ԳԱՐՈԼ ՀԱՃԵԱՆ. «ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄՍ՝ ՄԱՅՐՍ Է»

Լիբանանահայ երիտասարդ բեմադրիչ Գարոլ Հաճեանի պատրաստած տեսաժապաւէնը արժանացաւ մեծ ուշադրութեան եւ ներկայացուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ «Լիբանանեան ֆիլմերու փառատօն»ին։ Այս առիթով Գարոլ Հաճեանին հետ ունեցանք հեռավար դրութեամբ հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։ 

*

-Ի՞նչ առիթով ձեր շարժանկարը ընտրուեցաւ Աւստրալիոյ լիբանանեան ֆիլմերու փառատօնին մասնակցելու: Ի՞նչի մասին է ժապաւէնը:

-Ընդհանրապէս սկսնակ բեմադրիչներ կը փափաքին առիթներ ունենալ իրենց շարժանկարները ցուցադրելու եւ փառատօները այդ առիթը ընձեռող յարմարագոյն միջոցներն են: Կան հարթակներ, ուրկէ կրնայ որեւէ սկսնակ բեմադրիչ ներկայացնել իր ֆիլմը, անշուշտ համապատասխանելով փառատօնի նիւթին ու նպատակին։ Եւ քանի որ այս փառատօնին նպատակն էր Աւստրալիոյ ժողովուրդին ծանօթացնել Լիբանանի մշակոյթն ու շարժանկարը, իմ ստեղծագործութիւնը ընտրուեցաւ՝ ներկայացուելու: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին տեղեակ չպահեցին, կրնայ ըլլալ նիւթն է, որ զիրենք գրաւեց, կամ՝ բեմադրութիւնը, կամ՝ արուեստի ուղղութիւնը, կամ ալ բեմագրութիւնը. այդ մէկը կրնանք գիտնալ երբ ժապաւէնս արժանանայ մրցանակի։ Կ՚ուզեմ նշել, որ ես «Notre Dame» համալսարանի այս տարուան «Audio-visual and film» բաժնի շրջանաւարտներէն եմ. այս կարճ ֆիլմը, 5 վայրկեան տեւողութեամբ, ներկայացուցի իբրեւ աւարտական աշխատանք՝ ստանալու պաքալորէայի վկայականս: Ֆիլմս կը խօսի լիբանանահայ ծերունի գրագէտի մը՝ Սարգիսին մասին, որ կ՚ապրի առանձին, զաւկին կարօտով։ Անոր մէկ հատիկ մանչ զաւակը կ՚ապրի երկրէն դուրս: Սարգիս յաճախ դժուարութիւն կ՚ունենայ մուսաները գտնելու եւ ամէն անգամ, երբ գրիչը ձեռքը կ՚առնէ, տառերը կ՚անհետանան թուղթէն. անոր սիրտն ու միտքը զաւկին հետն են եւ ան յաճախ լուր մը կը սպասէ իրմէ: Բայց արդեօք պիտի հնչէ՞ հեռաձայնը: Արդեօք խեղճ ծերունին պիտի լսէ՞ զաւկին ձայնը:

-Ի՞նչ պայմաններու տակ, ի՞նչ հետաքրքրութեան հիմքով դուք ընտրեցիք շարժանկարի ասպարէզը, մանաւանդ որ բաւական բարդ եւ դժուար է: Ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:

-Փոքր տարիքէս յատուկ հետաքրքրութիւն ունեցած եմ ֆիլմաշխարհի հանդէպ եւ միշտ փափաք ունեցած եմ դառնալու դերասանուհի: Այդ սէրը հետզհետէ աճած է մէջս դպրոցական օրերուն, ատենամարզանքներու եւ հանդէսներու ընթացքին բեմադրուած թատերական ներկայացումներէ տպաւորուելով: Ներշնչուած եմ նաեւ մօրմէս. թէեւ արուեստի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն մը չկայ ընտանիքիս անդամներուն մօտ, բայց մօրս յատուկ հետաքրքրութիւնը ֆիլմերու նկատմամբ խորապէս ազդած է վրաս: Երբ աւարտեցի դպրոցս եւ պահը հասաւ մասնագիտութիւն ընտրելու, բաւական անհանգիստ վիճակի մատնուեցայ, որովհետեւ միջավայրիս մէջ կայ այն տրամադրութիւնը, որ պէտք է ընտրել այնպիսի մասնագիտութիւն, որ ապագային գործի լայն առիթներ ընծայէ։ Երկար մտածելէ ետք որոշեցի հետեւիլ նախասիրութեանս եւ բնաւ չեմ զղջար, հակառակ անոր որ երկրին մթնոլորտը քաջալերական չէ:

