ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԺԱՄԱՄՈՒՏ

Հարցում. Բուն Պատարագը ի՞նչ խօսքով կը սկսի:

Պատասխան. Քահանային ըսելովը՝ «օրհնեալ թագաւորութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

Հ. Սարկաւագին երբեմն-երբեմն «Օրհնեա՛ Տէր» ըսելը, ի՞նչ կը նշանակէ:

Պ. Սարակաւագը հրեշտակներուն պարտականութիւնը կը կատարէ, ինչպէս որ դպիրները եւս իրենց ըսածները ժողովուրդին փոխարէն կ՚երգեն ու կ՚ըսեն: Ամէն անգամ երբ հարկ համարուի քահանային օրհնութիւնը ստանալ, կամ աղօթք մը ըսել տալ իրեն ժողովուրդին համար, սարկաւագը կը խնդրէ, որ ան օրհնութիւն տայ, եւ ահա այս է «օրհնեա՛ Տէր» ըսածը:

Հ. Ժամամուտը ի՞նչ է:

Պ. Ժամամուտ կ՚ըսուի այն ամփոփ աղօթական ձեւով խօսքին, որ դպիրները՝ կամ որ նոյնն է ժողովուրդը, այս ընթացքին կ՚ըսեն, ըստ օրուան պատշաճին՝ իբրեւ Պատարագի սկսելով, ինչպիսին է այն հին ու հանդիսաւոր ժամամուտը, որ կիրակի օրերը կ՚ըսուի, եւ որ յունարէնէ թարգմանուած է.

Միածին Որդի եւ Բանդ Աստուած եւ անմահ էութիւն, որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ Կուսէն: Անփոփոխելիդ, մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած մեր. մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի Սրբոյ Երրորդութենէն, փառաւորակից ընդ Հօր եւ Սրբոյ Հոգւոյն, կեցո՛ զմեզ:

Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ այս խօսքը, որ սարկաւագը յաճախ կը քարոզէ ու կ՚ըսէ. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք»:

Պ. Ժողովուրդին ուղղուած յորդոր է, որպէսզի Աստուծմէ հոգեւոր ու մարմանաւոր խաղաղութիւն խնդրեն, որովհետեւ միայն սիրտի խաղաղութեամբ ու սրբութեամբ կատարուած աղօթքն է ընդունելի Աստուծոյ. ուստի, խօսքերուն իմաստը այս է. «Կրկին ու կրկին աղաչենք Աստուծոյ, որպէսզի խաղաղութիւն պարգեւէ մեզի»:

Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ քահանային դէպի ժողովուրդ դառնալն ու խաչաքնկելով ըսելը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն» կամ «խաղաղութիւն ընդ ամենեսեան»:

Պ. Քահանան երբեմն-երբեմն խաղաղութիւն այսինքն՝ ողջոյն կու տայ ժողովուրդին, որպէսզի պատշաճ լռութեամբ, մտադրութեամբ եւ վայելչութեամբ բոլորն ալ աղօթքի կենան, ու ջերմեռանդ աղօթքով մասնակից ըլլան Պատարագի մատուցումին: Միաժամանակ ժողովուրդին վրայ խաչակնքելով, Աստուծոյ կողմէ օրհնութիւն կու տայ բոլորին:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կերպով կ՚ընդունի քահանային տուած խաղաղութիւնը:

Պ. Երեսը կը խաչակնքէ եւ դպրաց դասին հետ շնորհակալութեան ձեւով կը պատասխանէ ողջոյնին. «Եւ ընդ հոգւոյդ քում», այսինքն՝ մեզի տուած խաղաղութիւնդ կամ ողջոյնդ նաեւ քու վրադ ըլլայ:

Հ. Սարկաւագը ի՞նչ պատասխան կու տայ:

Պ. «Աստուծոյ երկրպագեսցուք», այսինքն՝ բոլորս միաբան երկրպագութիւն ընենք Աստուծոյ:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կը պատասխանէ:

Պ. «Առաջի Քո Տէր», այսինքն՝ Տէր, այն պատճառով եկած ենք, որպէսզի Քու դիմացդ երկրպագութեամբ եւ աղօթքով փառաւորենք Քեզ:

Հ. Երկրպագութիւնը քանի՞ կերպով կ՚ըլլայ:

Պ. Բուն երկրպագութիւնը՝ ինչպէս որ խօսքն ալ ցոյց կու տայ, գետինը տարածուելով համբուրելն է, ըստ բոլոր արեւելքցիներու հին ու նոր սովորութեան: Սակայն, երկրպագութիւն կը համարուի նաեւ կէս մէջքէն ծալուիլը, ծնրադրութիւն ընելը, երեսը խաչակնքելով գլուխը խոնարհեցնելը, եւ այլն:

Հ. Քահանան Ժամամուտէն ետք ի՞նչ կ՚ընէ:

Պ. Տէր Աստուած մեր, որոյ կարողութիւնդ անքննին է եւ փառքդ՝ անհասանելի: Որոյ ողորմութիւնդ անչափ է եւ գթութիւնդ՝ անբաւ: Դու ըստ առատ մարդասիրութեանդ Քում, նայեա՛ ի ժողովուրդս Քո եւ ի տաճարս այս սուրբ, եւ արա՛ ընդ մեզ եւ ընդ աղօթակիցս մեր՝ առատապէս զողորմութիւն Քո եւ զգթութիւն: Զի Քեզ վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Տէր Աստուած մեր, Քու ամենակարող զօրութիւնդ արարածական խելքով չի քննուիր, եւ Քու փառացդ մեծութեանը խելք չի հասնիր, Քու ողորմութիւնդ չափ չունի, եւ ո՛չ ալ գթութիւնդ սահման. Դուն Քու առատ մարդասիրութեամբդ նայէ Քու ժողովուրդիդ ու այս Սուրբ Տաճարին, եւ տուր մեզի ու մեր աղօթակիցներուն առատապէս Քու ողորմութիւնդ ու գթութիւնդ, որովհետեւ Քեզի կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ...:

Հ. Այս ընթացքին երբ դպիրները ըստ աւուր պատշաճի շարական կ՚երգեն, քահանան վերը ի՞նչ կ՚ընէ:

Պ. Ծածուկ կերպով ետեւ ետեւի երեք աղօթք կ՚ըսէ:

Հ. Քահանան ինչո՞ւ համար Պատարագի աղօթքներէն մէկ քանին ձայնով կ՚ըսէ ու մէկ քանին ծածուկ կամ առանձինն:

Պ. Նախ՝ թէեւ քահանան քանի մը աղօթքներ ծածուկ կ՚ըսէ, սակայն անոնց իմաստները սարկաւագներուն ու դպիրներուն ըսածներուն ընդհանրապէս նման ըլլալով՝ հարկ չի՛ համարուիր անոր բարձրաձայն ըսելը իւրաքանչիւր աղօթք: Երկրորդ՝ աղօթքներէն մի քանին ծածուկ ըսելով՝ իր միտքը աւելի զբաղած կ՚ըլլայ աղօթական խօսքերու՝ մինչդեռ դպիրներն ու սարկաւագները թէեւ ուրիշ՝ բայց Խորհուրդին յարմար բաներ կ՚երգեն: Եւ երրորդ՝ քահանային աղօթքներն ու դպիրներուն եւ սարկաւագներուն ըսածները հետզհետէ ըսուելով՝ կրնային չափազանց երկարել Պատարագը, այդ պատճառով անոնց մէկ մասը քահանան ծածուկ կերպով կ՚ըսէ:

Հ. Հետեւաբար ըստ ինքեան արգիլուած չէ՞ ժողովուրդին լսել կամ գիտնալ քահանային ծածուկ մատուցած աղօթքները:

Պ. Ո՛չ, երբեք. ընդհակառակը, լաւը գիտնալն ու լսելն է՝ եթէ կարելի ըլլայ. որովհետեւ, անոր ըսած գրեթէ բոլոր աղօթքները եւս ժողովուրդին կողմէ կամ բոլորի համար են:

ԵՐԵՔՍՐԲԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հ. Երեքսրբեան փառաբանութիւնը ի՞նչ կերպով կ՚ըլլայ:

Պ. Նախ՝ քահանան առանձնական աղօթքով մը Աստուծմէ կը խնդրէ, որպէսզի սուրբ հրեշտակներն ալ փառաբանակից ըլլան մեզի. այս են խօսքերը.

