքին հայ գաղթականներուն իրաւական հիմք տալու իր նախաձեռնութիւններուն համար»: Այս եղաւ լաւ սկիզբ մը, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնեմ Նորվեկիոյ մէջ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին: Հոսկէ կարելի էր տեսնել, թէ ամէն մարդ չէ, որ գիտէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը: Տակաւին բաւական աշխատանք ունինք կատարելու՝ մեր պատմութիւնը ծանօթացնելու աշխարհին: Նորվեկիան այն երկիրներէն է, որ հայու պատմութեան այդքան ալ ծանօթ չէ: Երեւի անոր աշխարհագրական հեռաւորութիւնն ալ չէ նպաստած առընչուելու հայոց պատմութեան տուեալներուն հետ:

Բայց հետաքրքրականը այն էր, որ հայկական իրականութեան հանդիպելէ առաջ հանդիպեցայ ոչ հայկականին: Պատահականութիւն թէ ոչ, բայց կ՚արժէ նաեւ տեսնել ուրիշը իր կեանքի մաքառումներուն մէջ:

Պերնթի հետ տեղական ճաշարանի մը մէջ ենք: Միջին տարիքի մարդ մըն էր, որ կը փորձէր մեր ապսպրանքները ապահովել: Պերնթ ոչ մէկ տեսակ դժուարութիւն ունէր հաղորդակցելու հետը: Կը խօսէին տեղական լեզուն եւ այդ ալ՝ սահուն: Բայց կրնայի տեսնել, որ անոր դէմքի գիծերն ու, տակաւին, խօսակցական ոճը եւրոպական չէր: Բայց այս օրերուն, երբ աշխարհի բնակչութիւնը տեւապէս տեղաշարժի մէջ է, ուր միջին հաշուով եւ տարեկան համեմատութեամբ աւելի քան 240 միլիոն մարդ կը լքէ իր «տունը» եւ կը մեկնի այլ տեղ՝ տարբեր պատճառներով, դժուար է ըսել ու նկարագրել, թէ ինչպէ՞ս է համադրումը ընկերային հաւաքականութիւններու ու անոնց համակարգերու ինքնութեան բնորոշումը: Բայց այս մարդուն մէջ կար քիչ մը ինծի նմանող հարազատ մշակութային կենցաղի երեւոյթներ: Շատ արագ սկսայ մտածել, որ «այս մարդը կրնայ մեր կողմերէն ըլլալ…»:

Իսկ «մե՞րը»…

Կրցայ կարդալ իր անունը իր բաճկոնին վրայէն՝ Սեմ Ռամատան: Ռամատան անունը լիբանանեան ընտանիք է. համալսարանական տարիներուս ունէի այդ ընտանիքէն դասընկեր մը, հետեւաբար շատ արագ կերպով սկսայ հետը խօսիլ արաբերէն:

Սեմին դէմքի արտայայտութիւնը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ: Ուրախ էր, որ կը տեսնէր իր «երկրէն» մարդ մը, որ կը խօսէր նաեւ իր լեզուն:

«Ռաս նապաաէն եմ,- ըսաւ Սեմ: - Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մեր շրջանը շատ վտանգաւոր էր, չկրցանք դիմանալ եւ գաղթեցինք այս երկիրը»:

Սեմը Պէյրութը ձգած էր, երբ հազիւ 19 տարեկան էր: Ան արդէն այսօր չափահաս է: Անկախ այն երեւոյթէն, որ տիրապետած է տեղական լեզուին, բայց արաբերէնը տակաւին տոկուն է: «Պէյրութի օրերով կ՚ապրիմ», ըսաւ ան: Ան ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի լաւ զգանք: Տան ու հողին կարօ՞տն էր…

Էվան Խրուաթիայէն է: Երիտասարդ օրիորդ մը, որ իր երկիրը ձգած եւ եկած է Նորվեկիա: Ան կ՚աշխատի՝ որպէս սպասեակ այլ ճաշարանի մը մէջ: Տեղական լեզուին շատ չէ տիրապետած: Գործակիցիս՝ Պերնթին հետ բաւական «չարչարուեցաւ», մինչեւ որ հասկցաւ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէինք ճաշել այդ օր: Այդ չարչարանքին հետ կար նաեւ խպնիլը: Վերջապէս, օտար երկրի մէջ էր…

