ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՏԵՍՆԵԼԸ

Խօսք. «Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել» (Յհ 8.560):

Մեկնութիւն. ամէն բանի գիրը, բառը եւ առակը առագաստ ու ծածկոյթ է, այդ պատճառով պէտք է քննել ու միտքով ատոնց խորքը թափանցել, ինչպէս կ՚ըսէ. «Աբրահամ ցանկաց տեսնել», եւ այս խօսքին վրայ չորս բան հարցական է.

Առաջին. Թէ ինչո՞ւ համար ասիկա կ՚ըսէր:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ հրեաներուն Աբրահամով պարծենալը կ՚ուզէ մեղմացնել: Երկրորդ՝ Ինքն Իր մեծութիւնը կը ցուցնէր, որ Աբրահամ կը փափաքէր ու կը յուսար Քրիստոսի փրկութեան: Երրորդ՝ քանի որ արժանի է ընդունուելու, երբ Աբրահամ ցանկաց: Չորրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ ինչպիսի ամբարշտութիւն է մտածել զԻնք սպաննելը, Անոր՝ որուն Աբրահամը ցանկաց տեսնել:

Երկրորդ՝ հարցանելի է. Ո՞րն է օրը, որ ցանկաց տեսնել:

Պատասխան. Չորս է. նախ՝ խաչելութեան օրը, երբ փրկութիւն եղաւ մարդոց, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]: Երկրորդ. կ՚ըսեն այստեղ օր կը նշանակէ յաւիտենական երանութիւնը: Երրորդ. օր կ՚ըսուի Քրիստոսի ժամանակաւոր գալուստին: Եւ Աբրահամ այս բաները հանճարի իմացումով տեսաւ: Չորրորդ. օր կ՚ըսեն Քրիստոսի դժոխք գալուստի մասին, երբ տեսաւ զՔրիստոս եւ ուրախացաւ, ու թէեւ դժոխք գալը յետագային էր, սակայն Քրիստոս իբրեւ անցեալ կը ճարէ, խօսքի ստուգութեան համար:

Երրորդ հարցում. Ե՞րբ տեսաւ Քրիստոսի օրը:

Պատասխան. Չորս է իմացումը. նախ՝ երբ պատարագ կը մատուցէր երեմեան խոյը եւ միւս բաները, երբ ցերեկ ժամանակ թմրեցաւ ու տեսաւ Քրիստոսի տնօրինութիւնը: Երկրորդ. երբ Աստուած ըսաւ անոր. «Քու զաւակովդ երկրի բոլոր ազգերը պիտի օրհնուին» (տե՛ս Ծն 22.28): Երրորդ. երբ Մաբրէի կաղնիին մօտ երեք հրեշտակները տեսաւ ու Երրորդութեան խորհուրդը ճանչցաւ, եւ անոր մօտ կերաւ ու Իսահակի աւետիսը տուաւ ի օրինակ Քրիստոսի ծնունդին: Չորրորդ. երբ Իսահակը պատարագի կը հանէր, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]:

Չորրորդ հարցում. Իսահակ ինչպէ՞ս Քրիստոսի օրինակ ըրաւ:

Պատասխան. այստեղ կ՚ըսենք չորս կերպով. նախ՝ ինչպէս անոր [Իսահակի] հայրը, Աբրահամ չխնայեց իր որդին [ընծայել որպէս] պատարագ Աստուծոյ, այդպէս ալ երկնաւոր Հայրը Իր Միածինը տուաւ մահուան՝ աշխարհի փրկութեան համար: Երկրորդ՝ ինչպէս Իսահակը առանց աղաղակելու զենումի եկաւ, այդպէս ալ մեր Տէրը՝ խաչին վրայ ըրաւ, ըստ այնմ. «Ինչպէս գառնուկ մը անմռունչ կը կենայ զինք խուզողին դիմաց» (Գրծ 8.32): Երրորդ՝ ինչպէս Իսահակը ողջակէզին փայտը շալկեց, այդպէս ալ մեր Տէրը խաչին փայտը Իր ուսին վրայ վերցուց: Չորրորդ՝ ինչպէս Իսահակի միջոցով Աբրահամի ամբողջ ցեղը օրհնուեցաւ, այդպէս ալ Քրիստոսի միջոցաւ բոլոր ազգերը առաջին անէծքէն օրհնութեան փոխուեցան: Իսկ ոմանք այդ տեղը Գողգոթան է, կ՚ըսեն, իսկ ոմանք՝ Գարեզին լեռը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ Աւետարանին չորրորդ գլուխին մէջ: Եւ այլ բազմաթիւ կերպով Իսահակին Քրիստոսի օրինակ ըլլալը տե՛ս Գիրք Հարցմանցին վեցերորդ հատորին տասնմէկերորդ համարին մէջ:

Խօսք. «Նոյնիսկ յիսուն տարեկան չես եւ Աբրահա՞մը տեսեր ես» (Յհ 8.57):

Մեկնութիւն. նախ հարցանելի է. ինչո՞ւ համար կ՚ըսեն. «Յիսուն տարեկան չես»:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ կ՚ըսեն իբր թէ հնարաւոր չէ, թէ տեսած ըլլաս, որովհետեւ Աբրահամի մահէն մինչեւ Քրիստոսի ժամանակը մօտաւորապէս երկու հազար տարի կ՚ընէր: Երկրորդ՝ յիսուն տարեկան կ՚ըսէին, ինչպէս որ իրենց միտքին եկաւ: Երրորդ՝ կ՚ըսեն՝ թէեւ Քրիստոս երեսուներեք տարեկան էր, սակայն բազմաթիւ աշխատանքներու եւ պահքերու պատճառով աւելի մեծ կ՚երեւէր: Չորրորդ՝ քանի որ յիսուն տարեկան հասակը պատուական էր անոնց համար եւ յոբելեան կը կոչէին, այդ պատճառով՝ յիսուն տարեկան չես, իբր թէ յոբելեան մը իսկ չես տեսած, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ Աբրահամը տեսած ես:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար կ՚ըսեն, թէ Աբրահամին տեսած է, քանի որ Քրիստոս չըսաւ, թէ՝ Ես տեսայ, այլ՝ թէ Աբրահամը տեսաւ:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ հրեաներու նենգութեան համար, որովհետեւ կը փափաքէին սուտ հանել խօսքը: Երկրորդ՝ այդպէս ըսին, քանի որ կը կարծէին, թէ երբ Աբրահամ տեսաւ զԻնք, եւ Ան տեսաւ Աբրահամին, որովհետեւ մարմնաւոր տեսութեամբ այսպէս կ՚ըլլայ, որ մէկը միւսին կը տեսնէ, սակայն մարգարէաբար տեսութեան մէջ ասիկա ճշմարիտ չէ, քանի որ Դանիէլը, որ մարգարէաբար Նեռին ժամանակը տեսաւ, Նեռէն չտեսնուեցաւ, սակայն Քրիստոս Աստուածութեամբ կը տեսնէր Աբրահամին նախքան մարդ ըլլալն իսկ: Երրորդ պատճառ՝ քանի որ այս խօսքերը ինչքան ալ ըսեն, կրնան հակառակիլ, քան Քրիստոսի խօսքով, որովհետեւ զՔրիստոս սոսկ մարդ կը համարէին, այդ պատճառով Քրիստոս Իր Աստուածութիւնը ցոյց կու տայ, ըսելով.

Խօսք. «Լաւ գիտցէք, Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ ես» (Յհ 8.58):

Մեկնութիւն. ասիկա չորրորդ խօսքն է, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս յաւիտենական է, ըստ որում այդպէս բոլոր ժամանակներուն գոյ է:

Երեքը նախապէս ըսուեցաւ նոյն գլուխին մէջ այս խօսքը. «Լաւ գիտցէք, Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ ես», չորս իմացում ունի. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ Որդին անեղ եւ անսկիզբ է: Երկրորդ՝ հրեաներուն կարծիքը կը վերցնէ, որոնք Յովսէփի Որդի կ՚ըսէին: Երրորդ՝ Արիոսին հակառակ է, քանի որ չըսաւ, թէ՝ եղայ, այլ թէ՝ ե՛մ: Չորրորդ՝ զՔրիստոս բաժնողներուն հակառակ է, որովհետեւ չըսաւ, թէ՝ էի, կամ որ Իմ մէջս է, Ինձմէ առաջ է, այլ թէ՝ Ե՛ս եմ, որ Բանին ու մարմինին միութիւնը կը ցուցնէ, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանան] ցոյց կու տայ:

ԵՐԿԱԲՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Հարցում. ի՞նչ է երկաբնակը եւ ի՞նչ՝ երկախումբը:

Պատասխան. Երկաբնակ է, որ երկու բնութիւններու եւ երկու կամքերու կը բաժնէ զՔրիստոս, ինչպէս քաղկեդոնականները, թէեւ անձը մէ՛կ կը յայտարարեն. անոնք բնակութեամբ կ՚ըսեն զՔրիստոս եւ ոչ՝ միութեամբ: Իսկ երկախումբն է, ինչպէս նեստորականները, որովհետեւ խումբը դաս կ՚ըլլայ, եւ անոնք երկու դասի կը բաժնեն զՔրիստոս, այսինքն՝ երկու անձ եւ երկու դէմք, եւ միւս բոլոր բաները: Նոյն բանը կը տեսնես Գիրք Հարցմանցին մէջ:

Խօսք. «Հրեաները քարեր առին» (Յհ 8.59):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ կ՚ուզէին քարկոծել զԻնք՝ որպէս հայհոյիչի: Եւ յայտնի է, ոչ թէ Աստուծոյ սիրոյն կ՚ընէին, այլ՝ իրենց նախանձին պատճառով, քանի որ հայհոյիչի մը քարկոծելու համար չորս բան կը պահանջուի. նախ՝ դատաստան կը դրուի, երկրորդ՝ վկայութիւն կը բերուի, երրորդ՝ վճիռ կը տրուի, չորրորդ՝ քաղաքէն դուրս կը քարկոծուի: Արդ, ասոնք առանց այս բոլորին, սուրբ վայրին մէջ կ՚ուզէին քարկոծել զՔրիստոս:

Խօսք. «Յիսուս խոյս տուաւ» (Յհ 8.59):

Մեկնութիւն. նախ՝ մեզի համբերութեան օրինակ տուաւ, դարձեալ՝ ցոյց տուաւ, թէ երբեմն հաւատացեալներուն կարելի է իրենց անձը պահել հալածիչներէն: Իսկ խոյս տալը փախչիլը կամ պահուըտիլը չէ, այլ՝ Ինքզինք անտեսանելի ըրաւ անոնցմէ ու անոնց մէջէն գնաց, սակայն աշակերտները կը տեսնէին զՔրիստոս:

Քրիստոս պէտք չունի մէկու մը աչքէն փախչիլ կամ թաքնուիլ երեք պատճառի համար. նախ՝ եթէ որպէս վախցող մը պահուըտած ըլլար տեղ մը, կը բռնէին զԻնք ու կը քարկոծէին, քանի որ անոնք Տաճարին պահապաններն էին: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոս այստեղ Իր մեծութիւնն ու անմահութիւնը ցոյց տուաւ, որ Աբրահամէն բարձր է, այդ պատճառով որպէս տկար փախչիլը պատշաճ չէր: Երրորդ պատճառ՝ որովհետեւ սքանչելիքներուն նայելով, որ Քրիստոս ցոյց տուաւ Իր մարմինով տասը կերպով:

ՄԱՐՄԻՆԻ ՏԱՍԸ ՍՔԱՆՉԵԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Նախ՝ կոյսէն առանց տղամարդու ծնաւ եւ առանց մօր ապականութեան: Երկրորդ՝ քառասնօրեայ պահեցողութիւն առանց կերակուրի: Երրորդ՝ գահավէժ ըլլալու ժամանակ Արտեւան լեռնէն օդին վրայէն ու անոնց մէջէն գնաց: Չորրորդ՝ ծովուն վրայէն քալելը իբրեւ թռիչք ալիքներու մկաններուն վրայէն: Հինգերորդ՝ փառաւոր այլակերպութիւնը: Վեցերորդ՝ հացին Իր մարմինին յանկարծակի փոփոխումը: Եօթներորդ՝ Ինքեան յարութիւնը մեռելներէն: Ութերորդ՝ փակ դռներով աշակերտներուն մօտ մտնելը: Իններորդ՝ հրաշապէս համբառնալը: Տասներորդ՝ ասիկա, որ անոնց մէջէն անտեսնաեի կերպով գնաց:

Իսկ այլաբանութեամբ ցոյց կու տայ ծածուկ խօսքերն ու Աստուծոյ անգիտելի դատաստանը. նախ՝ որ Իր անձը թաքուն պահեց հրեաներէն մինչեւ հիմա, երկրորդ՝ քանի որ մարմնական, օրինական [խորհրդական] տաճարէն եւ հրեաներու աստուածապաշտութենէն ելաւ ու յանգեցաւ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ Անոր փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 86

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021