ԱՂՕԹՔԸ՝ ՈՐ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ» ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ

Պարզ ոճ ունի եւ բառային արժէքէն շատ աւելի բարձր է. վեր նայիլ տալով, Հայր Աստուած սորվեցուց ամէնուն. որդիներուն՝ աղաչել Հօր, Անոր գութին կարիքը ունենալով, եւ կարօտութեան կամքը Հայրը ողորմութեան եւ գութին կ՚առաջնորդէ։ Հօր կամքին համաձայն՝ պարտին ըլլալ որդիները. իսկ Հայրը որդիներուն կամքին համաձայն անոնց պէտքերը կը կատարէ եւ զանոնք իր ամբողջ մեծութեան ժառանգորդ կը դարձնէ։ Հայր անունը մէկ է, հոգեղէններուն եւ մարմնաւորներուն համար. պէտքերը մասերով կը բաժնուին եւ իրարմէ կը զանազանուին։ Երկրաւոր հայրերը մարմինի ցանկութեան ախտերը գրգռեցին որդեծնութեան համար եւ ախտաւոր յղութեան բերմամբ մեղանչական որդիներ ծնան։ Հայրութիւնը փոփոխական է. ատեն մը որդի էր եւ հիմա հայր. ան (հայրը) կեանքի աշխարհէն հրաժարեցաւ եւ իրմէ հայրութիւնը առնուեցաւ. իր տեղ իր որդին եկաւ եւ հայր եղաւ եւ նոյն ճանապարհով գնաց։ Այսպէս փոփոխութիւններով պիտի վախճանի աշխարհը։

Մէկ է ճշմարիտ Հայրը եւ բոլոր աշխարհին արարիչը. առանց ախտի յղացաւ եւ առանց ցաւի ծնան ամէնը՝ երեւելիներն ու աներեւելիները. Ան որ ծնաւ՝ նոյնը եկաւ եւ որդիներուն սորվեցուց երկնաւոր Հօր աղօթել, որպէսզի աշխարհը այլեւս խանձարուրներու եւ օրօրոցներու մէջ չմնայ, կաթնկեր եւ ջամբակեր, գարշելի աղտերով թաթախուած եւ (անոնց մէջ) թաղուած. աշխատանք՝ որմէ մայրերն ու ստնտուները կը ձանձրացան եւ դայեակներն ու սնուցանողները երեսնին կը դարձնեն։ Ասոնք են՝ օրէնքն ու մարգարէները. ծովին մէջ լուացուեցան եւ սակայն չկրցան սրբուիլ (մաքրուիլ). գետերէ անցան, սակայն չողողուեցան. օճառ գործածեցին եւ բարակով լուացուեցան, սակայն (դարձեալ) չմաքրուեցան։ Իրենց հետ վերցուցին, սակայն նետեցին ու մէկ կողմ թողուցին։ Երկնաւոր Հայրը գթաց, երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, ամէնքը արիւնաթաթախ ձեռքերով գտաւ, մեռելոտի կուռքերու զոհ մատուցելու ընթացքին (մէջ)։ Առաւ, լուաց, սրբեց եւ երկնաւոր հանդերձ հագցուց եւ նոյն որդեգրութեան մօտեցուց։ Երկնաւոր վարդապետութիւնը սորվեցուց, որպէսզի սիրելի երկնաւոր Հօր աղօթեն։ Կ՚ըսէ. երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք (հմմտ. Մտ 6-7). Աստուած սիրտի խորհուրդները լսող է եւ բարի գործերուն փոխարէն բարիք հատուցանող։ Բերանով վկայելու համար այսչափը բաւարար է ըսել. «Հայր մեր որ երկինքի մէջն ես, սուրբ է անունդ» (հմմտ. Մտ 6.9)։