Տեսնելով, որ երիտասարդ Էվան կը տքնի, փորձեցի անգլերէն խօսիլ, որպէսզի քիչ մը աւելի լաւ զգայ: Ճաշի ապսպրանքէն անդին՝ իրեն ըսի. «Բայց շատ գեղեցիկ երկիր մը ունիք: Եղած եմ Խրուաթիա»:

«Այո՛, գիտեմ,- ըսաւ Էվա,- բայց տնտեսական տագնապը մեզ կը ճնշէ: Ստիպուած էի ձգել տունս եւ երկիրս ու հոս գալ, որպէսզի ապրուստ ապահովեմ»:

Եւ կը սկսիս մտածել: Այս օրերու աշխարհը ո՞ւր հասած է, որ մարդ ստիպուած պիտի ըլլայ ձգել իր հարազատ ու գեղեցիկ տունը, հողը եւ երթայ ուրիշ տեղ… Ապրելո՞ւ…

Ալեքսին դէմքին վրայ տարբեր ուրախութիւն եւ քաջալերանք մը եկաւ, երբ իմացաւ, որ Կիպրոսէն եմ: Ալեքսը երիտասարդ տղայ մըն է, որ կու գայ Յունաստանի Ռոտոս կղզիէն: Յունական գործօնը նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, որ մեր հաղորդակցութիւնը աւելի ջերմանայ: Եղած է աւելի քան մէկ տա

ընըրի, որ Ալեքս եկած է Օսլօ: «Տնտեսական տագնապը Յունաստանի մէջ պատճառ եղաւ, որ այս կողմերը գամ, որպէսզի աւելի լաւ աշխատանք եւ եկամուտ ճարեմ», ըսաւ ան:

Պատերազմ ու տակաւին՝ տնտեսական ու ընկերային բարդ իրավիճակներ: Բանաստեղծին հետ դուն ալ կը մտաբերես. «Աշխարհն, այո՛, շուռ է եկել»: Երեւի ներկայ օրերու աշխարհը եղած է այնքան աննպաստ, որ մարդ չի կրնար այլեւս ապրիլ գէթ իր հողին վրայ:

Սաթօ Մովսիսեանը ծնած է Նախիջեւան: 1988 թուականներու պատերազմին ու ողբերգութիւններուն ան դուրս եկած է տարածքաշրջանէն: Ան նախ հաստատուած է Հայաստան, որմէ ետք՝տայայտութեան մէջ կրցայ տեսնել, թէ որքա՜ն կեանքի փորձ կուտակած է ան:

Սաթոն կ՚աշխատի տեղական մեծ գործարանի մը մէջ, բայց ապրելով ղարաբաղեան պատերազմի ու անոր տեղահանութեան արհաւիրքը՝ կրցած է իր մէջ ամրապնդել ոչ միայն ապրուստ ճարելու հեւքը, բայց նաեւ՝ ազգային կեանքի ու արժէքներու գիտակցութիւնը եւ անոնց սատարումը:

«Մօտաւորապէս երկու հազար հայ կ՚ապրի հոս,- ըսաւ Սաթոն: - Անոնք տարածուած են երկրի ամբողջ տարածքին: Այս իմաստով, բոլորը համախմբել շատ դժուար բան մըն է: Հայերու կարեւոր մասը եկած են Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն, փոքր թիւ մըն ալ՝ Պարսկաստանէն եւ Սուրիայէն: Ունինք հինգ անդամներէ բաղկացած ազգային խորհուրդ մը։ Կը փորձենք որոշ գործունէութիւն կազմակերպելով՝ հայերը քով-քովի բերել», եղաւ Սաթոյին ոչ այնքան յուսադրող ներդրումները:

Սաթոն կը գիտակցի, որ սեփական եկեղեցաշէնք չունենալը չի նպաստեր գաղութին կազմաւորման: «Մեր գլխաւոր նպատակը մեր սեփական եկեղեցին ունենալն է», ըսաւ ան: Գաղութի խորհուրդը կ՚աշխատի, որպէսզի իրականացնէ այս ծրագիրը:

