ՄԻ՛ ԳԱՅԹԱԿՂԻՐ ԵՒ Ո՛Չ ԱԼ ՈՒՐԻՇԻՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌ ԵՂԻՐ

Ժողովրդական առածը շատ ճշգրիտ ձեւով կ՚ըսէ. «Նետած քարդ, օր մը կրնայ գլուխդ ծակել»։ Քար նետելու սովորոյթը, ուրիշը վնասելու, ծուղակի մէջ ձգելու կամ գայթակղեցնելու վատաբարոյ արարքներն ու թակարդները, օր մըն ալ կրնան աւելի դառն կերպով հանդիպիլ քեզի։

Ընկերային կեանքին մէջ դիտաւորեալ կամ ակամայ պատահող գայթակղութիւնները, միշտ ալ իրենց աւերումները ունեցած են եւ վնաս հասցուցած տուեալ ընկերութեան՝ զայն երբեմն բաժան-բաժան վիճակի մատնելու ու մասնատելու աստիճան։ Չկայ ընկերութիւն մը կամ ընկերային յարաբերութիւն մը, որ ունենայ հեզասահ ընթացք մը՝ ամէն տեսակի դժուարութիւններէ ու փորձանքներէ հեռու։ «Կեանքի օրէնքն է սա, փախուստ չկայ ասկէ», պիտի ըսէր մեր հայ մամիկներէն մէկը, որ համոզկեր բառերով կը փորձէր հաշտուիլ այս «դաժան» կեանքին հետ։

Նորելուկ երեւոյթներն ու աչքին «գեղեցիկ» թուացող նորաձեւութիւնները անպայմանօրէն իրենց ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձը կ՚ունենան այսօր-ւան երիտասարդին հոգեվիճակին վրայ։ Հոգեվիճակ մը, որ ըստ ոմանց թիւր հասկացողութեան, միայն գայթակղութեամբ կրնայ «ներգրաւուիլ», «փոխակերպուիլ» եւ ենթակային կեանքը ամբողջապէս «յեղաշրջել» ու իրեն երկրպագուն դարձնել։ Ներգրաւչութիւն մը, ուր կեղծ շպարներով տգեղը՝ գեղեցիկ, տխեղծը՝ ներկայանելի ճարտարութեամբ կը ներկայացուի։ Այս եւ նման խաբեպատիր առկայ գայթակղութիւններ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են մեր կեանքի խաչմերուկներուն մէջ, ուր «գեղեցիկ»էն անդին գայթակղիչ տարրը ի՛նքն է գլխաւորագոյն դերակատարը եւ զոհը։

Գայթակղող գեղեցկուհին երբ ներհայեաց մօտեցումով կը քննէ իր արարքները, առաջին հերթին կը տեսնէ, որ ինքզինք գայթակղած է եւ իր ժամանակը յումպէտս վատնած։ Իր արտաքին ձեւափոխուած «գեղեցկութիւնը» որպէս հիմք, դրամագլուխ ընդունելով՝ իսկութեան մէջ ինքզինք դատարկամը-տութեան յանձնած կ՚ըլլայ եւ երեւութապաշտութեամբ՝ բարոյական արժէքները արժեզրկած։

Դարերը կը փոխուին, տարիները կը յաջորդեն իրարու՝ նորութիւններ փոխանցելով հանուր մարդկութեան։ 21-րդ դարը տարբերուեցաւ իր նախընթաց դարերէն՝ իր գիտական բացառիկ եւ աննախընթաց նորութիւններով: 20-րդ դարու վերջին քսանամեակին յայտնաբերուած «նորահրաշ» գիտութիւնը՝ համակարգչային դրութիւնը հիմնովին փոխեց մարդկային ընկերութեան աշխատանքային առօրեան՝ արագութեան թեւերուն վրայ թռչելով, օրէ օր նորահaնար երեւոյթներով, որոնց դիմաց մարդը մնաց ապշահար՝ «Այս ի՜նչ հրաշք, անհաւատալի, բայց իրաւ» գոչելով: Համացանցի դրութիւնը, իրարու հետ յարաբերելու դիւրութիւնը, վայրկենական ուզածդ ունենալու հետաքրքրական եւ հաճելի իրողութիւնը անկասկած օգնեց գրասենեկային, բժշկութեան, կրթական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման:

Համատարած կողմնորոշում. միաձայն կարծիք ու գնահատանք…։ Եթէ համակարգիչը իր համացանցային դրութեամբ բարիք բերաւ մարդկութեան եւ անոր աշխատանքին բարելաւման, սակայն միւս կողմէ գայթակղեցուց երիտասարդին թէ՛ միտքը եւ թէ հոգին։ Համացանցը ճամբայ բացաւ սանձարձակութեան ու մեքենակայացման՝ երիտասարդը անոր մնայուն գերին ու կամակատարը դարձնելով։ Շատ յաճախ ծնողներ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար նոր սերունդը այսքան փոխուեցաւ՝ բարոյական իմացումներն ու քրիստոնէական արժէքները անտեսելով: Որովհետեւ ան կը հետեւի «ամէն բան կայ» հետաքրքրող բանաձեւին՝ ինքնակորոյս կոչուած թակարդին մէջ ինքզինք թաւալելով: Խենէշ տեսարանները, սեռային անբնական արարքները, թմրամոլութեան «հաճոյք»ները դիւթեցին երիտասարդը՝ քանդելով անոր առողջութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը: Իսկ յայտնուող նորաձեւութիւնները եւ ամօթալի երեւոյթներու կապկումը ահազանգող երեւոյթ է դարձած մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ, որուն դաստիարակը համակարգիչն է իր ֆէյսպուք կոչուած ժամավաճառութեամբ եւ «գաղթակղեցուցիչ» սիրով։ Երիտասարդը պէտք է իմանայ, որ դրականը կը դառնայ բացասականութիւն՞ երբ որակը կը բացակայի, երբ անմիջականը կ՚անգիտանայ անցեալը եւ ժառանգութիւն չի ստեղծեր:

Մանկավարժներ խորհուրդ կու տան երախային մէջ արմատախիլ ընել նկարագրային բացասական կէտերը, մանաւանդ ուրիշին թակարդին մէջ չիյնալ եւ չգայթակղիլ մակերեսային երեւոյթներէ։ Այստեղ կը կայանայ մտաւոր դաստիարակութեան դերակատարութիւնը, որուն կարեւորագոյն նպատակը երախայի առողջ աշխարհահայեացքի ձեւաւորումն է։ Այո՛, մայրը իր զաւկին նկարագրային «ճիւղերը» կ՚էտէ (=հատել, կտրել), սակայն միաժամանակ կ՚արմատախլէ չարատունկ սերմերը՝ անոնց փոխարէն պատուաստելով բարիին նախանձախնդիր ըլլալու ծառը։ Երբ երախան իր առաջին մտային ընդհանրացումները կը կատարէ եւ զայն ուրիշին կը հաղորդէ, արդէն ի վիճակի կ՚ըլլայ մտովի կանխատեսել իր գործունէութեան աւարտն ու հետեւանքը։ Կողմնորոշիչ ուղեցոյց ունենալը դէպի հեռանկար քալող երախային համար կարեւոր ազդակ մըն է։ Աշխարհահայեացքը մարդու ընդհանրացուած գիտելիքներու այն համակարգն է, որ կը կողմնորոշէ անոր գործունէութիւնը եւ կը հաղորդէ ինքնավստահութիւն ու կայունութիւն։ Իսկ ապառողջ աշխարհահայեացք ունեցող երախան, երբ մեծնայ՝ կը փորձէ իր նմանակիցին նմանիլ, անոր հարթած ճանապարհներէն ընթանալ եւ օրինակ վերցնել, բայց երբ չի յաջողիր, նախանձի ախտէն դրդուած՝ աշխարհիկ հրապոյրներով կը գայթակղեցնէ իր ընկերը, անոր աշխարհահայեացքը շեղելով եւ յաջողակ գնացքը խափանելով։

Առանց կայուն աշխարհահայեացքի՝ մարդը զուրկ է ինքնավստահութենէ, որուն բացակայութեան պատճառաւ անոր մտածումները կը տատանուին, իսկ վարքի ու գործունէութեան հեռանկարները կը խարխափին։ Անկայուն, նեղ աշխարհահայեացք ունեցող երախան ապագային չի կրնար հասարակական լիարժէք գործունէութիւն ծաւալել։ Գիտակից ամոլն է, որ իր մանուկին մէջ կը ձեւակերպէ եւ կը կոփէ ճշմարիտ աշխարհահայեացքի հայեցակէտերը՝ անոր բովանդակութիւնը յագեցնելով խոր, կայուն եւ յստակ իմացութեամբ։ Առանց օրինաչափութիւններու իմացութեան՝ ճշմարիտ համոզում գոյութիւն չ՚ունենար։ Կեղծ աշխարհահայեացքն ու համոզումը մարդկային գործունէութիւնը կը տանին փակուղի՝ ապագայ մարդը դատարկակեաց եւ դատարկաշրջիկ դաձնելով։

