ԱՀԱՍԱՐՍՈՒՌ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Իսրայէլ կը խուսանաւէ... Մեծ խուսանաւումներու եզրէն կը քալէ Լիբանանի ահասարսուռ պատերազմը, որ արդէն իսկ կը շարունակուի շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։

Լիբանանի մէջ զոհերուն ընդհանուր թիւը կը մօտենայ հինգ հազարի, իսկ վիրաւորներուն թիւը արդէն իսկ հատած է 15 հազարի սահմանները։ Լիբանանի ամբողջ հարաւային շրջանները յայտնուած են համընդհանուր քանդման վիճակի մը մէջ, իսկ Պէյրութի հարաւային արուարձանները նոյնպէս կարելի է համարել աղէտի գօտի։

Անշուշտ, մեծագոյն խնդիրը այն է, որ մինչեւ այս պահը Իսրայէլի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը բոլորէ անորոշութիւններու մեծ ժամանակաշրջան մը։ Անորոշութիւն յառաջիկայ որոշումներու, վճիռներու եւ պատերազմի շարունակութեան նպատակայարմարութեան վերաբերեալ։

Ամէն պարագայի, Լիբանանի սահմանային շրջաններու իրադարձութիւնները եւ Իսրայէլի բանակին կամ ու կաց իրավիճակը ցոյց կու տան, որ իսրայէլացիք ո՛չ միայն ետ կանգնած են ցամաքային գործողութիւնները ծաւալելու իրենց ընտրանքներէն, այլ բոլոր առումներով անոնք կը խուսանաւեն։ Անոնք կը փորձեն ժամանակ շահիլ, աւելիով քանդումի մէջ յայտնել Լիբանանը եւ սպասել, որ «Հիզպուլլահ» առաջին ա՜խ մը հնչեցնէ եւ ընդունի այն բարդ պայմանները, որոնք խմբագրուած են Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ։ Այդ պայմաններուն հիմքը, անշուշտ, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւն է, սակայն, Իսրայէլ չէ գոհացած այդ պայմանադրութիւններէն ու կը պահանջէ աւելին։

Միւս կողմէ, բոլոր նետերը ցոյց կու տան, որ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը դեռ պիտի շարունակուի։ Կանխատեսելի էր, անշուշտ, որ մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններու աւարտը, նախագահի ընտրութիւնը, նոր նախագահին երդուելն ու Սպիտակ տուն մուտք գործելը ձեւով մը բաց եւ ազատ ժամանակներ էին Իսրայէլի համար՝ մանաւանդ, որ եթէ պատերազմը դադրի, վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի յայտնուի դժոխային վիճակի մը մէջ։ Այդ ձեւով Նեթանիյահուի կողմէ գործի դրուած դժոխքը այս անգամ բաժին պիտի դառնար իրեն, բնութեան պումերանկի ազդեցութիւն գործելով անոր վրայ։ Հաւանաբար, այս պատճառով է, որ Իսրայէլի վարչապետը անձամբ կը միջամտէ եւ ջուրը կը նետէ բոլոր առաջարկները։

Մինչ այդ, լիբանանցիք անձկութեամբ կը սպասեն Պէյրութ վերադարձին ամերիկացի բանագնացին, որու այցելութեան մասին վերջին օրերուն մի քանի անգամ յայտարարուեցաւ, բայց յետոյ հերքուեցաւ։

Այս վիճակին մէջ Իսրայէլ կը կիրարկէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր գործադրուած մեծ ծրագրին առաջին կէտը՝ շարունակել տեղահանութիւնը, գետնի հաւասար դարձնել Լիբանանի հարաւի գիւղերը, հարուածել մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձանն ու Պեքաայի շրջանները։

Այս բոլորէն վերջ կարելի է եզրակացնել, որ Իսրայէլ սպառած է իր թիրախները։ Այլ խօսքով՝ կա՛մ այլեւս չեն մնացած հաւանական թիրախներ եւ կամ տեղատուական այն արտահոսքը եւ «Հիզպուլլահ»ի դէմ գործող լրտեսական ցանցերու գործառոյթները արդէն հասած են իրենց վերջնագծին։ Մինչ այդ, անշուշտ, Իսրայէլի փոքրացուած կառավարութիւնը գոհ է այն արդիւնքներէն, որոնք առաւելաբար կոտրեցին «Հիզպուլլահ»ի ռազմական եւ քաղաքական յենասիւները։ Օրինակ՝ կազմակերպութեան ռազմական շարքերու սպանութիւնը, նաեւ կրօնական թեւի վերնախաւին գլխատումը, որ սկիզբ առաւ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումով ու հասաւ մինչեւ Սէիտ Հաշէմ Սաֆի ալ Տինին եւ Շէյխ Նապիլ Քաուքին։ Բաց աստի, «Հիզպուլլահ» եւս կ՚անցնի վճռորոշ ժամանակներէ։ Կազմակերպութեան զինեալները ամէն գնով կը փորձեն պահպանել Լիբանանի հարաւային սահմանները։ Կուսակցութիւնը, որ ունի մեծ կորուստներ, կը շարունակէ հաւատալ իր հիմնական հանգանակին, որ առաւելաբար կապուած է սահմանի ռազմերուն եւ Իսրայէլի դէմ դիմադրելու ներուժին։

Շուրջ ամիսէ մը ի վեր «Հիզպուլլահ» կը յայտարարէր, որ այս օրերուն միակ եւ հիմնական խօսողը գետինն է։ Այլ խօսքով՝ ռազմաճակատը ինք պիտի վճռէ այս պատերազմի ընդհանուր ընթացքն ու յառաջիկայ զարգացումներուն ճանապարհային քարտէսը։ Այստեղ անշուշտ ջուրի երես պիտի ելլէ «Հիզպուլլահ»ի ոսկեայ կանոններէն մին, որ կը վերաբերի Իսրայէլի բանակի զինուորներուն հետ դէմ-դիմաց եւ ճակատ-ճակատի կռուելու հնարաւորութեան, ինչ որ անոր համար պիտի ըլլայ գլխաւոր փրկութիւնը։

Այս կտրուածքով, եթէ փորձենք դիտարկել Իսրայէլի կեցուածքները, ապա անպայման պիտի հասկնանք, որ անոր հզօր բանակը կը սոսկայ «Հիզպուլլահ»ի զինեալներուն հետ ճակատ-ճակատի կամ դէմ-դիմաց կռիւ մղելէ։ Վստահօրէն այդ է պատճառը, որ գրեթէ ամիս մը առաջ յայտարարուած ցամաքային պատերազմը այսօր կը համարուի մեռեալ ծնունդ։

Այս կացութիւնը փարատելու նպատակով Իսրայէլ կը դիմէ հին ու շատ յայտնի խաղաոճի մը՝ այրուած գետիններու մարտավարութիւնը։ Այլ խօսքով՝ այրել ամէն ինչ, հիմնայատակ քանդել Լիբանանի սահմանային գաւառները ու ամէն ինչ ընել, որպէսզի Լիբանան ծունկի գայ։

Այս կէտին, ժամանակի գործօնը պիտի դրուի գործադրութեան։ Ո՞վ պիտի ցաւի առաջինը, ո՞վ առաջինը հրադադարը նպատակայարմար պիտի համարէ իր քաղաքական նշաձողին եւ սկզբունքներուն համար եւ ո՞վ պիտի թելադրէ խաղի ապագայ կանոնները։

Անշուշտ, կայ ընդհանուր տպաւորութիւն մը, որ երկու կողմերը մտած են անիմաստ եւ աննպատակ պատերազմի մը հունին մէջ։ Ո՛չ Իսրայէլ պիտի հասնի իր մեծ նպատակներուն եւ ո՛չ ալ «Հիզպուլլահ» պիտի կարողանայ իր ունեցած հին-նոր ծրագիրները իրականացնել։

Ու այս ընդհանուր հեռապատկերին վրայ, այս երկարաձգուող եւ անվերջանալի պատերզամին մէջ ամենամեծ զոհը փոքրիկ Լիբանանն է, իր հին ու նոր գաղթականներով, տնտեսական գահավիժումով եւ անորոշութեամբ։

Քաղաքական լուծումներու փուլը տակաւին հեռու է ընդհանուր ընթացքի մը մէջ մտնելէ, քանի այդ լուծումները պայմանաւորուած են առաւելաբար գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներով, նաեւ աւարտ պատերազմով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2024