Գաղութը չունի մնայուն եկեղեցական հովիւ: Դանիայէն հոգեւոր հովիւը տարին երկու անգամ կու գայ, որպէսզի եկեղեցական արարողութիւն կատարէ:

Սաթոն լաւ կը գիտակցի, որ հայապահպանումը դժուար առաքելութիւն է ներկայ ժամանակներուն: Չունին նոյնիսկ շաբաթօրեայ վարժարան, ուր հայերէն կրնան սորվեցնել նոր սերունդին: Կը մնայ հայրենիքի գործօնը: «Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ լաւ կը պահենք, քանի այդ մէկը կարեւոր է հայապահպանումի գործօնին համար», ըսաւ ան:

Կրցայ տեսնել, որ Սաթոն մէկ-մէկ սկսաւ դուրս բերել իր ապրած տարբեր տրամադրութիւնները: Ան շատ լաւ կրցած էր տեսնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սփիւռք եւ անոր մէջ ապրելու իրավիճակ: Կրցած էր նաեւ տեսնել, որ իր ապրած կեանքը այս ներկայ հողին վրայ «օտար» է, երեւի «ամայի՞», որ չի լեցներ իր հայու հոգին…

«Եկած ենք՝ ուրիշին երկիրը կը շէնցնենք», ըսաւ Սաթոն:

Սաթոյին հետ մեր խօսակցութիւնը պէտք էր ամփոփէինք՝ անկախ այն երեւոյթէն, որ երկու հայերու հանդիպումը եւ խօսակցութիւնը հաճելի է եւ կրնայ երկարաշունչ ալ ըլլալ: Բաժնուելէ առաջ ան ըրաւ իր հաստատումը. «Մտադրութիւն ունիմ Հայաստան վերադառնալ: Ամէն մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»:

Հողը եւ անոր վրայ ապրելու գրաւականը: Հողը, որ հարազատ է, օտար չէ, ոչ ալ՝ ամայի…

Սեմը, Էվան, Ալեքսը ու տակաւին… Բոլորն ալ կ՚ապրին իրենց հողին ջերմութիւնը, նոյնիսկ երբ անոնք կ՚ապրին անկէ հեռու՝ տարբեր պատճառներով եւ պարտադրանքներով:

Սաթոյի կեանքի փորձն ալ այդ է: Սաթոն ալ կ՚ապրի հողին հարազատութիւնը, քանի կ՚ապրի անկէ հեռու:

Բայց Սաթոյին համար կայ գիտակցութիւնը եւ զգաստութիւնը, թէ՝ «մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»: Հոն, ուր մարդը կ՚ապրի իր ինքնութեան, հարազատութեան եւ ջերմութեան մէջ:

Բայց հողին վրայ ապրելու համար անհրաժեշտ է նոյն հողին «ապահովութիւնը»՝ իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջ: Եթէ քաղաքական, բայց նաեւ՝ ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու, տակաւին, կրօնական ու մարդկային ապահովութիւն: Այս ալ ներկայ աշխարհին մէկ մեծ մտահոգութիւնը եւ իրագործելի մարտահրաւէրն է: Հողին ապահովութիւնը: Հոն, ուր մարդը պիտի ապրի իր կեանքը՝ իր հարազատութեան մէջէն: Ապահովութիւնը խարիսխն է կեանքեր կերտելու:

Բայց մինչեւ այդ կայ ու կը մնայ Սաթոյին գիտակցութիւնը, որ՝ «մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»:

Այս ալ հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու գրաւականն է: Հողին, երկրին՝ Հայաստանի մէջ ու անոր համար ապրելու իրականութիւնը: Հոն, ուր հայը պարտի կերտել «ապահով» հող, որպէսզի կեանքեր շին-ւին: Հայկական կեանքեր:

«Մարդ իր հողին վրայ պէտք է ապրի»:

Սաթոյին զգաստութիւնը, եւ՝ իւրաքանչիւր հայու…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019