ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՀԱԼԷՊԻ ԼՈՅՍԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԲՈՑԱՎԱՌԻԼ…

Զանազան լուրեր, զանազան տեսակի տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն Հալէպի մասին։ Հայկական գործօնի նօսրացում, մեծ թիւով արտագաղթ, մարդուժի հարցով որոշ մտավախութիւններ եւ առհասարակ պատերազմի բովէն ելած վիրաւոր համայնքի մը մտավախութիւնները, որոնք ամէն օր կը ձեւափոխուին, կը ստանան նոր երանգներ, կը մեծնան, կը փոքրանան ու այսպէս կը դառնան հանրութիւնը յուզող մեծ ու փոքր խնդիրներ։

Սպասումներ ունի հալէպահայութիւնը… Սպասումներ ոչ միայն տեղական մարմիններէն, կառավարութենէն, նահանգապետութենէն, այլեւ սպասումներ Սուրիոյ մէջ խմորուող վիճակներէն։

Մեր ընթերցողները շատ լաւ կը յիշեն, որ Հալէպը երկար ժամանակէ ի վեր, առնուզան Հալէպի կեդրոնական շրջանները ազատագրուած են ահաբեկիչներու լուծէն, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն։ Բաւարար չեն, որովհետեւ քաղաքը, որ մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը կը հանդիսանար այդ երկրի ճարտարարուեստի ամենագլխաւոր կէտը, կը շարունակէ կտրուած մնալ աշխարհէն եւ Հալէպ հասնելու միակ ճանապարհը Դամասկոս-Հալէպ, ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններ ունեցող ցամաքային ճանապարհն է, որ բաւարար ներուժը չունի ստեղծելու համար Հալէպի կապը աշխարհին հետ։

Այս բոլորով հանդերձ սակայն, Հալէպի եւ հալէպցիներու յոյսը չէ մարած։ Չէ մարած, որովհետեւ անոնք՝ հալէպցիները ապրելէ ետք պատերազմի ամենէն դժուար եւ նոյնիսկ արիւնալի փուլերը, այսօր արդէն հասած են այն եզրակացութեան, թէ ետեւ նայելու իրաւունք չունին։

Ի դէպ, Հալէպի մէջ առկայ լաւատեսական շունչը պայմանաւորուած է նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր դրական մթնոլորտով, որ նաեւ կը պայմանաւորուի ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) թուլացումով եւ անկէ ետք ալ շրջանային երկիրներու կողմէ Սուրիոյ հարցը քաղաքական թատերաբեմ տանելու միտումներով։

Մինչ մօտիկ անցեալին Սուրիան յայտնուած է մասնատման բաւականին մտահոգիչ սպառնալիքներուն դիմաց, այսօր արդէն եւ նոյնիսկ Սուրիոյ տագնապին հետ հեռու կամ մօտիկ առընչութիւն ունեցող տէրութիւններ եկած են այն եզրակացութեան, թէ բոլորը պարտաւոր են յարգել Սուրիոյ հողային ամբողջութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Այս բոլորէն անդին, եթէ մէկդի դնենք այսօր Հալէպի մէջ առկայ դժուարութիւնները, պէտք է նաեւ վկայենք, որ հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, Հալէպի հայկական գաղութը կը շարունակէ իր կեանքով ապրիլ։ Մէկդի դնել բոլոր մակարդակի դժուարութիւններն ու վէրքերը ու նայիլ առաջ. դպրոց պահել, եկեղեցի վերանորոգել, մշակութային մթնոլորտ ձեւաւորել, թերթ հրապարակել եւ կարեւոր ու համոզիչ ճիգեր գործադրել նոր սերունդ հասցնելու համար։ Այս առումով ալ աւելի քան հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել Հալէպի ձայնը, որ այս անգամ ընթերցողներուս պիտի ներկայացնէ Հալէպի կրթական համակարգի խնդիրները, վիճակը, դժուարութիւններն ու ապագայի վառ յոյսերը։ Խօսքը հալէպահայ կըր-թական գործիչ՝ Զեփիւռ Սեմերճեանի մասին է, որ անցնող աւելի քան քսան տարիներուն անձնուիրաբար ծառայած է Հալէպին ու հալէպահայութեան։

