ՄԵՆՊԻՉ… ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒ «ՀԱՆԳՈՅՑ»Ը

ԻՇԻՊ Կ՚ԸՍԷ. «ԵՍ ՆԵՐԿԱՅ ԵՄ»

Այս նիւթի հրապարակումէն քանի մէկ օր առաջ կարմիր լուրեր կը հասնէին Մենպիչէն։ Խօսքը ահաբեկչական պայթումի մասին էր, որուն հետեւանքով կը զոհուէին քսան հոգիներ։ Զոհերուն մէջ կային հինգ ամերիկացի զինուորներ, որոնք այդ պահուն իրենց զինուորական շարասիւնով կ՚անցնէին շրջանէն, կատարելով իրենց զինուորական «առօրեայ հերթական» առաքելութիւնը։

Դէպքին պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէր ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), որուն մասին վերջին ամիսներուն բաւական քիչ տեղեկութիւններ կը հրապարակուին։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ԻՇԻՊ կարծէք մտաւ ընդյատակ եւ կը գործէ միայն «առիթէ առիթ»։ Ամէն պարագայի աւելի քան բացայայտ է, որ այս ահաբեկչական խմբաւորումը, ճիշդ է, առաջուան ներկայութիւնը կամ նոյնիսկ «քաղաքական տրամադրութիւն» ստեղծելու ուժականութիւնը չունի (յատկապէս Սուրիոյ մէջ), բայց եւ այնպէս, ինչպէս շատ մը վերլուծաբաններ կը հաւատան, չէ դադրած գոյութիւն ունենալէ։ Արաբական կարգ մը աղբիւրներ նոյնիսկ կը նշեն, որ ԻՇԻՊ քաշուած է իր գլխաւոր դիրքերէն եւ տեղակայուած՝ Սուրիոյ անապատային շրջաններուն մէջ, որոնք «աչքէ հեռու» կը համարուին։

Ամէն պարագայի, Սուրիոյ պատերազմի ամենէն սեւ էջերը կերտած եւ արմատական իսլամի ամենավառ ներկայացուցիչ համարուող այս զուտ ահաբեկչական միաւորը, ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս կը համարուի մեծ սպառնալիք մը, յատկապէս այն գօտիներուն մէջ, ուր պատերազմի ճահիճները վերջանականօրէն չեն «չորցած» ու նաեւ գոյութիւն ունի պայթիւնավտանգ իրավիճակ։

Այս նախաբանը ներկայացուցի աւելի ճիշդ գնահատելու համար Մենպիչի մէջ տեղի ունեցող կամ ունենալիք զարգացումները, որոնք ապահովաբար գործնական կապ մ՚ունին Սուրիոյ ընդհանուր պրիսմակին մէջ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՄԵՆՊԻՉԸ

Բացի իր ունեցած աշխարհագրական կարեւոր դիրքէն, Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ գտնուող այս քաղաքը կը ներկայացնէ նաեւ քաղաքական կարեւորութիւն։ Պատճառը միայն քաղաքի դիրքը չէ, ոչ ալ հոն տեղակայուած ամենատարբեր ուժերու ներկայութիւնը, այլեւ՝ Սուրիոյ պատերազմի այս նուրբ փուլին այդ քաղաքին շուրջ խմորուող զարգացումները։

Ձեւով մը Մենպիչը դարձած է շահերու բեկման արանք, ուր բաց եւ թափանցիկ պայքար կը տանին շրջանին մէջ գտնուող կարեւորագոյն ուժերը։

Անցեալին, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նոյն սիւնակով կը գրէի Դամասկոս-Անգարա հաւանական եւ նոյնիսկ «սպասելի» համագործակցութեան մասին, օրին շատեր կասկածներ կը յարուցէին։ Այսօր այդ յարաբերութիւնները արդէն իսկ ստացած են որոշ ընթացք մը, որուն գլխաւոր դերաբաշխումը կը կատարէ Մոսկուան։ Թուրքիան կառչած կը մնայ իր յայտնի տեսակէտներուն, որոնց գլխաւոր առաջադրանքն է ունենալ Սուրիա-Թուրքիա ապահով գօտի մը, անշուշտ զերծ քիւրտ զինեալ տարրերէ եւ խմբաւորումներէ։ Նոյնը կարելի է ըսել Սուրիոյ իշխանութեան համար, որուն համար յատկապէս վերջին տարիներուն քրտական խմբաւորումներու բացայայտ ներկայութիւնը եւ նոյնիսկ քրտական ինքնավար շրջաններ ստեղծելու յստակ մարտավարութիւնը դարձած էր իրական մղձաւանջ։

Ու հասկնալի է նաեւ, որ այս հատուածի պարագային երկու գլխաւոր կողմերը՝ Դամասկոսն ու Անգարան են։ Հասկնալի է նաեւ, թէ շրջանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ամերիկեան վարչակարգին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որ բաւական ուշ որոշեց ներկայութիւն դառնալ Սուրիոյ պատերազմին մէջ (խօսքը գործնական ներկայութեան մասին է), այսօր եւս կ՚ապրի մեծ տատանումներ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որուն համար գերակշռողը ամերիկացի զինուորներուն անվտանգութիւնն է, չ՚ուզեր կրկնել անցեալ նախագահներու (յատկապէս Ճորճ Վ. Պուշի) գործած մեծ սխալները, նաեւ կը փորձէ ու պիտի փորձէ ամէն գնով իր զօրքերու հարցը վերածել յաղթող խաղաքարտի։ Աւելի ուշ անշուշտ Թրամփ պիտի յոխորտայ եւ յայտարարէ, թէ՝ «Տեսէք, ես խնայեցի մեր զինուորները եւ դուրս բերի մեր զօրքերը վտանգաւոր գօտիներէ»։ Այս բոլորէն անդին սակայն կայ, աճած ու մեծցած է «քրտական գործօն» անունով դրոյթ մը, որուն ուռճացման մէջ մեծ դեր ունեցան ամերիկացիները։ Եթէ երէկ քիւրտ մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ կը փայփայէին այդ տարածքներուն վրայ քրտական ինքնավար շրջաններ ստեղծելու երազը, այսօր իրավիճակը բոլորովին տարբեր է։ Ի դէպ ուշագրաւ է նաեւ, որ քրտական ճակատին վրայ երեւելի սկսած են դառնալ Սուրիոյ իշխանութիւններուն ձեռք երկարելու համամիտ եղող ազդեցիկ ձայներ։ Վերջին երկու տարիներուն, այս առաջին անգամն է, որ նման ձեւաչափի եւ նման մօտեցաման մասին կը խօսին քիւրտերը, որոնք շատ հաւանաբար կը հասկնան, թէ ամերիկացիներուն կողմէ իրենց տրամադրուած նեցուկը (զինուորական եւ դրամական) պարզապէս ժամանակաւոր «լուծում»ներու համար նախատեսուած ծրագիր մըն էր։ Անոնք վստահաբար գիտեն, թէ իրենց կռնակը տուած են Սուրիոյ պետութեան եւ այդ պետութեան շնորհիւ է, որ պիտի կարողանան հեռու մնալ նոր մեծ պարտութիւններէ։ Այս մօտեցումը աւելիով կ՚ամրագրուի, եթէ հաշուի առնենք Աֆրինի պարագան, որ այսօր ամբողջութեամբ կը գտնուի թրքական ուժերու եւ Անգարայի մօտիկ համարուող խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ։

Ամէն պարագայի, աւելի քան ընկալելի է, որ Մենպիչի մէջ տեղի ունենալիք զարգացումները պիտի պատրաստեն քաղաքական լուծումներու նոր փուլ մը, որուն մէջ մեծագոյն դեր ունեցողը պիտի ըլլայ Մոսկուան։

«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ». ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Մենպիչի վերաբերեալ վերջին զարգացումները աւելի տարողունակ կերպով ընկալելու համար կարճ զրոյց մը ունեցայ սուրիական հարցերու մասնագէտ-քաղաքագէտ՝ Արմենակ Թոքմաճեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ հարցազրոյցը։

