ԼՃԱՓԻՆ
Գարնան մեղմանուշ զեփիւռը կը համբուրէ կարծես լիճին մակերեսը: Համբոյրը թեթեւ շարժում մը կ՚առաջացնէ ու շարժումը տարածուելով մանր ալիքներ կը ստեղծէ, որոնք լճափի ցանկապատին հպելով մեղեդային խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զեփիւռին կ՚ողջունեն նաեւ շրջակայ ծառերը: Ահա բարտին, որուն տերեւները ծափահարելով կը քաղցրացնեն երաժշտութեան մեղեդայնութիւնը, արեւու լուսաճաճանչ ճառագայթները տերեւներու ծափծփանքին գեղեցիկ, փայլփլուն տեսք մը կը հաղորդեն: Մինչ թթենին ազատօրէն կը թափահարէ տակաւին թութի հատիկներով չծանրացած տերեւները: Դեղձենին գեղատեսք աղջիկ մը ըլլալ կը թուի, որ շպարուած է նորածիլ ծաղիկներու զգլխիչ գոյներով:
Եասամանի ծառերը մեղմագոյն տարազներով այս բնական համերգասրահի նայիրեան պարուհիներն են կարծես, անոնք նազելի շարժումներով անուշ բոյր մը կը տարածեն ու մերթ ընդ մերթ ծաղիկներուն փերթերը կ՚իյնան ու ոլորուելով կը թառին լիճի մակերեսին, որուն խորքէն կը բարձրանան ձուկի վտառները, ջուրին վրայ ինկած փերթերը կեր կարծելով: Ինչպիսի՛ աճապարանքով անոնք կը բարձրանան, մեծ ու փոքր ձկներ կը մրցին կարծես իրարու հետ, ամենաարագաշարժն ու զօրեղն է սակայն, որ միայն կրնայ հասնիլ մակերեսին ինկած կտորը կուլ տալու հանգրուանին, անտառի օրէնքն է, որուն կ՚ենթարկուին ոչ միայն անտառաբնակները՝ ուժեղը կը տիրէ, տկարը կը տրորուի, սակայն հիասթափութիւն մը կը նկատուի անոնց նօսրանալ սկսող վտառին մէջ, երբ կը նշմարեն ինկած կտորներուն կեր չըլլալը, խաբուած են անոնք այս անգամ:
Անդին, մամիկ մը թորան հետ հացի մանրուքներով ձկները կերակրել կը սորվեցնէ մանկիկին, ան կենդանասիրութիւն կ՚ուսուցանէ, որուն ընդմէջէն նաեւ՝ առատաձեռնութեան դաս մըն է, որ կու տայ մանկիկին, նայած թէ դասին ո՞ր բաժինը կ՚ընկալէ մանուկը: Անոր հրճուանքը կը բազմապատկուի, յատկապէս, երբ կը տեսնէ վայրագօրէն հացի կտորները յօշոտող ձկներու շարժուձեւերը:
Ճայերու երամ մըն ալ կը թռչկոտի լիճին վերեւը: Անոնք մի առ մի կը կտցահարեն լիճի մակերեսն ու որս մը կուլ տալով ու ոլորապտոյտ մը գոյացնելով երախները լեցուցած, հպարտանքով մը կը բարձրանան պայծառ երկնքին ցերեկուան աստղերու երեւոյթ մը տալով:
Ի՜նչ հիասքանչ արարչագործութիւն: Կարելի չէ չհրապուրուիլ, չսփոփուիլ այս երեւոյթին ի տես: Միթէ մենք ալ բնազդով առաջնորդուող այս արարածներուն նման չե՞նք, մենք ալ կը գոյատեւենք, կը մաքառինք պատառ մը հացի համար ու խաղաղ երդիքի տակ կը հանգչինք օրուան վազվզուքէն յոգնած ու կուշտ փորով կը նախապատրաստուինք յաջորդ օրուան վազվզուքին, ու օրերը կը յաջորդեն իրարու այսպէս, միօրինակ, նոյն յանկերգը ամէն օր՝ առտու, կէսօր, իրիկուն...:
