ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Է.

ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ

Տնային կենդանիներուն կաթը եւ գործածելու ձեւը:

Կաթին ախտահանումը. Ստերիլիզացիա1 եւ պաստերիզացիա2: Ի՛նչպիսի ամանի մէջ պէտք է պահել կաթը: Պտուկը կամ ծծիկը: Ուրիշ նիւթերով սնուցումը: Խմորեղէն կերակուրներ:

Եթէ մայրը որեւէ մէկ պատճառով անկարող է իր երեխային ծիծ տալ եւ եղած տեղը ծծմայր չի՛ գտնուիր, միակ միջոցը կը մնայ զայն կովի կամ այծի կաթով՝ ծծիկի միջոցով կերակրել: Կարելի է նոյնպէս հաւկիթ եւ իշու կաթ գործածել:

Կովի կաթը կնոջ կաթին շատ նման է եւ դիւրութեամբ կը ճարուի,- այդ պատճառով ալ այն ամէն տեղ կը գործածուի:

Մենք տեսանք, թէ կովի կաթը թանձր է եւ իր մէջ աւելի քիչ կաթնային շաքար ու իւղ կը պարունակէ, քան կնոջ կաթը: Հետեւաբար, կովի կաթը կնոջ կաթին հաւասարեցնելու համար անհրաժեշտ է անոր ջուր աւելցնել. կէսը պէտք է ջուր ընել՝ կէսն ալ կաթ, քանի որ այդպիսով շաքարը շատ կը նուազի. ուստի, պէտք է շաքար ալ աւելցնել (մէկ գաւաթ կաթի մէջ մէկ թէյի դգալ) եւ քիչ մըն ալ կաթի սեր: Շաքարը երկու տեսակ է. եթէ երեխան կապութիւն ունի, կաթնաշաքար աւելցուցէք, եթէ ոչ՝ սովորական: Շատ նիհար երեխաներուն համար պէտք է մէկ մաս կաթ եւ երկու մաս ջուր վերցնել: Ծծիկով կերակրած ատեն հետեւեալ զգուշութիւնները պէտք է նկատի ունենալ.

1. Կովի կաթը յաճախ թթուած կ՚ըլլայ եւ կրնայ գրգռել ու հիւանդացնել ստամոքսը: Եթէ թթութիւնը աննշան է, կարելի է ոչնչացնել զայն, աւելցնելով քիչ մը սոտա, բայց, անշուշտ, աւելի լաւ է ընդհանրապէս մէկ կողմ դնել այդ կաթը:

2. Կովը պէտք է բոլորովին առողջ ըլլայ, չունենայ ո՛չ պալարախտ (մարգարտախտ), ո՛չ խոցեր եւ ո՛չ մէկ ուրիշ հիւանդութիւն:

3. Եթէ հնարաւորութիւն կայ, կովը պէտք է տունը պահել, հսկել անոր սնունդին վրայ: Լաւ կաթ կու տայ այն կովը, որ կանաչ խոտ կ՚ուտէ:

4. Կովի կաթը առանց ջուրի պէտք չէ տալ երբեք: Առաջին շաբաթը մէկ մաս կաթին երեք մաս եփ տուած ջուր կամ շաքարաջուր կ՚աւելցնեն: Այնուհետեւ, կամաց-կամաց ջուրը կը նուազեցնեն, այնպէս որ մէկ ամիս յետոյ երկու մաս ջուր կը խառնեն մէկ մաս կաթի հետ, իսկ երրորդ ամսուան ընթացքին՝ կէսը ջուր կ՚ընեն, կէսը կաթ: Այսպիսով անխառն կաթի կը հասնին: Իշու եւ ձիու կաթը կարելի է անխառն տալ:

5. Փորձը ցոյց տուած է, որ կարելի է կաթի խառնուրդէն (ջուրին հետ միասին) տալ.

Առաջին օրը                    11/2 ճաշի դգալ:

2-րդ օր                           7-8 ճաշի դգալ

3-րդ օրը                          20 ճաշի դգալ

4-րդ օրը                          24 ճաշի դգալ

1 ամսական երեխային      1 ֆունտ

2 ամսական երեխային      11/4 ֆունտ

6-7 ամսական երեխային   13/4-2 ֆունտ:

Կաթի ախտահանումը. կովի կաթով սննդատուութեան ժամանակ անհրաժեշտ է ախտահանել զայն, այլապէս երեխային ահագին վնաս կը սպառնայ:

Վերը մենք բացատրեցինք, թէ ինչքա՜ն մանուկներ կը կոտորուին վատ սնունդէն, վատ կաթէն: Ատիկա հասկնալի է, որովհետեւ կաթը շատ դիւրութեամբ կ՚աղտոտի. անոր մէջ ամէն տեսակի հիւանդաբեր մանրէներ կը զարգանան:

Կաթը կողի ձեռքերէն ու կովի պտուկէն, կամ ամանէն, կամ դուրսէն ինկած փոշիէն կ՚աղտոտի, եւ այլն, բայց գլխաւոր վտանգը զանազան տեսակ մանրիկներ-մանրէներ են:

Այս մանրէները անտեսանելի մանր էակներ են, որոնք օդին մէջ, ջուրին մէջ կը գտնուին, եւ կաթին մէջ իյնալով սարսափելի արագութեամբ կ՚աճին: Անոնցմէ շատերը անվնաս են, բայց կան նաեւ ախտաբեր մանրէներ, այսինքն՝ այնպիսիներ, որոնք զանազան հիւանդութիւններ կը յառաջացնեն: Ատոնք են՝ թոքախտի, տիֆի, քութէշի, տիֆթերիի եւ ուրիշներ3, որոնք կրնան հիւանդացնել երեխան:

Այս բանին առաջքը առնելու համար, անհրաժեշտ է կաթը ախտահանել, այսինքն՝ մաքրել այն մանրէներէն, որոնք կրնան անոր մէջ գտնուիլ:

Ատոր համար բազմաթիւ միջոցներ կան, բայց ամենէն գործնականը եւ դիւրին գործադրելին եռացումն է:

Կաթը լաւ եռացնելով մէջի մանրէները իրենց վարակիչ զօրութիւնը կը կորսնցնեն:

Եռացնելու համար գործիք մը կը գործածուի, որ յայտնի է Սոկսելտի ստերիլիզաթէօր անունով:

Ահաւասիկ այդ նկարը.

Ինչպէս կը տեսնէք, Սոկսլետի գործիքը մի քանի մասերէ բաղկացած է.

1. Շիշ ձեւակերտ (փլասթիք) խցանով:

2. Ջուրի ջերմաչափ մը:

3. Կոթով բաժակ մը, որու վրայ գիծեր դրուած են՝ չափի համար:

4. Կաթսայ մը, որու մէկ կողմը նկարին վրայ բաց է, որպէսզի երեւայ, թէ ինչպէս կը դարսեն մէջը շիշերը:

5. Երկաթէ պատուանդան 6-10 ծակերով, որոնց մէջ հագցուցած են շիշերը գլխիվայր:

Ախտահանումը այսպէս կը կատարուի: Շիշին մէջ բաժակով այնքան կաթ կը լեցնեն, ինչքան անհրաժեշտ է երեխային՝ մէկ անգամ տալու համար (ամէն կերակրումի ժամանակ պէտք է նոր շիշ բանալ), բերանը թեթեւ կը ծածկեն ձեւակերտի խցանով: Այդպէս բոլոր շիշերը կը լեցնեն, կը դնեն ոռքով պատուանդանի ծակերուն մէջ ու կը տեղաւորեն կաթսային մէջ: Յետոյ, կաթսային մէջ ջուր կը լեցնեն (մինչեւ կէսը) ու կրակի վրայ կը դնեն եւ եփ կու տան: Կաթսային ջուրը տաքնալով կը տաքցնէ, անշուշտ, եւ շիշերը, որոնց մէջ կաթէն գոլորշի կը բարձրանայ եւ քիչ մը կը բարձրացնէ ձեւակերտի խցանը: Այսպէս կրակի վրայ կը պահեն 20-30 վայրկեան, որմէ ետք կաթսան կրակին վրայէն կը բարձրացնեն: Երբ պաղիլ սկսի, ձեւակերտի խցանը ներս կը քաշուի ու կ՚ամրանայ, մինչեւ իսկ փոս կ՚իյնայ: Այն ատեն պատուանդանը շիշերով կը հանեն եւ շիշերը կը շրջեն, ինչպէս նկարուած է:

Ասիկա շատ լաւ միջոց մըն է: Այս գործիքը սուղ չ՚արժեր, ամէն պարագայի աւելի աժան է քան երեխային կեանքը:

Գիւղերուն մէջ, ուր այս գործիքը կարելի չէ ճարել կամ քաղաքէն բերել տալ, խորհուրդ կու տանք կաթը փոքրիկ սրուակի մը մէջ լեցնել, դնել կաթսայի մը մէջ եւ եփ տալ. երբ կաթը մօտ 20-30 վայրկեան կ՚եռայ, ձեւակերտի կամ հասարակ խցան (այս խցանն ալ եռման ջուրի մէջ եփած ըլլայ) ծածկել ու դնել սառն տեղ մը, որպէսզի շուտով պաղի (կամ պաղ ջուրի մէջ), եւ անմիջապէս երեխային կերակրել: Չմոռնալ, որ ամէն անգամ կերակրած ժամանակ պէտք է նոյն ձեւով եռացնել, թէ չէ եռացուցած կաթը մի քանի վայրկեան ետք դարձեալ կրնայ աղտոտիլ: Վերջերս, բժիշկները նկատեցին, որ այսպէս եռացուցած կաթը մանուկներուն համար քիչ մը դժուարամարս կը դառնայ, ու փնտռեցին ախտահանելու այնպիսի միջոց մը, որ կաթը չեռացուի: Այսպիսի նոր գործիք մը այժմ գործածական դարձած է: Ասիկա Հիպպիուսի փասթէօրիզաթէօրն է. ահաւասիկ նկարը.

Ասիկա կաթսայ մըն է, որու մէջ կաթով լեցուն շիշերը կը դրուին՝ պատուանդանի ծակերուն մէջ հագցուած: Երկար ջերմաչափ մը կաթսայի վերի ծակէն կ՚իջնէ գրեթէ մինչեւ ոռքը (յատակը): Խցաններով գոցուած շիշերը դնելէն ետք, ջուր կը լեցնեն կաթսային մէջ ու կրակի վրայ կը դնեն, կը սպասեն մինչեւ վերջ, որպէսզի ջերմաչափը բարձրանայ մինչեւ 700 (աստիճան), այն ատեն կաթսան զգուշութեամբ կը վերցնեն:

Ասիկա Սոկսլետի գործիքին նման է, միայն թէ ասոր մէջ կաթին տաքութիւնը եռացումի չե՛ն հասցներ, այլ՝ կը պահեն 700-750 (աստիճան) տաքութեամբ՝ կէս ժամ շարունակ: Այսպէս, կաթը երկար ատեն կարելի է այն աստիճան տաքութեան մէջ պահել, որով բաւականաչափ կ՚ախտազերծուի եւ միաժամանակ դիւրամարս կը մնայ երեխային համար4:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16

Վաղարշապատ


1 Ստերջացում, ամլացում:

2 Կենսամթերքներու վարակազերծում մինչեւ 100 տաքացնելու միջոցով, պաստերացում:

3 Տե՛ս Բժիշկ Արծրունիի «Վարակիչ հիւանդութիւններ եւ անոնց թոյնը»:

4 «Առողջ. թ.» Ա. շրջան, № 8:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2023