Ար­հես­տա­քուն

Հին Յունաստանը Հիփնոս անունով քունի աստուած մը ունէր, որմէ՝ յունարէն լեզուին «քուն» բառը: Ուրեմն, hypnosis-ը դիցաբանական անունէն կու գայ: Անիկա արհեստականօրէն յառաջ բերուած քնանման դրութիւնն է, որ կարելի է «արհեստաքուն» (hypnosis) կոչել, իսկ արհեստաքունի յառաջացման գործընթացը՝ «արհեստական քնաբերութիւն»:

Արհեստաքունը արթնութեան եւ քունի միջեւ պահ մըն է: Անիկա բնական քունին կը նմանի, սակայն ենթագիտակցական է:

Արհեստական քնաբերը կամ հիփնոսացնողը զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է ընդհանրապէս:

Արհեստական քնաբերութիւնը կը կատարուի երկու դիրքով՝ կա՛մ պառկած եւ հորիզոնական, կա՛մ բազկաթոռի մը մէջ նստած:

Անիկա կ՚իրագործուի հետեւեալ փուլերով.

Առաջին՝ պատրաստութիւն: Նախ հիփնոսացնողը ենթակային կը բացատրէ արհեստական քնաբերութեան նպատակը, իմաստը եւ գործընթացը, ապա կ՚իմանայ անոր հա-մոզուած ըլլալը եւ պատրաստակամութիւնը՝ արհեստաքնանալու:

Երկրորդ՝ թելադրական ազդում: Հիփնոսացնողը որոշ միջոցներով, օրինակ՝ ձեռքի եւ մատներու շարժումներով ու բանաւոր թելադրութիւններով կ՚ազդէ ենթակային վրայ ու զայն կը մղէ մարմնական, մտային, հոգեկան հանդարտութեան եւ թուլացումի:

Երրորդ՝ խորացման թելադրութիւններ: Թելադրութիւններու տրոփին տակ ենթական կը խորանայ իր հանդարտութեան եւ թուլացումին մէջ ու կը յանձնուի քնանման վիճակին:

Չորրորդ՝ զերծումի թելադրութիւններ: Հիփնոսացնողին միօրինակ, կրկնուող, մեղմ եւ խորհրդաւոր թելադրութիւններով ենթական արտաքին գրգիռներէն բոլորովին կը զերծուի ու կը մտնէ կատարեալ հանդարտութեան, թուլացումի եւ քնանման վիճակին մէջ:

Հինգերորդ՝ ելք: Ենթական դուրս կը բերուի արհեստաքունէն:

Ըստ մասնագէտ հիփնոսացնողներու,

1.- Արհեստաքունը թելադրութեամբ յառաջացուած ենթագիտակցական (subconscious) վիճակ մըն է:

2.- Անգիտակցութեան (unconsciousness) ձեւ մը չէ անիկա:

3.- Միտքը ղեկավարող սատանայական եւ դիւային միջոցառում մը չէ:

4.- Անոր մէջ ենթական արթուն կ՚ըլլայ, բայց՝ մասնակի գիտակցութեամբ մը, որ ենթագիտակցական է:

5.- Ենթական կ՚ունենայ ներքին հակամիտութիւն մը, որ շուտով եւ դիւրաւ կ՚ազդուի հիփնոսացնողին որեւէ թելադրութենէն:

6.- Արհեստաքունը տեղի կ՚ունենայ անհատի մը պատրաստակամութեամբ, փափաքով ու որոշումով, եւ ոչ թէ՝ ստիպողաբար:

7.- Արհեստական քնաբերութեան ընթացքին՝

ա.- Ենթակային կամքը կը նը-ւաճուի, եւ ան կը գործէ հիփնոսացնողին թելադրութիւններուն համաձայն:

բ.- Ան տեղեակ կ՚ըլլայ իր շրջապատին մասին, սակայն կ՚անտեսէ զայն: Կը լսէ, կը զգայ, կը հոտոտայ, կը հասկնայ եւ կ՚ըմբռնէ:

գ.- Անոր ենթագիտակցութիւնը կ՚ըլլայ աւելի կեդրոնացած. կ՚ենթարկուի հիփնոսացնողին թելադրութիւններուն:

դ.- Ան կը կարծէ, որ ժամերով քնացած է, հակառակ որ միայն քանի մը վայրկեան գտնուած կ՚ըլլայ այդ վիճակին մէջ:

ե.- Կը յիշէ շատ մը եղելութիւններ, որոնք անտեսուած եւ կամ մոռցուած էին իր առօրեայ կեանքի ընթացքին:

զ.- Կ՚իջնէ իր ներաշխարհին մէջ եւ հոն պահուած իր սեփական անձին համար կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներուն դիմաց կը գտնէ ինքզինք:

է.- Կ՚ունենայ հոգեւոր (spiritual) եւ կամ զգացական ապրումներ:

ը.- Արհեստաքունէն ետք՝

1.- Ենթական կը յիշէ ամէն բան, որ պատահած էր արհեստաքունին մէջ: Եւ եթէ այն ատեն կարգ մը արարքներ թելադրուած էին յետարթ-նացման կատարելու համար, կը գործադրէ զանոնք:

2.- Կրնայ ունենալ ժամանակաւոր եւ անցողակի՝

- Արեան ճնշում, սրտի զարկի եւ շնչառութեան նուազում, որոնք հետեւանք են մարմնի թուլացման եւ մտքի հանդարտեցումին,

- Յիշողութեան թեթեւ տկարացում,

- Արտայայտութիւն՝ ոչ իրական կամ հնարուած պատմութիւններու (confabulations),

- Գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ նողկանք,

- Անձկութիւն, սարսափ եւ խուճապի զգացում:

Արհեստական քնաբերութիւնը օգտագործուած է՝

Ա.- Բեմական նպատակներու համար՝ որպէս հաճելի ժամանցի եւ խնդուքի միջոց, կամ՝ որպէս «հրաշագործութիւն»: Այս կերպը կը կոչուի «բեմական արհեստաքուն» (stage hypnosis):

Բ.- Բժշկական նպատակներու համար՝ որպէս բուժիչ դարմանամիջոց: Այս կերպը կը կոչուի «բուժական արհեստաքուն» (hypnotherapy):

Բեմական արհեստաքունը եւ բուժական արհեստաքունը կը յաջողին, երբ հիփնոսացուողը ունենայ շահագրգռուածութիւն (motivation), թուլացում-հանդարտեցում (relaxation), կեդրոնացում (concentration) եւ արտաքին գրգիռներէ զերծում:

Ինչպէ՞ս կ՚իրագործուի բեմական արհեստաքունը:

Հիփնոսացնողը սրահին մէջ գտնուող ներկաներէն բեմ կը հրաւիրէ կամաւոր մը, ապա հանրութեան եւ ենթակային կը բացատրէ արհեստաքունին նպատակը, իմաստը եւ գործընթացը: Կ՚իմանայ ենթակային համոզուած ըլլալն ու պատրաստակամութիւնը արհեստաքնանալու, եւ յետոյ կը հիփնոսացնէ զայն:

Հիփնոսացնողը որոշ միջոցներով՝ ձեռքի եւ մատներու շարժումներով ու բանաւոր թելադրութիւններով կ՚ազդէ ենթակային վրայ ու զայն կը մղէ մարմնական, մտային եւ հոգեկան հանդարտութեան եւ թուլացումի:

Գործնականապէս հիփնոսացնողը կ՚օգտագործէ գոյութիւն ունեցող շատ մը թեքնիկներէն մէկը, որ է՝ ենթակայի աչքերուն սեւեռումը:

Ան ենթակայի աչքերէն 20-40 սմ. հեռաւորութեամբ եւ անոր ճակատէն քիչ մը վեր, փայլուն շողացող պզտիկ առարկայ մը կը բռնէ իր ձախ ձեռքի բութամատին, ցուցամատին եւ միջնեմատին միջեւ ու կը թելադրէ անոր, որ սեւեռելով՝ շարունակ նայի փայլուն առարկային, ինչպէս նաեւ իր ուշքը կեդրոնացնէ միայն փայլուն առարկային վրայ: Երբ ենթական կը կատարէ թելադրուածները, քանի մը վայրկեան ետք անոր աչքերուն բիբերը կը կծկուին եւ կարճ ժամանակ մը ետք կը լայնան: Մինչ այդ հիփնոսացնողը միօրինակ, մեղմ եւ կրկնուող թելադրութիւններով իր աջ ձեռքի մատները իրարմէ հեռու կը պահէ եւ փայլուն առարկային մօտեցնելէ ետք կը տանի դէպի ենթակային աչքերուն, որոնք ակամայ կը գոցուին թեթեւ թրթռացումով: Ենթական կը մղուի յաւելեալ թուլացումի եւ հանդարտութեան ու կը լսէ հիփնոսացնողին հանդարտ խօսքերը եւ թելադրանքները, որոնք յաճախ զաւեշտական կամ զարմանալի կը թուին. օրինակ՝ աչքերդ պիտի գոցուին, հիմա գոցուեցան, յոգնած պիտի զգաս, սկսար յոգնելու, գլխու ծանրութիւն պիտի ունենաս, արդէն սկսար ունենալ, դուն պիտի երգես հանրածանօթ երգիչի մը նման, պիտի գծես աշխարհահռչակ գծագրիչի մը նման (անուններ կը յիշէ): Հոս հիփնոսացուողին ենթագիտակցութիւնը կը գործէ, եւ ան կը գործադրէ իրեն թելադրուած հրամանները: Այս բոլորէն ետք հիփնոսացնողը դարձեալ իր թելադրանքներով ենթական կը մղէ դուրս գալ արհեստաքունէն, որ տեղի կ՚ունենայ շատ արագ:

Գերմանացի Ֆրանց Անթոն Մեսմեր (Franz Anton Mesmer) արհեստաքունով բուժման նախակարապետն է (18-րդ դար): Ան հաւատացած էր, որ որոշ մարդոց մէջ գոյութիւն ունի անյայտ եւ արտակարգ ուժ մը, որ կարելի է փոխանցել ուրիշ անձի մը: Մեսմեր այս ուժը կոչած էր «կենդանական մագնիսականութիւն»: Ֆրէօյտ նախ Մեսմերի տեսութի՛ւնն է, որ օգտագործած է ջղացնցութիւն (hysteria) ունեցող հիւանդներուն վրայ, ապա՝ իր հոգեվերլուծական (psychoanalysis) դարմանամիջոցը, որ հիմնուած է երկու անձերու փոխասացութեան վրայ:

Սկովտիացի վիրաբոյժ Ճէյմս Պրետ (James Braid) հիմնուելով Մեսմերի սկզբունքներուն վրայ՝ 1843-ին կիրարկութեան դրած է արհեստաքունը: Ան արհեստաքունը նկարագրած է որպէս իւրայատուկ քուն մը, որ կը յառաջանայ աչքերը սեւեռելով փայլուն առարկայի մը վրայ:

Ճէյմս Պրետէն հարիւր տարի ետք արհեստաքունը բժշկական հիմնարկներուն լուրջ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ, եւ անցնող 50 տարիներու ընթացքին՝ այդ առընչութեամբ մեծ ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան:

1995-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու առողջապահական հիմ-նարկները արհեստաքունը ընդունած են որպէս բուժիչ դարմանամիջոց՝ կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային:

Արհեստական քնաբերութիւնը զարգացում արձանագրած է շատ մը երկիրներու մէջ եւ ներմուծուած է լրացուցիչ բժշկութեան (complementary medicine) եւ այլընտրական բժշկութեան (alternative medicine) մէջ:

Ըստ բուժական հիփնոսացնողներու ուսումնասիրութիւններուն, մեր մարմինը հիւանդութիւններու դէմ անգիտակցաբար կը պայքարի, եւ այդպէս է, որ բուժում եւ վերանորոգում տեղի կ՚ունենան: Մեր ենթագիտակցութեան կեդրոնը ուղեղին մէջ կը կանոնաւորէ մեր սրտի զարկը, շնչառութիւնը, արեան ճնշումը եւ կը համադասէ ու կը կանոնաւորէ մեր բոլոր առած քայլերը: Այս գործընթացը կ՚աշխուժանայ արհեստաքունով, եւ մենք անոր շնորհիւ ու նուազ դեղերու գործածութեամբ կրնանք վարել մենք զմեզ, մեր հանգիստը գտնել, հանդարտիլ, ստեղծագործական երեւակայութիւն ունենալ ու լաւանալ:

Ուսումնասիրողներ հասած են այն եզրակացութեան, որ բուժական արհեստաքունին ներքին կարողականութիւնը կը գտնուի մարդ արարածին մէջ: Հիփնոսացնողը միայն կ՚օգնէ այդ կարողականութեան յայտնաբերումին եւ զարգացումին: Նպատակը ենթական քնացնել չէ, այլ՝ արհեստական քնաբերութեամբ յայտնաբերել անոր ներքին եւ թաքուն ցաւերը, ճնշուած եւ ընկճուած յիշատակներն ու իրադարձութիւնները, ապա օգնել՝ որոշ ուղղուածութեամբ բարելաւելու անոր ինքնավստահութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը եւ ինքնակատարելագործումը:

