Պատրա՞ստ Ենք Դպրոցական Վերամուտը Դիմաւորելու…
Ինչպէս բոլոր համրուած օրերը, նոյնպէս եւ ամրան արձակուրդի օրերը կ՚անցնին շատ արագ ու աննշմար:
Այո՛, արդէն դպրոցներու վերամուտը մեզմէ շատ հեռու չէ, ահա Սեպտեմբերի 19-ին գաղութիս վարժարանները անգամ մը եւս գրկաբաց կ՚ընդունին մեր զաւակները: Անգամ մը եւս կը սկսի նոր տարեշրջան մը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որու աւարտին հայ աշակերտը հանգրուան մըն ալ նուաճած կ՚ըլլայ իր ուսման երթի մէջ:
Ամրան, դասերու «հոգէն» ձերբազատուած աշակերտները փորձեցին իրենց «ազատութիւնը» վայելել, իսկ ծնողներ անոնց ազատ ժամերը լեցուցին, զիրենք ուղարկելով ամառնային դպրոց կամ ակումբ:
Հիմա, ծնողաց ուսերուն կը բառնայ աշակերտին դպրոց վերադարձի նախ հոգեկան եւ ապա դպրոցական պիտոյքներու ապահովման պատասխանատուութիւնը:
Հոգեկան պատրաստութիւնը առաջնահերթութիւն է: Անհրաժեշտ է ամրապնդել փոքրիկ-դպրոց հոգեկան կապը, անոր ուշադրութեան յանձնելով, թէ ինք աշակերտ է, դպրոց պիտի երթայ տարի մը աւելի մեծնալու, մեծաքանակ գիտելիքներ ամբարելու, զարգանալու…: Իսկ յետո՛յ…: Յետոյ նպատակը շատ յստակ է, պիտի դառնայ բարեկիրթ, զարգացած քաղաքացի մը՝ ազգին ու ընկերութեան ծառայող: Այն ընկերութեան, որու մէջ կրնայ ինքզինք կերտել ու կայանալ իր անհատական աշխատանքով:
Զաւակ դաստիարակել կը նշանակէ մարդ կերտել բառին ամբողջական իմատով: Յիշենք Պարոյր Սեւակի փիլիսոփայական հետեւեալ միտքը.-
«Ինչքան ծանր է մանուկ թաղելը
Մանուկ պահելը ծանր է աւելի…»:
Իսկ մանուկ ըսելով ի՞նչ կրնանք հասկնալ…: Մե՛ր մանուկները:
Անոնք մեր սերունդն են, միսն ու ոսկորը, մեր շառաւիղը, որոնց համար, առկախ մեր պայմաններէն, շա՛տ աւելի լաւը կը մաղթենք:
Այս դեռատի սերունդը պիտի դառնայ խոստմնալից երիտասարդութիւն, որ պիտի տքնի գաղութս յարատեւ կենդանի պահել: Ուրեմն՝ որքա՜ն թանկագին է մեր սերունդը եւ որքա՜ն կարիքը ունի մեր անմիջական հովանաւորութեան ու ջերմ հոգածութեան:
Սիրելի հա՛յ աշակերտ,
Գաղութիս վարժարանները իրենց բոլոր սարքերով ոչի՛նչ կ՚արժեն առանց ձեր մատղաշ շունչի գոյութեան: Հայ դպրոցը իր կառոյցով ու անձնուրաց անձնակազմով կոչուած է ձեզի ծառայելու, ձեր անհատականութիւնը կերտելու եւ ձեզ կատարելութեան հասցնելու համար:
Հայ լեզուն եւ հայ գիրքը ստեղծուած են ձեզի՛ պէս հա՛յ մանուկներ տիպար անհատներու վերածելու համար…:
Թերեւս դասերու ծանրութիւնը քիչ մը ճնշիչ կը թուի ձեզի եւ ձեր ծնողներուն, պարզ է, անշուշտ որ մարդակերտումի ճանապարհը հեշտ չէ, աշխատանք եւ զոհողութիւն կը պահանջէ: Սակայն, հաւատացէ՛ք, փայլուն ու հաստատ ապագայի հեռանկարով սպառազինուած՝ կրնաք յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները, որոնք մերթ ընդ մերթ պիտի յառաջանան ու դժուարացնեն ձեր ուսման գնացքը:
Վստա՛հ եղէք, մե՛րն է ապագան, իսկ հալէպահայը ձեզմո՛վ կը գոյատեւէ…:
ՆՈՐԱ ՏԱՆԱԿԷՕԶԵԱՆ-ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ
«Գանձասար», Հալէպ