ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Այսօրուան աշխարհը անարդարութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն է: Մարդիկ ամէն ինչի մէջ կը փորձեն խաբել եւ այդպիսով աւելի գումար ստանալ: Կը պատճառաբանեն, թէ պայմանները դժուարացած են, եւ այլն: Այս պատճառաբանութիւնները իրաւացի՞ են:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ՝ հաւասարապէս Տիրոջ առջեւ պիղծ են» (Առ 20.10): Պարզ եւ յստակ: Խաբէութիւնը ո՛չ մէկ արդարացում ունի: Խաբելով գումար աշխատիլը ո՛չ միայն արդարացում չունի, այլ՝ պիղծ է Տիրոջ աչքին: Աւելին, խաբէութիւնը հակառակիլ է Աստուծոյ պատուիրանին, թէ՝ «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19): Աստուծոյ պատգամն է, որ մարդ իր ճակտի քրտինքով ուտէ իր հացը, այսինքն՝ արդար կերպով:
Ինչ կը վերաբերի այսօր կատարուող խաբէութիւններուն, ապա նոր երեւոյթ չէ: Խաբէութիւնը միշտ ալ մարդուն ընկերակցած է: Մարդ միշտ փորձած է դիւրին միջոցներ գտնել, իսկ խաբէութիւնը ամենէն յարմար միջոցը եղած է այդ դիւրութիւնը ապահովելու համար: Սակայն, Իմաստունը կու գայ ազդարարելու, թէ խաբէութիւնը, յատկապէս կշիռքի ու չափի պարագային Աստուծոյ համար պիղծ են:
Անցեալին, հրեաները առք ու վաճառքի մէջ երկու տեսակի կշիռք ու չափ կը գործածէին, այսինքն՝ երբ իրենք որեւէ մէկ բան ուզէին վերցնել՝ իրենց նպաստող կշիռք կամ չափ կը գործածէին: Իսկ երբ ուրիշ մը գար իրենց բան մը գնելու՝ դարձեալ իրենց նպաստող կշիռք մը կը գործածէին, այսինքն՝ երկու պարագաներուն ալ կը խաբէին: Այսօր ալ նոյն բան չե՞ն ըներ մեզմէ շատեր: Ո՛չ միայն առք ու վաճառքի պարագային, այլ՝ բոլոր ոլորտներէն ներս: Երբ մեր շահն է, մեր օգուտն է, կը խաբենք, իսկ երբ դիմացինի օգուտն է, ամէն ինչ կ՚ընենք, որ ան տուժէ, կամ վնասով դուրս գայ:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը գրէ այս համարի մասին.
• Ան որ անարատութիւն կը կրէ իր ներսիդին եւ կատարելութեան ճամբայէն կը քալէ, իր չափերը անկեղծ ու ապահով կ՚ըլլան, որով մարդու մը այսպէս, ուրիշի մը այնպէս չի՛ չափեր: Սուրբ Աստուածը կ՚ատէ խաբէութիւնը՝ չափերու եւ կշիռքներու, այդպէս ալ Իրմով սրբացած Իր զաւակները չեն կրնար համբերել խաբէութեան, ինչ ալ ըլլան անոր դրդապատճառնեը:
Սուրբ Մակար Մեծը այսպէս կը գրէ.
• Զաւակներս, ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր հոգիներու փրկութեան եւ Տիրոջ դարձէք՝ խաբէութենէ զուրկ զղջումով, լալով ու պաղատնքներով խոստովանեցէք ձեր թերութիւնները:
Սուրբ Անտոն Մեծը կը գրէ.
