ԻՆՉՈ՞Ւ ՍԽԱԼ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԱԾԸ
Մի քանի լուսաբանական նախատուեալներէ ետք միայն կը փափաքիմ տեսակէտս առանց ծամծմելու ըսել:
1) Երեւանի մէջ պատահած դէպքին մասին բարեկամներէ լսեցի: Չհետեւեցայ լուրերուն: Բացարձակ արդար ըլլալու համար ըսեմ, որ բարեկամներս ըսին, թէ՝ «Էրեբունիի ճամբան փակ է» եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին դէմ (կամ իր ընթացքին դէմ) զինական քայլ մը առնուած է:
2) Համաշխարհային լրատուութիւնը առաջնային տեղ տուած է պատահածին:
3) Կը գրեմ այս մտածումներս՝ առանց գիտնալու մանրամասնութիւնները՝ պատահածին:
4) Ինծի համար, հայկական ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը գերիվեր է որեւէ այլ բանէ: Այլ խօսքով՝ ազգայնօրէն զիս շահագրգռողը հայկական գերագոյն շահն է:
Անցնիմ նիւթիս:
Կը հաւատամ, որ ի՛նչ ալ ըլլան դրդապատճառները, ի՛նչ ալ ըլլայ դէպքը կամ դէպքերը, ի՛նչ ալ ըլլան հետեւանքները, ո՛վ կամ ո՛վքեր ալ ըլլան անոր ետին կանգնողները, անկէ օգտուողները, վնասուողները.... համոզուած եմ որ սխալ է (կամ էր) եղածը (կամ պատահողը):
Երեւանի մէջ պատահածը, բացարձակապէս սխալ է (էր):
Ինծի համար խնդիրը սկզբունքային է: Ան կապ ունի իմըճին հետ:
Մեզմէ ոմանք գիշեր լուսցուցին հետեւելով Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջումին զարգացումներուն: Զոհերու, պաշտօնազրկուածներու, ձերբակալուածներու թիւերը, կառոյցներու հասցուած վնասները ոմանք ուրախացուցին կամ տխրեցուցին:
(…)
Աշխարհը ասանկ է. համաշխարհայնացումի հաղորդամիջոցները ցնցիչ գէշ նիւթ կը փնտռեն մատի փաթթոց դարձնելու, մինչեւ որ նոր, ուրիշ գէշ-ցնցիչ նիւթ մը ծնի, որ շուքի մէջ դնէ նախորդ գէշ-ցնցիչ լուրը, եւ նոյնիսկ մոռացութեան մատնէ յառաջացած տպաւորութիւնը: (…) Մե՞նք ալ էքշըն կ՚ուզէինք ընել. դրական, ցնցիչ էքշըն մը ընէինք, որ հակադրուէր Թուրքիոյ (…)։
Ժամանակն է, որ բոլոր բոլորս, բոլոր այն հայերը, որոնք կը ձգտին Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին լուսէ ապագային, վարուին իբրեւ պետականակիր անհատներ:
Յ.Գ. Գրութիւնս աւարտելէ ետք հետեւեցայ լուրերուն: Կը մնամ տեսակէտիս վրայ: Դուք ի՞նչ կը մտածէք:
ՏՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