-Այս ասպարէզի մէջ ձեր վրայ ո՞ր բեմադրիչը՝ հայ թէ օտար, հետք ձգած է, որո՞ւն գործերը ձեզի համար մեծ արժէք կամ պատգամ մը ունին թելադրելիք:

-Բազմաթիւ բեմադրիչներ կան, որոնք ներշնչած են զիս իրենց բացառիկ գործերով, սակայն իմ նախասիրած բեմադրիչը Մարթին Սքորսեզէն է, անոր ոճը յատկապէս հետք ձգած է վրաս, ան հմտութեամբ կը գործածէ քամերայի շարժումները. օրինակ՝ քամերայի կամաց շարժումով կ՚երկարաձգէ կարգ մը պահեր, որպէսզի ներկայացնէ դերասանին հետաքրքրութիւնը եւ կամ այդ վայրկեանի զգացական աշխարհը: Այս թեքնիքը նաեւ կ՚օգնէ, որ զգանք դերասանին դանդաղ ընթացքը, ինչպէս որ կը տեսնենք Սարգիսին մօտ, «Անբիծ տողեր»ուն մէջ: Այս մէկը գծաժապաւէն է եւ դերասանը՝ Սարգիսը, տիկնիկ է, որ արդէն ինքնաբերաբար պիտի չխօսի: Ես օգտագործեցի ետքատրային ձայնաւորում, որպէսզի Սարգիսին գրած բանաստեղծութիւններուն միջոցաւ ներկայացնեմ ֆիլմին նիւթը: Այս թեքնիքը նաեւ սորված եմ Մարթին Սքորսեզէի գործերէն: Կ՚ուզեմ նշել, որ միտքերս հանգիստ արտայայտելու դժուարութիւն ունեցող անձ մըն եմ եւ Սարգիսին կերպարով ձեւով մը յաջողեցայ ինքզինքս ցոլացնել:

-Մեր աշխարհին մէջ շարժանկարը, տեսաշարերը շատ մեծ զէնք կը համարուին: Ձեր կարծիքով՝ հայութիւնը կրցա՞ծ է լաւապէս այդ զէնքը օգտագործել։

-Փորձեր եղած են եւ կան թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս, սակայն այսօրուան համաշխարհային անցուդարձերը նկատի ունենալով՝ հայ ֆիլմարուեստը կը կարօտի համահայկական առումով հսկայ ներդրումի եւ զօրաշարժի, որպէսզի քաջալերուին մեր բեմադրիչները, մեր դերասանները, մեր ֆիլմերը եւ հասնին համաշխարհային մեծ հարթակներու՝ ներկայացնելով հայկական դարաւոր մշակոյթը:

-Տնտեսական ծանր պայմաններու տակ բաւական դժուար է շարժանկար պատրաստել, նկարել, բեմադրել: Այսօր ի՞նչ կը պատմէք Լիբանանի ծանր պայմաններու եւ անոր ազդեցութեան մասին:

-Ինչպէս ծանօթ է, այսօր Լիբանան կ՚անցնի տնտեսական ծանր պայմաններէ՝ ո՛չ միայն քորոնաժահրին պատճառով, այլ նաեւ՝ քաղաքական անկայունութեան իբրեւ հետեւանք: Կ՚ուզեմ ըսել, որ այս ֆիլմը նկարեցի շատ ծանր պայմաններու տակ, զայն ենթարկելով յաճախակի փոփոխութիւններու: Նախ, սկզբունքով, ֆիլմը «mockumentary/featured documentary» պիտի ըլլար, բայց նկարահանումը զուգադիպելով սահմանափակումներու առաջին օրուան՝ յետաձգուեցաւ անյայտ թուականով: Դժբախտաբար, դեռ նկարահանումը չսկսած, մահացաւ նաեւ գլխաւոր դերասանը՝ մեր շատ սիրելի «Թիւճճար Պապուկը»: Ստիպուեցայ դիմելու նոր ձեւի մը՝ նիւթը պահելով, սակայն նոր բեմագրութիւն ընել՝ «stop motion» (երբ ֆիլմը ստեղծելու ժամանակ կ՚օգտագործուի մաքեթ-բեմ եւ տիկնիկ-դերասաններ) գծաժապաւէն նկարելու համար։ Մտածեցի, որ այս ձեւով ժահրն ալ հարց չըլլար, դերասաններու հետ ուղղակի շփումի մէջ չեմ ըլլար եւ նուազագոյն անձնակազմով կրնամ նկարել զայն: Տնտեսական վիճակը նկատի ունենալով, որոշեցի, որպէսզի ամէն առարկայ ես ձեռքովս պատրաստեմ՝ վերամշակելով եւ վերաօգտագործելով տունէն զարդեղէններ եւ կամ անպէտք իրեր եւ ձեւափոխելով նոր առարկաներու (սեղան, աթոռ, գիրք, պատուհան եւ այլն): Բարեբախտաբար, խումբ մը հարազատներ եւ ընկերներ՝ տեսնելով դժուարութիւններս, ձեռք երկարեցին եւ յաջողեցայ աւարտել նկարահանումը: Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան ինծի, եւ այսպիսով համոզուեցայ, որ ամէն դժուարութիւն կարելի է յաղթահարել, երբ կայ կամք եւ նպատակ: Նշեմ, որ սոյն գծաժապաւէնը ձօնեցի Սարգիս Այնթապլեանի յիշատակին:

-Կայ կարծիք, որ համեմատաբար աղքատ կամ պաշարման տակ եղող կամ ընկճուած երկիրներու շարժանկարի աշխարհը շատ հարուստ է արուեստի գործերով, ինչպէս՝ Լատին Ամերիկան, նոյնը կարելի՞ է ըսել այսօր Լիբանանի մասին:

-Դասախօսէս լսած եմ «pain is gift» արտայայտութիւնը, որ շատ տպաւորած է զիս: Չեմ գիտեր, որքան կը համապատասխանէ ձեր հարցադրումին, բայց կը հաւատամ, որ ցաւն է արուեստի գլուխ գործոցներու մղիչ ուժը եւ համոզուած եմ, որ աղքատ եւ ճնշուած ժողովուրդներէն կը ծնին իսկական արուեստները: Հոս կ՚ուզեմ անպայման յիշել յարգելի դասախօս՝ Սամ Լահհուտը եւ իր գործընկերուհին՝ Տորիս Սապան, որոնք հիմնած են «Beirut film society»ին եւ ամէն ջանք կը թափեն քաջալերելու սկսնակ բեմադրիչները, փորձելով անշուշտ Լիբանանի շարժանկարի աշխարհը քայլ մը առաջ տանիլ։ Այսինքն, անհատական ճիգեր կան մասնագէտներու կողմէ, կարեւորը երկրի կայունացումն ու պետական մակարդակով քաջալերանքն է:

-Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները կամ մեծ երազը. ինչպիսի՞ ֆիլմ մը կ՚ուզէ նկարել Գարոլ Հաճեանը:

-«Անբիծ տողեր»ը՝ «stop motion»ի եղանակով պատրաստուած իմ առաջին փորձառութիւնս է գծաժապաւէնի աշխարհին մէջ: Այս յաջողութենէն ետք մէջս հետաքրքրութիւն արթնցաւ «computer animation» սորվելու եւ անշուշտ ապագային գծաժապաւէններ պատրաստելու: Կան բազմաթիւ պատգամներ, որոնք կ՚ուզեմ հասցնել՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական մակարդակներու վրայ, նոյնիսկ մանկական գծագրային շարժանկարներու (cartoons) մէջ եւ ինչո՞ւ չէ, փափաքս է օր մը ըլլամ գծաժապաւէններու պատրաստող։ Այժմ օգնական մարզիչ եմ «Beirut my child» ծրագրին մէջ, որ մաս կը կազմէ «Beirut film society»ին: Այս ծրագրին նպատակն է 4 օգոստոսի Լիբանանի պայթումէն ազդուած պզտիկներուն «անիմասիոն» սորվեցնել, որպէսզի կարենան արտայայտել իրենց պահուած զգացումները:

-Դուք ձեր ապագայի հեռանկարը Լիբանանի մէջ կը տեսնէ՞ք որպէս բեմադրիչ կա՛մ կ՚ուզէք Լիբանանէն դուրս շարունակել ձեր ասպարէզը:

-Ես անձամբ առիթներու նկատմամբ բաց անձ մըն եմ, եթէ Լիբանան չեղաւ, կ՚ըլլայ ուրիշ տեղ: Ինծի համար տեղը այնքան կարեւորութիւն չունի, որքան՝ գործին արդիւնքը: Յուսամ առաջին այս փորձս տարբեր դռներ կը բանայ իմ առջեւ եւ առիթը կ՚ունենամ խորանալու այս ասպարէզին մէջ: Եթէ յարատեւեմ եւ յաջողութիւններու հասնիմ, կը փափաքիմ անպայման օգտակար ըլլալ երկու հայրենիքներուս՝ Լիբանանին եւ Հայաստանին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021