• Զաւակս, խօսքդ ցոյց մի՛ տար անոր՝ ով չի՛ գիտեր զայն: Բոլոր մարդիկը սիրելի ըրէ քեզի, սակայն զանոնք բոլորը խորհրդատու մի՛ ըներ, այլ՝ ամէն բանէ առաջ դուն քեզի համար փորձ մը դիր (այսինքն՝ քննութիւն): Բոլոր մարդիկը ընկերներ մի՛ ըներ, նոյնիսկ եթէ ընկեր ալ ըլլան քեզի՝ բոլորին մի՛ վստահիր, որովհետեւ աշխարհը հաստատուած է խաբէութեան մէջ: Մէկ եղբայր ունեցիր՝ ով Տիրոջմէ կը վախնայ, դուն ալ կառչէ Աստուծոյ այնպէս՝ ինչպէս զաւակը իր հօր կը կառչի: Որովհետեւ, բոլոր մարդիկ խաբէութեամբ կ՚ընթանան, բացի քիչ թիւով մարդոցմէ: Երկիրը կեղծիքով, յոգնութիւններով-դժուարութիւններով եւ վիշտերով լեցուած է: Զաւակս, եթէ դուն կը սիրես անդորրի մէջ ապրիլ, ապա մի՛ խառնուիր սնոտի բաներով հետաքրքրուողներուն: Իսկ եթէ յայտնուիս այնպիսի միջավայրի մը մէջ՝ ուր շատ մարդոց հետ պէտք է շփուիս, անոնց մէջ եղիր այնպէս՝ որ չէ՛ խառնուած ո՛չ մէկուն հետ, եթէ կը փափաքիս զԱստուած հաճեցնել:
Հ. Առակաց 20.13-ին մէջ կը կարդանք. «Քունը մի՛ սիրեր, որպէսզի չաղքատանաս: Աչքերդ բաց, որպէսզի հացով կշտանաս»: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Իմաստունը:
Պ. Ըսել ուզուածը շա՜տ պարզ ու յստակ է: Մարդ եթէ կ՚ուզէ յաջողութեան հասնիլ, մարդ եթէ կ՚ուզէ որ անօթի չմնայ, ապա քունը պէտք չէ սիրէ, այլ խօսքով՝ ծուլութիւնը պէտք չէ՛ սիրէ:
Քունը մարդուն համար անհրաժեշտութիւն է: Սակայն, նոյն այդ քունը մարդուն համար փորձանքի կը վերածուի, երբ մարդ չարաշահէ զայն:
Ինչպէ՞ս կարելի է քունը չարաշահել: Երբ մեր մարմինին պահանջածէն աւելին քնանանք, երբ անտարբերութեամբ վարուինք մեզի տրուած ժամանակին, երբ թեթեւ աչքով նայինք մեր աշխատանքներուն:
Քուն սիրող մարդը, աշխատանքէ հեռու, կամ աշխատանքը չսիրող մարդն է:
Ըսինք, որ քունը անհրաժեշտութիւն է մարդուն համար: Այսօրուան կեանքը այնքա՜ն ժամանցի տարբերակներ կ՚առաջարկէ մարդուն, որ ան իր աշխատանքային ժամերէն ետք փոխանակ տուն երթալու եւ հանգստանալու, ժամանացի վայրեր կը յաճախէ, մինչեւ ուշ գիշեր այնտեղ կը մնայ, որով առաւօտեան երբ արթննալու ժամը գայ՝ կը դժուարանայ անկողինէն վեր ելլելու: Բնականաբար երբ կ՚ըսենք, թէ քունը անհրաժեշտութիւն է մարդուն, այս պարագաները նկատի չունինք, որովհետեւ այս պարագաները մարդուն չարաշահումն են իրեն տրուած ժամանակին, իրենց տրուած հանգստանալու առիթին:
Բնականաբար ո՛չ ժամանցին եւ ո՛չ ալ ընկերային կեանքին դէմ ենք, բայց մարդ իր կեանքին մէջ առաջնահերթութիւններ պէտք է ունենայ: Առանջահերթութիւններ, որոնք մարդուս կեանքը կը դիւարացնեն, միաժամանակ անոր տրամաբանակ կերպով առիթ կու տան ժամանցի վայրեր ալ երթալու, հանգստանալու ալ, ընկերային կեանքով ապրելու ալ: Պարզապէս, մարդ պէտք է գիտնայ կառավարել իր ժամանակը: Աւելին, մարդ պէտք է արդար ըլլայ ինքն իր նկատմամբ, այսինքն՝ թէ՛ հոգիին եւ թէ մարմինին նկատմամբ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին տալով իրենց արդար բաժինը:
Յաջողութեան հասնելու, չաղքատանալու եւ անօթի չմնալու բանալին հետեւեաբար քունը չսիրելն է, աւելի ճիշդ՝ իմանալն է ինչպէ՛ս գործածել մեզի տրուած հնարաւորութիւնները եւ մեր կեանքին մէջ իմանալ ու ըմբռնել, թէ ի՛նչ բաները պէտք է մեզի համար առաջնահերթութիւններ ըլլան:
Աւարտենք, իմաստունի մը տուած պատասխանով, ուղղուած փիլիսոփայի մը, ով անոր յաջողութիւն մաղթած էր. «Ինծի համար յաջողութիւն ցանկացիր, սակայն երբեւէ ձախողութիւն չեմ ունեցած, որովհետեւ գիտեմ Աստուծոյ հետ ապրիլ: Գիտեմ նաեւ թէ ինչ որ կ՚ընէ, ինչ որ ինծի կու տայ կամ ինծի համար կը ծրագրէ, լաւագոյնն է, որով ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ ամէն բան, որ Աստուծմէ է: Այս պատճառով ալ ձախողութիւն չեմ ունեցած» (Արաբերէնէ թարգմանուած):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 86
Վաղարշապատ