Իսկ ինչպէ՞ս կը կատարուի բուժական արհեստաքունը:

Ըստ մասնագէտ բուժական հիփնոսացնողներու, բուժական հիփնոսութիւնը կը կատարուի անձայն, հանդարտ սենեակի մը մէջ, հիւանդը նստած կամ պառկած կ՚ըլլայ, ձեռքերն ու ոտքերը իրարմէ հեռու: Արհեստաքունը գէթ կէս ժամ կրնայ տեւել: Բժիշկը զանազան տեսակի թելադրութիւններով եւ մեղմ խօսքերով հիւանդը կը մղէ մարմնական, մտային եւ հոգեկան հանդարտութեան ու թուլացումի, որոնց կը յաջորդէ ենթագիտակցական քնանման վիճակը:

Բեմական արհեստաքունի ընթացքին բեմ եւ ունկնդիրներ ամբողջութիւն մը կը կազմեն եւ արհեստաքունը կը կիրարկուի ընտրովի: Իսկ բուժական արհեստաքունի ընթացքին կ՚ըլլան միայն հիփնոսացնողը եւ հիւանդը: Երկուքին միջեւ ուղղակի զուգորդութիւն մը կը ստեղծուի: Հոն ընտրութիւն չկայ:

Բուժական արհեստաքունը կը կիրարկուի առաւելաբար մնայուն ցաւերէ տառապողներուն: Նաեւ շատ մը բժշկական հիմնարկներուն մէջ կը կիրարկուի հետեւեալ հիւանդութիւններու եւ ախտային երեւոյթներու բուժման համար.

1.- Ծխախոտի գործածութեան,

2.- Ընդհանուր գերզգայնութեան,

3.- Հաստ աղիքի գրգռութեան (irritable colon),

4.- Ստամոքսի խոցի (ulcer),

5.- Արեան գերճնշուածութեան,

6.- Գիրութեան,

7.- Այրաջիլի պրկուածքային տկարութեան (erectile dysfunction),

8.- Ոսկրածուծի փոխպատուաստումնային (bone transplantation) ցաւին,

9.- Խլիրդի քիմիական դեղադարմանումի (chemotherapy) նողկանք եւ փսխունք,

10.- Ներդիտակումի (endoscopy) եւ հաստ աղիքի դիտակումի (colonoscopy) ցաւին,

11.- Ատամնաբուժական դարմանամիջոցային ցաւին,

12.- Յօդացաւի, գլխացաւի, անգարի (migrain),

13.- Տկար դիմադրողականութեան,

14.- Հոգեբանական հարցերու՝ ընկճուածութիւն, ճնշուածութիւն. ինքնավստահութեան վատթարացում եւ հոգեբանական վախ:

Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ինքզինք արհեստաքունի մղել, այսինքն՝ ինքնահիփնոսացում (autohypnosis, self hypnosis) կիրարկել: Ասիկա կրնայ տեղի ունենալ, երբ խիստ հետաքրքրական եւ տպաւորիչ վէպ մը կը կարդանք, գեղեցիկ ժապաւէն մը կը դիտենք, տպաւորիչ դասախօսութիւն մը կ՚ունկնդրենք եւ եկեղեցական ներշնչիչ արարողութեան մը ներկայ կ՚ըլլանք:

Բազմաթիւ հիփնոսացնողներ իրենց մասնագիտութիւնը կը կիրարկեն հոգեւոր (spiritual) կեանքի եւ ապրումներու արթնացման համար: Անոնց կարծիքով, կարգ մը կրօններու մէջ արհեստական քնաբերութիւնը կը գործածուի ծիսական արարողութիւններու ընթացքին, անուղղակիօրէն եւ կամ անգիտակցաբար, օրինակ՝ կրկնուող աղօթքներով, երգեցողութեամբ եւ ծիսական շարժումներով: Կարելի է յիշել սեւամորթներու կտակարանային երգեցողութիւնը (negro spiritual, gospel singing):

Պաշտամունքի մը ընթացքին արհեստաքունի վիճակ կրնայ յառաջանալ շնորհալի ու զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող քարոզիչի մը կամ բարոյախօսի մը խօսքերով, եւ կամ՝ այնտեղ տիրող հաւաքական լռութեամբ:

Ընդհանրապէս» եկեղեցիները յատուկ օրէնք մը կամ արգելք մը չունին արհեստական քնաբերութեան մասին: Անոր ճիշդ եւ բարոյական ուղիղ գործածութեան դէմ չեն անոնք:

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018