Տէր Աստուած մեր, որ կարգեցեր յերկինս զդասս եւ զզինուորութիւնս հրեշտակաց եւ հրեշտակապետաց ի սպասաւորութիւն փառաց Քոց: Արա՛ այժմ ընդ մուտս մեր մտանել եւ սրբոց հրեշտակաց եւ լինել պաշտօնակից մեզ եւ փառաբանակից Քում բարերարութեանդ:

Հ. Այս աղօթքէն ետք քահանան ինչո՞ւ պատճառական ձեւով մը՝ ձայնով կ՚ըսէ. «Զի Քո : կարողութիւն եւ զօրութիւն, եւ փառք յաւիտենաս յաւիտեանից: Ամէն»:

Պ. Սովորութիւն է, որ Պատարագի ընթացքին քանի մը աղօթքներ թէեւ ծածուկ կ՚ըսէ քահանան, սակայն իւրաքանչիւր աղօթքի վերջին մասը ձայնով կ՚ըսէ, այնպէս է նաեւ այս՝ զի Քո կարողութիւնը, որ վերոգրեալ աղօթքին վերջաւորութիւնն է:

Հ. Երեքսրբեան փառաբանութեան հանդէսը ինչպէ՞ս կը սկսի:

Պ. Սարկաւագը ժողովուրդին կը քարոզէ ու կ՚ըսէ. Պռօսխումէ:

Հ. Պռօսխումէն ի՞նչ լեզուով է ու ի՞նչ կը նշանակէ:

Պ. Յոյներու բռոսեխօմէն բառն է, որ ուշադի՛ր եղէք կը նշանակէ:

Հ. Ի՞նչ պատճառով եկեղեցական պաշտամունքներու ընթացքին որոշ բառեր օտար լեզուով կ՚ըսուին:

Պ. Առաքելաներուն ժամանակէն սովորութիւն եղած է բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս՝ քանի մը եբրայական եւ յունական բառեր գործածելը, որպէսզի չմոռցուի, թէ ճշմարիտ աստուածապաշտութեան կարգերուն մեծ մասը սկիզբէն այս լեզուներով գրուած են, եւ միաժամանակ իրարու հետ հաղորդակցութեան նշան մը ըլլայ հաւատքի էական մասունքներուն՝ բոլոր ուղղափառ եկեղեցիներու քրիստոնեաներուն միջեւ:

Եբրայերէն են ասոնք. Ալէլուլիա, որ է՝ զԱստուած օրհնեցէք: Ամէն, որ է՝ եղիցի: Ովսաննա, որ է՝ կեցո՛ զմեզ Տէր, կամ փրկեա՛ զմեզ Տէր:

Իսկ Յունարէն են. Պռօսխումէ, ուշադի՛ր եղէք: Օրթի՛ կամ որթի՛, ուղիղներ, այսինքն՝ մարմինով եւ հոգիով ուղիղ կենանք: Սաղմոս, մեղեդի, մեսեդի, եպիսկոպոս, երէց, պատրիարք, կաթուղիկէ, կաթողիկոս, եւ այլն:

Հ. Երեքսրբեան փառաբանութիւնը ո՞րն է:

Պ. «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ Հզօր, Սուրբ եւ Անմահ, որ խաչեցար վասն մեր (կամ որ յարեար ի մեռելոց, եւ այլն, ըստ աւուրն պատշաճի), ողորմեա՛ մեզ»:

Հ. Այս Սուրբ Աստուած երգին մասին ի՞նչ գիտելիք կայ:

Պ. Թէեւ այս երգը շատ հին է, բոլոր քրիստոնեաներուն մէջ յարգի է եւ իբրեւ առաքելաւանդ երգ, սակայն այս անվնաս տարբերութիւնը կայ, որ յոյներն ու լատինները գէթ քանի մը հարիւր տարիէ ի վեր ի դէմս Երրորդութեան կ՚երգեն այս երգը, ուստի եւ չեն ըսեր՝ որ խաչեցար վասն մեր կամ յարեար ի մեռելոց, եւ այլն. իսկ մեր՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին նոյն երգը ի սկզբանէ ի դէմս Քրիստոսի կ՚երգէ՝ ճշմարիտ Աստուած ճանչնալով ու դաւանելով զԻնք:

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020