Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Բ.)

- Ս. Պատարագը ե՞րբ հայացուեցաւ։

- Պատարագամատոյցին հայացումը անշուշտ տեղի ունեցաւ Ե. դարուն: Կարելի է ենթադրել սակայն, որ կարգ մը մասեր բերանացի թարգմանուած էին դեռ Դ. դարէն: Բայց հիմնական եւ ամբողջական թարգմանութիւնները կատարուեցան Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետին ձեռքով: Հայացում ըսելով պարզապէս յունարէն բնագիրներուն թարգմանութիւնը չենք հասկնար: Մանդակունի Հայրապետ ո՛չ միայն համադրեց Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի (Աթանաս Աղեքսանդրացի անունով ծանօթ) եւ Յովհան Ոսկեբերանի պատարագները, այլ նաեւ որոշ պատշաճեցումներ ու լրացումներ կատարեց, որոնք եկան Պատարագի բնագիրին հայկական դրոշմ մը տալու:

Յովհան Մանդակունիի ձեռքով խմբագրուած պա-տարագամատոյցը իր հիմնական ձեւով պահուեցաւ յաջորդ դարերուն. ինչպէս ունինք վկայութիւնը Ժ. դարուն՝ Խոսրով Անձեւացեաց Եպիսկոպոսի մեկնութենէն:

ԺԲ. դարուն Պատարագամատոյցը նոր եւ զգալի փոփոխութիւններ կը կրէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի ձեռքով: Լամբրոնացիի բերած հիմնական փոփոխութիւնը Պատարագի մուտքի բաժինին յաւելումն էր անոր վրայ: Այսինքն, պատարագիչին զգեստաւորման աղօթքները, ապա Եկեղեցի մուտքը, խորանին առջեւ ձեռքերու լուացումը, մեղքերու խոստովանութիւնը, եւ ի վերջոյ 26-րդ Սաղմոսին արտասանութեամբ խորան բարձրանալը, (հաւանաբար նաեւ թափօր դառնալը), այս բոլորը ուղղակիօրէն առնուած են ժամանակի լատինական Պատարագէն, որ լատին կրօնաւորներ իրենց հետ բերած էին Արեւելք, եւ կը գործածուէին Անտիոքի եւ շրջակայքին մէջ. ինչպէս՝ նորահաստատ լատինական վանքերու մէջ: Լամբրոնացի գեղեցիկ գտաւ անոր մուտքի բաժինը եւ որդեգրեց զանիկա եւ այնուհետեւ անիկա պահուեցաւ մեր Պատարագին մէջ:

- ԺԳ.-ԺԹ. մեր Պատարագամատոյցը ինչպիսի՞ զարգացում արձանագրած էր։

- ԺԳ. դարուն մեր Պատարագին սկիզբը կ՚աւելնայ՝ զգեստաւորման երգը՝ «Խորհուրդ խորին»ը, որուն հեղինակն է Խաչատուր Վրդ. Տարօնեցի: Իսկ ԺԲ.-ԺԵ. դարերուն է, որ Պատարագին լրացուցիչ տաղեր ու մեղեդիներ կը յօրինուին, մեծ մասամբ մեզի անծանօթ մնացած հեղինակներու կողմէ: Պատարագին վրայ վերջին յաւելումները կու գան ԺԷ. եւ ԺԹ. դարերէն: ԺԷ. դարուն Պատարագի աւարտին աւելցաւ Աւետարանի ընթերցումը, որ նախապէս չկար, եւ լատինական ազդեցութեամբ ներս սողոսկեցաւ, չենք գիտեր՝ որո՞ւ կողմէ: Իսկ վերջին յաւելումը ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն եկող՝ «Տէր Ողորմեա»ն է: Սա հեղինակութիւնն է Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսին (1763-1780), եւ թէպէտ սկզբնապէս գրուած չէր եկեղեցական արարողութեանց մաս կազմելու համար, բայց այնքան սիրուեցաւ եւ մանաւանդ ժողովուրդին սրտին դպաւ, որ աստիճանաբար մտաւ արարողութեանց կարգին, եւ ի վերջոյ նաեւ Պատարագին: Թէ ե՞րբ. ճշգրիտ կերպով չենք գիտեր:

- Ինչո՞ւ համար Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի արարողութիւնը Պատարագ, զոհ կամ ընծայ կը կոչուի։

-  Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի արարողութեան ընթացքին, Յիսուս օրհ-նըւած հացն ու գինին կը խորհրդափոխէ Իր Մարմնին եւ Արեան։

Քրիստոս հացի եւ գինիի երեւոյթով, Հօր Աստուծոյ ընծայուելով, կը կատարէ Իր մշտնջենական բարեխօսութիւնն ու քաւութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին համար եւ ապա որպէս կենդանի հաց կը բաշխուի ու կը բնակի զԻնք ճաշակողներու ներսիդին։

- Ի՞նչ նշանակ ունի խունկի գործածութիւնը։

- Խունկը զոհն է եւ խունկին բարձրացումը՝ աղօթքի բարձրացումն է։ Բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները կը հաւատան, որ աղօթքները խունկին հետ կը բարձրանան երկինք, այսինքն՝ Աստուծոյ։ Նշենք, թէ խունկի գործածութիւնը երրորդ դարէն սկսեալ ներմուծուած է մեր եկեղեցական արարողութիւններուն մէջ։

Աստուծոյ խունկ մատուցելը նշանակ է սրտի խորերէն վեր բարձրացող ջերմեռանդ աղօթքին, ինչպէս նաեւ յարգանքի եւ օրհնութեան արտայայտութիւնն է մարդուն՝ իր Արարիչին հանդէպ։

- Եթէ այդպէս է ինչո՞ւ խունկ կը մատուցենք նաեւ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ քահանաներուն։

- Խունկը կը մատուցուի նաեւ սրբութեանց, նկարներու, պատկերներու եւ քահանաներու առջեւ։ Քահանաներու առջեւ խունկ կը մատուցենք որպէս յարգանքի արտայայտութիւն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ դեսպաններն են երկրի վրայ։ Օրինակ՝ Ս. Եփրեմ Ասորի Խուրին՝ ասորի մեծ հայրապետը, իր կտակին մէջ պայման դրած էր, որ իր յուղարկաւորութեան ընթացքին խունկ չգործածուէր, որովհետեւ կ՚ըսէր, թէ անարժան էր անոր։

Ս. Յովհան Օձնեցի Հայրապետ կ՚ըսէ. «Անուշահոտ խունկերու բոյրը՝ թէ՛ երկնայիններուն եւ թէ մեր հոգիներուն մէջ Ս. Հոգիին անուշ բոյրը կը յայտնէ»։

Իսկ ժողովուրդին խնկարկելը նշանակ է Աստուծոյ շնորհաց բաշխումին, զոր կը կատարէ պատարագիչ քահանան թափօրի ատեն իր օրհնութեան աղօթքներով միատեղ։ Ս. Պատարագի ընթացքին ալ երբ պատարագիչը մէջընդմէջ օրհնութիւն կը բաշխէ, սարկաւագը, որպէս սպասաւոր Ս. Սեղանի եւ օգնական քահանայի, անոր հետ միասին կը դառնայ դէպի ժողովուրդը եւ կը խնկարկէ։

- Ի՞նչ է քահանային դերը Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին։

- Քահանան, որ ժողովուրդին ներկայացուցիչն է Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ, իբրեւ «հրեշտակ» (պատգամաւոր) կ՚աղօթէ իրեն եւ իր ժողովուրդին մեղքերուն քաւութեան եւ շնորհքներու տուչութեան համար։ Քահանային դերակատարութիւնը տէրունական պատուէրին համաձայն եւ առաքեալներէն աւանդուած Ս. Պատարագը որպէս Ս. Խորհուրդ կիրարկելու պարտաւորութեան մէջ կը կայանայ, «մինչեւ Իր (Քրիստոսի) երկրորդ գալուստը» (Ա. Կր 11.26)։

Ս. Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոս այսպէ՛ս կը մեկնէ Եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներու դասերը. «Քահանան, որ եկեղեցւոյ մէջ ճշմարիտ շնորհքը կը բաշխէ՝ օրինակն է մեծ քահանայապետին, որմէ տրուած անմահութեան վտակը, Սուրբ Հոգին, կեանք եւ անմահութիւն կը բաշխէ մարդոց։ Եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներու դասերը կարգուած են հրեշտակներու դասերուն համաձայն, եւ զանազան կարգերն ու պաշտօնները անոնց նմանութեան իմաստը ունին»։

- Ս. Պատարագի ընթացքին վառուող մոմերն ու կանթեղներու մէջ պլպլացող ձէթը ի՞նչ բանի նշանակ են։

- Վառուող մոմերը կը յիշեցնեն Հին Ուխտի շրջանին զոհուող կենդանիներու այրող ճարպերը, իսկ ձէթը՝ երկրի բերքէն մատուցուած ընծաները։ Նոյն ատեն անոնց լոյսերը կը խորհրդանշեն Քրիստոսի Աւետարանին լոյսին ճաճանչները։ Իսկ Ս. Յովհան Օձնեցի Հայրապետի բացատրութեամբ՝ «Մշտավառ լապտերը երկնքի մէջ սուրբերուն մշտալոյս պայծառութիւնը կը պատկերացնէ»։

- Ուրկէ՞ ծագում առած է Աւետարան կրող քահանային առջեւ ջահերու (մոմերու) գործածութիւնը։

- Սովորութեան համաձայն, քաղաքական դատաւորները պաշտօնապէս ատեան մտնելու ատեն վեր կը բռնէին իրենց օրինագիրքը եւ կ՚առաջնորդուէին ջահերով ու խնկարկութիւններով։ Իսկ Ս. Գրային հասկացողութեամբ մոմավառութիւնը Աստուծոյ խօսքով լուսաւորուելու խորհրդանիշ է, սաղմոսերգուին բառերով. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, եւ իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սղ 119.105)։

- Քշոցներու գործածութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

- Սկզբնական շրջանին քշոցը կը գործածուէր Ս. Հաղորդութիւնը միջատներէն զերծ պահելու համար։ Սակայն յետագային ան տարբեր նշանակութիւն ստացաւ։ Անոր գործածութիւնը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ գահին առջեւ թռչող Սերովբէներու, Քերովբէներու եւ երկնային զօրքերու հրճուանքն ու անոնց թեւերուն ձայնը։

Աշխատասիրեց՝  Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018