ԽՕՍՔ ՅԻՇԱՏԱԿԻ

Պերճ Ֆազ­լեա­նը այն տե­սա­կի մար­դոց­մէ է, ո­րոնք մարմ­նա­պէս կը հե­ռա­նան, սա­կայն չեն մա­հա­նար: Պեր­ճի յի­շա­տա­կի պէյ­րու­թեան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ան­գամ մը եւս կը փո­խան­ցեմ ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներս իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն եւ Լի­բա­նա­նի ա­րա­բա­խօս ու հա­յա­խօս ար­դի թատ­րո­նի բո­լոր նուի­րեալ­նե­րուն:

Ար­դի թատ­րոն կ՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ ար­դի թատ­րո­նը Լի­բա­նա­նի մէջ ինքն էր որ ստեղ­ծեց, ան ի՛ր ծնունդն էր: Ի­րեն հետ ու­նե­ցած եմ 65 տա­րուան ծա­նօ­թու­թիւն, 20 տա­րի՝ բե­մին վրայ միա­սին աշ­խա­տանք եւ թե­րեւս հա­զա­րա­ւոր ժա­մեր խօ­սակ­ցու­թիւն… Չեմ յի­շեր վայր­կեան մը, որ թատ­րո­նէ զատ ու­րիշ բա­նի մա­սին խօ­սէր, միշտ թատ­րոնն էր իր նիւ­թը: Թատ­րո­նի հիմ­նու­մէն մին­չեւ այս օ­րե­րը որ­քան տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան­ներ ու բե­մադ­րիչ­ներ ե­րե­ւան ե­կած են՝ բո­լո­րին մա­սին կը խօ­սէր մե­զի, թատ­րո­նին նրբու­թիւն­նե­րը ու­սու­ցի­չի մը նման կը բա­ցատ­րէր, կը սոր­վեց­նէր մե­զի:

Պերճ Ֆազ­լեա­նի բազ­մա­թիւ նա­մակ­նե­րուն շնոր­հիւ, մեծ դե­րա­սան Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նը իր ա­նու­նը տուաւ Հայ ե­րի­տա­սար­դաց ըն­կե­րակ­ցու­թեան՝ Պէյ­րու­թի մէջ նոր հիմ­նուած թա­տե­րա­խում­բին: Ֆազ­լեան աշ­խա­տե­ցաւ օ­տար եւ հայ մեծ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րով եւ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ ար­հես­տա­վարժ թա­տե­րա­խում­բի ա­նու­նը շա­հե­ցաւ «Վահ­րամ Փա­փա­զեան» թա­տե­րա­խում­բին հա­մար: Այս վկա­յու­թիւ­նը տուող­նե­րը օ­տար թղթա­կից­ներ, օ­տար քննա­դատ­ներ էին: Իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով է, որ Պերճ Ֆազ­լեան հա­սաւ այդ բո­լո­րին:

Ֆազ­լեա­նի նուի­րեալ ճի­գե­րուն շնոր­հիւ, Լի­բա­նա­նի թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կուե­ցաւ. մար­դիկ սկսան թատ­րոն յա­ճա­խել ինք­նա­կամ կեր­պով: Այդ տա­րի­նե­րուն, տաս­նեակ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, փո­խա­նակ բժշկու­թիւն կամ ու­րիշ ճիւ­ղեր ու­սա­նե­լու, նա­խընտ­րե­ցին թատ­րո­նի մէջ մաս­նա­գի­տա­նալ՝ Ա­րեւ­մուտ­քի կամ Հայ­րե­նի­քին մէջ, վե­րա­դար­ձան եւ սկսան գոր­ծել Վար­պե­տին կող­քին: Ա­նոնք այժմ ալ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց նպաս­տը բե­րել թա­տե­րա­կան ա­րուես­տին:

Պերճ Ֆազ­լեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ Սիր­վարդ (Սի­րօ) թեւ եւ թի­կունք ե­ղած է Պեր­ճին՝ ա­նոր բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, ու ա­նոր հետ լիու­լի կի­սած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նուա­ճում­նե­րու տա­ռա­պանքն ու եր­ջան­կու­թիւ­նը:

Յի­շա­տա­կի խօսքս կ՚ու­զեմ ա­ւար­տել Գառ­լօ Կոլ­տո­նիի «Ստա­խօ­սը» ներ­կա­յաց­ման վեր­ջին նա­խա­դա­սու­թեան նմա­նո­ղու­թեամբ: Ներ­կա­յաց­ման հե­րոս­նե­րէն Ա­լի­քի­նո­յին պէս, կ՚ա­ռա­ջար­կեմ Պերճ Ֆազ­լեա­նի տա­պա­նա­քա­րին վրայ քան­դա­կել հե­տե­ւեա­լը. «Հոս կը հանգ­չի մեծ վար­պետ, «խենթ», տա­ղան­դա­ւոր բե­մա րիչ-դե­րա­սան Պերճ Ֆազ­լեա­նը: Սա­կայն, ո՜վ ան­ցորդ, դուն ա­նոր գե­րեզ­մա­նին մի՛ հա­ւա­տար, ո­րով­հե­տեւ հի­մա ան նոր տղաք հա­ւա­քած՝ թատ­րոն կը խա­ղայ»:

ԶԱ­ՒԷՆ ԳԱ­ԼՈՒՍ­ՏԵԱՆ

Լոս Անճե­լըս

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016