ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆ Է «ԿԱԼԱՒԱՆ»

Անցնող օրերուն Հայաստանի լրահոսին մէջ կարեւոր տեղ տրամադրուեցաւ «Կալաւան» գիւղին։

Խորքին մէջ խօսքը միայն սովորական կամ արդիական մօտեցումներով «ոտքի ելած» հայկական գիւղին մասին չէր, այլ աւելին։

Խօսքը կը վերաբերէր պատմութեան Ատրպէյճանի մէջ հալածանքի ենթարկուած հայերու, որոնք վտանգէն ու մահէն խոյս տալով հասած էին հայրենի Գեղարքունիքի մարզ ու մօտիկ անցեալին, որպէս «ատրպէյճանեան» համարուած գիւղին մէջ կայք հաստատելէ ետք սկսած էին նոր ծրագիր մը իրականութիւն դարձնել։

Կալաւանի գլխաւոր հերոսը անշուշտ Ռոպերթ Ղուկասեանն էր, որուն նուիրումին ու արդիական մօտեցումներուն առ ի գնահատանք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զինք կը դարձնէր իր խորհրդականը։

Հիմա շատեր հարց պիտի տան. Հայաստանին ի՞նչ պիտի տար Ղուկասեան, կամ աւելի՛ն, պիտի ուզէ՞ր իր սիրելի գիւղը ինչ որ կերպ «լքել» ու հասնիլ Երեւան, դառնալով նոր Հայաստանի վարչապետին խորհրդականներէն մին...

Հարցը այն էր, թէ ինչպէս մօտիկ անցեալին վարչապետ Փաշինեանն ալ կարողացած էր լաւապէս ընկալել, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական ոլորտի զարգացման ամենէն կարեւոր գործօններէն մին մեր երկրի գիւղական համայնքներուն «ոտքի կանգնիլ»ն էր։

Այդ առումով ալ բացառիկ դեր մը վերցուցած էր Կալաւանը, որ հակառակ իր հեռու ըլլալուն, կը շարունակէր հանդիսանալ «գրաւիչ» եւ շատերուն համար քաշողական յատկութիւններ ունեցող համայնք հանդիսանալ։

Ի դէպ, այսօրուան աշխարհին մէջ, շատ ալ դժուար չէր ֆինանսական մեծ ներդրումներ ընելով որեւէ կէտի վրայ, որեւէ հեռաւորութեան մէջ կառուցել «արդիական» պատկեր ներկայացնող գիւղ մը, գաւառակ մը, կամ նոյնիսկ ամբողջ մարզ-նահանգ մը։

Հսկայ պանդոկներ, հզօր ներդրողներ, կոլֆի դաշտեր ու սիրուն-կանաչ մարգագետիններ՝ այս բոլորը փողի, կամ շատ փողի շնորհիւ կարելի է ոտքի հանել... սակայն այդ մեթոտներով գիւղական համայնք ստեղծելը անհնար է։

Անհնար է, որովհետեւ կը բացակայի կամքը, կը բացակայի հաւաքական ճիգերով «բան մը» մէջտեղ բերելու ոգին ու կը բացակայի մանաւանդ ներանհատական ոլորտէն դէպի հաւաքականը գացող նուիրումի ոգին։

Իսկ այս երեք տուեալները ակնբախ կերպով կային Կալաւանի համայնքի պարզ անդամ Ռոպերթ Ղուկասեանին մօտ, որ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ անդին կարեւորեց միասնական գործ մը յառաջ տանելու կամքին առկայութիւնը։

Ան նշմարեց, որ Պաքուէն կամ Սումկայիթէն Հայաստան ժամանած ու երկար ժամանակով փախստական համարուած հայորդիները գոհ չեն իրենց գիւղերէն, եւ իբր այդ ալ, վճռած են հեռանալ իրենց հարազատ ափերէն։

Նշմարեց նաեւ, որ տարուէ տարի գիւղի վարժարանի սաներուն թիւը կը պակսի, որուն որպէս հետեւանք գիւղի դպրոցն ալ կրնայ օր մը փակուիլ...

Ու այս բոլորէն ետք հասաւ այն եզրակացութեան, թէ գիւղը ոտքի պահելու եւ ուռճացնելու միակ ճիշդ ուղին՝ գիւղին ու գիւղացիներուն հետ խօսիլն է։ Խօսիլ՝ որպէսզի անկարելին դառնայ կարելի, խօսիլ՝ որպէսզի հայ մշակն ու գիւղացին հաւատան իրենց հողին, սիրեն այդ հողը եւ գուցէ զերօ կէտէն սկսելով հասնին ամբողջական յաջողութեան...

Ու այդպէս ալ կ՚ընէին...

Ճիշդ է, որ Կալաւանը դրախտային պայմաններ չունի, բայց ունի իր բնակիչներու սրտէն դուրս հոսող սիրոյ զգացումը։

Այդ սիրոյ զգացումին վրայ անոնք ոտքի հանեցին իրենց գիւղը, որ այսօր հակառակ «իտէալական» ճանապարհներ չունենալուն, կը շարունակէ համարուիլ Հայաստանի գիւղական համայնքներու զարդն ու նշխարը...

Հայաստան ոտքի կը կանգնի, միայն այն ժամանակ, երբ անոր գիւղական համայնքները կը յորդին իրենց բարիքներով ու հայ գիւղացիին կեանքը կը դառնայ օրհնութիւն եւ պարգեւ։

Կալաւանը լաւագոյն օրինակն է, ու այսօր այն արժանի է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու արդարացի ուշադրութեան։

Ստորեւ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ հայրենի լրագրող Գագիկ Աղբալեանի ստորագրութեամբ յօդուածը՝ «Կալաւան»ին նուիրուած եւ «Հետք» կայքէջին մէջ լոյս տեսած։

«Կալաւան» երեւոյթը օրինակ մըն է, որ կարելի է կիրառել Հայաստանի բոլոր գիւղերուն մէջ:

Կալաւանը մոռցուած գիւղակէ մը վերածուած է զբօսաշրջային կեդրոնի։ Չունենալով նոյնիսկ բարեկարգ ճանապարհ կամ ժամանակակից հիւրատուներ, Գեղարքունիքի մարզի այս գիւղը իւրաքանչիւր տարի կ՚ընդունի հնագիտութեան, արկածային եւ էքօ-թուրիզմի շուրջ մէկուկէս-երկու հազար սիրահարներ։ Մինչդեռ ոչ հեռու անցեալին կալաւանցիները հեռանկար չտեսնելով՝ կը լքէին գիւղը։

Ռոպերթ Ղուկասեանը՝ Ռոպը, որու ընտանիքը փոխադրուած է Կալաւան 1980-ականներու վերջաւորութեան, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքէն է։ Երբ սկսած են հայ-ատրպէյճանական բախումները, Ամրխեր ատրպէյճանաբնակ գիւղի բնակչութիւնը Շամխորի շրջանի հայերու հետ փոխանակած են իրենց տուները եւ Ամրխերը վերանուանուած ու դարձած է հայաբնակ Կալաւան։

Գիւղը ծովու մակերեսէն 1600 մեթր բարձրութեան վրայ է, շրջակայքը կը գտնուին դամբարանադաշտեր։ Կալաւանի առաջին յուշարձանը թուագրուած է 14-րդ հազարամեակի թուականով։

Ռոպերթ ինքնաշխատութեամբ հնագէտ ու կենդանաբան է։ Օրինաւոր կրթութիւն չէ ստացած, բայց այդ չէ խանգարած, որ շրջի աշխարհի տարբեր երկիրներ, ներգրաւուելով գիտական արշաւախմբերու մէջ։ Ան մասնակցած է Ալասքայի մէջ կայացած Արկածային զբօսաշրջութեան համաշխարհային համաժողովին, եղած է գլխաւոր զեկուցողներէն մէկը, նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կայացած էքօ-թուրիզմի սեմինարին:

