ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ
Կրթական վերամուտի այս օրերուն սկսելով պատասխանատու պետական եւ վարչական ատեաններէն, բոլոր ծնողներու եւ ուսուցչական կազմի մտահոգութեան առանցքը կը կազմէ լաւագոյն պայմանները ապահովել մատղաշ սերունդի անհատներուն:
Մինչդեռ կրթութեան եւ դաստիարակութեան արդիական մօտեցում ցուցաբերող անձերու համատարած կարծիքը այն է, որ ներկայ կրթական համակարգը երախաներու, թէ պատանիներու բնութեան բոլորովին հակասող դրութիւն մըն է: «Բնութիւնը սիրող երախան կը բանտարկուի փակ դռներու ետին, չորս պատերու միջեւ։ Շարժումը սիրող տղուն կը պարտադրուի անշարժանալ։ Առարկաներով զբաղելու հակամէտ պատանին գաղափարներու յորձանքին կը յանձնուի։ Տրամաբանել ցանկացող երիտասարդին կը պարտադրուի գիտելիք ամբարել իր յիշողութեան մէջ։ Երբ երիտասարդը կը ձգտի ոգեւորուիլ, պատիժներ կը կիրարկուին անոր»։
Վերոյիշեալ հաստատումները կը պատկանին զուիցերացի մանկավարժ Ատոլֆ Ֆէրրիէրին, որ 1921 թուականին հիմնած է «Նոր կրթութեան միջազգային միաբանութիւն»ը, որու անդրանիկ գիտաժողովը համախմբեց Ֆրենէի, Մոնթեսսորիի եւ Գուզինէի նման համախոհներ եւ արդի կրթութեան առաջնորդ ջատագովներ: Այս հաստատումները ներկայիս արդէն կը կրկնուին ծնող եւ դաստիարակներու կարեւոր զանգուածի մը կողմէ ալ, որուն զգալի մէկ կոտորակը ընտրած է «այլընտրական» (alternative) կրթական համակարգը, որ ներշնչուած է մանկավարժական յեղաշրջային սկզբունքներէ: Այս վերջիններուն համաձայն՝ առաջնահերթութիւնը պէտք է ընծայել դպրոցական յաջողութենէն աւելի՝ աշակերտին անհատական ամբողջական զարգացումին, որ կ՚ընդգրկէ մտային, ձեռային, ֆիզիքական, զգացական, գեղարուեստական եւ քաղաքացիական ենթաբաժանումները: Ի սկզբանէ հաշմանդամ եւ կեանքի աննպաստ պայմաններ ունեցող երախաներու համար նախատեսուած այս կրթական համակարգը ներկայիս մեծամասնութեամբ մասնաւոր կրթութեան հաստատութիւններու մէջ է, որ կը կիրարկուի:
Դասական կրթութեան նկատմամբ ծնողներու մօտ տիրող համատարած կարծիքներու համաձայն՝ ներկայ գոյավիճակին մէջ երախաները յաճախ խոշտանգումի կ՚ենթարկուին զբօսանքի ժամերուն, ուսուցման ժամանակացոյցը անպատշաճ է, թուային գնահատականի դրութիւնը աշակերտին անձկութիւն կը պատճառէ, ուսման մակարդակը հետզհետէ աւելի ցած է՝ աշակերտներու անհաւասարակշիռ ունակութեան, անոնց համար անշահագրգիռ նիւթերու ուսուցման, նեղացուցիչ ժամերու պատճառած ընդհանուր անտարբերութեան հետեւանքով եւ այլն: Այս կարգի աննպաստ պայմաններէն դժգոհ են թէ՛ ուսուցիչները, թէ՛ ծնողները, թէ՛ ալ ու մանաւանդ աշակերտները: Ուսուցիչները կաշկանդուած են գերյագեցած կրթական տարեկան ծրագրի կիրարկումին պարտադրանքով, նաեւ գնահատանքի ներկայ դրութեան ստեղծած արտակարգ ճնշումին հետեւանքով: Ուսուցիչներու միջեւ վերջերս կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ անոնց 54 առ հարիւրը կը խոստովանի ապրած ըլլալ ջղասպառումի մէջ, իսկ 68 տոկոսը կը մտածէ իր ասպարէզը փոխել: Երախաներու մէջ ալ դժգոհութիւնը համատարած է. 2010 թուականին ժողովրդական միջին դասակարգի թաղերուն մէջ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն՝ դպրոցական տարիքի երախաներուն երեք քառորդը նախնական թէ երկրորդական դասընթացքներու հետեւիլ չի փափաքիր, քառորդն ալ կը ձանձրանայ դասերու ընթացքին, իսկ կէսէն աւելին կը խոստովանի վայրագ վերաբերումի ենթարկուած ըլլալ: Աւելի բարեկեցիկ միջավայրերու մէջ երախաներուն գլխաւոր մտահոգութիւնն է ձախողելու անձկութիւնն ու վախը:
Անշուշտ, թէ մեծ թիւով աշակերտներ եւ կրթական հաստատութիւններ վերոյիշեալ տխուր տեսարանէն հեռու են: Այսուհանդերձ ազգային կրթական համակարգին մէջ 50 տարիներու փորձառութիւն ունեցող նախկին ուսուցիչի մը կարծիքով «6 տարեկանէն սկսեալ 10-էն 12 տարի շարունակ պարտադրուած առարկաները սորվելու նպատակով երախան բազմաթիւ դասապահեր գրեթէ անշարժ նստելու ստիպել նոյն նստարանին վրայ՝ ապրելու կերպ մը չի կրնար ըլլալ»: Ըստ նոյն մանկավարժին՝ այսպէսով երախային անհատականութիւն մը դառնալու հնարաւորութիւնը կը խլուի իրմէ:
Յամենայն դէպս, ծնողները սկսած են հակազդել, որոնելով ներկայ իրավիճակէն ձերբազատելու միջոցներ: Մօտաւոր անցեալին, որոշ թիւով ծնողներ իրենց զաւակները արձանագրեցին ոչ-պետական հաստատութիւններու մէջ, իսկ ներկայիս սկսած են ուղղուիլ դէպի մանկավարժական «այլընտրական» հաստատութիւններ: Այսպէս, «Սթէյներ» դպրոցին մէջ երախան առիթը ունի միաժամանակ հետեւելու կարի, մետաղով, ատաղձով աշխատելու, պարտիզպանութեան, քանդակագործութեան, թատրոնի եւ երաժշտութեան նախափորձեր ընելու, եւ այս բոլորը մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ երկրորդական դասընթացք: «Այլընտրական» հաստատութիւնները մէկը միւսէն բաւական կը տարբերին. «Սթէյներ» դպրոցի դասընթացքներուն մէջ ուսուցուող առարկաները գեղարուեստի ճիւղերն են, մինչդեռ Ֆրենէ կամ Լիվինկ Սքուլի մէջ նախապատուութիւնը կը տրուի համագործակցութեան, քաղաքացիական գիտակցութեան, բնապահութեան եւ այլն զարգացման: Այս դասընթացքներու հասարակաց ոգին է տղուն մէջ զարգացնել աշկերտական որոշ մղում՝ շեշտելու համար գործօն աշխատութիւնը (ստեղծել, դպչիլ, ձեռքով գործել փոխանակ կրաւորական ձեւով մտիկ ընելու), նպաստելու համար՝ բազմառարկայ գործունէութեան: Այս կերպով է, որ կարելի կը դառնայ օգնել անոր անկախութեան, ինքնաբաւութեան, միշտ նեցուկ կանգնելով եւ ընկերանալով անոր հնարամիտ քայլերուն:
Աւելի ազատամիտ եւ խրախուսիչ դաստիարակչական այս նորագոյն եղանակները հաւաքաբար՝ կը միտին բոլորովին տարբեր տեսանկիւնէ դիտարկել երախան, ինչպէս նաեւ երախայ-չափահաս յարաբերութիւնները: Բազմակողմանի ուսուցում, ծրագրային եւ համագործակցական աշխատութիւն, պատասխանատուութեան թելադրութիւն եւ մանկավարժական առանցքային նման եղանակները երախային անհատականութիւնը կը յղկեն: Այլընտրական դպրոցէ շրջանաւարտ երիտասարդները, ըստ ծնողներէն մէկուն հաստատումին, ունին հասարակաց կէտեր, ինչպէս՝ դիւրին ընկերութիւն, ուրիշին նկատմամբ հետաքրքրութիւն, նախաձեռնութեան ոգի, ճամբորդութեան ցանկութիւն եւ այլն: Անոնք նուազ ճակատագրապաշտ են, ինչ որ կը դիւրացնէ անոնց ընկերային եւ արհեստավարժական յաջողութիւնները:
Այսուհանդերձ կան նաեւ անպատեհ կէտեր եւ կարգ մը հարցեր. նախ այս դպրոցներու գինը (յաճախ տարեկան 5.000 եւրոյէն աւելի), դպրոցներու անբաւարար թիւը, որ երբեմն ծնողները կը պարտադրէ փոխադրուելու՝ մօտենալու համար դպրոցին, նաեւ այն հանգամանքը, որ դպրոցը գրեթէ երբեք՝ մանկապարտէզ, նախնական եւ միջին դասընթացքները միաժամանակ չ՚ընդգրկեր: Իսկ ամենէն կարեւոր հարցը ներկայիս կը մնայ դպրոցներու անհամեմատ որակը. «այլընտրական դպրոց» պիտակին տակ կարելի է հանդիպիլ ինչպէս լաւագոյնին, նոյնպէս ալ՝ վատագոյնին: Գլխաւոր պատճառն է կրթութեան նախարարութեան մօտ այս դպրոցներու որակաւորման եւ վերահսկողութեան վերաբերեալ կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը: Յետոյ այս կարգի դպրոցներէ շրջանաւարտներուն առանձնաշնորհեալի գոյավիճակը ընկերային անարդարութեան եւ անհաւասարութեան լուրջ հարցեր կը ստեղծէ:
Յամենայն դէպս, ներկայիս հակառակ կարգ մը անպատեհութիւններու, այլընտրական վերոյիշեալ դպրոցները Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութեան լուրջ ուշադրութեան առարկան դարձած են: Այս վերջինը որոշած է լաւագոյնս կառավարել նշեալ հաստատութիւնները, անոնց որակաւորման չափանիշերը յստակացնելով:
Քաղեց՝ ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