ԳՆԱ՜
Պատեանս նեղ է
ինչո՞ւ...
սենեակներուն պատերը սրընթաց
դէպի զիս կ՚արշաւեն
ո՞ւր երթամ
ամէն ինչ կը մօտենայ
կրկնապատկելով ցաւ
վիշտ
կսկիծ
հո՜գ...
ատենին թեւեր ունէի
կամ՝ այդպէս կը թուէր ինծի
յանկարծ չքացան անոնք
ո՞ւր գացին թեւերս
շատ փնտռեցի
ի զուր
չկան
չկայի՞ն...
պատերը կը մօտենան
պատեանը՝ նոյնպէս
գոռա՞մ
պատէ պատ զարնուի՞մ
կը խեղդեն զիս
շունչի կարօտ եմ
հասէ՛ք
արագ
շո՜ւտ...
«Հէհէ
ո՞վ պիտ հասնի
ով կրնայ հասնիլ որ
որո՞ւն կը սպասես
անխելք քեզի»:
Հրէ՛
հրէ պատերը
ճեղքէ պատեանը
անցի՛ր
քանի դեռ ուժ ունիս
փրկէ ինքզինքդ
ունիս ատ կարողութիւնը
վստահէ դուն քեզի
անցի՛ր
սպրդէ նեղ անցքերէն
յառաջացի՛ր
ճեղքէ
անցեալին նեխած պատերը
ցաւը
հոգը
վի՜շտը...
աճեցուր թեւեր
թռչէ դարձեալ
ճախրէ՛ անվախ
անկաշկանդ
անհաշիւ
առանց ետիդ նշոյլները նշմարելու
գնա՛
գնա՛
հեռացի՜ր...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