ԲՈՒԺԱՐԱՐ ԱՅԾԸ…

Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Սանթա Մոնիքա քաղաքի բնակիչներէն Միշէլ Թրիթըն՝ եոկայի (Yoga) ուսուցիչ է։ Եոկայի իր դասընթացքը սակայն տարբեր է ուրիշ դասընթացքներէ այն առումով, որ անոր դասարանը ազատ մուտք ունին այծերը, որոնք կը դեգերին քիչ մը ամէն տեղ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Միշէլ Թրիթըն կը խորհի, որ այծերը ունին բուժիչ յատկութիւն եւ անոնց հետ ընկերակցութիւնը առիթ կ՚ընծայէ, որ մարդիկ մոռնան իրենց ցաւերը եւ ուրախ տրամադրութեամբ ժամանակ անցընեն։ Ան նոյնիսկ նշած է, որ առանց Ֆլոյտին եւ Ռասքոյին (իր երկու սիրալիր այծերը), ան իր եոկայի դասընթացքներուն չի սկսիր։

Մենք գիտենք, որ այծերը կը սիրեն բարձր վայրերը եւ անոր համար կը մագլցին՝ լեռները արածելու եւ կը հանգչին ժայռերու վրայ։ Եւ ահա այդ մագլցումը այժմ կ՚իրականանայ եոկայի դասարանին մէջ, երբ անոնք ժայռի փոխարէն կը մագլցին մարդոց կրնակը (տես նկարը)։

Այծերէն մին նոյնիսկ միզած է եոկայի ջերմ սիրահար Սարա Տաուսընի վրայ եւ ան փոխանակ նեղուելու եւ քանելու այդ արարքէն՝ ուրախանալով արտայայտուած է, որ ինքզինք բախտաւոր կը նկատէ եւ պէտք է բախտը փորձէ՝ վիճակահանութեան տոմս մը գնելով…

Խորքին մէջ, այծին եոկայի դասընթացքներուն մասնակցութիւնը (Goat Yoga) սկսած է 2016-ին, Սանթա Մոնիքայէն հազար մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Օրեկոն նահանգի Ալպընի քաղաքին մէջ։ Հոն Լէյնի Մորս անունով տիկին մը, որ նոր ամուսնալուծուած էր, այծերու հետ ընկերակցութեան մէջ գտած է անոնց բուժիչ յատկանիշը եւ մնացեալը, պատմութեան անցած ըլլալով, դարձած է վարակիչ:

Մենք գիտենք, որ մարդիկ շուն կը պահեն եւ անոնց վրայ կը գուրգուրան՝ յայտարարելով, որ շուները հաւատարիմ են ու անոնց բարեկամութիւնը անգտանելի է։ Ասոր փաստը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ մարդիկ պատրաստ են հազարաւոր տոլարներ ծախսել շուներուն վրայ, երբ անոնք հիւանդանան։

Եւ ահա ուրիշ նորութիւն մը ի յայտ կու գայ, որ է՝ այծերու բարեկամութիւնը եւ անոնց ընկերակցութեան բուժիչ յատկութիւնները։ Հիմա հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՛ր կենդանին պիտի յաջորդէ բուժիչ յատկութիւն ունեցող այս շարքին։

ՍԷՐ՝ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷ՞Ն ԱՆԴԻՆ…

Այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճորճիա նահանգի Կլենվիլ քաղաքէն։ Իսկ պատմութեան առանցքը կը կազմէ 93 տարեկան Քլերընս Փըրվիս անունով մարդ մը, որուն սէրը հանդէպ իր տիկնոջ յաւիտենական է։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Քլերընս 1948-ին հանդիպած է Քերըլայն Թատ անունով մանկամարդուհիի մը եւ, սիրահարելով անոր, տարի մը ետք անոնք ամուսնացած են՝ կազմելով համերաշխ ընտանեկան բոյն մը։ Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով։

2013 թուականին Քերըլայն կը մահանայ 81 տարեկան հասակին։ Իսկ Քլերընս, աւելի քան 63 տարուան ուրախ ամուսնական կեանքի մը շնորհած բարիքները եւ մանաւանդ Քերըլայնի հանդէպ տածած անկեղծ սէրը երբեք չի կրնար մոռնալ։

Հիմա ան օրական չորս անգամ կ՚այցելէ գերեզմանատուն, կը համբուրէ գերեզմանաքարին վրայ զետեղուած տիկնոջ նկարը, կը զետեղէ ծաղիկ մը հոն եւ կը վերադառնայ տուն։ Իսկ երբ ընթրիքի համար իրենց նախասիրած ճաշարանը (Smith’s Diner) կ՚երթայ, ան կը զետեղէ տիկնոջ նկարը սեղանին վրայ (տես նկարը) եւ այդպէս կը ճաշէ…

Խիստ հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ որ ան՝ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տակաւին իր տան պարտէզին հոգ կը տանի, ինքնաշարժ կը վարէ եւ բարեկամներուն այցելութիւն կու տայ։ «Սէրը երկայնամիտ է», կ՚ըսէ Աւետարանը եւ ահա անոր ցայտուն փաստը՝ այդ իրականութեան, չէ՞ք խորհիր:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018