ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ ԵՍ ՔԵ՛ԶԻ

Երբ որբանամ պահերէն
Երբ աշխարհէն խռովիմ,
Երբ տապարը պատմութեան
Ազգիս գլխուն կ՚աղկանձէ
Երբ Մարդուն խիղճը բորբոսի
Երազները թարմ ու վարդ
Մահուան դռները թակեն,
Առանձնութեանս մէջ, եկո՛ւր
Կը կարօտնամ ես քե՛զի։

Եկո՛ւր, ըլլանք միասին
Մեր պատմութան գանձերու
Երգիչները ուխտաւոր։
Ծովու ափին ալիքներու խուլ ձայնի
Ալեկոծուինք յանգերով։
 
Եկուր մտնենք խոնարհուած
Խորանները սպասող
Ծխենք խունկը դարերու
Չորցած աղօթքը մրմնջենք։

Եկո՛ւր, երթա՛նք
Կը փնտռեմ ես քե՛զի․․․

Արեւուն հետ բարկ, կիզիչ,
Օրերու երգը դաժան
Խեդուած ձայները մարած
Խմբերգներով վայրենի
Երբ հոգիիս հետ մռայլ
Կը հրկիզեն էութիւնս տարանջատ,
Հոգիներու սենեակներուն մէջ լռիկ
Կը փնտռեմ ես քե՛զի։

Եկուր, ո՜րբ ենք առանձին․
Ամէն մէկս օրերու ճամբաներուն շփոթած
Թոյրերու երգը կորած ետ բերէք
մեր երդիքի հէգ սիւներուն կորսուած։

Եկո՛ւր, երթա՛նք
Միաձուլուինք մթութեանը դեռ ննջած
Ըլլանք հողի գոյնով, բոյրով եւ շուչով
Շողն առաջին այս  կեանքին․․․ 
Եկո՛ւր, երթա՛նք,

Որ չփնտռեմ ես ՔԵԶԻ։

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

2021

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021