Մեծագոյն պարգեւ մըն է ասիկա մարդկութեան համար՝ Աստուծոյ, մարդոց Հայր ըլլալը։ Հրեշտակները իրաւունք չունին այս ըսելու. թէեւ զօրաւոր են եւ հոգեղէն, (սակայն՝) սպասաւորներ են եւ ո՛չ որդիներ։ Ո՜վ մարդ, զգո՛յշ եղիր, ինչպիսի պատուով մեծարուեցար, մինչեւ զԱստուած Հայր կոչելու իրաւունք ստացար. եւ այս մտաբերէ եւ Հօր տուած պատուին համաձայն դուն քեզ արժեւորէ, որպէսզի վերիններն (երկնաւորները) ու վարինները (երկրաւորները) ճանչնան, թէ դուն իսկապէս Աստուծոյ որդի ես։ Աստուծոյ խօսքով ծնաւ մարդը. թէեւ խօսքով չես կրնար ըստ մարմինի կամքիդ երկրի վրայ մեղանչել. հեռո՛ւ պահէ քեզմէ աւելորդ ցանկութիւնները։ Շատ եւ բաւարար համարէ քեզի հարկաւոր կերակուրները. մի՛ չափազանցեր եւ մի՛ շուայտանար։ Մարդ, գիրութենէն կը սկսի գրգռուիլ եւ շատ պարարտութենէն ծնունդ կ՚առնեն անօրէնութիւնները, ինչպէս՝ գինովութենէն գիջութեան պղծութիւնները. այնպիսին զԱստուած Հայր չի՛ կրնար անուանել։ Դուն քեզմէ չէի՞ր որ վկայեցիր ըսելով՝ սուրբ է անունդ. ո՞վ կրնայ Աստուծոյ անունը կանչել. սուրբ ըսելով՝ Աստուծոյ իսկական անունը կու տաս։ Սուտ աստուածներուն անունները սուրբ չեն. մէկը գող է, մէկը սպաննող, մէկը շուն եւ ամէնքն ալ ախտաւոր. մանաւանդ որ գոյութիւն չունին եւ ո՛չ ալ պիտի ունենան։ Մարդիկ, որոնք զանոնք աստուած կոչեցին, անոնք Աստուծոյ ճշմարիտ որդիներ չեն. (անոնց) որոնց կը սորվեցնէ աղօթել Աստուծոյ եւ որոնց կը հրամայէ աղօթել Աստուծոյ, անոնցմով կը բանայ դուռը ամէնուն դիմաց, որպէսզի ամէնքն ալ այդ դռնէն մտնեն, նոյն աղօթքը սորվին՝ աղաչել Աստուծոյ եւ ըսել. «Հայր մեր որ երկինքի մէջն ես, սուրբ է անունդ»։ Երբ աղօթքի ատեն ճշմարտախօս ըլլալ սորվեցուցին, ուրեմն արդարագործ կ՚երեւին աշխարհի վրայ, այն ատեն կրնան լքել եւ մէկդի ձգել սուտ աստուածները. (անոնք) որոնք քարն ու փայտը հայր ու մայր կը կոչէին, անոնցմէ ալ կը հեռանան եւ իրենց անառակ գործերէն ալ կը հրաժարին եւ իրենց միտքերը կը սրբուին իմաստութեան գիտութեամբ եւ անոնց բերանները համարձակապէս կը բարբառեն ու կ՚ըսեն. «Թող գայ արքայութիւնդ, թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ» (Մտ 6.10)։

Աստուած ամէն ինչի վրայ թագաւորելով, Իր արքայութիւնը, Իր կամքը կատարողներուն համար եղաւ։ Միայն, կ՚ըսէ. «թող գայ արքայութիւնդ»։ Այս, ինչպէս միւսը՝ «Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ եւ Ամաղէկի զօրութիւնները պիտի սատկեցնէ» (հմմտ. Թւ 24.17)։ Աստղը ծագեցաւ եւ Մարդը (իշխանութեան գաւազանը) երեւեցաւ, զարկաւ եւ սատկեցուց սատանան, որ հեթանոսներուն զօրութիւնն էր։ Այս էր Աստուծոյ կամքը սկիզբէն եւ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալուստով։ Այս աղօթքը նախադասութիւն առ նախադասութիւն պէտք է սորվինք եւ հաւատքով յուսանք Անոր երկրորդ գալուստը, երբ ըստ մեր աղօթքներուն մեր գործերը բացայատօրէն պիտի երեւին։

«Թող գայ արքայութիւնդ»։ Ինքը՝ արքայութիւնը կը սորվեցնէ մեզի իր մասին խօսիլ. «Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ» (Յհ 1.10)։ Կը սորվեցնէ Հայր ըսել, որպէսզի միայն զինք ճանչնանք, որպէս աշխարհի Արարիչ, արարչութեամբ՝ ամբողջին, որդեգրութեամբ՝ մարդուն միայն. (ան) որ ստեղծեց՝ նոյն արքան (է) եւ (ան) որ եկաւ՝ (դարձեալ) նոյնն (է) իր արքայութեամբ. (Ան) բնութեամբ մեր Աստուածն է, նոյն մեր Հայրը՝ իր աստուածային շնորհքով։ Աստուած՝ ամէնուն Հայրն է։ Քրիստոս՝ Եղբայրը անոնց՝ որոնք Իր կամքը կը կատարեն։ Արքայ էր եւ քեզի Եղբայր եղաւ։ Այս պարգեւները աւելի մեծ են քան առաջին արարչագործութիւնը. այն ատեն Աստուծոյ պատկերին համաձայն եղաւ մարդը, այսինքն՝ ըստ Իր օրինակին ստեղծեց (մարդը). ինչպէս որ կամեցաւ հոգեղէնը հողեղէնիս նմանցնել, որպէսզի մէկը միւսին սորվեցնէ առաքինութեամբ ապրիլ։ Երբ չկրցաւ (հողեղէնը) միաբանիլ (հոգեղէնին) հետ, ինք անոր (մարդուն) նմանութիւնը առաւ, իր գիտութեամբ եւ Ինք կերպարանաւորեց անքակտելի եւ անխախտելի բնութիւնը, անհասանելի եւ անճառելի, միայն հաւատալի եւ յուսալի, որ միայն սիրել արժանի է, որ մեր (բնութեամբ) մեզի կը խօսի ու կ՚ուսուցանէ. կը խօսի իբրեւ մարդ եւ աներեւոյթ Աստուածութիւնը երեւելիներուս կ՚ուսուցանէ, որպէսզի երեւելիներս աներեւոյթ արքայութիւնը ճանչնանք. (այն բնութեամբ որ) եկաւ՝ նոյնով երկրորդ անգամ պիտի գայ։ Այս վարդապետութիւնը աշակերտները որդի կոչեց, ծառաները՝ տէրեր ու մահկանացուները անմահութեան հրաւիրեց ըսելով՝ թող գայ արքայութիւնը, զգուշութեան պատրաստելով եւ իւրաքանչիւր իշխանութեան հատուցման համար։ Որչափով, որ դուն քեզ կրնաս յարմարեցնել, արքայութեան մէջ բաժին ունենալու պատրաստել, աղօթքները (այդքան) ըղձալի կ՚ըլլան եւ մեր բնութենէն վեր եղող պարգեւներ կը խոստանան։

Կ՚ըսէ. «Թող կատարուի Քու կամքդ»։ Աստուծոյ կամքը մարդուն սուրբ (մաքուր) ըլլալն է, որպէսզի Իր արքայութեան բաժնեկից ընէ, ոչ թէ որովհետեւ չենք կրնար այդ բաժնեկցութեան հասնիլ, այլ՝ որպէսզի դիւրութեամբ ստանանք համբերութիւնը մեր յոյսին, ինչպէս անոնք՝ որոնց աղօթել սորվեցուց. եթէ անոնք իրենց կեանքը աւարտեցին աղօթքներով, ուրեմն մենք ալ կրնանք. միայն (թէ)՝ հաւատա՛, յուսա՛, սիրէ՛ եւ կեանքդ ուրախութեամբ կ՚աւարտես։ Եթէ տրտմութեամբ չարչարակից ըլլաս Քրիստոսի, Ինք՝ Աստուած կը զօրացնէ քեզ համբերութեան մէջ. եւ եթէ պէտք չունենայինք ատոր, Աստուած՝ մեզի այդպիսի աղօթք չէր սորվեցներ։ Առաջիններուն նայեցէ՛ք եւ քաջալերուեցէ՛ք. միայն չարչարանքները բաւական չհամարեցին իրենց հաւատքին համար, այլեւ, (նախընտրեցին) մեռնիլ, քան՝ ապրիլ. նահատակադիրին (Քրիստոսի) նայեցան եւ իրենց կեանքը աւարտեցին։ Խօսքով զանոնք գովենք, իսկ մեր անձերը նահատակութեամբ կնքենք։ Աստուած, ամէնուն Հայրն է, ամէնքս ալ պէտք է որդիներ ըլլանք, որովհետեւ մէկ է ժառանգութիւնը, զոր ամէնուս բաշխեց։

«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»։ Որովհետեւ, Աստուած կրնայ բոլոր մարդիկը երկնաւորներ ընել։ Աղօթելը մեր կամքին կը ձգէ, որպէսզի մեր ճիգով երկնաւորներ ըլլանք։ Վերին զօրքերը բոլորովին Անոր կամքին կը սպասեն սիրով, միաբանութեան մէջ են զԱստուած փառաւորելով եւ Անոր ահաւոր փառքին դիմաց իրենց ոտքերը եւ երեսները կը ծածկեն, որովհետեւ իրենք սիրեցին զԱստուած եւ փոխանակ աչքով տեսնելու զԱյն, սէրը բաւական կը համարեն իրենց անձերուն համար. անոնց սիրոյն ալ, Աստուած իր կամքը սիրով ամբողջացուց։ Մի՛ փութաք մարմնաւոր աչքերով զԱստուած տեսնել, որպէսզի տարաժամ չոչնչանաք։ Սէրը մեր եւ Իր միջեւ պատգամաւոր թող ըլլայ եւ Իր սիրով Անոր կամքը կը կատարուի մեր մէջ։ Ինչ որ մարգարէները մեզի սորվեցուցին, փութանք անոնց հետեւիլ. որովհետեւ անոնք խօսեցան եւ գործադրեցին ըսուածը. ուրիշ մը չէր անոնց ուսուցիչը, այլ՝ Ան, որ քեզի աղօթել սորվեցուց. դուն սորվէ՛ աղօթքը եւ գործով փութա՛ կատարել։ Հրեշտակներէն հեռու չես, այլ՝ անոնց հետ աղօթքի կեցած ես, որովհետեւ անոնց հետ զԱստուած կը փառաւորես. երբ դուն անոնց հետ միաբան ըլլաս, անոնք ալ քեզի հետ կը ձայնակցին աղօթքներուդ եւ օրհնութիւններուդ։ Բերանդ համարձակօրէն կը բանաս ու կ՚ըսես. «Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»։ Այս իշխանութիւնը աւելի մեծ է քան առաջին օրհնութիւնը. հոն կ՚ըսէ երկրին վրայ տիրել միայն իշխանութեամբ, հոս՝ երկինքի եւ երկրի (վրայ)։

«Ամէնօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր» (Մտ 6.11)։ Երկրի մէջ բուսնող հացը, Աստուած առհասարակ բոլորին կը շնորհէ առանց աղաչանքի. «Մարդիկն ու անասունները դուն կ՚ապրեցնես, ո՛վ Տէր» (Սղ 36.6)։ Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ այս ամէնօրեայ չէ. երիտասարդական ցանկութիւնները կը զսպէ, հիւանդութիւնը կը բժշկէ, կարօտութիւնը կը խափանէ, մահը կը լուծէ եւ մէկդի կը ձգէ։ «Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան, մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի» (Յհ 6.49-50)։ Այս խօսքերը կը լսէին Իրմէ, սակայն շուտով չէին ըմբռներ. երկու-երեք անգամ կը կրկնէ, որպէսզի հասկնան եւ հաւատքով ընկալեն խօսքին զօրութիւնը «Ես եմ, կ՚ըսէ, կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է, ան որ այս հացէն ուտէ պիտի չմեռնի»։ Այս հացը խնդրել կը սորվեցնէ մեզի ամէն օր աղօթքի ճամբով։ Եթէ լաւ մտածես, թէ երբ մէկը այս հացը սրբութեամբ ուտէ եւ այս հացին արժանապէս պատրաստէ իր անձը, երկրաւոր արքայութեան կարօտութիւն չ՚ունենար. մահկանացու ձեռքերու մէջ անմահ հաց դրուեցաւ եւ անմիջապէս ձեռքերը անմահացան եւ այդ հացը ուտելով մարդը իր ամբողջութեամբ՝ հոգիով ու մարմինով հոգեղինացաւ եւ բաժնեկից եղաւ Քրիստոսի. պայմանաւ որ Անոր զօրութիւնը մինչեւ վերջը անարատ պահէ։ Ոչ մէկ երկրաւոր չարչարանք կայ որ կրնայ յաղթել անոր. արծաթը արհամարհելի է եւ ոսկին ատելի աչքերուն. աշխարհի մեծութիւնը ցաւ կը համարէ, որովհետեւ իր խորհուրդները սրբուեցան երկնաւոր ազատութեամբ՝ լի անմահ հացով։ Նոյնը ամէնուն համար բաւարար դարձաւ. եթէ մանուկ էր, չափահաս դարձաւ. եթէ ցաւերէն տկարացած էր, անոր մէջ Աստուծոյ զօրութիւնը բնակեցաւ. եթէ այս աշխարհին մէջ վախճանեցաւ, իր հետ անմահ կեանքը տարաւ Աստուծոյ մօտ։ Տէրը այս (հացը) կը սորվեցնէ մեզի խնդրել Իրմէ մեր աղօթքներուն մէջ, մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզի, ոչ թէ երկրէն, այլ՝ Տիրոջմէն. յայտնի է թէ երկինքէն ալ չէ, այլ՝ բոլորին Տիրոջէն. «Այս է Իմ մարմինս եւ այս է Իմ արիւնս» (հմմտ. Մտ 26.26-28: Մր 14.22-24: Ղկ 22.19-20)։ Թէեւ անփշրելի էր, սակայն քու սիրոյդ՝ փշրուեցաւ, եւ քեզ՝ որ քու կամքիդ համաձայն փշրուեցար, անփշրելի աստուածութեամբ (քեզ) իրեն մօտեցուց. «Որովհետեւ գիտեմ թէ իմ անձս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտի չձգես եւ պիտի չթողուս քու սուրբիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ» (Սղ 16.10)։ Ուրբաթ խաչուեցաւ մահուամբ փշրուելով. Կիրակի՝ Ադամի փշրուած ոսկորները հաւաքեց եւ անմահութեան յարուցանեց եւ շատերուն՝ ճշմարտութեամբ (Ինքզինք) ցոյց տուաւ եւ ոչ թէ խաբկանօք. օր մը վերնատան մէջ հաց եղաւ եւ միշտ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին վրայ կը հացանայ. նախ Ինք՝ Ինքնիրմէ ճաշակեց եւ ապա մեզ ամէնքս Իր չարչարանքներուն ճաշակից ըրաւ։ Ան՝ այլեւս չարչարանքներու մէջ չէ, այլ՝ հայրենի փառքին մէջ եւ հրեշտակներէն ու մարդոցմէ կը փառաւորուի եւ մեր ամէնուն չարչարանքները իր անչարչարելի աստուածութեամբ վերցուց։ Այս յոյսը մեր հաւատքին համար իբրեւ հաստատուն խարիսխ պահենք մեր հոգիներուն եւ մարմինին մէջ. ինչպէս որ շինուածքի մը սիւնը անոր զօրութիւնն է, մարդուն հաւատքն ալ Աստուծոյ հետ անքակ ըլլալուն (նշանն) է. ուստի համարձակութեամբ կարելի է բարբառիլ եւ ըսել. «Ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են» (Մտ 6.12)։

Այս է ճշմարիտ աղօթքը, բանական եւ գործնական. երբ դուն ընկերոջմէդ չես պահանջեր քեզի հանդէպ ունեցած պարտքերը, այն ատեն Աստուած ալ քու բոլոր մեղքերուդ թողութիւն կը շնորհէ։ Նայէ՛ Պետրոսին (եւ տես), թէ ինչպէս Տիրոջմէ սորվեցաւ։ Ան եօթը անգամ ուզեց ներել եղբօր յանցանքներուն, մեր Տէրը եօթն՝ եօթանասուն ըրաւ։ Պետրոս որպէս մարդ սահման դրաւ, մեր Տէրը իր Աստուածութեան մարդասիրութեան բարերարութեան սահման չդրաւ։ Միշտ կը մեղանչենք մեր խօսքերով ու գործերով եւ Աստուած կը տեսնէ ու զանց կ՚ընէ, որպէսզի իր երկայնամտութեամբ մեզ ապաշխարութեան առաջնորդէ. չմեղանչելն անգամ մարդուն համար կատարեալ արդարութիւն է. իսկ եթէ որպէս մարդ մեղանչեց, թող փութայ զղջալ՝ ապաշխարելով։ Անոր՝ (Աստուծոյ) ողորմութեան դռները բաց են եւ չի՛ փակեր զանոնք ապաշխարողներուն դիմաց. մանաւանդ (անոնց) որոնք հաւատքով խնդրել գիտեն եւ առաքինութեամբ կրնան ճգնիլ հոգեւոր կեանքի մէջ. անոնք ոչ միայն իրենց ընկերներուն յանցանքներուն կը ներեն, այլեւ իրենց ունեցուածքները կարօտեալներուն կը բաշխեն. Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ զիրենք առաքինութեան մէջ կը ձգէ, ինչպէս նախնիները կ՚ընէին. «Արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն» (Գրծ 4.34-35)։ Մեր Տէրը զանոնք քարոզութեան ղրկեց. անոնք խօսքի քարոզիչներ էին եւ պէտքերու մատակարարներ։ Խօսքին ձայնը ականջին կը հասնի եւ վերինին սէրը առանց խօսքի կը սորվեցնէր առատաձեռնութիւնը. ոչ թէ որովհետեւ կ՚ուզէին աղքատ ըլլալ, այլ որպէսզի միւս՝ երկնաւոր մեծութեան հասնին։ Եւ դուն, երբ ընկերոջդ պարտքերուն կը ներես, ոչ թէ որովհետեւ ունեցուածքներդ ատելով կ՚ատէիր, այլ՝ որովհետեւ այդ չնչին ողորմութիւնը որ ըրիր, քու բազմապատիկ պարտքերդ որ պարտապան էիր, Աստուած կը ներէ քեզի։ Այս խօսքին հետեւէ, երբ ընկերոջդ ներես՝ դուն ալ թողութեան արժանի կ՚ըլլաս։

Համարձակութեամբ բերանդ կը բանաս ու կ՚ըսես. «Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնամ. այլ՝ զիս չարէն ազատէ» (Մտ 6.13)։ Աստուծոյ կամքը չէ մարդը փորձութեան տանիլ, այլ՝ փորձութենէն պահել եւ մահուընէն փրկել. որովհետեւ (Ան)՝ որ իր Որդին չխնայեց, այլ մեր ամէնուն համար մահուան մատնեց, անով ամէնուս բարիք կը շնորհէ՝ (անոնց) որոնք իրմէ կը խնդրեն։ Թէեւ մեր կարողութենէն վեր է Աստուծոյ փոխարէն հատուցանել, (սակայն) որքան որ կարելի է մեզի՝ չծուլանանք։ Մեր քիչ սնունդով բաւարարուիլը, մեզի համար պահեցողութիւն կը համարուի եւ քիչ արբենալը՝ գինիէն հրաժարիլ, միջին որակի զգեստները՝ խոնարհութիւն, եւ կարեւոր ստացուածքները՝ աղքատութիւն, երանութեան համար հեզախօս ըլլալ, ընկերին հեզութիւն սորվեցնելով։ Եթէ չենք կրնար անքուն ըլլալ, գիշերը բնաւ չի՛ քնանանք, որպէսզի բնա՛ւ մոռացկոտ չըլլանք սաղմոսելու եւ օրհնաբանելու։ Եթէ աղքատներուն կարիքը չենք կրնար բաւարարել, հացով եւ բաժակով կարօտութեան մի՛ մատնէք զանոնք։ Մեր ստացուածքներուն մէջ որբերէն եւ այրիներէն յափշտակուած բան չըլլայ. ինչ որ մեզի կը պատկանի՝ Աստուծոյ նուիրուած թող ըլլայ. այն ատեն մեր անձերը Աստուծոյ հաճելի եւ ընդունելի պատարագ կ՚ըլլան։ Բոլորս ալ պէտք է փութանք Աստուծոյ պատուիրանները կատարել, այրերն ու կիները, ծառաները եւ ազատները, որովհետեւ Տէրը ամէնուս փրկութեան համար եկաւ. եւ Անոր մարդասիրութեան կը վայելեն փառք, իշխանութիւն ու պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն։

 

ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՄԻՉ
Մատենագիրք Հայոց, Ա. Հատոր Ե. Դար, էջ 955-959

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 19, 2018