ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Բուքը պատած էր բլուրները։

Սպիտակ ներկած էր զանոնք արդէն քանի մը ժամէ ի վեր. պարզապէս կը շարունակէր տնտնալ, փէշերը աջ-ձախ սփռել, մինչեւ վերջնականապէս յագենար, տիրացած զգար այդ տեղանքին, ու բաւարարուած քաշուէր երկինք, տեղն արեւուն զիջելով։

Բուքը կը փչէր ինքնամոռաց։

Հեռուն, քօղերուն ետեւն անոր, կ՚երեւէին քանի մը լուսաւոր կէտեր, տուփիկներ, տունիկներ կարծես. գիւղ մը ահա։ Ետեւն անոնց, չափազանց պղտոր, ահագին համեստ ու լուռ, Սաղմոսավանքը կ՚երեւար, արդէն քանի հարիւրերորդ անգամ ճերմակ գթակն անցուցած գմբէթին։

Տուներէն մէկն աւելի կանչող էր, աւելի լուսաւոր։ Արտասովոր բան կար այնտեղ։ Ոչ-ամէնօրեայ, ոչ-յաճախակի, կարծես ոչ-իրական բան մը. հարսանիք։ Ցուրտը դուրս պահող, ինքն իր վրայ ամփոփուած ու ամբողջովին փակ պատուհաններով ու դռներով այդ տնակէն երաժշտութիւն մը կու գար, կը խառնուէր բուքի հոգոցին։ Ելեկտրոնային ռիթմերով համեմուած հայկական աւանդական մեղեդի մը կարծես։

Քրտինքի, շունչի, եւ ալքոլի աւազան մըն էր ներսը։ Տաք օճախ մը, ուր մարդիկ, բոլորն ալ, անվերարկու էին։ Շոգեպատած ապակեայ պատուհաններէն դուրս արդէն ոչինչ կ՚երեւար։ Կատարեալ առանձնացում մըն էր գիւղէն, երկրէն, կեանքէն, որ վաղը առտու պիտի գար, դարձեալ ու միշտ։

Մէկը օղիի ներքին ռիթմը բռնած կը պարէր, կը թռվռար գրեթէ միս մինակ. ինքն իր հետ։

Միւսը գրկած ընկերոջը մէջքէն, ցած, անհասկնալի, խորագոյն անկեղծութեամբ բաներ մը կը պատմէր. ինքզինքը կը պատմէր։

Ուրիշ մը, ծերունի, իր վերջին հարսանիքը կ՚ապրէր։

Մէկ այլը, մայրը հարսին, թախծոտ երջանկութեամբ աղջկան կը նայէր, ու չէր հաւատար։

Անկիւնը մինակ նստած մարդը, յիսունի մօտ, ամուրի, անգամ մը եւս իր մենութեանը կ՚անդրադառնար։

Երիտասարդ աղջիկ մը հիացմունքով կը նայէր հարսին, ու չէր հասկնար, թէ կողքը նստած ընկերուհին ինչո՞ւ դժգոհ էր, ինչո՞ւ թերահաւատ։

Հարսը հարս կը խաղար, շպարին տակ աճող վախ մը պահելով։

Փեսան փեսայ կը խաղար, քոսթիւմին տակ ինքնահաստատման մղում մը, պարտականութիւն մը գրեթէ սնելով։

Քոչարին գլուխը առած կ՚երթար, իսկ առաւօտը, անհամբեր, կը սպասէր։

Բուքը պատած էր բլուրները։ Բուքը կը փչէր ինքնամոռաց։ Սաղմոսաւան գիւղին մէջ տարուայ առաջին հարսանիքն էր։

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020