ՏԵՍԱԿԷՏ ՀԱԼԷՊԷՆ

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ տիկին Զեփիւռ Սեմերճեան:

-Մինչեւ վերջերս մաս կը կազմէիք Հալէպի կրթական համակարգին, որպէս ուսուցիչ, ի՞նչ պատճառներով հեռացաք ձեր պաշտօնէն: Ի՞նչն էր ամենէն յատկանշականը ձեր երկար տարիներու փորձառութեան ընթացքին:

-Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, որ առիթը տուած է ինծի վարելու տարբեր սերունդներ դաստիարակելու գործը: Կը կարծեմ, որ իմ կարողութեան սահմաններուն մէջ լաւագոյնը ըրած եմ, գործս շատ սիրած եմ, եւ տակաւին կը սիրեմ: Դադրիլս ունէր հիմնական պատճառներ. առաջինը՝ որ պատերազմի բերումով սկսած էի ճնշուած զգալ եւ վախցայ, որ առողջապահական վիճակս վատ անդրադառնայ աշակերտներուն վրայ: Նաեւ ուզեցի առիթ տալ նոր ու երիտասարդ ուժերուն: Սակայն գլխաւոր պատճառը այն էր, որ կը ծառայեմ Հալէպի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրակցութեան մէջ, եւ ուզեցի կեանքս շարունակել Աստուծոյ ծառայելով եւ իրեն համար գործելով:

-Պատերազմի հետեւանքով, ինչպէս բոլոր Հալէպի բնակիչները, հայութիւնը եւս, դիմագրաւեց բարդ ժամանակներ։ Այսօր, երբ Հալէպը վերագտաւ իր անցեալի խաղաղ վիճակը, ի՞նչ են այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ պէտք է պայքարի հալէպահայութիւնը:

-Պատերազմի օրերուն բոլոր համայնքներն ալ իրարու օգնեցին ու օժանդակեցին առանց խտրութեան եւ վստահ եմ, որ այդպէս ալ պիտի շարունակեն ընել:

Ես գիտեմ, որ մեր ազգը միշտ ալ շինիչ ու դրական եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ. զիրար սիրելով, իրարու օգնելով, պիտի յաղթահարենք բոլոր գալիք օրերու դժուարութիւնները: Ճիշդ է, թէ չենք գիտեր ինչպիսի օրեր վերապահուած են մեզի համար, բայց իմ կարծիքով, երբ մենք բոլորս իրարու նեցուկ կանգնինք, կրնանք յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։

-Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմը ծանր վնասներու ենթարկեց հալէպահայ գաղութը. ձեր տուեալներով՝ յատկապէս կրթական համակարգէն ներս, ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ի՞նչ էին հալէպի դպրոցական կրթական համակարգի դժուարութիւնները:

-Յուրախութիւն մեզի եւ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ութ տարի անց մեր կրթական համակարգը կը շարունակէ մնալ կանգուն։ Ամէն բան սովորական ու շատ հանգիստ կ՚ընթանայ, ինչպէս էր նախքան պատերազմը: Հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը գաղթեց, հետեւաբար աշակերտներու թիւը նօսրացաւ, ինչ որ պատճառ եղաւ չորս ազգային վարժարաններու միացման, Ազգային Միացեալ վարժարան անուան տակ: Ես կը հաւատամ, որ եթէ բոլորս կրթական մշակին հետ միասին աշխատինք, կը կարողանանք մեր սերունդները բարձր ու լաւագոյն դիրքերու հասցնել:

Անշուշտ պատերազմի ընթացքին հայ դպրոցը կը տառապէր նիւթական դժուարութիւններէ, բայց շատ շնորհակալ ենք, որ օտար երկիրներէ բազմաթիւ հայ բարերարներ, սիրայօժար կերպով օժանդակութիւններ ուղարկեցին, նաեւ հոգացին զանազան տեսակի ծախսեր: Մեր մանուկները պատերազմէն առաջ այսպիսի ճոխութիւն թերեւս չէին վայելած, հագուստի կամ ուտելիքի առումով: Կը հաւատամ, որ դուրսի օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին: Աստուած օրհնէ բարերարները եւ կըրկ-նապատիկը տայ իրենց:

