ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՒ ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ
Այս տարի ձմեռը յամառեցաւ եւ հակառակ իր իւրաքանչիւր տարուան իւրայատկութեան, չայցելեց Հայաստան: Տեղացիներուն համար Դեկտեմբեր ամիսը, Նոր տարին եւ ապա Յունուար ամիսը առանց ցուրտի եւ ամենէն կարեւորը՝ առանց ձիւնի տեսնելը արտասովոր երեւոյթ էր: Աւելի՛ն. տեղացիները այս տարուան ձմեռուան անունը դրոշմած էին որպէս աղքատի ձմեռ, նկատի ունենալով Հայաստանի պայմանները...: Մտադրութիւն չունիմ այդ պայմանները ներկայացնելու, որովհետեւ բոլորին համար ալ յայտնի են...
Դեկտեմբերի վերջին օրերէն մէկն էր, Երեւանի մէջ պատահական կերպով հանդիպեցայ վաղեմի ընկերոջ մը՝ մեծ եղբօր մը, իր կողակիցին հետ միասին: Շատ բան չէր փոխուած ընկերոջս մօտ: Կարճ ու երկար զրոյցի ընթացքին պարզապէս նկատեցի, որ հակառակ այն իրողութեան, որ երկար տարիներէ ի վեր զիրար չէինք տեսած, աւելի՛ն. երկար ժամանակէ ի վեր իրարու հետ չէինք զրուցած, բայց մտածելակերպով, մտավախութիւններով՝ մեզ շրջապատող հարցերուն ու դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայի ու գալիքի մասին ունէինք նոյն մտածումները եւ հարցերը քննելու ու լուծումներ գտնելու նոյն գաղափարները: Փաստօրէն, աշխարհագրական առումով իրարմէ բաւականին հեռու ապրելով եւ իրարու հետ մնայուն շփում չունենալով հանդերձ, յաջողած էինք մենք մեզ կերտել այնպիսին, ինչպիսին եղած էր մեր պատանեկութեան տարիներու երազանքն ու փափաքը: Ինչ կը վերաբերի ընկերոջս կողակիցին, որ հօրս մօրաքրոջ թոռնուհին էր, նոյնն էր ինք եւս, պարզ, լուռ, մտածկոտ, իսկ ամենէն կարեւորը դէմքի խաղաղութիւնը չէր կորսնցուցած. անծանօթն անգամ, որ առաջին անգամ հանդիպի անոր, անպայմանօրէն պիտի նկատէ անոր դէմքի խաղաղութիւնը, որ կը խօսի իր հանդարտ ու մեղմ բնաւորութեան մասին:
Ոտքի վրայ քառասուն վայրկեանէ աւելի տեւած հաճելի զրոյցէ մը եւ երկար տարիներու ընթացքին չհանդիպելու կարօտը առնելէ ետք, որոշեցինք Յունուարի առաջին օրերուն քանի մը վայրեր այցելել: Յունուարի երկրորդ օրը արդէն որոշուած էր, թէ պիտի այցելէինք Խոր Վիրապ եւ ապա Սուրբ Էջմիածին:
4 Յունուար 2018: Պայծառ եւ արեւաշող երկինք: Անամպ կապոյտ երկինքը ջինջ ու յստակ: Թեթեւ սառնութիւն մը, որ հաճելի կերպով երբեմն-երբեմն կը դողացնէր ամբողջ մեր էութիւնը: Ժամը տասն է: Երեւանի Մաշտոց պողոտային վրայ կը հանդիպինք նախապէս պայմանաորուած տեղը: Երիտասարդը, որ մեզ պիտի տանէր նշուած տեղերը, հօրս քեռիին թոռն էր: Պարզ ու համեստ երիտասարդ մը, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով ստիպուած եկած է Հայաստան, եւ ինչպէս միւս բոլոր սուրիահայ երիտասարդները, որոնք Հայաստանի մէջ կ՚ապրին, ամէն ինչ կը փորձէ, որպէսզի յաջողի առայժմ Հայաստանի մէջ կարենալ գոյատեւել: Մեր հետ էր նաեւ ընկերոջս կողակիցին մեծ քոյրը: Իւրայատուկ բնաւորութեան տէր, որուն դէմքը կը խօսի իր արիութեան ու ինքնավստահութեան մասին:
Երթը սկսած էր... Երեւանի փողոցներով կամաց-կամաց դուրս եկանք քաղաքամայրէն եւ սկսանք ուղղուիլ դէպի Խոր Վիրապ: Հեռուէն նշմարեցինք այն բլուրը, ուր կառուցուած էր Խոր Վիրապի վանական համալիրը: Տեսարանը հետզհետէ սկսաւ աւելի յստականալ: Մասիսն ու Սիսը իրենց ո՜ղջ հմայքով կը դիմաւորէին մեզ: Անտարբեր պիտի ըլլայ այն մարդը, որ նայելով Արարատին, չմտածէ ու չխորհրդածէ Աստուծոյ մեծութեան ու արարչագործ զօրութեան մասին: Ինչքան կը մօտենայինք, այնքան ներքին լարուածութիւն կը զգայի: Առաջին անգամը չէր, որ Խոր Վիրապ կ՚այցելէի..., բայց չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ, ամէն անգամ երբ Խոր Վիրապ երթամ, նոյն զգացումն ու լարուածութիւնը կ՚ապրիմ, ըսես, առաջին անգամն ըլլայ որ այնտեղ կ՚երթամ:
Արդէն Խոր Վիրապ ենք: Աստիճաններով կը բարձրանանք դէպի վանք: Վանքի պարիսպներուն տակ կանգնած, կը նայինք Մասիսին ու Սիսին... Արտայայտութիւններ չկան... Ներքին ձայնն է, որ խորհրդաւոր կերպով կը խօսի անոնց հետ, իսկ Մասիսն ու Սիսը իրենց վեհութեամբ դրական լիցքեր կը փոխանցեն: Մէկ խօսքով, բառերը անզօր են արտայայտելու այն զգացումներն ու ապրումները, որոնք մարդ կ՚ունենայ, երբ այդտեղ կանգնած կը նայի Արարատին:
Բաւական մը այդտեղ կանգնելէ ետք, բարձրացանք վանք: Նախ մտանք եկեղեցի եւ ապա իջանք գուբ... Պատմութիւնը լաւապէս իմանալով հանդերձ, այնքան դժուար է ըպատկերացնել եւ բանականութեամբ ըմռբնել այն իրողութիւնը, թէ ինչպէս մեր Երկրորդ Լուսաւորիչը՝ Սուրբ Գրիգորը, այդ գուբին մէջ տասներեք տարի շարունակ տոկացած է... Հաւատքի ակնոցով պատասխանը յստակ է. անվերապահ վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն Ամենակալին: Այդ տասներեք տարիներու ակամայ ճգնողական կեանքի արդիւնքն էր, որ Սուրբ Գրիգորը պիտի դառնար մեր պատմութեան ամենէն հզօր յեղափոխական անձնաւորութիւնը, որ ուժ պիտի ունենար ամբողջ ժողովուրդի մը մտաւոր ու հոգեւոր ներաշխարհը վերափոխելու: Գուբին մէջ է միայն, որ կարելի է եցանք դէպի Վաղարշապատ՝ Սուրբ Էջմիածին: Առաջին առթիւ այցելեցինք Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, հայ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մին, որ միաժամանակ կենդանի վկայարան մըն է, Սուրբ Գրիգորի կատարած յեղափոխութեան: Յաջորդ վկայարանը Շողակաթի եկեղեցին էր, ուրկէ անցանք Սուրբ Գայիանէի եկեղեցին, որ դարձեալ վկայարաններէն մէկն է Սուրբ Գրիգորի յեղափոխութեան:
Սուրբ Գայիանէ եկեղեցիէն ոտքով ուղղուեցանք դէպի Սուրբ Էջմիածին: Սուրբ Էջմիածին անունն իսկ կը խօսի այն բոլոր ապրումներու մասին, զորս կրնայ ունենալ քրիստոնեայ մարդը, երբ այցելէ մեր Տիրոջ Քրիստոսի իսկ կողմէ մատնանշած այն վայրը, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կառուցած է եկեղեցի՝ Աստուծոյ տուն: Սուրբ Էջմիածինի մասին գրել կամ խօսիլ այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ մարդ պէտք է ապրի՛ ու զգա՛ Սուրբ Էջմիածինը, միահիւսուի Սուրբ Էջմիածինի խորհուրդով, որպէսզի կարենայ ճշգրիտ կերպով ընկալել ու հասկնալ Սուրբ Էջմիածինը: Սուրբ Էջմիածինը ապրելով ու զգալով է, որ մարդ առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու Արարիչին, զգալու Անոր ներկայութիւնը, վայելելու Անոր մտերմութիւնը, ապրելու ազատագրուած ըլլալու քաղցրութիւնը:
Մայր Աթոռ այցելելէ ետք, որովհետեւ տակաւին ժամանակի առումով կարելիութիւնը ունէինք այլ վայր մը եւս այցելելու, որոշեցինք այցելել Սարտարապատ: Վաղարշապատէն դուրս գալով՝ Հոկտեմբերեանի մայրուղիով սկսանք յառաջանալ դէպի Սարտարապատ: Մօտ երեսուն-երեսունհինգ վայրկեան ճանապարհ անցնելէ ետք, հեռուէն երեւցաւ Սարտարապատի զանգակատունը: Հեռուէն տպաւորիչ ու ազդեցիկ է, իսկ երբ մօտենաս, այն ատեն կը զգաս անոր գեղեցկութիւնն ու կը լսես անոր զանգերուն անղօղանջ ղօղանջիւնը: Զանգակատան ճիշդ դիմացը, աջ ու ձախ կողմերուն վրայ կանգած են երկու թեւաւոր ցուլեր: Զանգակատան ձախ կողմի վրայ ցուցատախտակի մը վրայ կայ հետեւեալ գրութիւնը. «Զանգաշտարակը ճակատամարտում նահատակուած հերոսների հիշատակին կառուցուած շիրմարձան է: Ունի երեսունհինգ մեթր բարձրութիւն: Ճակատամարտի օրերին զանգերն ազդարարել են օրհասական վտանգը եւ փրկության են կանչել: Զանգաշտարակի հակառակ երեսին փորագրուած է. "Հայրենիքի փրկութեան համար զոհուած զաւակներին յավերժ փառք": Զանգերն այսօր մեր յաղթանակն են աւետում:
«Արծիւները պետականութեան, ուժի, հզօրութեան խորհրդանիշեր են եւ մարմնաւորում են հայ նահատակ քաջորդիների ոգիները՝ մենք կա՛նք, մենք ձեր մէ՛ջ ենք, ձե՛զ հետ: Նրանք որպէս արթուն ժամապահներ հսկում են հայ ժողովրդի ներկան եւ ապագան»: Այս տողերը կարդալով, մարդ միտքով կը վերայիշէ այն բոլոր իրադարձութիւնները, զորս տեղի ունեցան 1918-ի Մայիսին: Աւելի՛ն. Սարտարապատի յուշահամալիրի տարածքին մէջ գտնուելով, հայ մարդը չի՛ կրնար որպէս հայ հպարտ չզգալ ու չփառաբանել իր նախնիներու ամուր կամքն ու կորովը:
Բառերը դարձեալ անզօր են նկարագրելու այն ապրումներն ու զգացումները, զորս ապրեցայ այնտեղ, մանաւանդ երբ այս այցելութիւնը կը զուգադիպէր մեր Հայրենիքի առաջին անկախացման 100-ամեակին: Բառերը աւելի անզօր դարձան, երբ հեռո՜ւ, յստակ կերպով երեւաց Արարատի գագաթը, իր խրոխտ կեցուածքով եւ արեւու մայրամուտեան շողերը կը թեւածէին անոր գագաթին...
Սարտարապատի մէջ կանգնած, աչքերս Արարատին, յանկարծ սկսայ ցած ձայնով երգել. «Մայր ծնողի պէս ես նայում Արարատիցը, Հայաստանի հողին մեռնեմ սրտիս խորքիցը...»: Այս երգը ընկերական մեր հաւաքներուն յաճախ երգած եմ ընկերներուս հետ, բայց այսօր տարբեր զգացողութիւն մըն էր, ինչ որ ունեցայ... Չեմ գիտեր օրուան խորհրդաւոր ուխտագնացութի՞ւնն էր պատճառը, որ Խոր Վիրապէն սկսաւ, անցաւ Սուրբ Էջմիածնով ու հասաւ Սարտարապատ... Աւելի՛ն. կարծես այս ուխտագնացութիւնը ընկերոջս եւ իմ պատահական հանդիպումին երախայրիքն էր, որ ամէն բանէ առաջ երկուքիս համար որպէս հայ-քրիստոնեայ եւ որպէս քրիստոնեայ-հայ վերանորոգումի, վերաթարմացումի մարտահրաւէր մըն էր, առաւել եւս զօրանալու եւ կառչելու մեր հաւատալիքներուն, մեր համոզումներուն, մեր Հայրենիքի ապագայի նկատմամբ ունեցած դրական մեր նախազգացումներուն...
«Զանգեր, ղօղանջէ՛ք,
սրբազան քաջերին կանչէք,
այս արդար պատից,
սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք՝
Սարտարապատից»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
17 Յունուար 2018