2012 թուականին վերադառնալով պեղումներէն, Ռոպերթը տեսած է, որ ենթակառոյցներու բացակայութեան պատճառով կալաւանցիները կը լքեն գիւղը եւ դպրոցի աշակերտութեան թիւը կը նուազի։

«Փորձեցի հասկնալ իրավիճակը։ 2013 թուականին արդէն սկսայ համայնքային զարգացման առաջին քայլերը առնել։ Ստեղծեցինք «ԹայմԼենտ»ը, որ յետոյ դարձաւ հիմնադրամ։ «ԹայմԼենտ»ը կը կազմակերպէր արկածային զբօսաշրջութիւն։ Զբօսաշրջիկը հնարաւորութիւն կ՚ունենար ապրիլ քարէ դարու մարդու կենցաղով։ «ԹայմԼենտ»ը տարածք է, ուր տասնեակ հազարաւոր տարիներ որեւէ բան չէ փոխուած։ Ու այդ գրաւած էր մարդիկը։ Եկան ընկերներ, յետոյ անոնք բերին իրենց ընկերները եւ այդպէս շարունակ։ Սկսանք զբաղիլ համայնքի զարգացման գործով։ Ուսումնասիրեցի բացայայտել մարդկային եւ բնական աղբիւրները, որոնք մեր մօտ հսկայական են։ Շատեր թերահաւատ էին։ Բայց ես վստահ էի, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։ Առաջին քայլերէն մէկը այն էր, որ մեր թոյլ կողմերը դարձնենք մրցակցային առաւելութիւն. ճանապարհ չըլլալը, խանութ չըլլալը՝ դարձուցինք մեր ուժեղ կողմը։ Մենք որոշեցինք, անկախ ամէն ինչէ, աշխարհով մէկ բարձրաձայնել, որ ամէն ինչ լաւ է, ամէն ինչ շատ ուրախ է։ Այդ յանգեցուց անոր, ինչ որ այսօր ունինք Կալաւանի մէջ», յիշած է Ռոպերթ Ղուկասեան։

Այսօր արդէն Կալաւանէն տուն գնած են եւ տնտեսութիւն հիմնած Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ իրենց գործունէութեամբ յայտնի հայ ու օտարերկրացի մասնագէտներ։

Անոնք նոր գաղափարներ կը ներմուծեն Կալաւան, եւ փոխարէնը նոր գաղափարներ կը վերցնեն այնտեղէն։

Անոնցմէ մէկն է գերմանացի հնագէտ, Թիւպինկընի համալսարանի հնագիտութեան դասախօս, մօտ երեսուն տարի Թրոյայի պեղումները ղեկավարած Հանս Փեթեր Ուերփմանը։

Հնագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող Վահէ Պոյաճեանը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի բնապահպանական կեդրոնի տնօրէն Ալէն Ամիրխանեանը եւ ուրիշներ, որոնք տուն գնած են Կալաւանէն։

Լուսանկարին մէջ երեւցած տունը եօթ հոգիի սեփականութիւնն է։ Եօթ գործընկերներ, հայ ու օտարերկրացի, հաւասար համամասնութեամբ վճարած են տան արժէքն ու դարձած են սեփականատէրեր։ Անոնցմէ մէկը «Ուորլտ վիժըն» միջազգային կազմակերպութեան երիտասարդական զարգացման ծրագրերու համակարգող, աւստրալուհի Քէյթ Ուիլիըմսն է, որ հիմա կ՚աշխատի Քամպոտիոյ մէջ ։

Իրաւաբան Արթուր Գրիգորեան նոյնպէս տուն գնած է Կալաւանէն եւ կը զբաղի օրկանիք գիւղատնտեսութեամբ։ Ան այգի ձեռք բերած է, տնկած մրգատու ծառեր՝ յետագային գիւղատնտեսական փոքր արտադրութիւն հիմնելու նպատակով։ Իսկ վերջնական նպատակը ակրօթուրիզմի սիրահարները Կալաւան բերելն է։

Համայնքային զարգացման մասնագէտ Վահէ Դարբինեանը փոքրիկ հիւրատուն մը կառուցած է։

Յուսիկ Սարգսեան, կ՚աշխատի «Ուորլտ վիժըն» միջազգային կազմակերպութեան մէջ, Կալաւանի մէջ միջավայր փոխելու հեռանկարով ոգեւորուած՝ նոյնպէս տուն գնած է։

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէ, թէ ինչպէս եղաւ, որ եկաւ Կալաւան եւ ինչ նպատակով:

Իրաւաբան Արթուր Գրիգորեան. «Եթէ մարդոց ըսես, որ հանքարդիւնաբերութիւնը ճանապարհ չէ, իսկ ես կը զբաղիմ բնապահպանական խնդիրներով, պէտք է այլընտրանք ցոյց տաս։

«Առաջին հերթին որոշեցի իմ օրինակով ցոյց տալ գիւղացիին, որ գիւղատնտեսութիւնը տանջանք չէ։ Ժամանակակից արհեստագիտութիւնը թոյլ կու տայ ստեղծել օրկանական, ամենամաքուր գիւղատնտեսութիւն, որ կը վերածուի գործի։ Նաեւ կը փորձեմ ցոյց տալ, որ համացանցի դարուն, եթէ քու աշխատանքը գրասենեկային չէ, կրնաս ապրիլ գիւղի մէջ՝ զուգահեռաբար աշխատելով աշխարհի որեւէ կազմակերպութեան հետ, համացանցի միջոցով»։

Արթուրն արդէն հաշուառուած է Կալաւանի մէջ եւ դարձած՝ այս համայնքի բնակիչ։ Տունը վերանորոգելէ ետք, ծնողները Երեւանէն պիտի փոխադրուին Կալաւան։

Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հաստատուեցաւ Կալաւան, ան կը պատասխանէ. «Կալաւան կը գտնուի Ռոպերթը, որու մշակած համայնքային զարգացման օրինակի համապատասխան, կարեւոր է, որ համայնքի իւրաքանչիւր անդամ զբաղուի։ Ոչ թէ դուրսէն մէկը գայ եւ հիւրանոց հիմնէ, եւ մարդիկ զուտ աշխատող ըլլան, այլ ստեղծեն իրենց տնտեսութիւնը, իրենց գործը»։

Կալաւան կազամատակարարում չկայ։ Արթուր Գրիգորեան կ՚ըսէ, որ այդ մէկը առաւելութիւն է՝ շուտով կը սկսին զարգացնել արեւային ջերմուժը։

Տնտեսագէտ Յուսիկ Սարգսեան. «Բոլորս, գաղափարի հիմամբ եկած ենք Կալաւան։ Այս հետաքրքրական շարժում է, որ զիս ալ գրաւեց։ Այստեղ տուն ունենալու հիմնական նպատակս, գալ ու ապրիլ, գիւղի զարգացման գործընթացին մասնակից դառնալն է։

«Երբ Հայաստանի գիւղերը կը մտնենք ինչ-որ ծրագիր իրականացնելու, բոլոր տեղերը հիմնականօրէն շոգեգութան (թրաքթէօր) կ՚ուզեն։ Կալաւանի մէջ ճիշդ հակառակը, հաշուի կ՚առնենք համայնքի մրցակցային կողմերը եւ շեշտը կը դնենք անոնց վրայ։ Այստեղ վրանային ճամբարներ կը կազմակերպուին, բազմաթիւ խումբեր կու գան: Այս գիւղը համայնքային զարգացման հիանալի օրինակ է։ Այս մոտելը պէտք է փորձել կիրառել Հայաստանի որեւէ գիւղի մէջ»։

Համայնքային զարգացման մասնագէտ Վահէ Դարփինեան․ «Իմ առաջին պատճառը եղած է հետեւեալը, դառնալ այս համայնքի մէկ մասը։ Այստեղ տնտեսութիւններ կը հիմնեն Հայաստանի ապագայով մտահոգ մարդիկ։ Ես հասկցայ, որ կ՚ուզեմ այս մարդոց հետ շփում ունենալ, ընկերութիւն ընել, նոյն գործի մէկ մասնիկը ըլլալ։ Յետոյ ծնաւ տուն ունենալու, փոքրիկ գործ մը ստեղծելու գաղափարը։ Ես կ՚աշխատիմ հեղինակաւոր կազմակերպութեան մը մէջ, ունիմ իմ կայուն եկամուտը եւ կ՚ուզեմ իմ շաբաթ-կիրակիները սովորական զբօսաշրջային ձեւերէն տարբեր անցընել. այցելել գիւղ, շփում ունենալ գիւղացիներու հետ։ Ես զբօսաշրջային ոլորտի աշխատող եմ եւ համոզուած եմ, որ զբօսաշրջիկը շատ բան կը սորվի այս գիւղացիներէն եւ համայնքին կը բերէ դրական փոփոխութիւններ։

«Երբ Ռոպերթի հետ խօսիս՝ կ՚ըսէ, թէ մարդը հարստութեան վրայ ապրելով՝ չի գիտակցիր, որ ան այդ հարստութեան կրողն է։ Մենք պէտք է օգնենք գիւղացիներուն՝ հասկնալ իրենց առաւելութիւններն ու օգտագործել զանոնք»։

Այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպէ իր փոքրիկ հիւրատան գործունէութիւնը, որպէսզի կալաւանցիներն ալ օգուտ քաղեն, Վահէ Դարփինեան կ՚ըսէ. «Մօտեցումը հետեւեալն է՝ ինչ որ կ՚ընես, անոր շահը պէտք է մնայ Կալաւանին։ Սկսեալ շինարարութենէն, մինչեւ յետագային հիւրատան սպասարկումը, պէտք է կալաւանցիները կազմակերպեն։ Մենք պիտի վերապատրաստենք նաեւ քանի մը տեղացիներ՝ էքօ-արշաւներ կազմակերպելու հարցով»։

Մերժելով Կալաւանի մէջ միջին կամ մեծ հիւրանոցի, ճաշարաններու անհրաժեշտութիւնը, Ռոպերթ Ղուկասեան քայլեր կը ձեռնարկէ համագիւղացիներու համար նոյնպէս օրկանական գիւղատնտեսութեան օժանդակութեան ծրագրեր հայթայթելու, որպէսզի իւրաքանչիւր կալաւանցի փոխէ իր կեանքի որակը։

«Հաւատքը համայնքի զարգացման բանալին է։ 2012 թուականին, եթէ հարցնէին, կը հաւատա՞ն, որ գիւղին մէջ ինչ որ դրական բան կը պատահի, հարիւր տոկոսով կ՚ըսէին ոչ։ Այսօր բնակչութեան մեծ մասը պատրաստ է իր տունը վերածել հիւրատան։ Հիմա մենք կը փորձենք աջակցիլ իրենց, որպէսզի գործընթացներէն դուրս չմնան, եւ իրենք ալ ունենան իրենց գործը», կ՚ըսէ Ռոպերթը։

Անոր հեղինակած համայնքային զարգացման ծրագրի համաձայն՝ Կալաւանը պէտք է ունենայ իտէալական էքօ-թուրիզմ, հոն այցելեն մարդիկ, որոնք կը սիրեն բնութիւնը եւ կ՚ուզեն իրենց հանգստութիւնը վայելել՝ առանց աւելորդ ճոխութիւններու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019