ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ՝ ԱՆՄԱՀ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
Յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ կ՚ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամենէն էականն է 1915-ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է:
Ինչո՞ւ յանկարծ այս նախաբանը.- Որովհետեւ, այս տարի՝ 2024, նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի (1874-1915) ծննդեան 150-ամեակն ալ է:
Սակայն ո՞վ է ա՛յս գրողը, ա՛յս մեծանուն մտաւորական, արձակագիր, գրականագէտ, քննադատ, թարգմանիչ, տաղանդաւոր մանկավարժ, խմբագիր եւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչը, որ իր հասուն գրիչով, հայ ժողովուրդի ազատութիւնը խնկարկեց բռնատիրութեան լուծին դէմ: Մէկ խօսքով, ժողովուրդի ծոցէն ծնած զաւակ մը, իրապաշտ գրող մը, որ շատ լաւ գիտէր հայուն կեանքի բարքերը, աւանդութիւնները եւ հոգեւոր հարստութիւնները:
Եւ ահա՛, Ռուբէն Զարդարեան:
Յստակ ու մեծատառ անուն մը: Տաղանդաւոր հայ գրող-մտաւորական - հեղինակ մը: Վաղուան հայ գրականութեամբ մտահոգ խարբերդցի մտաւորականներէն մէկը, որ միշտ գրեց ջերմութեամբ, հաւատքով եւ մեր գրականութեան բերաւ ներշնչման նոր նիւթեր, հայրենի գիւղով, հայրենի հողով, գաւառով եւ մանաւանդ հայ գիւղացիով լեցուն:
Քանի մը տողերով ծանօթանանք, կամ ճանչնանք՝ մեր գրագէտ-ուսուցիչին:
Ես զինք «ճանչնայ» տակաւին ազգային նախակրթարանի նոր շրջանաւարտ տարիքիս, երբ Պոլսէն, մօրս ազգականներէն մէկը, իբրեւ նուէր ինծի կը ղրկէր Զարդարեանի «Մեղրագետ»ներէն մէկական օրինակ:
Ան ծնած է 1874-ին, Սեւերիկ քաղաք՝ Տիգրանակերտ: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ հաստատուած է Խարբերդ: Իր տարրական կրթութիւնը ստացած է իր գիւղին մէջ, ապա աշակերտած՝ համանուն խարբերդցի դաստիարակ ուսուցիչ Թլկատինցիին, Խարբերդի Ս. Յակոբայ թաղին Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Եղած է աղքատ ընտանիքի զաւակ: Իր իսկ բացատրութեամբ իրենց տունը՝ «երկու-երեք աղիւսով, քանի մը տախտակով շինուած խրճիթ»: 1892-1905 Խարբերդի մէջ եւ այլուր զբաղած է ուսուցչութեամբ, հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ ֆրանսերէն դասաւանդելով: Շրջան մը ապրած է Պուլկարիա:
Միշտ զբաղած է գրականութեամբ եւ մամուլի հրատարակութեամբ: 1908-ին, այսինքն Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, եկած է Պոլիս ու սկսած իր մտաւոր աշխատանքին: Այսպէս, սկսած է հրատարակել «Ազատամարտ»ը, որուն խմբագիրը դարձած՝ մինչեւ իր եղեռնական մահը: 1910-ին լոյս տեսած է «Ցայգալոյս» երկերու ժողովածուն, որ իր վաստակի լաւագոյն եւ ինքնատիպ արտացոլումն հանդիսացած է, նոյն տարին լոյս ընծայած՝ նաեւ «Մեղրագետ» դասագիրքերու վեց շարքերը:
Հապա՞ իր գործերը: Պէտք է ըսել, թէ Ռուբէն Զարդարեանի գրիչը հարազատօրէն կ՚արտացոլացնէ հայ հողն ու անոր վրայ գործող ու ապրող հայ մարդը: Ան պատմականօրէն մեկնիչն է այս տեսակ հայուն, ոչ դասական, սովորական մեկնիչը, այլ՝ տեսակ մը մեկնիչ, որ ունի իւրայատուկ ոճ տեսնելու, պարզելու եւ իւրայատուկ կերպով ներկայացնելու: Մէկը, որ մասնակից դարձած է հայ հոգիի վերածաղկման ճամբուն:
Ան այս բոլորը գրեց հոգեկան ապրումով եւ խռովայոյզ տագնապներով: Գրեց հայ մարդուն հոգեկան եւ ֆիզիքական աշխարհը փոթորկող, յոյզերն ու ապրումները, անոր հոգեբանութեան մէջ բնորոշուած, շեշտուած իր սեփական հողի սեփականութեան ուժի կապուածութեամբ:
Տառապանք, վիշտ, դառնութիւն եւ առաւել հայ բնաշխարհ, հայկական իրականութիւն, նահապետական կեանք. ահա ասոնցմով է, որ ան կերտեց իր կերպարները:
Խոր արմատներով կապուած մնաց հայրենի լեզուի բարձր մակարդակին, մաքուր ու ճոխ ներդաշնակ, նոյնքան բծախնդիր եւ խստապահանջ:
Մինչեւ իր եղեռնական մահը, հոգեկան անսահման սիրով կապուած մնաց հայրենի իր հողին եւ հայ գիւղացիին:
Իր ներդրումը մեծ է այդ օրերուն նորավէպի արտակարգ ծաղկման:
Ռուբէն Զարդարեան արեւմտահայ գրականութեան առաջնակարգ գրողներրու շարքին կը պատկանի, որ մեր գրականութեան զարգացման մէջ որոշ շրջան հիմնեց եւ անոր տուաւ պատմական նշանակութիւն:
Իրեն համար գրականութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ամենէն հին ձեւերէն մէկը, որուն միջոցով ազգ մը երեւան կը բերէ այն ոգին, որ յատուկ է իրեն, եւ այն կեանքը, որ կը կրէ իր մէջ:
Իր բազմաշերտ եւ բեղուն գրական վաստակը անկասկածօրէն հարստացուց հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի գանձարանը: Նաեւ հաստատապէս երազներ փայփայեց, իրապաշտ եւ հայրենասէր:
Ու բոլոր մեր գրական Զարթօնքի գրիչներուն նման, Ռուբէն Զարդարեանն ալ արժանի է ամէն յարգանքի, որովհետեւ ան իր գործերով մեզի բերաւ մեր հայրենի գաւառի շունչը:
Կարդացէ՛ք , իր նշանաւոր գրութիւններէն. «Զարնուած որսորդը», «Գամբռը», «Լերան եղնիկը», «Մենաւոր ծառը» եւ տակաւին... եւ պիտի հաստատէ՛ք:
Հաւատացէ՛ք, երբ Զարդարեան կը կարդաք, ձեր աչքին առջեւ պիտի պատկերանայ ամբողջ ժողովուրդ մը, իր գիտակցութեամբ, իր շքեղութեամբ:
Մեծ Եղեռնին կորսնցուցինք հայ գրականութեան հսկաներէն՝ այս մէկն ալ: Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին, նոյնպէս կարելի չէ չափել այս մարդուն նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացումը: Որովհետեւ բոլորին նման իր վազքն ալ ակ ունէր, ցայտող խանդավառութիւն, յոյսի, յիշատակի ու աղօթքի:
Արդեօք մենք ալ պիտի կարենա՞նք հետեւիլ իր քայլերուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