Փիլիսոփայ Ժան Պոտրիար խօսելով գայթաղկութեան ներուժին մասին՝ կը բացատրէ ըսելով. «Գայթակղութեան ներունակ ուժը հետեւեալն է, ամէն ինչ պոկել իր ճշմարտութենէն եւ վերադարձնել զայն դէպի խաղ. դէպի զուտ երեւակայական խաղ. եւ այնտեղ անմիջապէս վերախաղալ եւ շրջանցել իմաստի ու իշխանութեան բոլոր համակարգերը։ Գայթակղիլ կը նշանակէ որպէս իրականութիւն «մեռնիլ» եւ ծնիլ խայծի տեսքով: Այս պարագային գայթակուող անհատը իր իսկ խայծի թակարդին եւ կախարդուած աշխարհին մէջ կ՚իյնայ»։ Գայթակղութիւնը միայն գեղեցկութեան չի վերաբերիր, այլ ան իր մագիլները կը տարածէ իւրաքանչիւր երեւոյթի վրայ՝ թէ՛ գեղեցկութեան եւ թէ տգեղութեան. թէ՛ չարի եւ թէ բարիի. թէ՛ ուղղամտութեան եւ խուսափողականութեան վրայ։ Գայթակղութիւնը այն լպրծուն ախտն է, որ կրնայ քեզ իր ժանիքներով պարուրել. հրապուրիչ փայլքով այրել եւ իր դիւթիչ խաղին մէջ ներառնել։

Կամքէ անկախ կամ այլ անձի պատճառաւ կատարուող գայթակղութիւնները, երբեմն յատուկ ծրագրաւորումով եւ նպատակադրութեամբ տեղի կ՚ունենան կարգ մը փցուն հաշիւներով զբաղող անհատներու կողմէ։ Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած խաբեբայ օձէն անոնք ի՞նչ տարբերութիւն ունին։ Մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն աչքի խաբկանքներով ու կեղծուպատիր ըսելաոճերով կը խաբեն քեզ, այլ օր-ցերեկ շահագրգիռ հաշուարկումներով չորսկողմդ կը դառնան՝ իրենց թիրախին հասնելու համար։

Քրիստոսի դարեր առաջ ուսուցած վարդապետութիւնը ու կարդացած «վա՜յ»ը այսօ՛ր եւս աւելի ուժգնութեամբ զգաստութեան կը հրաւիրէ գայթակղիչը, որ պատճառ կ՚ըլլայ շատերու հոգեկան ու բարոյական անկման. «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր» (Ղկ 17. 1-2)։ Որպէս «բնական» երեւոյթ ընդունուած գայթակղութիւնը, օրէ օր աճ արձանագրելով կը սողոսկի մեր ներաշխարհը եւ շատ դիւրութեամբ կը դառնայ մեր առօրեայ ընկերն ու անբաժան մէկ մասնիկը՝ թէ՛ մեր խօսակցութեան, թէ՛ մեր յարաբերակցութեան եւ թէ մեր ընկերային կեանքին մէջ։ Թէպէտ գայթակղութիւնը խաղաղ կարկաչող ջուրի պէս կու գայ ու կը մտնէ քու ներսիդիդ, սակայն ժամանակ մը ետք թափընթաց գետի նման կեանքդ կը վերածէ խառնափնթոր կեանքի, ուր կան միայն լաց ու կոծ, աղեկէզ արտասուք ու «երանի»ներու շարան մը։

Երբեմն որոշ անձիք ամենայն վստահութեամբ կը պատրուակեն ըսելով, թէ Աստուած Ի՛նք մեզ կը փորձէ եւ գայթակղութեան մէջ կը ձգէ։ Աստուած երբե՛ք քեզ չի գայթակղեցներ եւ ոչ ալ գայթակղութեանդ պատճառ կը դառնայ, ինչպէս պիտի ըսէր Յակոբոս առաքեալ. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՛ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1. 13-14)։ Կասկածամիտ մարդու կեանքը փճացնող հոգեկան բարդոյթներու պարագլուխը կարելի է համարել զԱստուած մեղադրելու ունակութիւնը։ Քեզի պատահող դժբախտութիւններն ու գայթակղութիւնները երբեւիցէ՛ Աստուծոյ կողմէն չեն։ Ընդհակառակը, այդ բոլոր փորձութիւններն ու գայթակղութիւնները սեփական ցանկութիւններուդ պատճառած խաբկանքներէն ու քաշողականութենէն յառաջ եկող երեւոյթներ են։ Ոմանք գիտնալով հանդերձ, թէ Աստուած բարի Աստուած է եւ՝ բարիքի աղբիւր, ջղագրգիռ վիճակի մէջ կը մեղադրեն զԱստուած, պարզապէս անոր համար, որ չե՛ն գիտեր դատարարտելի անձը կամ դրդապատճառը, որ տեղի տուած էր իրենց կենսընթացին մէջ ի յայտ եկած գայթակղութեանց։ Քու անձէդ իսկ ծնունդ առնող գայթակղութիւնները Աստուծոյ վրայ բարդելու ու հասցէագրելու չքմեղանքը յաճախ քեզ մտակորոյս կ՚ընէ եւ անզգալաբար անտարբեր ու անպատասխանատու կը դարձնէ քու կեանքիդ նկատմամբ։ Չի՛ մոռնաս, թէ կեանքիդ մէջ յայտնուող գայթակղութեանց մեծ մասը երբեմն ձեռքո՛վդ կը կատարուին, որուն պատճառը կեանքիդ մէջ պէտք է փնտռես եւ ոչ թէ այլուր։

Երկնաւոր Հայրդ, առաջին օրէն իսկ ճշմարիտ կեանքի քարտէսը գծած է քու առջեւդ։ Ասոր կողքին, Չարը իր այլանդակ ճամբաները առանց սահմաններու դիմացդ բացած է, ուր կայ «անիրագործելի» երազներու մարմնացում եւ «աներեւակայելի» հաճոյքներով առլի կեանք մը։ Բարոյականութեան ճշմարիտ Ուսուցիչը՝ Քրիստոս եւ Բանսարկուն իրենց ճանապարհները կ՚առաջարկեն քեզի՝ խնդիրներուդ լուծման եւ եզրայանգման համար, միաժամանակ կը քաջալերեն քեզ, որ իրենց գծագրած քարտէսը ընտրես՝ քեզ առանց հարկադրեալ ու բռնադատեալ իրավիճակի մէջ ձգելու։ Անոնց ընտրութիւնը կախեալ է կայացուցած որոշումէդ։ Չարին առաջադրած չարաստեղծ ճանապարհը, որ դէպի խորխորատ կ՚առաջնորդէ, ընդհանրապէս քաղցր ու կարճ, ամենահեշտն ու ամենաարագը կը թուի, իսկ Աստուծոյ առաջարկածը՝ ոմանց համար ժամանակակորուստ ու անարդիւնաւէտ է։ Չարին ընձեռած պայմանները, արդիւնալից լուծումները եւ դիւրահասանելի նպատակները կրնայ ըլլալ ամբողջ կեանքդ համակեն ու կերպարանափոխեն։ Բայց վստահ գիտցիր, որ այդ բոլորը քեզ ուղեկորոյս կ՚ընեն, գայթակղութիւններով կը շղթայեն հոգիդ ու ողջ էութիւնդ՝ քեզ անել վիճակի մէջ թողելով։ Սադայէլը երբեք Եւային չըսաւ, որ եթէ արգիլուած ծառի պտուղէն ուտես, դրախտէն դուրս պիտի ելլես եւ մեղքի հետեւանքները պիտի ճաշակես: Երբ Եւան անոր առաջարկած դռնէն ներս մտաւ եւ Աստուծոյ խօսքը դրժելով՝ չարահաւան խօսքին ընդառաջեց, ահա այն ատեն Աստուծոյ պաշտպանողութենէն դուրս եկաւ ու որդեգրութենէն զրկուեցաւ:

Սիրելի՛ ընթերցող, ոմանք այնպէս կը խորհին, թէ Քրիստոսի «աչքդ հանել նետելու», գայթակղեցնող «ոտքդ ու ձեռքդ կտրել հեռացնելու» հաստատած օրէնքը (Հմմտ. Մր 43-48) անկիրարկելի ու դժուարին արարք մըն է։ Հեշտասէր ու աշխարհիկ մարդը հաւանաբար չուզէ կէս արարած դառնալ, բայց նախընտրելի է խեղանդամ մարմնով, կաղ ոտքով եւ միականի մտնել Աստուծոյ արքայութիւնը, քան թէ տնակից դառնալ չարութեան հօր բնակավայրին՝ դժոխքին մէջ, ուր «զանոնք կրծող որդը չի մեռնիր եւ կրակը չի մարիր» (Ես 66.34, Մր 9.48)։

Կեանքի քառուղիներուդ մէջ անպայմանօրէն պիտի գայթակղիս, ասկէ փախուստ չկայ։ Սակայն «ետի՛ս գնա, Սատանայ» ըսելով ու խղճիդ ձայնին անսալով կրնաս դուրս գալ այդ անեզր գայթակղութիւններէն։ Ոչ միայն մի՛ գայթակղիր, այլեւ մի՛ գայթակղեցներ քու ընկերդ, բարեկամդ կամ հարազատդ, որովհետեւ անոր գայթաղկութեան պատճառ դառնալով՝ ե՛ւ դուն, ե՛ւ ի՛նքը Սատանային արբանեակներուն գործակից դարձած կ՚ըլլաս։ Արթնամիտ եղիր…։ 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017