ԵԹԷ ԵՐԵՔ ՕՐ ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀՈՒԷՐ, ԻՆՉԵ՞Ր Կ՚ՈՒԶԷԻ ՏԵՍՆԵԼ
Հելէն Քէլըրի կեանքը նշանաւոր եւ ոգեշունչ պատմութիւն մը եղած է:
Ան ծնած է 1880 թուականին, Միացեալ Նահանգներ: Մէկուկէս տարեկանին զրկուած է լսողութենէ ու տեսողութենէ: Տաղանդաւոր ու համբերատար ուսուցչուհի մը անոր բառերու եւ անոնց իմաստի աշխարհը կը բանայ: Այս կարեւոր քայլէն ետք Հելէնին միտքը կը յառաջանայ եւ գիտութեան ու փորձառութեան շրջագիծը կը ծաւալի: Անբացատրելի ջանքերէ ետք՝ խօսիլ կը սորվի: Երկրորդական վարժարանէն ետք նաեւ համալսարանէն շրջանաւարտ կ՚ըլլայ: Պարբերաթերթերու մէջ գրութիւններ կը ստորագրէ եւ հետաքրքրական գիրքերու հեղինակ կ՚ըլլայ:
Հելէն մեծ բեմերու վրայ, բազմաթիւ ունկնդիրներու դիմաց, գրական-վերլուծական դասախօսութիւններ կու տար: Մարդիկ կը հիանային, թէ ինչ անհաւատալի դժուարութիւններ յաղթահարած էր այդ կոյր, խուլ փոքր աղջիկը եւ դարձած էր մշակուած մտքով, իմաստուն, պերճախօս կին մը, թէեւ դժբախտաբար ինք անձամբ չէր լսեր իր խօսածը:
Հելէն Քէլըր կ՚ըսէ. «Միայն խուլը կը գնահատէ լսողութիւնը: Միայն կոյրը կ՚անդրադառնայ տեսողութեան հազար ու մէկ օրհնութիւններուն: Երանութիւն պիտի ըլլար, եթէ իւրաքանչիւր էակ քանի մը օր կորսնցնէր զանոնք: Խաւարը պիտի սորվեցնէր շատ աւելի գնահատել տեսողութիւնը: Լռութիւնը պիտի յուշէր ձայնին հաճոյքը: Մարդկային է, թերեւս, մեր ունեցածները քիչ գնահատել եւ չունեցածներուն ցանկալ: Բայց ցաւալի է, երբ լոյսերու աշխարհին մէջ տեսողութեան պարգեւը գործածուի իբր պէտք կամ յարմարութիւն, քան միջոց մը՝ կեանքին լեցունութիւնը աւելցնող:
«Three Days To See» («Տեսնելու երեք օրեր») իր գրութեան մէջ Հելէն կ՚ըսէ. «Եթէ հրաշքով մը երեք օր տեսողութիւն շնորհուէր ինծի, ինչե՞ր պիտի ուզէի տեսնել:
Առաջին օր.
Նախ՝ պիտի ուզէի տեսնել այն անձերը, որոնց ազնուութիւնը եւ ընկերակցութիւնը իմ կեանքս ապրելու արժանի ըրին: Երկարօրէն պիտի դիտէի սիրելի ուսուցչուհիիս դէմքը, որ վաղ մանկութենէս դուրսի աշխարհը բացաւ ինծի: Կ՚ուզէի անոր դէմքին գտնել համակրալից քաղցրութեան եւ համբերութեան յայտնութիւնը, որով ան կատարելագործեց իմ ուսումիս դժուարին գործը: Իր աչքերուն մէջ կ՚ուզէի տեսնել նկարագրի այն հզօրութիւնը, որով կը յաջողէր կանգուն մնալ:
Երկարօրէն պիտի նայէի սիրելի բարեկամներուս դէմքերուն՝ մտքիս մէջ տպելով իրենց ներաշխարհի գեղեցկութեան արտաքին վկայութիւնը:
Աչքերս պիտի հանգչեցնէի մանուկի մը դէմքին, որպէսզի մտապատկեր մը ունենայի անոր անմեղ գեղեցկութենէն՝ ինչ որ կը կանխէ անհատի մը կեանքին յառաջացուցած բարդոյթներու գիտակցութիւնը:
Պիտի դիտէի տանս մէջ գտնուող պարզ իրերը, ոտքերուս տակ եղող գորգին ջերմ գոյները, պատէն կախուած նկարները, մանր մունր չնչին մտերմիկ առարկաները, որոնք շէնքը տունի կը վերածեն:
Պիտի տեսնէի կոյրերու համար գրուած ուռուցիկ գիրերով գիրքերը, որոնք կարդացած եմ, բայց աւելի պիտի հետաքրքրուէի տպագիր գիրքերով, որոնք տեսնողները կրնան կարդալ: Գիրքերը փարոս դարձած են կեանքիս երկար գիշերուան ընթացքին:
Առաջին օրուան կէսօրէն ետք պտոյտ մը պիտի ընէի անտառին մէջ: Պիտի դիտէի տերեւներու համաչափութիւնը, ճիւղերը՝ որոնց մէջ գարնան շօշափելով բողբոջներ կը փնտռէի: Աչքերս պիտի արբեցնէի բնութեան գեղեցկութիւններով, ջանալով քանի մը ժամուան մէջ անյագօրէն ներծծել ընդարձակ սքանչելիքը՝ որ յարատեւ ինքզինք կը պարզէ տեսնողներուն: Ապա կ՚երթայի ագարակ մը, ուր կրնայի տեսնել հողը հերկող ձիերը եւ հողին մօտ ապրող մարդոց հանդարտ գոհունակութիւնը: Իրիկնամուտին պիտի աղօթէի գունագեղ արեւամարի մը փառաբանութեան համար:
Մթնշաղին կրկնակի պիտի ուրախանայի արուեստական լոյսը տեսնել կարողանալուս համար, զոր մարդկային հանճարը ստեղծած է իր տեսողութեան ուժը ընդարձակելու, երբ բնութիւնը կը դադրի լուսաւորելէ:
Երկրորդ օր.
Արշալոյսին հետ պիտի արթննայի եւ տեսնէի այն հրաշքը, որով գիշերը ցերեկուան կը վերածուի: Պատկառանքով պիտի դիտէի լոյսի փառաւոր տեսարանը՝ որով արեւը կ՚արթնցնէ քնացող երկիրը:
Այդ օրը պիտի նուիրէի աշխարհի անցեալի եւ ներկայի մասին վաղանցիկ ակնարկի մը: Թանգարաններու միջոցաւ պիտի ուզէի տեսնել մարդոց յառաջդիմութեան դարերու գեղահանդէսը: Յաճախ այցելած եմ Նիւ Եորքի «Բնական պատմութեան թանգարան», մատներովս շօշափած հոն ցուցադրուած շատ առարկաներ, բայց կը տենչայի աչքերովս տեսնել երկրագունդի խտացեալ պատմութիւնը, անոր բնակչութիւնը, մարդկային ցեղերը, կենդանիները՝ ներկայացուած իրենց բնիկ միջավայրին մէջ:
Պիտի այցելէի Metropolitan արուեստի թանգարանը: Հոն պարզուած են Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Հռոմի ոգին՝ արտայայտուած արուեստի մէջ: Ձեռքերուս միջոցաւ լաւ գիտեմ հին Նեղոսի ափին քանդակուած չաստուածները եւ չաստուածուհիները: Շօշափած եմ Parthenon-ի քանդակներու պատճէնները: Զգացած եմ յարձակող աթենացի մարտիկներուն համաչափ գեղեցկութիւնը: Ափոլլօները, Վենիւսները, բոլորը մատնածայրերուս բարեկամներն են: Ինծի սիրելի է գանգրամօրուք Հոմերոսի կերպարանքը, քանի որ ան ալ ճանչցած է կուրութիւնը: Ձեռքերս կը տատանէին հռոմէական քանդակներու ապրող մարմարներուն վրայ: Այն արուեստները, որոնց կարելի է դպչիլ, իմաստ ունին ինծի համար, բայց զանոնք տեսնելով աւելի նշանակութիւն պիտի ունենային, քան զգալով:
Խոր կերպով կ՚ուզէի ըմբոշխնել Ռաֆայէլի, Լէոնարտօ Տա Վինչիի, Թիցիանի, Ռամպրանտի գծագրութիւնները: Այնքան հարուստ եւ գեղեցիկ իմաստ կայ դարերու արուեստին մէջ, ձեզի՝ տեսնողներուդ համար:
Տեսողութեանս երկրորդ օրուան իրիկունը անցընել պիտի ուզէի թատրոնի մը կամ շարժապատկերի սրահի մէջ: Հիմա ալ ներկայ կ՚ըլլամ ներկայացումներու, բայց ընկերակցող մը թատրոնին կատարողութիւնը ափիս մէջ պէտք է գրէ: Եթէ մէկ թատրերգութիւն կարենայի տեսնել, մտքիս մէջ հարիւրը կրնայի պատկերացնել, որոնք կարդացած եմ: Ես ինչե՜ր կը կորսնցնեմ, մինչ տեսնողներդ ի՜նչ մեծ հրճուանք կրնաք ստանալ ներկայացումի մը խօսակցութեան եւ շարժումներու փոխազդեցութենէն:
Երրորդ օր.
