ԵՍ ԻՆԾԻ

Աշուն է:

Կը սիրեմ աշունը: Առտուան թեթեւ խոնաւութիւնը ցօղի պէս կը հանգչի ամէնուր ու անզուգական մաքրութիւն մը կը փռէ: Գիշերուան անձրեւին թաց կաթիլներով կը զարդարուին ասֆալթապատ փողոցները, որոնք հետզհետէ, ցերեկուան ջերմութեան հետ պիտի չքանան, մինչեւ իրիկուն կեանքի բնականոն վազքին հետ միաձուլուելով պիտի շոգիանայ գիշերուան կախարդանքը մի քանի ժամ, եւ դարձեալ պիտի վերագտնէ ինքզինք:

Աշնան երեկոները ամպերու հրաշալի տեսարաններ կը փռուին երկնակամարին վրայ: Ամպերը մերթ կը կարմրին, մերթ նարնջագոյն ջիղերով մոխրագոյնի կը վերածուին ու հետզհետէ մութ մոխրագոյնը կուլ կու տայ կրակէ ջիղերը արեւին եւ աժդահան կարծես կը կլանէ երկինքը: Լոյսն ու մութը կը վիճին իրարու հետ մոխրագոյնին մթութեան մեղմութիւն մը պարգեւելով: Ու ահա լոյսը կը խրի մոխրագոյնին մէջ, մայրամուտին վերջին շողերը կը ծակծկեն մութը եւ փարատող հսկային ընդմէջէն, բացուածքէ մը, դուրս կը ծորի շողը լոյսին, կարծես մութ սենեակի մը առաստաղը լուսաւորող լոյս մը ըլլայ:

Այսպէս ամէն օր սքանչելի տեսարաններու ականատեսը ըլլալ, դիտել պատշգամէն լայնատարած երկնքի մէջ արեւուն մայրամուտը, լուսածագը... սուրճի ումպերով խորհրդակցիլ բնութեան հետ, լսել սօսափը այս տունս շրջապատող սօսազգիներուն, խշրտուքը գետին գլորող գունեղ տերեւներուն..., գեղեցիկ է իսկապէս:

Որքան հաճելի է տեսնել ամէն օրուան երկնումն ու մահը. տիեզերքին, որ նման է մարդու կեանքին՝ ծնունդ... մահ, որով մասնիկ մը կը դառնայ մարդը բնութեան հետ միահիւսուելով:

Դուն ալ մասնիկ մըն ես, վարդենի՛ս: Դուն իմ ձեռակերտն ես: Կը յիշե՞ս որքան կ՚ուրախացնէիր զիս ամէն օր, երբ նոր սկսար ծլարձակիլ, երբ ծիլերովդ ցոյց տուիր իմ ջանքերուս արգասիքը: Ցանեցի, թիզ առ թիզ աճեցար, ծաղկեցար, մանուկի նման գուրգուրանքի ու սիրոյ պարոյրով, հոգատարութեամբ: Բայց ահաւասիկ երեք գարուններ, երեք աշուններ տեսած երիտասարդուհի մըն ես արդէն, գեղուհի մը թաւշեայ հմայքով ամրան աչք քթթող: Կը յիշե՞ս, որ ամիսներ առաջ զոյգ կոկոններով երկու վարդ բացիր: Երկու երիտասարդներուս պէս գեղանի: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, երկու զոյգ կոկոններով վարդեր, երկու զուգուած երիտասարդներուս պէս. ուրախ, ժպտուն, կայտառ ու խանդավառ կեանքի նոր ուղին մուտք գործող երկու երիտասարդներուս պէս:

Ինչո՞ւ տխուր ես, վարդենիս, դո՞ւն ալ կը յիշես անցեալը՝ պատերազմը, կորուստները..., բայց ներկան, ներկա՛ն տես, ապրէ՛, վարդենիս..., կեանքը կը շարունակուի, ի՛նչ ընելու է, տարին ունի չորս եղանակ, բոլորը գարուն չե՜ն, աշունն ալ կայ, ձմեռն ալ կայ կեանքին:

Կը նեղանաս այս գունատ տերեւներէ՞ն, որոնք կը ծանրացնեն ճիւղերդ ինչպէս իմ հոգերը ամէնօրեայ. ահա, կը խլեմ զանոնք մի առ մի, կը պոկեմ անցեալ դարձած, հին յուշերու նման, քիչ մը ջուր ալ կը հոսեցնեմ հողիդ մէջ, կը թարմանաս իսկոյն, թէեւ համբերելու ես մի քանի ամիս, որ վերստին ծլիս, ծաղկիս...:

Գիտե՞ս, ես քեզի պէս եւ աւելի մեծ վարդենիներ ունէի անցեալին, որոնք չորցան, ոչ թէ որովհետեւ չխնամեցի զանոնք, անջուր մնացին. ո՛չ, այլ անոնք քեզի պէս ամէն օր թռչուններուն ձայնը չէր, որ կը լսէին, ամէն օր հոս փողոցը խաղացող մանուկներուն երգերուն ձայնը չէին լսեր, անոնք երկինքէն անձրեւի կաթիլներ չէին զգար իրենց տերեւներուն վրայ, այլ մարդկային ձեռքերով կրակէ անձրեւ կը տեղար անոնց վրայ, կապարներու սուլոցներով կ՚արթննային, կը քնանային, չէին քնանար...: Թափեցի զանոնք, բոլորը, մի առ մի, թաղարները թափեցի, անցեալին հետ թաղեցի նաեւ այս յուշերը, բայց ոչ, ահա հիմա գլուխ կը ցցեն նորէն:

Դո՛ւն, դուն վարդենիս, բնաւ չկարծես որ այդպէս կը վարուիմ քեզի հետ, ո՛չ, երբե՛ք: Դուն իմ գեղուհին ես, իմ ձեռակերտը, նորը. հին ձեռքերով նորի ծնունդ մը, նոր կեանքի ծնունդ մը...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018