Ահա այսպէս է Երեւանի գարունը գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ, բայց խաբուելու չէ, կրնայ ակնթարթով մը ամէն ինչ գլխիվայր երեւոյթ մը ստանալ, կը շուարիս երբեմն նոյնիսկ գարո՞ւն է, թէ՞ աշուն, թէ՞ ձմեռնամուտ, ճիշդ այնպէս ինչպէս կը պատահի մէկ տեսարանէն միւսը բեմի յարդարանքը փոխուելու պարագային կամ ալ անձեռնմխելի կարծեցեալ խաղաղութիւն վայելող երկրի մը մէջ յանկարծ պատերազմի մը սկսիլը ու...:
Ահա կը մօտենայ արեւելքէն հսկայ, սեւ ամպ մը: Ան աղէտաբեր ոճրագործի մը նման կը յառաջանայ, գորշ մթութիւն մը սփռելով, քաղցր երաժշտութիւնը կասեցնելով, անհետացնելով թռչող ու լողացող արարածները, որոնք հիմա հոս էին, ո՞ւր գացին, ո՞ւր անհետացան, արեւու ճառագայթներն ալ փակեց մթութիւնը, միայն ուռենին կարծես գոհ է, որ թէեւ զուարճացած էր քիչ մը, բայց չէր մոռցած իր սիրահարը՝ երիտասարդ ու գեղադէմ արուն, ան տասնամեակներէ ի վեր լալագին կը սպասէ իր սիրահարին, որ խոստացաւ ու տակաւին պիտի գայ...:
Մութը պատեց նաեւ ամբողջ լիճը, սակայն սեւ ամպը առանձին չէ, անձրեւով զրահապատուած կը սկսի կապարներու տարափ մը տեղացող ոճրագործի մը նման հարուածել, անձրեւի խոշոր կաթիլները սրընթաց կը թափին ամէն տեղ, թրջելով ամէն ինչ, մարդ, ծառ, ծաղիկ, խոտ...: Վազվզուք մը կը նկատուի լճափին կանգնած մարդոց խումբերուն մէջ, շուարած են ի՞նչ ընեն, ո՞ւր երթան, ո՞ր ծառին տակ թաքնուին անձրեւի զօրեղ հարուածէն նուազագոյն վնասուածք ստանալու համար, ահա կարկուտը կ՚ընկերանայ նաեւ անձրեւի կաթիլներուն, աւելի ցաւ ու վնաս պատճառելու համար կարծես: Անմասն չեմ մնար այս հարուածներէն, թրջուած հաւու մը նման կ՚անցնիմ ու կը պատսպարուիմ տերեւները լայն-լայն բացած ծառի մը ճիւղերուն տակ: Հարուածները կը սաստկանան, ծառերու ճիւղեր կը պոկեն անոնք, կոկոններ կ՚իյնան գետին ու ջուրի հոսքին հետ կը սահին, կ՚երթան, հեռուէն կը դիտեմ աւեր ու կոտորած է կարծես ու կը սպասեմ վերջաւորութեան:
Սեւ ամպը ահա կը սկսի փարատիլ, կ՚անհետանայ կարկուտը, կը մեղմանայ անձրեւը, լիճը կը սկսի լուսաւորուիլ ու երկինքէն մաղուող մանր կաթիլները կը յուշեն աւարտը բնութեան զայրոյթին, անոնք եւս կ՚անհետանան ու երկինքը կը գեղեցկանայ ծիածանի գունագեղ կամարով մը, ան ալ երկար չի մնար, պիտի երթայ անձրեւին ետեւէն ու յուսահատութենէն ետք պիտի յուսադրէ անյոյս արարածները. անոր պիտի յաջորդեն արեւու լուսաւոր ճառագայթները փաստելով յոյսի գոյութիւնը, ինչո՞ւ չէ նաեւ հաւատացնելով այն իրականութեան, թէ ամէն ինչ վերջ մը ունի, նոյնիսկ՝ պատերազմները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