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռանալու որոշումը։

-Նախագահ Թրամփի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններէն ամերիկեան զօրքերը քաշելու որոշումը հերթական օրինակն է եւ ապացոյցը, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ յստակ, երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն չունի:

Եթէ իրօք ամերիկեան ուժերը այդ տարածքաշրջանէն հեռանան, անոնք իրենց ետին պիտի թողեն ռազմավարական բաց մը, ինչ որ լրացնելու համար կը պայքարին տարբեր ուժեր՝ սուրիական պետութիւնը, Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ տարածքաշրջանին մէջ գտնուող քրտական ուժերը:

Ամերիկեան այս քաղաքականութեան հետեւանքները արդէն յստակ են. օրինակ՝ Մենպիչ քաղաքին մէջ: Քաղաքին մօտակայքը գտնուող թրքական եւ սուրիական զօրքերը արդէն կը մրցին լրացնելու այն բացը, որ կամաց-կամաց կրնայ գոյանալ ամերիկեան զօրքերու հեռացման զուգընթաց:

-Ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ ամերիկեան ուժերու այդ շրջանէն հեռացումէն ետք։

-Կարծես թէ այս անգամ այդ բացը սուրիական պետութիւնը պիտի լրացնէ, որովհետեւ ըստ քիւրտ-պետական համաձայնութեան, անցած շաբաթ պետական զօրքերը ներկայութիւն հաստատեցին Մենպիչի մէջ: Բնականաբար այդ ամէն ինչը տեղի ունեցաւ ռուսական օրհնութեամբ:

Պէտք է նշեմ, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ յաւակնութիւններ ունեցող այդ ուժերուն համար այս ճատրակի ներկայ «ռաունտ»ը դեռ նոր սկսած է եւ զարգացումները կրնան տանիլ զանազան ուղղութիւններու: Ինչ կը վերաբերի շրջանի քիւրտերուն, ապա անոնք մատնուած են դժուար վիճակի մը մէջ։ Անոնք իրենց յոյսը դրած էին ամերիկեան աջակցութեան վրայ, բայց այսօր ակնյայտ է, որ ամերիկացիները կը քաշուին տարածքաշրջանէն, առանց քիւրտերու շահերը նկատի առնելու:

Պաշտօնական Դամասկոսի համար այս նոր իրավիճակը առիթ մըն է, որպէսզի հաստատէ իր օրինականութիւնը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ եւ առաւել եւս կանխէ որեւէ թրքական յարձակում:

Իսկ պաշտօնական Մոսկուայի համար սա հերթական առիթ մըն է, ապացուցելու, որ Ռուսաստանը կրնայ ըլլալ հաւաստի միջնորդ, բոլոր այն ուժերուն միջեւ, որոնք կը պայքարին եւ յաւակնութիւններ ունին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ:

-Կան տեղեկութիւններ, որոնց հիմքով այս օրերուն բանակցութիւններ կը կայացուին. մէկ կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան, իսկ միւս կողմէ՝ քրտական ջոկատներուն միջեւ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին։

-Դամասկոսը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ քիւրտերուն հետ բանակցութիւններու մէջ է: Սա առաջին անգամը չէ, որ բանակցութիւններ կ՚ընթանան Սուրիոյ կառավարութեան եւ քրտական ուժերուն միջեւ, բայց այս անգամ տարբերութիւնը այն է, թէ քիւրտերը կը բանակցին շատ տկար դիրքերէ, որովհետեւ այլեւս ամերիկեան աջակցութիւն չունին եւ պարզ է, որ այլընտրանք ալ չունին:

Եթէ պետութեան եւ քիւրտերու միջեւ ընթացող բանակցութիւնները արդիւնք տան եւ եթէ պետական զօրքերը վերատեղակայուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ, այդ պարագային կրնայ եւ թրքական գործողութիւնը կանխուիլ: Նոյնիսկ եթէ այս անգամ թրքական գործողութիւնը յետաձգուի, սակայն այդ սպառնալիքը պիտի շարունակէ մնալ իրական, այնքան ժամանակ, երբ Սուրիոյ մէջ կան քրտական զինեալ ջոկատներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 19, 2019