Առաւօտուն դարձեալ պիտի ողջունէի արշալոյսը, նոր բերկրանք գտնելու անձկութեամբ, քանի որ անոնց, որոնք աչքեր ունին եւ իրապէս կը տեսնեն, իւրաքանչիւր օրուան արշալոյսը յաւերժական գեղեցկութեան նոր յայտնութիւն մը կը բերէ:
Մեքենան կը վարեմ գետը կամրջող պողպատէ կառոյցին վրայէն եւ կ՚ունենամ մարդկային մտքի զօրութեան ու հանճարին ցնցող տեսլականը: Դէմս քաղաքին բարձրաբերձ աշտարակներն են՝ պողպատէ ու քարէ հսկայ կառոյցներ: Ի՜նչ պատկառանք ներշնչող տեսարան: Կարծէք աստուածներ իրենց համար շինած ըլլային զանոնք: Ասոնք մէկ մասն են միլիոնաւոր մարդոց ամէնօրեայ կեանքին: Քանի՞ հոգի արդեօք երկրորդ ակնարկ մը կը նետէ անոնց վրայ. վախնամ՝ քիչեր. անոնց աչքերը կոյր են այս շքեղ տեսարանին առջեւ, քանի որ սովորական է արդէն:
Ես կ՚արտորամ դէպի այդ հսկայական շինութիւններէն մէկուն՝ Empire state building-ին գագաթը: Անցեալին անոր բարձրութենէն վարը՝ քաղաքը «տեսայ»՝ քարտուղարուհիիս աչքերուն միջոցաւ. անհամբեր եմ երեւակայութիւնս բաղդատելու իրականութեան հետ. վստահ եմ՝ յուսախաբ պիտի չըլլամ դէմս տարածուող տեսարանին իմ պատկերացումէս:
Կը սկսիմ քաղաքը շրջագայիլ: Նախ կը կենամ խճողուած անկիւն մը, պարզապէս կը նայիմ մարդոց, փորձելով անոնց տեսքէն բան մը հասկնալ իրենց կեանքի մասին: Ժպիտ կը տեսնեմ՝ կ՚ուրախանամ, լուրջ մտածմունք կը տեսնեմ՝ հպարտ եմ, տառապանք կը տեսնեմ՝ կը կարեկցիմ:
Կէս գիշերին կուրութեանս ժամանակաւոր դադարը պիտի վերջանար եւ դարձեալ պիտի սկսէր անվերջանալի գիշերս: Երեք կարճ օրերուն մէջ, անշուշտ, պիտի չկարենայի տեսնել այն բոլորը, զոր կ՚ուզէի: Բայց միտքս այնքան խճողուած պիտի ըլլար ոգեզմայլ յիշատակներով, որ զղջալու ժամանակ պիտի չունենայի: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր առարկայի հպումը լուսափայլ յիշողութիւն մը պիտի բերէր անոր երեւոյթի մասին:
Ես, որ աչազուրկ եմ, թելադրութիւն մը ունիմ անոնց, որ կը տեսնեն եւ տեսողութեան պարգեւը լիովին գործածել կ՚ուզեն: «Գործածէ՛ աչքերդ այնպէս, որպէս թէ վաղը պիտի կորսնցնես տեսողութիւնդ»: Վստահ եմ, այն ատեն ձեր աչքերը պիտի բացուէին բաներու, որոնք նախապէս չէիք նկատած: Ինչ որ տեսնէիք, ձեզի սիրելի պիտի թուէր: Ձեր աչքերը պիտի գրկէին իւրաքանչիւր առարկայ, որ ձեր տեսողութեան ծիրին մէջն էր: Յետոյ դուք իրապէս պիտի տեսնէիք, եւ գեղեցկութեան նոր աշխարհ մը ինքզինք պիտի պարզէր ձեր առջեւ:
Նոյն կերպը կրնայ կիրարկուիլ միւս զգայարանքներուն համար: Լսեցէ՛ք ձայներու մեղեդիները, թռչունի մը երգը, նուագախումբի մը զօրեղ հնչիւնը, որպէս թէ վաղը ձեր լսողութիւնը պիտի կորսնցնէք:
Դպէ՛ք իւրաքանչիւր առարկայի այնպէս, որպէս թէ վաղը ձեր շօշափելու կարողութիւնը պիտի կորսնցնէք:
Հոտոտեցէ՛ք ծաղիկները եւ ըմբոշխնելով համտեսեցէք իւրաքանչիւր պատառը՝ կարծելով թէ այլեւս պիտի չկարենաք հոտոտել ու համ առնել:
Ջանք ըրէք ստանալու իւրաքանչիւր զգայարանքին վայելքը:
Փառաբանեցէ՛ք հաճոյքի ու գեղեցկութեան բոլոր նրբութիւնները, զորս աշխարհը կը յայտնէ ձեզի՝ բնութեան շնորհած այս քանի մը հաղորդակցական միջոցներով, որոնց ամենասքանչելին, վստահ եմ, ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆՆ Է:
Ամփոփեց ու թարգմանեց՝
ԱԶՆԻՒ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