ԻՆՔԶԻՆՔԸ ՊԱՀԵԼ…

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը սփիւռքի տարածքին ունի հետեւողական ներկայութիւն եւ կայուն կռուան մը ըլլալու համբաւը կը վայելէ։ Տասը տարիներ առաջ, տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան կոչուեցաւ անոր Հայկական բաժանմունքներու տնօրէնի պաշտօնին։ Այս փուլը արժեւորելու տեսակէտէ լաւ հնարաւորութիւն մըն էր վերջերս իր հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը։ Թէեւ Ռազմիկ Փանոսեան մօտաւոր անցեալին ծաւալուն զեկոյց մը հրապարակած էր իր տասնամեայ գործունէութեան շուրջ, սակայն, մեր հանդիպումը առիթ ընձեռեց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Երբ ստանձնեցիք այս բաժանմունքին ղեկը, բնականաբար, նոր փուլ մը բացուեցաւ։ Սերնդափոխութեան խնդիր կար, ձեր նախորդը երէց սերունդի ներկայացուցիչ մըն էր։ Ի՞նչ փոխուած է տասն տարիներու ընթացքին եւ ապագայի առումով ի՞նչ են ձեր հայեացքները։

-Առաջին բանը, որ կատարեցինք՝ տեսլական մը մշակեցինք, ապա դէպի այդ տեսլականը տանող ռազմավարութեան մը մշակումով ծրագրուած գործունէութիւն ծաւալեցինք։ Այսինքն, ունեցանք գաղափար մը, թէ ո՞ւր կ՚ուզէինք տանիլ բաժանմունքը։ Ծրագիրներ մշակեցինք ու գործակցեցանք այն անհատներուն հետ, որոնք այս տեսլականը պիտի իրականացնէին։ Տասը տարի առաջ մենք որոշեցինք շեշտը դնել արեւմտահայերէնի վրայ՝ որպէս վտանգուած լեզու, եւ կեդրոնանալ սփիւռքի վրայ, որովհետեւ արեւմտահայերէնը հիմնականօրէն սփիւռքի հարցն է։ Սկսանք այդ ուղղութեամբ ամէն տեսակի ծրագիրներ մշակել թէ՛ ուսուցիչներու հետ, թէ՛ դպրոցներու հետ, թէ՛ թեքնաբանական աշխարհի մէջ։ Զուգահեռաբար՝ ընդհանուր առմամբ, նպաստ հայթայթող՝ philanthropic աշխարհին մէջ նաեւ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ, ինչ որ ազդեցութիւն ունեցան նաեւ մեր վրայ։ Արդարեւ, մենք Փորթուգալի շատ մեծ կազմակերպութիւններէն մէկուն բաժանմունքն ենք։ Բայց քանի որ մենք այդ կազմակերպութեան մէջն ենք, ուրեմն, պէտք է նաեւ հետեւինք անոր ընդհանուր ցուցմունքներուն։ Կազմակերպութեան հոգաբարձու մարմինը միշտ կ՚ըսէ, թէ երբ ծրագիր մը կը հովանաւորենք կամ կ՚իրականացնենք, միշտ պէտք է հարցնենք, թէ այդ մէկը ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, ի՞նչ արդիւնք կու տայ։ Միայն լաւ գաղափար մը ըլլալը բաւարար չէ։ Այդ արդիւնքը նաեւ ուղղակի կապ պէտք է ունենայ մեր տեսլականին հետ։ Այս է մեր աշխատելաոճը։

-Բաւական արձագանգ գտաւ ձեր այն հրապարակումը, որով տասը տարին կ՚ամփոփէիք։ Այդ թողարկումէն շեշտակիօրէն քաղեցինք հետեւեալ միտքը. «Հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը սփիւռքի մէջ եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»: Երբ դուք եկաք այդ պաշտօնին գլուխը, մարդիկ գրեթէ կը գուժէին արեւմտահայերէնին մահը՝ ոչ միայն անոր համար, որ մեր դպրոցները կը փակուէին, այլեւ քանի լեզուն դադրած էր հետաքրքրութեան առանցք մը ըլլալէ։ Դուք եկաք եւ հակառակը ըսիք՝ փորձելով նորահաս սերունդին հասնիլ եւ տարբեր նորարարական ձեւերով զանոնք բերել դէպի արեւմտահայերէնը։ Այսօր ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր յաջորդ քայլը։

-Սփիւռքի պարագային երբ կ՚ըսենք, որ երիտասարդ սերունդին հետ պէտք է գործակցինք եւ զիրենք քաջալերենք, որպէսզի արեւմտահայերէն օգտագործեն, կամ մանուկներուն պէտք է արեւմտահայերէն սորվեցնենք, ապա մեր դասական ձեւը կ՚ըլլայ՝ դպրոցին մէջ մանուկներուն յանցաւոր զգացնելն ու անդադար «հայերէն պէտք է խօսինք» ըսելը։ Արեւմուտքը այնքան փոխուած է, որ այս ձեւով այլեւս կարելի չէ մօտենալ երեխաներուն։ Անոնց պէտք է տաս միջոցները, որպէսզի անոնք ստեղծագործեն։ Անոնց պէտք է ըսես. «Լեզուն կարեւոր է հայ ըլլալու համար։ Եթէ հետաքրքրուած ես, եկուր ես քեզի միջոցները կու տամ այդ լեզուով ստեղծագործելու համար»։ Նաեւ պէտք է իմանանք, որ սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնը դադրած է մայրենի լեզու ըլլալէ։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայ մէկ-երկու վայր, ուր մայրենին մնացած է, բայց սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար մայրենի չէ, այլ երկրորդական լեզու է՝ heritage language-ը։ Ուրեմն, մանկավարժական մօտեցումը, մոտելը բոլորովին տարբեր է։ Մենք սկսանք այդ մանկավարժական նոր մօտեցումին վրայ աշխատիլ եւ լեզուն միայն հայերէնագիտական նիւթերուն չկապել, այլ հայերէնով աշխարհը ապրիլ եւ անով խօսիլ տարբեր նիւթերու մասին։ Ուրեմն, մեր ծրագիրները ունին այս ուղղութիւնը։ Անոնք միայն դպրոցական, աշակերտական ծրագիրներ չեն, կան նաեւ ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներ։

-Մերձաւոր Արեւելքի տագնապներուն հետեւանքով մեծ թիւով արեւմտահայեր Հայաստան հաստատուած են։ Զանազան հարթակներու վրայ կը լսենք կարծիքներ, թէ պէտք է, ժամանակն է, որ արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց մը կամ աշխատանոց մը բացուի, բայց գործնական քայլեր չենք տեսներ։ Այս առումով որեւէ ծրագիր ունի՞ք։

-Հայաստանի մէջ կը կատարուին փոքր ծրագիրներ։ Սակայն կարեւորագոյն հարցն է, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը կարելի՞ է պահել կամ ոչ։ Պատասխանը ես չունիմ՝ չեմ գիտեր։ Երեք-չորս տարի առաջ կ՚ըսէի, թէ շատ հաւանաբար՝ ոչ, բայց հիմա նոյն պատասխանը չեմ տար, այլ կ՚ըսեմ՝ թերեւս կարելի է։ Սփիւռքի մէջ մեր լեզուն, մշակոյթը պահպանելու՝ չկորսնցնելու զգայնութիւնը հիմնուած է՝ օտարին մէջ չձուլուելու գաղափարին վրայ։ Հայաստանի պարագային օտարի գաղափարը չկայ, իսկ եթէ պիտի ձուլուինք, ապա պիտի ըլլայ արեւելահայերէնի մէջ, որ մեր լեզուին, մշակոյթին երկրորդ ճիւղն է։ Ուրեմն, տակաւին մոտելը չունինք։ Մտքիս մէջ տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէ՛ս կարելի է ընել։ Սակայն, գիտեմ, որ այս տեսակի աշխատանքներ կը տարուին եւ գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ տասը հազարի մօտ արեւմտահայերէն խօսող երիտասարդ կայ։ Ի դէպ, ըսեմ, որ մեր մանկապատանեկան տեսագրութիւնները՝ վիտէոները, որոնք կը պատրաստենք «Երդիք» անունով, այդ աշխատանքներուն մեծ մասը Հայաստանի մէջ կ՚ըլլայ, Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ երիտասարդներու կողմէ։ Այսինքն, կայ կորիզ մը, որ արեւմտահայերէնը կը պահէ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ։ Այս իմաստով լաւատես եմ։

-Երկար ատեն Մերձաւոր Արեւելքը կը համարուէր արեւմտահայերէնը՝ որպէս կեանքի գործիք, եկեղեցի, մամուլ, դպրոց, միութիւններ հայթայթող։ Այսօր շատ խոցելի վիճակ մը կայ, յամենայնդէպս, դուք կը շարունակէք յամառօրէն նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ Սուրիոյ։ Շատ ատեններ այս մէկը մարդոց մօտ հարցականներու պատճառ կը դառնայ. ինչպէ՞ս ներդրում ընել, երբ նաւ մը կ՚ընկղմի։

-«Թիթանիք» նաւու օրինակը տալով ըսեմ, որ հազարաւոր մարդ կրցաւ ողջ մնալ՝ քանի կային այդ փրկարար նաւերը՝ լաստերը։ Այնքան ատեն, որ հոն հայ կայ, կենսունակ համայնք կայ, ամենօրեայ արեւմտահայ մշակոյթ կայ, մենք չենք կրնար լքել զանոնք։ Առողջ ուժեր պիտի քաջալերենք, համայնքը պիտի քաջալերենք։ Մարդասիրական օժանդակութեան, կրթաթոշակի հայթայթման կողքին, այնքան ատեն, որ հոն արեւմտահայախօս համայնք մը կայ, մենք անոր նեցուկ պիտի կանգնինք։ Այս չի նշանակեր, որ մեր ամէն գրաւը մէկ կողովի մէջ պիտի դնենք, այսինքն ամէն ինչ Միջին Արեւելքին մէջ պիտի ընենք։ Չմոռնանք, սփիւռքի հիմակուան արեւմտահայախօս մտաւորականութիւնը գրեթէ եկած է Միջին Արեւելքէն։ Հետաքրքրականը այն է, որ յաջորդ արեւմտահայախօս սերունդն ալ կու գայ Միջին Արեւելքէն, որովհետեւ այդ նոյն հայախօս ընտանիքներուն զաւակներն են։ Չմոռնանք նաեւ պոլսահայ համայնքը։

-Քանիցս Պոլիս այցելած էք։ Պոլսոյ մէջ տակաւին կայ հայերէնախօսութիւն։ Այստեղ կը շարունակէ՞ք սատար կանգնիլ միութիւններուն, դպրոցներուն։

-Մէկ դպրոցի՝ Կեդրոնականին հետ միայն կը գործակցինք։ Շատ անգամ կէս կատակ-կէս լուրջ կ՚ըսեմ, որ կատարեալ գաղութ մը կ՚ըլլար, եթէ Պոլիսը եւ Լիբանանը միաձուլուէին մօտեցումի տեսանկիւնէն։ Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ այս բանը։ Լիբանանի ամենօրեայ հայախօսութիւնը շատ ամրապնդուած եւ զօրաւոր է։ Չեմ ուզեր նեղացնել լիբանանահայ ուսուցիչները, սակայն, հոն մանկավարժութիւնը այդքան ալ լաւ չէ։ Պոլսոյ պարագան ճիշդ հակառակն է՝ մանկավարժութիւնը հոյակապ է, արդիական է, որովհետեւ կը հետեւի պետութեան որդեգրած մանկավարժութեան, որ եւրոպական հիմքերու վրայ է։ Պոլսոյ մէջ ալ լեզուն շատ նահանջած է։ Մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Կրնանք կորիզը պահելով, պահպանելով, արեւմտահայերէնի նոր մշակոյթ մը ստեղծել։ Ծրագիր մը ունինք՝ «Արդեւս», որ կը մղէ երիտասարդ սերունդը եւ կը քաջալերէ նոր մշակոյթ՝ նոր գրականութիւն ստեղծելու։

-Պատերազմէն ետք շատ բան փոխուեցաւ մեր կեանքին մէջ՝ յատկապէս, որ սփիւռքի մէջ նոր հարցադրումներ ծագեցան։ Թէ ո՞ւր կ՚երթայ սփիւռքը, անոր ընելիքը ի՞նչ է։ Այս բոլորը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի պարագային… Ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի ռազմավարութիւնը։

-Մէկ նախադասութեամբ ըսեմ, ապա կը բացատրեմ։ Սփիւռքին նպատակը ինքզինք հայ պահելն է՝ ինքնութիւնը պահելը։ Ինքնութիւնը պահել նաեւ սերունդէ սերունդ կերտել կը նշանակէ։ Աւելի բարդ պատասխանը այն է, որ պատերազմէն ետք, սփիւռքի մէջ որոշ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Մինչեւ 1980-ականները «սփիւռքի մտածողութիւն» ըսուած բան մը կար։ Սփիւռքի մտաւորականութիւնը կը մտածէր անոր ապագային եւ հայրենիքին մասին։ Անկախութենէն ետք, սփիւռքը մտածելու իր կարողականութիւնը կամ սովորութիւնը բերաւ Երեւան եւ հոն դրաւ։ Անոր յստակ արտացոլումը «դէպի երկիր» կարգախօսն էր, ինչ որ շատ հասկնալի եւ ընդունելի է՝ քանի որ երկիր պէտք էր կերտուէր եւ սփիւռքը ամբողջ ջանքը դրաւ այդ երկիրը կերտելու համար։ Դասական սփիւռքի մասին է խօսքը։ Նոր սփիւռքը տակաւին լման չէ կերտուած։ Քսանհինգ տարուան փորձառութենէն ետք, սփիւռքը սկսաւ խորհիլ, թէ քիչ մըն ալ ինքն իր մասին պէտք է մտածէ։ Արեւմտահայերէնը սփիւռքի հարցն է։ Չեմ ըսեր, որ Հայաստանը դեր չունի, սակայն սփիւռքի հարցերը սփիւռքը պէտք է լուծէ։ Սփիւռքը նախ եւ առաջ պէտք է ինքզինք պահէ, իր կառոյցները պահէ, իր ապագան կերտէ։ Թէեւ Հայաստանի մասին ամէն օր պէտք է մտածէ, հայրենիքի մասին ամէն օր պէտք է մտածէ, բայց նաեւ ինք իր «տուն»ը, իր արմատները պահէ։ Մենք հազար տարուան սփիւռքի պատմութիւն, փորձառութիւն ունինք, իսկ որպէս անկախ պետութիւն՝ իննսուն տարուան։ Այդ ամէնը ծովը թափելով՝ չըսենք, թէ ապագայ չունի սփիւռքը, լեզուն կորսուած է, մշակոյթ չկայ։ Կայ, պիտի մնայ եւ պիտի շարունակուի։ Մեր դերը՝ որպէս հիմնարկ, ատիկա ամրապնդելն ու զարգացնելն է եւ անոր համար ներդը-րում դնելը՝ առանց Հայաստանը մոռնալու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023