-Տիկին Զեփիւռ, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ այն ծնողներու մասին, որոնք դիմագրաւելով նիւթական դժուար պայմաններ, իրենց զաւակները վարժարան ղրկելու նիւ-թական լուրջ խնդիրներ ունին: Ինչպէ՞ս է այդ ընտանիքներու վիճակը:

-Պատերազմը թէեւ ընդհանուր առմամբ դադրեցաւ, բայց նիւթական տագնապի նոր պատերազմ մը սկսաւ:

Պատերազմի բերումով բազմաթիւ ընտանիքներու հայրեր կամ անոնք, որոնք տան հոգատարներն են, անգործ են ներկայիս, որովհետեւ իրենց խանութները կը գտնուին ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ եղող շրջաններու մէջ: Այս առումով ալ ես լիովին վստահ եմ, որ հայ բարերաները պիտի շարունակեն օժանդակել մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

-Ձեր կարծիքով՝ Հալէպը վերականգնուելու յոյսեր ունի՞, զանազան մեկնաբանութիւններ կան այսօրուայ Հալէպի դրութեան մասին. գիտենք որ պատերազմը ամբողջութեամբ չէ հասած իր աւարտին: Կայ նաեւ գաղութը ոտքի պահելու հրամայականը, արդեօք այսօրուայ Հալէպի ղեկավարութիւնը, պատասխանատուները, համայնքապետերը, կրթական համակարգը, բոլորը միասին կարո՞ղ են վաղուայ դժուարութիւնները դիմագրաւել:

-Մենք ազգովին, միշտ հաստատուն եղած ենք մեր հաւատքին մէջ: Ես յոյսով եմ, որ Հալէպը պիտի վերականգնուի: Այնքան ատեն՝ երբ երեք պարգեւները՝ հաւատք, յոյս եւ սէրը, մեր սրտերուն մէջ կը դրոշմենք, այսինքն կը հաւատանք եւ դրական յոյս կ՚ունենանք, նաեւ իրարու հանդէպ՝ սէր, կրնանք յաղթահարել որեւէ դժուարութիւն: Կը հաւատամ, որ մեր Աստուածը կենդանի է, չորցած ոսկորներուն կեանք եւ շունչ եւ կենդանութիւն տուող Աստուածը, կարող է այս փլած ու քանդուած Հալէպն ալ վերականգնել, այդ որքան կը տեւէ, չեմ գիտեր, բայց յոյսով եմ, որ աւելի գեղեցիկ ու բարօր կեանք կը սպասուի Հալէպին եւ հալէպահայութեան:

-Կ՚ըսուի, թէ Հալէպը սփիւռքի մայր գաղութն է. արդեօք ձեզի համար ալ այդպէ՞ս է: Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ են գլխաւոր պատճառները, որոնց շնորհիւ Հալէպը կը համարուի մայր գաղութ:

-Հալէպը ինծի համար մայր գաղութ է, ան ծննդավայրս է, սկզբունքներս հոս սորված եմ, միտքս հոս լուսաւորուած է: Հալէպը զեղուն է կեանքով, հոս մեծ թիւով հայութիւն կար (նկատի ունիմ նախքան պատերազմը), կար նաեւ ընկերային, հոգեւոր, մշակութային, դպրոցական եւ միութենական կեանք, ամէն տեսակի գործունէութիւն: Այո՛, Հալէպը մայր գաղութ է:

ԶԵՓԻՒՌ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ. «ՀԱԿԱՌԱԿ ԲՈԼՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆՑ, ՀԱԼԷՊԻ ՄԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՆԳՈՒՆ Է»

Անգլերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչ տիկին Զեփիւռ Սեմերճեան աւարտած է Հալէպի Անգլերէն գրականութեան պետական համալսարանը: Քսանհինգ տարիներու ընթացքին ան դասաւանդած է Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի երդիքին տակ, ապա պատերազմի բերումով հերթաբար պաշտօնավարած է Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանէն ներս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019