ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՔԻՍԱՍ, ՔԻՍԱՍ, ՔԻՍԱՍ - ՕՍՎԱԼՏՕ ՖԱՐՐԵՍ (QUIZAS, QUIZAS, QUIZAS - OSVALDO FARRES)
«Երաժշտութիւնը, ինչպէս լաւ օծանելիքը, իր մէջ անտեսանելի մասնիկներ ունի, որուն հետ առաջին հպումէն կրնայ ժամանակի սահմաններէն դուրս եկող սիրավէպ մը սկսիլ, որ կրնայ շարունակուիլ ամբողջ կեանքի ընթացքին», Օսվալտօ Ֆարրես։
Քուպայի երաժշտութեան մասին խօսելու ատեն դժուար թէ մէկը չնշէ այս՝ կրքոտ ու գեղեցիկ երգը, որ յայտնի է բոլորին, սիրելի է շատերուն, առանց որուն ոչ մէկ լատինամերիկեան պար-երեկոյ կը կայանայ։ Եւ պատճառը թերեւս այն է, որ հակառակ անոր սպաներէն լեզուով հնչողութեան, երգը յայտնի դարձաւ ու սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, Միացեալ Նահանգներէն՝ ամերիկացի սեւամորթ երգիչ Նաթ Քինկ Քոլի միջոցով, թէեւ անոր կատարմամբ երգը անգլերէն կը հնչէր։ Քուպացի երգահան Օսվալտօ Ֆարրես ամենայայտնի քուպացի երգահանն է, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը չսորվեցաւ ներդաշնակում, նուագել որեւէ գործիք, նոյնիսկ՝ ամենապարզ նօթագրութիւն։ Երգերու երաժշտութիւնը ան կը գրէր բանաւոր, բառերու հետ միաժամանակ։ Անոր կարծիքով՝ այդպէս հեշտ էր յիշել մեղեդին։ Թէեւ տարիներու ընթացքին ան սովորութիւն դարձուց ձայնագրել ինքն իրեն ձայնագրիչով։ Մնացած աշխատանքը արդէն կը կատարէին երաժիշտ ընկերները, որոնք կը նօթագրէին, կը ներդաշնակէին, այնուհետեւ կը գործիքաւորէին երգը՝ մասնագիտական բարձր հմտութեամբ։ Հետաքրքրական էր ընկերներուն կարծիքը եւ դիրքորոշումը Ֆարրեսի մասին՝ «Անոր դպած է զԱստուած…, մնացեալը մանրուք է՝ մասնագիտական հմտութեան հարց, մենք կ՚ընենք»։
Իր երկար կեանքին ընթացքին Ֆարրես բազմաթիւ քուպայական եղանակներ գրեց, սիրուած էր քուպացիներու կողմէ, մեծ հռչակ կը վայելէր, բայց աշխարհին ան յայտնի է իր «Քիսաս, քիսաս, քիսաս» («Quizas, Quizas, Quizas») երգով, որ եթէ բառացի թարգմանենք, կը նշանակէ ՝ «Գուցէ»։ Երգին մէջ տրամա ու սիրային ծանր տանջանքներ չկան։ Ան սիրահարուած տղայի եւ սեթեւեթող (ֆլէօրթ ընող) աղջկայ մասին գեղեցիկ «սիրավէպ» է , ուր սիրահարուած ու խելքը կորսնցուցած տղան սիրելիին կը հարցնէ՝ «երկա՞ր պիտի խաղաս հոգիիս հետ, ու ինձ պիտի ձգես անպատասխան, մինչեւ ե՞րբ, ըսէ, ե՞րբ», որուն աղջիկը սեթեւեթանքով կը պատասխանէ՝ «Գուցէ, գուցէ, գուցէ…»։
Ֆարրես, ընդհանրապէս իր երգերուն մէջ կը խուսափէր ծանր տրամաթիք պատմութիւններէն եւ սիրավէպերէն։ Ան կը կարծէր, որ երգը պէտք է հաճոյք պատճառէ լսողին՝ լեցուած թեթեւութեամբ։ Այս պատճառով անոր երգերու գերակշռող մասը տղամարդու եւ կնոջ սիրային գեղեցիկ յարաբերութեան մասին են, անոնց պատճառած գեղեցիկ հոգեվիճակներուն եւ տրամադրութեան մասին։ Այս յարաբերութիւններէն բխող երջանկութեան եւ գլխապտոյտ պատճառող սիրահարութեան, սէրէն թեթեւակի հարբած ըլլալու զգացողութեան մասին։
Երեւի թէ այս է պատճառը, որ անոր երգերը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին համաշխարհային երգիչներու մօտ։ Անոր գրած աւելի քան 300 երգերու կատարողները եղած են Խուլիօ Իկլեսիաս, Սառա Մոնտել, Սեզարիա Իվորա, Կեպի Մորենօ, Լուիս Միկել, Նաթ Քինկ Քոլ, Էտիթ Փիաֆ, Շարլ Ազնաւուր, Անտրէա Պոչելլի, Ճենիֆըր Լոփեզ, Տորիս Տէյ եւ ուրիշներ։ Ան երկար ժամանակ ինքզինք յայտնի չէր համարեր:
Ֆարրեսի երգերը մեծ մասամբ բոլոր ոճերու են, եւ շատ յաճախ կը գործածուին պարային մրցումներու, պարային երեկոներու ժամանակ։ Իսկ 20-րդ դարուն սկիզբը ծնած եւ ապրած երգահանը երիտասարդ է մինչեւ այսօր, իր երգերու շնորհիւ, նոյնիսկ իր մահուընէ 35 տարի անց։ Անոր երգերուն մէջ միշտ կը գերիշխէ բարձր տրամադրութիւնը, լուսաւոր հոգեվիճակները, սիրահարութիւնը կնոջը, կեանքին, գեղեցիկին… Նոյն այդ զգացողութիւնները կը փոխանցուին ունկնդրին՝ կամայ թէ ակամայ փոխանցելով անոր յաւերժ երիտասարդ ու սիրահարուած երգահանի տրամադրութիւնը։
«Երաժշտութիւնը այն է, ինչ որ լաւ օծանելիքն է…»։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան