ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 3

Հալէպի Քառասուն Մանուկ եկեղեցին իր զանազան նկարներով՝ մանաւանդ «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ով մանկութեան դպրոցիս անբաժան մասը մնացին եւ երբ աւարտեցինք նախակրթարանը եւ մուտք գործեցինք երկրորդական Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, այդ նկարն ալ հեռու մնալով եկեղեցիին հետ, կը քաշէր զիս։ Միշտ կը փորձէի յատկապէս մտերիմ մանկութեան ընկերոջս՝ Արամ Այվազեանին հետ, ամէն կիրակի այցելել Քառասուն Մանուկը: Մեր այցելութիւնները հատուցումներու եւ վերապրումներու հասնելէն աւելիին կը ձգտէին, Քառասուն Մանուկին հետ կապը պահելով դէպի շարունակելի ու վերանորոգ ըմբոշխման մը կ՚երթայինք միշտ։ Եւ նոյն այդ ըմբոշխնումը մեր անհատական կերտուածքի ու հոգեկան ընթացքներուն հետ կը փորձէինք հաղորդակից դարձնել, չըսելու համար ակամայ կը փռէինք մեր զգայարանքներն ու ընկալումները, որպէսզի մշակութանային ու մշակուէին ինչպէս որ կ՚ուզէ հին եկեղեցին, որ մեր մանկութեան դպրոցին նեկտարն էր կամ մեր դպրոցը առաքելացնող-սրբացնողն էր, նաեւ մեզ ալ անմահացնողը: Այդպէս է միշտ սիրածներուդ, սիրուածութեանդ աղբիւրներուն, սիրածդ ու սէր արտադրող անձանց ու վայրերուն, նոյնիսկ պարտադրուած սէրերուն, ամենաթողութիւն ու արտօնանքներ կը տրուին մարդուս կողմէ: Արամին հետ շատ կը զրուցէինք այս նիւթերով ու ճեմելով Քառասուն Մանուկի եւ մեր հին դպրոցի բակին մէջ: Անշուշտ, զրոյցներու անբաժան մասն էր ընկերային նիւթերը եւ անպայման ազգային հարցերն ու Հայաստանի վիճակը: Յատկանշականը այն էր, որ «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ի ներկայութիւնը կարծես ինքնաբերաբար կը բարձրացնէր մեր անմեղութեան ու առիքնութեան աստիճանը: Արամին հետ ես (կարծեմ ինքն ալ) աւելի «սուրբ» էինք, ի հակադրութիւն, օրինակ, ուրիշ, նոյնիսկ Քառասուն Մանուկին պատկանող ընկերոջ մը հետ (որուն հետ կրնայի ըլլալ աւելի մեղսալից):

Առաջին օրէն Արամը իմ հետ թաքուն ու ոգեղէն նախազգացումներով ալ բաժնեկցած էր մեր դպրոց-եկեղեցի կապը, նաեւ հասկնալով ապրած՝ մեր դրախտ-դժոխքի միջանկեալութեամբ մեր կարգաւորումներուն հետ կեանքի վայելքին տիրանալը: Անհամբերութեամբ կը սպասէինք կիրակիներու այդ պահերուն եւ մեր շրջագայութիւններուն, Քառասուն Մանուկը նորանոր ձեւերով կը լեցնէր մեր հոգին, նոյնիսկ «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ը արդէն իսկ օրինականացման մէջ էր ու սատանան ալ հաճելի արարած, որ բազմած էր նկարով ու եկեղեցիին մէջ իր անսասան ներկայութեամբ։ Ան մեզի կը բացատրէր օրն ի բուն «կրակներու հաճոյքներուն» մասին:

Երբ Հալէպէն վերջնականապէս բաժնուեցանք 2012 թուականին եւ երբ նոյն Քառասուն Մանուկ եկեղեցին ռմբակոծուեցաւ, ես ակամայ կը մտածէի, թէ արդեօք նկարներն ալ վնասուեցա՞ն: Բայց երբ վերանորոգուեցաւ եկեղեցին եւ 2017 թուականին ներկայ էինք վերաբացման, առաջին առթիւ ուզեցի ստուգել, թէ արդեօք «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ը իր տե՞ղն էր: Այո՛, եկեղեցին ձեւափոխուած էր եւ տեղ մը տրտմեցուցիչ էր, որ լիովին մեր մանկութեան եկեղեցին չէր, բայց նկարներուն, խորաններուն ու ընդհանուր աթոռներուն դասաւորումը նոյնն էր: Ուրախ էի նոյն տեղը գտնելով «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ը, սակայն արդէն տարբեր հայեացքով կը նայէր մեզի, աւերուած Հալէպէն, ուրկէ գաղթած էր հայերուն մեծ մասը: Տարօրէն կարծես սատանան կ՚ըսէր․

-Նայէ՛, յաջորդը ի՞նչն է։

 Իսկ նկարին վերը Քրիստոս լռելեայն ու վեհօրէն կը նայէր, ինչպէս միշտ:

Գերյատկանշական էր, երբ Հալէպ գացած էի այցելութեան եւ նորէն կիրակի օր մը Քառասուն Մանուկ այցելեցինք ես ու մամաս, գրեթէ վերջաւորութեան հասանք պատարագին, երբ եկեղեցին կը պարպուէր: Եկեղեցիին վերնատունը բարձրացանք եւ մէկ ալ ո՛վ տեսնենք, Սօսի Սահակեանը, որ իմ դասընկերուհիս էր, երգեհոնի վրայ տակաւին կը շարունակէր մնալ: Երբ զիրար տեսանք, յուզումնախառն մղմամբ մը ինկանք յիշատակներու գիրկը եւ Սօսին ըսաւ.

 -Մնացէք քիչ մըն ալ:

Նստանք վերի աթոռներուն վրայ եւ երբ գրեթէ եկեղեցին պարպուեցաւ, Սօսին նուագելու սկսաւ եւ միեւնոյն ատեն եկեղեցիի երգչախումբին մենակատարներէն մին դեռ հոն ըլլալով՝ միացաւ նուագին եւ սկսաւ շարականներէն մի քանի բաժին երգել: Հրաշալի՜ անժամանցելի պահեր էին… Կարծես մենք բոլորս զգացինք, թէ բան մը կերտելու համար յանկարծակիօրէն գտնուեցանք հոն եւ ուզեցինք յաւերժացնել «դրախտ-դժոխք ու քաւարան»ը նկարին աջ կողմը, այս անգամ վերէն հսկելով զայն, այսպէս կոչած հակազդեցիկ խաղով:

Մենք ալ միացանք երգեցողութեան եւ Սօսիին նուագը, որ մեզի թուեցաւ իրական երկնային, խորանը իրապէս ծփացնող: Արդէն Հալէպ չէի բնակեր, բայց եւ այնպէս, բնականաբար, ամէն անգամ քաղաք այցելութեանս Քառասուն Մանուկ կ՚երթայի Արամին հետ (որ չէր լքած Հալէպը)։ Ես կը փորձէի իմ հոգատարութիւնները, խնամակալութիւնները խորացնել, բայց ձեւով մը կը զգայի, թէ կեղծիք մը կայ մէջս-դուրսս, որ անյաղթահարելի էր ցաւօք: Մանուկ եղած ժամանակ շատ անգամ կը մտածէի.

 -Եթէ գիշերը եկեղեցիին մէջ մէկը քնանայ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Մանաւանդ վերնատունը, ուր ուրիշ վերամբարձութիւն մը կար առաստաղին մօտիկ՝ ընդհանուր Քառասուն Մանուկի իւրայատուկ եւ խճճուած ճարտարապետութեան հետ զուգահեռ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024