ԻՆՉ­ՊԷ՞Ս ՆԱ­ԽԱ­ՊԱՏ­ՐԱՍ­ՏԵԼ Ե­ՐԱԽԱՆ ԴՊՐՈ­ՑԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԻ

Ե­րա­խան պէտք է նա­խա­պատ­րաս­տել դպ­րո­ցա­կան կեան­քի, սա­կայն մի՛ մտա­հոգ­ուիք, ա­նոր գրել ու կար­դալ սոր­վեց­նե­լը դպ­­րո­ցին պար­տա­ւո­րու­թիւնն է:

Ձեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տալ ե­րա­խա­յին մտա­ւոր եւ ֆի­զի­քա­կան զար­գաց­ման: Ա­մէն ճիգ ի գործ դրէք, որ ան մեծ­նայ ա­ռողջ մթ­­նո­լոր­տի մէջ եւ կա­րե­նայ ա­զա­տօ­րէն եւ ճիշդ ձե­ւով հա­ղոր­դակ­ցիլ իր հա­սա­կա­կից­նե­րուն հետ: Այս ձե­ւով ան պի­տի կա­րե­նայ դպ­րո­ցէն ներս շատ ըն­կեր­ներ ու­նե­նալ եւ բնա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել ա­նոնց հետ:

Պէտք է սոր­վեց­նել ե­րախա­յին ըլ­լալ հան­դուր­ժող, գթա­սիրտ, հա­մե­րաշ­խու­թեամբ խա­­ղալ ըն­կեր­նե­րուն հետ եւ ու­նե­ցա­ծը կի­սել այ­լոց հետ:

Հարկ է սոր­վեց­նել ի­րեն սկ­­սած գոր­ծը ա­ւար­տին հասց­նել: Պայ­ման­ներ պէտք է ստեղ­ծել, որ ե­րա­խան գծէ, գու­նա­ւո­րէ եւ մանր ի­րե­րով գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րէ:

Այս­պէսով կը զար­գա­նան ա­նոր մատ­նե­րու շար­ժում­նե­րը, կը զօ­րա­նան մկան­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­գա­յին ա­նոր գրե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը հե­զա­սահ կը դարձ­նեն:

Կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ զբօս­նուլ ա­նոր հետ բա­ցօ­թ­­եայ, մա­քուր օ­դով վայ­րե­րու մէջ, զրու­ցե­լով բնու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րու, կեն­դա­նի­նե­րու եւ բոյ­սե­րու մա­սին: Ե­րա­խան ներգ­րա­ւե­լով խօ­սակ­ցութ­եան մէջ հե­տա­մուտ պէտք է ըլ­լալ, որ ան պատ­մէ իր տե­սա­ծը, լսածն ու զգա­ցա­ծը. փոր­ձել աս­տի­ճա­նա­բար ձե­ւա­ւո­րե­լ դէպ­քե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը եւ խօ­սե­լով ար­տա­յայ­տե­լու նա­եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րը ըմբռ­նե­լու իր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը: Օ­րի­նակ, եր­կին­քը կ՚ամ­պո­տի՝ ու­րեմն անձ­րեւ պի­տի տե­ղայ… ե­ւ այլն:

Անհ­րա­ժեշտ է ե­րա­խա­յին գեր, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ա­նոր հա­մար ըն­թեր­ցել հեք­ի­աթ­ներ, պատմ­ուածք­ներ, զար­գաց­նել ե­րա­խա­յին թուա­բա­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, ա­ռա­ջար­կե­լով ա­նոր փոք­րիկ, պարզ խն­­դիր­ներ: Ե­րա­խա­յին խա­ղա­լիք­նե­րուն, միր­գե­րուն եւ կեն­դա­նի­նե­րուն շուրջ յօ­րի­նել պատ­մու­թիւն­ներ՝ զար­գա­ց­նե­լու ա­նոր ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հը:

Ե­թէ նշ­­ուած ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ե­րա­խա­յին հետ աշ­խա­տիք՝ ա­պա գրելն ու կար­դա­լը ա­նոր հա­մար բար­դու­թիւն չեն դառ­նար, եւ դպ­­րո­ցա­կան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն ե­րա­խան դիւ­րու­թեամբ կ՚ըն­տե­լա­նայ մի­ջա­վայ­րին եւ այն­տեղ ինք­զինք եր­ջա­նիկ ու գոհ կը զգայ:

Բա­րի վե­րա­մուտ բո­լոր դպ­­րո­ցա­կան­նե­րուն:

Օ­ՍԱՆ ՊԱ­ԼԱ­ՊԱ­ՆԵԱՆ-ՄԻ­ՆԱ­ՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016