«ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ…»

Նաոմի Ուաքօ Անկլիքան եկեղեցիի կղերական առաջնորդ տիկին մըն է: Ան միեւնոյն ժամանակ Քենիոյ երեսփոխանական ժողովի անդամ է: Աստուածաշունչի ընկերութեան աւելի քան երկու հարիւր առաջնորդներու ներկայութեան, որոնք ժամանած էին մօտաւորապէս հարիւր տարբեր երկիրներէ, Քենիոյ մայրաքաղաքը՝ Նայրոպիի մէջ ան չտատամսեցաւ եւ ոչ ալ իր բառերը ծամծմեց ու ըսաւ՝ «Մեր երկրին ամենէն մեծ հարցերէն մէկը կաշառակերութիւնն է»:

Կար նաեւ Նաոմիին վճռակամութիւնը. «Բայց մենք միայն դիտողներ չենք,- ըսաւ ան,- այլ նաեւ՝ գործողներ: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի շտկենք մեր երկիրը եւ դուրս գանք այս աղէտէն»:

Նկատի ունենալով, որ մեր համագումարին բնաբանն էր՝ «Աստուածաշունչը եւ անոր ընկալումը. կառուցելու համար հաւաքականութիւնները», ան քաջալերեց մեզ բոլորս, որ երբեք չյուսահատինք: «Մենք բոլորս նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք կառուցելու համար մեր երկիրները եւ անոնց հաւաքականութիւնները: Այս պէտք է ըլլայ եկեղեցիին կոչումը մեր իւրաքանչիւրին համար», եզրափակեց ան:

Սամիի դէմքին վրայ ժպիտը անպակաս էր: Մեկնելով ափրիկեան մշակոյթի ու կենցաղի բոլոր սովորութիւններէն՝ ան իր զբօսաշրջութեան պարտականութիւնները կը կատարէր ամենէն մեծ նուիրուածութեամբ ու հաճոյքով: Այս մթնոլորտով ալ ան սկսաւ մեզ պտըտցնել: Յստակ էր, որ Սամին կը սիրէր իր գործը եւ, երեւի, վերածած էր զայն առաքելութեան:

Քառասուներկու ցեղախումբերէ կազմուած Քենիան բազմալեզու երկիր է, անոր մայրենին կը հանդիսանայ սուահիլին, իսկ անգլերէնը՝ պաշտօնական, որովհետեւ երկիրը երկար ժամանակ մնացած է անգլիական գաղութատիրութեան տակ եւ միայն 1962 թուականին ստացած է իր անկախութիւնը: Այդ «պաշտօնական» լեզուն վերածուած է նաեւ «ուսուցիչի լեզու»ի, ինչպէս որ իրենք կ՚անուանեն, եւ դպրոցներուն մէջ կը գործածուի որպէս կրթական ծրագրի եւ ուսուցման լեզու… Այս իմաստով ալ չ՚ուշանար մանկավարժներու մտահոգութիւնը, որ առկայ է այս օրերուն, թէ՝ մայրենի լեզուն երկրին մէջ կրնայ անյայտանալ յաջորդ յիսուն տարիներու ընթացքին: Կայ մտահոգութեան միւս՝ դրական երեսը.

«Ժողովուրդին մեծ համեմատութիւնը ուսեալ է,- ըսաւ Սամին:- Կառավարութիւնը կը քաջալերէ իր ժողովուրդը, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ ուսանելու»:

Բայց երկիրը ունի իր տագնապները: Ճնշող տագնապը աղքատութիւնն է: «Ինչո՞ւ այսքան մարդ փողոցները կը քալեն», հարցուցի Սամիին՝ մեկնելով շատ պարզ դիտարկումէ մը:

«Որովհետեւ կարելիութիւն չունին հանրային փոխադրամիջոցներ գործածելու: Իրենց աշխատանքային օրապահիկը հազիւ երկու ամերիկեան տոլար է», ըսաւ Սամին՝ պզտիկ ժպիտ-յուզում մը դէմքին վրայ:

Անկախ այն ստեղծուած տպաւորութենէն, որ ստացած էինք մեր այցելութենէն առաջ, թէ՝ երկիրը կրնայ անապահով ըլլալ… Եւ տեսնելով աղքատութիւնն ու տագնապները՝ դիւրին եղաւ ենթադրել, որ մեր տպաւորութիւնը այդպէս էր… Մենք կրցանք նաեւ տեսնել, որ Քենիա այդքան ալ «անապահով» չէր: «Մեր քաղաքական ղեկավարները՝ կառավարութիւն եւ ընդդիմադիր, համաձայնած են, որ երկիրը պէտք է խաղաղ ու ապահով պահեն», ըսաւ Սամին:

Համաձայնած են… խաղաղ ու ապահով պահել երկիրը:

Սամին մեզ կ՚առաջնորդէր Նայրոպի մայրաքաղաքի մէջ զետեղուած ու պատրաստուած կենդանաբանական անտառին մէջ: Երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ մայրաքաղաքին մէջ քաղա՞ք՝ երկրի կենդանիներուն համար, որոնք կ՚ապրին իրենց տարբերութիւններով: Այս անտառ-քաղաքին մէջ կրցայ տեսնել Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքը: Ան ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, նաեւ՝ կենդանիներն ու, տակաւին, մարդը: Այս բոլորը՝ միասին եւ միատեղ: Ստեղծագործութենէն ետք Աստուած յանձնարարեց. «Աճեցէք ու բազմացէք»: Քենիան ցցուն ու ապրող մէկ լաւ օրինակն է միասին ապրելու ու, տակաւին, բազմանալու իրականութեան:

Եթէ մէկ կողմէ կ՚ըմբոշխնէի երկրին ու անոր բնութեան գեղեցկութիւնը (թէկուզ՝ իր ոչ զարգացած ու աղքատ իրավիճակներով), միւս կողմէ՝ նաեւ կենդանիներն ու, տակաւին, մարդիկ. բոլորն ալ՝ մէկ ամբողջութեան ընդմէջէն: Իսկ Սամիին համար «մեր կենդանիներն» էին, որոնք հարազատ էին: Շրջագայութեան ժամանակ պահ մը կանգնեցուց ինքնաշարժը. «Կը զգամ, որ առիւծ մը կայ մօտերը», ըսաւ ան: Սամին, կարծէք, սորված էր իւրաքանչիւր շարժում իր երկրին մէջ: Չուշացաւ առիւծը… Սկսանք դիտել «ոչ հաճելի» տեսարանը, երբ առիւծը սկսաւ հալածել եղնիկները… Անօթի էր…

Սամին ունէր իր պատմութիւնը իր երկրին մէջ:

«Փողոցին մէջ մեծցած եմ,- ըսաւ ան:- Ծնողներս զիս լքած էին, չէի ճանչնար զիրենք»: Երիտասարդ ամոլ մը զինք որդեգրած է: Սամին որդեգրող հայրը փորթուգալցի է, իսկ մայրը՝ սերպ: Անոնք կը գործէին ՄԱԿ-ի հետ եւ այս պաշտօնով կ՚ապրէին Քենիա: Սամին մեծցած եւ ուսանած է զինք որդեգրող ծնողքին եւ անոնց զաւակներուն հետ: Երբ ընտանիքը աշխատանքի պատճառով փոխադրուած է Չիլի, Սամին միացած է անոնց՝ որպէս ընտանիքի մէկ անբաժան զաւակը: «Բառերը բաւարար չեն ըսելու ձեզի, թէ որքա՛ն խնամք վայելեցի զիս որդեգրող մօրս կողմէ,- ըսաւ Սամին.- իսկ անոնց զաւակները դարձան իմ եղբայրն ու քոյրը»:

Որդեգրող սերպ մայրը իր ամբողջ «սէրը» դրած է Սամիին մէջ: Ոչ թէ միայն այդ, այլ ամէն միջոցի դիմած է, որպէսզի Սամին կարենայ գտնել իր կենսաբանական մայրը: Մեկնելով իր պետական յատուկ կապերէն՝ կրցած է ընել այդ:

«Շատ դժուար էր ինծի հանդիպիլ իմ իսկական մօրս», ըսաւ Սամին՝ շարունակելով բաժնեկցիլ իր պատմութիւնը մեզի հետ: Հանդիպումի ընթացքին կար իր մօր խօսքերը. «Գիտեմ, պիտի չկարենաս ներել ինծի», ըսած է մայրը Սամիին:

Սամին չէ կրցած ներել իր կենսաբանական մայրը: Ան վերադարձած է Չիլի: Որդեգրող մայրը կրցած է «սորվեցնել» Սամիին, որ իր սրտէն պէտք է դուրս հանէ ատելութիւնը: Սամին վերադարձած է Քենիա եւ միացած… մօրը: «Հիմա երկու մայր ունիմ,- ըսաւ Սամին:- Որդեգրող մայրս տարին երկու անգամ կ՚այցելէ ինծի եւ ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէ: Իսկ իրենց զաւակներուն հետ կը շարունակեմ յարաբերիլ որպէս հարազատ քոյր եւ եղբայր»:

Չուշացաւ իմ հարցումս. «Չե՞ս ուզեր երթալ եւ ապրիլ դուրսը, քանի կարելիութիւն ունիս քեզ որդեգրած ծնողքիդ շնորհիւ»: Սամին պատասխանեց. «Ես կ՚ուզեմ հոս մնալ: Քենիան իմ երկիրս է: Ես հոս գործ ունիմ ընելու»:

Սամիին գործը ոչ միայն զբօսաշրջիկները ծանօթացնել է իր գեղեցիկ երկրին, այլ՝ աւելին: Ան իր աշխատանքային ժամերէն աւելի կ՚աշխատի բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք «փողոցը» մնացած մանուկներուն կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ճիշդ ձեւով ապրին իրենց կեանքերը:

Նայրոպիի կենդանաբանական քաղաք-պարտէզին մէջ կայ նաեւ յատուկ բաժին մը՝ «որբացած փիղերու» համար: Ասոնք այն ձագուկ փիղերն են, որոնց ծնողները սպաննուած են որսորդներու կողմէ կամ՝ տարբեր պատճառներով, ինչպէս, օրինակ, բնութեան եւ անտառներու անտեսումի պատճառով: Հետաքրքրական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդին ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է խնամել այս պզտիկ-ձագուկ փիղերը, մինչեւ որ անոնք մեծնան ու վերադառնան իրենց «տունը»՝ բնութեան ու անտառային աշխարհը…

Ահա՝ ցուցադրութեան ընթացքին տրուած զեկուցում-պատգամը: Ընդհանուր տնօրէնը այս բաժնին. «Մենք պատասխանատու ենք այս փիղերուն որբանալուն, որովհետեւ անոնց մայրերը սպաննուեցան, որպէսզի իրենց փղոսկրներով զարդեր շինուին ու ծախուին մարդուն: Մենք պէտք է սորվեցնենք, որ մեր երկրին կենդանիները եւ անտառները պէտք է պահենք՝ որպէս մեր երկրի հարստութիւն»:

«Մեր երկիրը…»: Քիչ մը ամէ՞ն տեղ… Եթէ հոն՝ «մեր երկրին» մէջ անպակաս են մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները, բայց կայ ապրելու, շտկելու եւ շինելու գիտակցութիւնը: Քենիա իմ այցելութեան ընթացքին կրցայ նաեւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անոնք կ՚ուզեն ապրիլ «իրենց(մեր) երկրին» մէջ՝ անկախ իրենց դիմագրաւած բոլոր տագնապներէն:

Իւրաքանչիւր անհատ կ՚ապրի իր ինքնութեան եւ մշակոյթի հարազատութեան մէջ: Այսպէս եղած են մարդուն եւ ժողովուրդներու պատմա-մշակութային կեանքերու հոլովոյթները: Այդ ինքնութեան եւ մշակոյթի կռուանը կը դառնայ երկիրը՝ իմա՛ հողը: Ինքնութեան եւ մշակոյթի այս «յատուկ» երկիրը կը դառնայ իմս եւ մերը՝ որպէս մեր կեանքերուն ապրելու հիմք տուող իրականութիւն:

Հայուն համար ալ իր ինքնութեան եւ մշակոյթի կռուանը Հայաստանն է: Իմը, իւրաքանչիւր հայուն եւ բոլոր հայերուն: Իմ եւ մեր երկիրը:

Քենիացին կ՚ապրի իր-մեր երկրի հարազատութեան մէջ, որքան որ այդ ըլլայ դժուար:

Հայն ալ կ՚ապրի ու պէտք է ապրի իր-մեր երկրի իրականութեան մէջ՝ իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ…

Այս բոլոր դժուարութիւնները պարտինք վերածել գործի ու, տակաւին, ապրելու մարտահրաւէրի:

«Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Մեր գործը «մեր երկիրը» պահելն ու շինելն է:

Եթէ քենիացիին համար, բայց անպայմանօրէն՝ նաեւ հայուն:

Մեր(իմ) երկիրը…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019