ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Լաւագոյն ընկերները անոնք են, որոնք լաւապէս զիրար կը հասկնան, հետեւաբար իրենց քայլերը կը համընկնին ու ընթացքը կ՚ըլլայ հեզասահ: Կ՚ըսեն լաւ բարեկամութիւնը վէճով կը սկսի… այսինքն՝ ի սկզբանէ տարակարծութիւնները կը բախին իրարու, որոնք հասկացողութեամբ համաձայնութեան կը յանգին: Ու կ՚ապրին միասին, իրարու ցաւերն ու հոգերը, ինչպէս նաեւ՝ խստութիւնները կ՚ապրին միասին, սակայն ընդհանրապէս այդպէս չէ, իսկ վերի պայքարը բացառիկ է իրողութեան մէջ:
Գործնականին մէջ, ա՛յն աստիճան դժուար՝ որ անկարելի է իրականացնել, գուցէ անոր համար Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ. «լացողներուն հետ լացէք ու խնդացողներուն հետ խնդացէք», այսինքն բաժնեկից ըլլալ, տխուր թէ ուրախ պարագաներու մէջ:
Սակայն մարդ արարծը հակամէտ է ինքզինք գերադասել՝ իր մէկ յարաբերած կամ նոյնիսկ չյարաբերած անձին մէջ տեսնել ժխտական կէտեր, որոնց մէջ, ի հարկէ, ինք նախապատիւ է: Սակայն երբ վերոնշեալ յորդորը կարենանք իրականացնել, այդ թերութիւնը կը վերանայ, տեղի տալով համերաշխ յարաբերութեան, որ կեանքի մէջ շատ կարեւոր երեւոյթ մըն է:
Ոմանք հիմակուընէ արդէն սկսած են ձեւով մը ծաղրի ենթարկել Աշուրայի յիշատակի օրուան ինքնախարազանութեան երեւոյթը, որ խորքին մէջ վեհ զգացումի արտայայտութիւն է. մենք հոգեկանը չենք տեսներ, սակայն՝ մարմնական ցաւատանջութիւնը այդ ցոյց կու տայ: Ապրի՛լ տասնօրեայ անհաւասար պատերազմի արհաւիրքը, վառ պահել յիշատակը անոր, ի հարկէ, վերջ ի վերջոյ արդարութիւն պահանջելով կամ պարտադրելով՝ եթէ կարելիութիւն կայ:
Սակայն ինչպէս կ՚ըսեն, «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ», ինչպէս նաեւ՝ «կոխկռտողը կը մոռնայ, ենթական չի կրնար մոռնալ»…
Ասոր գլխաւոր պատճառը՝ անհաղորդ ըլլալն է այլոց ցաւերուն: Պատմութեան մէջ ասոր կարկառուն օրինակ է. «իմ մահէս ետք ջրհեղեղ» (Լուի 15-րդ): Օրինակներ բազմաթիւ են դժբխտաբար, քանի որ անձնասիրութեան մոլուցքը մոռնալ կու տայ իր շրջապատի իրավիճակը: Ու կը խախտի ամէն չափ ու չափանիշ, երբ պետական պաշտօնեան, ամենէն բարձրէն սկսեալ, նոյն մտայնութեամբ, պարզ պաշտօնեան ալ ի հարկէ… («նման զնման գտանէ») եւ այս՝ տարածուած կ՚ըլլայ նաեւ՝ եկեղեցիին ու կը վերածուի ընդհանուր երեւոյթի… կործանումը անխուսափելի հրէշ մըն է անկուշտ…
Կեանքի անհրաժեշտ մէկ պայմանն է. հաղորդական ըլլալ:
Տակաւին սիրտիս խոց է անմոռանալի, երբ կարդացի Մ. Վարանդեանի մէկ խօսքը, ըսուած 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտին մասին. «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄԱՐՍԵՑ»…
Մարսե՞ց:
Այս ալ հաղորդականութեան հակառակ մէկ օրինակը:
Աշուրայէն պէտք է օրինակենք… բայց մեր չափով…։
Չըլլանք փայտի պէս, երբ մէկ ծայրը կ՚այրի, միւսը՝ անհաղորդ է…
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան