ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«STARTUP ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ՝ ՌԱՍ ԱԼ ՀԱՅ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ռաս ալ Հայմի էմիր, Շէյխ Սաուտ պըն Սաքր ալ Ղասիմի բացումը կատարեց startup վեհաժողովին, որ առաջին անգամն ըլլալով կը կայանայ էմիրութեան Ալ Մարիան կղզիին մէջ:
Ծովեզերեայ startup վեհաժողովը առաջինն է, զոր «Startup Հայաստան» հիմնա-դըրամը կը կազմակերպէ Հայաստանի սահ-մաններէն դուրս: Միջոցառումը տեղի ունեցած է RAK Incubation and Accelerator-ի հետ, Հոկտեմբեր 2017-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի հիման վրայ:
Մինչեւ 12 Փետրուար տեւած վեհաժողովը ունեցած է 500 մասնակից, ներառեալ startup ընկերութիւններու 300 սեփականատէրեր եւ 50 ներդրողներ:
Վեհաժողովը կազմակերպուած է վրանային քաղաքի մէջ: Մասնակիցները սեմինարներու ներկայ եղած են, ներդրողներու հետ հանդիպումներ ունեցած եւ մրցումներու մասնակցած են:
«ԵՈՒԹՈՒՊ»Ը ԿԸ ՊԱՏԺԷ ՊԼՈԿԸՐՆԵՐԸ
«ԵուԹուպ»ի ղեկավարութիւնը որոշած է պատժել այն պլոկըրները, որոնք կը հրապարակեն «վնասակար» գրութիւններ:
Ըստ նորացուած քաղաքականութեան, «ԵուԹուպ» ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ օգտատէրը զրկել համայնքի համար վնասակար ծանուցում մը ցուցադրելու կարելիութենէն: Բացի ատկէ, անհամապատասխան տեսանիւթերու հեղինակը կրնայ կորսնցնել «Կուկըլ Փրիֆըրտ» եւ «ԵուԹուպ Օրիճինըլզ» դրամայնացման ծրագիրներու մատչելիութիւնը:
«Քաղաքականութեան հարցերու մեր մասնագէտներու խումբը պիտի վերլուծէ իւրաքանչիւր դէպք եւ պիտի տեղեկացնէ ոեւէ անձ, որուն վարքը պատճառ կը դառնայ արտօնութեան կորուստի», կը նշուի «ԵուԹուպ»ի հաղորդագրութեան մէջ:
«ԽԵԼԱՑԻ ԱԿՆՈՑԸ» ՉԻՆԱՑԻ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒՆ Կ՚ՕԳՆԷ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ԳՏՆԵԼՈՒ
Չինաստանի ոստիկանութիւնը արդէն 30-է աւելի յանցագործներ ձերբակալած է շնորհիւ ակնոցի մը, որ կը դիւրացնէ դէմքերու ճանաչումը: Սարքը կ՚աշխատի պը-լանշեթի հետ, որ կը մշակէ ստացուած տուեալները:
Յանցագործները փնտռելու նոր համակարգը բաղկացած է յատուկ ակնոցէ եւ պլանշեթէ, որ կը պարունակէ տուեալներու շտեմարան: Ակնոցը կը ներդաշնակուի պլանշեթին հետ եւ անոր կը փոխանցէ պատկերներ, որոնք յետագային կը մշակ-ւին արհեստական բանականութեան միջոցով:
ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ (ՖԷՅՍՊՈՒՔ) ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Դիմատետր ընկերային ցանցը սկսած է կորսնցնել ժողովրդականութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող երիտասարդներու եւ դեռահասներու համար, որոնք աւելի եւ աւելի աշխոյժ կը գործածեն «Ինսթակրամ»ն ու «Սնեփչեթ»ը: Այս մասին կը փաստէ «իՄարքեթըր» ընկերութեան ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն, 2018 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ 6 առ հարիւրով պիտի նուազի 18-էն մինչեւ 24 տարեկան Դիմատետր գործածողներուն թիւը: 12-17 տարեկան պատանիներու պարագային ընթացիկ տարուան մէջ առաջին անգամ ընկերային ցանցը գործածող կը մնայ այդ տարիքային մակարդակի ներկայացուցիչներու 50 առ հարիւրէն նուազ մասը: Այս միտումը, ինչպէս կը սպասուի, կը պահպանուի նոյնպէս 2019-2020 թուականներուն:
Ըստ «իՄարքեթըր»ի նախատեսման, «Ինսթակրամ»ը եւ «Սնեփչեթ»ը նոր գործածողներու թիւի աճի կշռոյթներով առաջատարները կը դառնան 12-էն մինչեւ 24 տարեկաններու շրջանակին մէջ:
Ներկայիս Դիմատետրը կը մնայ Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ ժողովըր-դականութիւն վայելող ընկերային ցանցը, ընդ որում՝ զգալի առաւելութիւն ունի «Ինսթակրամ»ի եւ «Սնեփչեթ»ի նկատմամբ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Դիմատետր գործածողներուն թիւը շուրջ 170 միլիոն է: Իսկ Դիմատետրին պատկանող «Ինսթակրամ»ը գործածողներու թիւը՝ աւելի քան 104 միլիոնը, «Սնեփչեթ»ը՝ 87 միլիոն:
ԴԻՄԱՏԵՏՐ «ԲԹԱՄԱՏԸ ՎԱՐ» ԿՈՃԱԿԻ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄ ԸՐԱՒ
Դիմատետրի ստուգումը սկսաւ նոր՝ «բթամատը վար» կոճակին, որ կարելիութիւն կու տայ ծածկելու մեկնաբանութիւնները եւ արձագանգելու ատոնց: Ընկերային ցանցը ստեղծողները կը պնդեն, որ ասիկա «տիսլայք» կոճակը չէ, որուն ներդրման խնդրանք կատարած էին շատեր:
«Մենք կ՚ուսումնասիրենք «մատը վար» կոճակը, որ մարդոց թոյլ կու տայ հանրային էջերու մէջ հաղորդագրութիւններու մեկնաբանութիւններու մասին արձանագրութիւններ ընել:
Ասիկա ցարդ մատչելի է միայն Միացեալ Նահանգներու խումբ մը բնակիչներու համար», կը նշուի ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Մատը վար» կոճակը կարելիութիւն կու տայ ընտրուած մեկնաբանութիւնները ծածկելու, որմէ ետք օգտագործողը կրնայ մեկնաբանութիւնները նշել որպէս «վիրաւորական», «շփոթ յառաջացնող» կամ «նիւթէն դուրս»: Ասիկա չ՚ազդեր այլ մարդոց համար հաղորդագրութիւններու տեսանելիութեան վրայ, նոյնպէս նորութիւններու ժապաւէնին մէջ ատոնց վարկանիշին վրայ:
«ԾԵԾՈՒԱԾ» ԶՈՒՔԵՐՊԵՐԿԻ ՆԿԱՐԸ
Ամերիկեան «Ուայրտ» ամսաթերթի կողքին վրայ հրապարակուած է Դիմատետրի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկի՝ ծեծուած դէմքով նկարը: Ամսաթերթի կայքին մէջ կ՚ըսուի, որ թիւը յատկացուած է ընկերային ցանցի ձախողութիւններուն եւ անյաջողութիւններուն:
Նկարազարդման հեղինակ Ճէյք Ռոլանտ կ՚ըսէ, որ ինք ստեղծած է ծեծուած Զուքերպերկի կերպարը քանի մը լուսանկարի հիման վրայ:
«Ամսաթերթը ծեծուած եւ կռիւներու մէջ յօշոտուած Զուքերպերկի դիմանկար կ՚ուզէր. միակ խնդիրն այն էր, որ ան պատրաստակամ չէր ատոր համար լուսանկարելու», ըսած է Ռոլանտ, ըստ որուն, ինք առած է Զուքերպերկի լուսանկարը եւ համադրած է ատիկա երեք լուսանկարի հետ:
Ամսաթերթի այս թիւին գլխաւոր յօդուածը կը ներկայացնէ այն խնդիրները, որոնց Դիմատետրը բախած է վերջին քանի տարուան ընթացքին: Խօսքը կեղծ լուրերու դէմ պայքարի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան միջամտութեան մեղադրանքներու մասին է:
ՄԷԿ ՄԻԼԻԱՌ ՄԱՐԴ WHATSAPP-Ի ՄԻՋՈՑՈՎ ՕՐԱԿԱՆ 55 ՄԻԼԻԱՌ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՂՐԿԷ
Գրաւոր եւ ձայնային ծառայութիւններու փոխանակման WhatsApp ծառայութիւնը օգտագործողներու թիւը մէկ ամսուան ընթացքին հասած է 1.3 միլիառի, ընդ որում՝ 1 միլիառ մարդ օրական շուրջ 55 միլիառ հաղորդագրութիւն կ՚ուղարկէ: Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց WhatsApp ընկերութեան առեւտրական զարգացման փոխնախագահ Նիրաճ Արորա, Տուպայիի մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային կառավարական վեհաժողովին, որ յատկացուած էր արդիւնաւէտ պետական կառավարման եւ կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու ներդրման հարցերուն:
Ըստ Արորայի, WhatsApp-ի միջոցով ուղարկուող գրաւոր եւ ձայնային հաղորդագրութիւնները կը պաշտպանուին վերջնակէտային (end-to-end) ծածկաթիւի միջոցով:
«WhatsApp-ի յաջողութեան հիմնական պատճառները անոր ապահովութիւնն եւ պարզութիւնն են: Մեր նշանաբանն է՝ ո՛չ ծանուցումին, ո՛չ խաղերուն, ո՛չ «շատ լաւ կ՚աշխատի մեզի համար» հնարքներուն», ըսաւ ան:
«Մեր առաջնահերթութիւնը օգտագործողներու օգուտի երաշխաւորումն է, այդպէս ալ կը զարգանանք: Մեզի համար կարեւոր է WhatsApp-ի մատչելի ըլլալը: Մեր ծառայութենէն կ՚օգտուին ո՛չ միայն զարգացած, այլ նաեւ բարգաւաճող երկիրներու մէջ: Կ՚ուզենք համոզել մարդիկը, որ WhatsApp-ը օգտակար բան է, առօրեայի գլխաւոր տարրը», հաստատած է ընկերութեան փոխ-նախագահը:
2017-ԻՆ ՑԱՆՑԱՀԷՆՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐԷ ԳՈՂՑԱԾ ԵՆ 1.156 ՄԻԼԻԱՌ ՌՈՒԲԼԻ
Ռուսաստանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-նախագահ Տմիթրի Սքոպելքին յայտնեց, որ 2017 թուականին ցանցահէնները ռուսական դրամատուներէ կրցած են գողնալ 1.156 միլիառ ռուբլի:
Ըստ անոր, անցեալ տարի, ընդհանուր առմամբ, արձանագրուած է կիպերային յարձակման 21 ալիքներ, որոնք իրականացուած են Քոպալտ Սթրայք ժահրի միջոցով: Յարձակումներու ենթարկուած է աւելի քան 240 վարկային կազմակերպութիւն: Յարձակումներէն 11-ը հասած են իրենց նպատակին:
Դեկտեմբեր 2017-ին մամուլին մէջ հրապարակուեցաւ տեղեկութիւն, ըստ որուն, ՄանիԹէյքըր ռուսախօս ցանցահէններու խումբը կ՚իրականացնէ դրամատնային կողոպուտներ ամբողջ աշխարհի մէջ: Խումբը կ՚աշխատի 2016 թուականէն եւ այդ ընթացքին արդէն իրականացուցած է շուրջ 20 յարձակում՝ հիմնական թիրախ դարձնելով Ռուսաստանի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դրամատուները:
Ռուսաստանի Դրամատան պատասխանատուներէն Արտիոմ Սիչով Սեպտեմբերին յայտնած էր, որ ռուսական դրամատուները յարձակման կ՚ենթարկուին շաբաթական երկու-երեք անգամ: Յանցաւոր խումբերու կողմէ ամենէն շատ գործուած ժահրը եղած է Քոպալտ Սթրայք-ը:
ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅ ՇՈՒՆԸ ԴՈՒՌ ԿԸ ԲԱՆԱՅ
Ամերիկեան «Պոսթըն Տայնամիքս» ընկերութեան մասնագէտները մարդամեքենայ շան սորվեցուցած են դռներ բանալ: Ներկայացուած տեսահոլովակին մէջ կը ցուցադրուի իրավիճակ մը, երբ մարդամեքենան չի կրնար դուրս գալ սենեակէն եւ անոր օգնութեան կը հասնի այլ մարդամեքենայ մը: Սենեակէն դուրս գալու հոլովոյթը շուրջ 15 երկվայրկեան կը տեւէ: «Պոսթըն Տայնամիքս» ընկերութիւնը այժմ կը պատկանի ճաբոնական «Սոֆթպանք»ին:
Ամերիկեան մշակողը յայտնի է Ատլաս մարդամեքենայով եւ «չորքոտանի» ՊիկՏոկ-ով:
2017 թուականի Հոկտեմբերին չինական «Իւնիթրի Ռոպոթիքս»ը ստեղծած էր Լայքակօ շուն մարդամեքենան, որ անուանուած է 3 Նոյեմբերին տիեզերք ուղեւորուած առաջին տիեզերագնաց անասունին՝ Լայքի շան ի պատիւ:
ԼՈՒՍԻՆԻ ՈՒՂԵԾԻՐԻՆ ՎՐԱՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՅԱՆ
Միացեալ Նահանգներ 2022 թուականին լուսնի ուղեծիրի վրայ կը սկսի կառուցել տիեզերակայան, որուն մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային տիեզերական գործակալութեան՝ ՆԱՍԱ-ի տնօրէնի պաշտօնակատար Ռոպերթ Լայթֆութ:
«Մենք լուսնի ուղեծիրին վրայ տիեզերական ենթակառոյցի կառուցման աշխատանքներու կը սկսինք, որպէսզի մեր ամենէն մօտ «դրացին» մնայուն ուսումնասիրենք եւ հետազօտենք: 2022 թուականին մենք կ՚իրականացնենք դէպի լուսնի ուղեծիր ուժային եւ շարժիչ տարրի արձակում, ապա ատիկա կը դառնայ լուսնային ուղեծիրային հարթակի (Lunar Orbital Platform-Gateway) հիմքը», ըսած է Լայթֆութ:
Ան մանրամասնած է, որ 2020-ական թուականներուն ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ամերիկացիները լուսին վերադարձնելու, նոյնպէս լուսնային ուղեծիրի ուսումնասիրութեան համար:
«Կարճ խօսքով՝ մենք կրկին լուսին վերադառնալու ճամբուն վրայ ենք, միաժամանակ, մեր հայեացքները սեւեռած ենք հրատին», աւելցուցած է Լայթֆութ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան