ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

ՅՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ԼԱՏԻՆՆԵՐԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Այստեղ գիտելի է, որովհետեւ հակառակութիւն մը կայ յոյն եւ հռոմայեցի վարդապետներուն միջեւ այս խօսքին առընչուած, քանի որ Յովհան Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ առաքեալներուն մկրտութիւնը նախքան խաչելութիւնը, Յովհաննէսի մկրտութեան հաւասար է, անկատար մկրտութիւն եւ ապաշխարութիւն:

Այստեղ երեք պատճառներ կը դնէ. նախ՝ կ՚ըսէ, որովհետեւ տակաւին Հոգին չէին ստացած, որ Մկրտիչը ըսաւ, թէ՝ «Անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ» (տե՛ս Մտ 3.11): Երկրորդ, որովհետեւ Աստուծոյ Որդիին չէին հաւատացած, որ յետոյ ըսաւ. «Մկրտեցէք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին [անունով]» (տե՛ս Մտ 28.19): Երրորդ, որովհետեւ Քրիստոս տակաւին խաչուած չէր, ուստի մկրտութեան զօրութիւնը խաչէն եղաւ, քանի որ՝ «անոնք որոնք Քրիստոսով կը մկրտուինք, Անոր մահուամբ կը մկրտուինք» (Հմմտ. Հռ 6.3), կ՚ըսէ Առաքեալը: Չորրորդ, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ թլփատութիւնը տկարացած չէր: Սակայն ասիկա սուտ է, որովհետեւ թլփատութիւնը Քրիստոսի մկրտութեամբ վերացաւ ու տկարացաւ:

 Իսկ  հռոմայեցիները կ՚ըսեն, թէ առաքեալներուն մկրտութիւնը աւելին էր քան Յովհաննէսի կատարած մկրտութիւնը, եւ նախքան խաչելութիւնը, նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս անոնց մասնաւորաբար Սուրբ Հոգին տուաւ, թէեւ կատարելապէս [տուչութիւնը] Վերնատան մէջ, ուստի յայտնի է, որովհետեւ անոնց իշխանութիւն տուաւ դեւերը հանելու եւ ցաւերը բժշկելու, քանի որ Աստուծոյ Հոգիով դեւերը կը հալածէին: Դարձեալ, որովհետեւ Յովհաննէսէն մկրտուածները կու գային եւ Քրիստոսի առաքելաներէն կը մկրտուէին: Արդ, եթէ առաքելաներունն ու Յովհաննէսինը նոյնն էր, ինչո՞ւ համար կու գային եւ առաքելաներէն կը մկրտուէին: Դարձեալ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Յովհաննէսի աշակերտներուն եւ հրեաներուն միջեւ խնդիր ծագեցաւ՝ մկրտութեան համար» (Հմմտ. Յհ 3.25), որովհետեւ Յովհաննէսի համար անարգանք էր, երբ առաքեալները կը մկրտէին [իր մկրտածները]: Արդ, եթէ անոնք Յովհաննէսի նոյն մկրտութեամբ կը մկրտէին, անարգանք չէր ըլլար, այլ՝ պատիւի մեծութիւն: Եւ դարձեալ, մարդիկ Քրիստոսէ եւ Անոր առաքելաներէն մկրտութիւն ընդունելով, Քրիստոսի աշակերտութեան կը մտնէին, այդ պատճառով չէր վայելէր անոնց Յովհաննէսի մկրտութիւնը տալ, այլ՝ Քրիստոսի մկրտութիւնը: Դարձեալ, Նիկոդեմոսին ըսաւ. «Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի, Աստուծոյ Արքայութիւն չի մտներ» (տե՛ս Յհ 3.5), հետեւաբար հաւատալի չէ, թէ Քրիստոս կը թոյլատրէր, որ առաքելաները ուրիշ՝ օտար մկրտութեամբ մկրտէին, այլ՝ Քրիստոսի մկրտութեամբ:

Առաջինին պատասխանը, որ կ՚ըսէ՝ «Հոգին չէին առած տակաւին», ատիկա կ՚ըսէ, որովհետեւ Հոգին յայտնապէս չէին ստացած՝ զգալի կերպով, ինչպէս էր Վերնատան մէջ, այլ՝ Քրիստոսի մկրտութեամբ շնորհքը ծածկապէս կ՚ըլլար, ինչպէս հիմա մեր պարագան է:

Երկրորդին համար կ՚ըսեն, թէ աշակերտները հաւատացած էին Քրիստոսի Անոր խօսքերէն եւ գործած հրաշքներէն, սակայն, յարութենէն ետք հրաման ստացան բոլորին ուսուցանել եւ Երրորդութեան անունով մկրտել:

Երրորդին համար կ՚ըսեն, թէ մկրտութիւնը Քրիստոսի չարչարանքներէն զօրութիւն ունի՝ աստուածային միաւորութեան համար, եւ թէ Քրիստոս նոյնն էր խաչելութենէն առաջ եւ խաչելութենէն յետոյ, այդ պատճառով մկրտութիւնը այն ատեն դրուեցաւ, երբ մկրտուեցաւ եւ զօրութիւն ստացաւ՝ Քրիստոսի Մարմինին ջուրին շօշափուելուն համար: Իսկ չորրորդին մասին վերը ըսուեցաւ:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷՍ ՄԿՐՏՈՒԵՑԱՆ

Այստեղ է հարցումը, թէ Քրիստոսի առաքելաները մկրտուա՞ծ էին, թէ՝ ոչ, որովհետեւ համբարձման ատեն կ՚ըսէ. «Յովհաննէսը ջուրով մկրտեց, իսկ դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (տե՛ս Գրծ 1.5):

Պատասխան. Այս մասին կ՚ըսենք, թէ Քրիստոսի առաքեալները նախքան Քրիստոսի խաչելութիւնը մկրտուած էին: Յայտնի է երեք բանէ.

Նախ՝ եթէ իրենք մկրտուած չէին, ինչպէ՞ս կրնային ուրիշ մը մկրտէին:

Երկրորդ, որովհետեւ Քրիստոս անոնց մկըր-տութեան մասին վկայեց. «Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է» (Յհ 13.10):

Երրորդ, որովհետեւ եթէ մկրտուած չէին, Քրիստոս ինչպէ՞ս կու տար անոնց Իր Մարմինն ու Արիւնը, քանի որ Նիկոդեմոսին ըսաւ. «Որովհետեւ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի, Աստուծոյ Արքայութիւն չի մտներ» (տե՛ս Յհ 3.5), եւ Արքայութիւնը՝ Քրիստոս է, իսկ թէ ի՞նչ կերպով մկրտուեցան, ոմանք կ՚ըսեն, թէ ինչպէս որ Յովհաննէսը աստուածային Խօսքով [Բանով] մկրտը-ւեցաւ եւ սրբուեցաւ, Ան՝ որ զինք ղրկեց մկրտելու, այդպէս ալ Քրիստոսի խօսքը առաքելաներուն՝ սրբութիւն եղաւ, ինչպէս ըսաւ. «Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այդ խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ» (Յհ 15.3): Իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Յովհաննէսի ջուրին մէջ մկրտուած էին, եւ Քրիստոս Իր ձեռքերը անոնց վրայ դնելով, Սուրբ Հոգին ստացան: Ասիկա սակայն հակառակ է այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Յովհաննէսը ջուրով մկրտեց, իսկ դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (տե՛ս Գրծ 1.5): Ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս Ինք, աշակերտներէն երկուքը մկրտեց ու ուսուցանեց անոնց, իսկ անոնք՝ միւս բոլորին: Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, թէ խոնարհութիւն է Քրիստոսէն ուրիշները մկրտելը, կ՚ըսենք, թէ ա՛լ աւելի խոնարհութիւն է ուրիշէ մը մկրտուիլը, քան ուրիշները մկրտելը: Դարձեալ, եթէ խոնարհութեամբ աշակերտներուն ոտքերը լուաց, նոյնպէս ալ խոնարհութեամբ աշակերտները մկրտեց: Դարձեալ, Քրիստոս պէտք է մկրտէր եւ ուսուցանէր, ինչպէս Գործքին մէջ կ՚ըսուի. «Քրիստոս կը գործէր եւ կ՚ուսուցանէր» (տե՛ս Գրծ 1.1), որովհետեւ, ինչպէս որ Պատարագին խորհուրդը նաք Ինք կատարեց ու սորվեցուց առաքեալներուն, եւ ինչպէս որ դրոշմի խորհուրդը նախ Ինք կատարեց՝ մանուկներուն վրայ Իր ձեռքերը դնելով, այդպէս ալ հաւատալի է, թէ նախ Ի՛նք մկրտեց եւ սորվեցուց աշակերտներուն: Իսկ առաջին տարակուսանքը, թէ՝ «Յովհաննէսը ջուրով մկրտեց, իսկ դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք», պէտք է իմանալ ո՛չ թէ խորհրդական մկրտութեան, այլ՝ Սուրբ Հոգիին տեսանելի երեւումով հեղումովը առաքեալներուն վրայ, որովհետեւ այս հեղումը ձեւով մը մկրտութիւն կ՚ըսուի, որովհետեւ ինչպէս որ խորհրդական մկրտութեան ժամանակ Սուրբ Հոգիին անտեսանելի շնորհքները կը տրուին ըստ տեսանելի լուացման ջուրով, նոյնպէս ալ Սուրբ Հոգին անտեսանելի տուաւ տեսանելի նշանով՝ Սուրբ Վերնատան մէջ:

Այսքանը այս մասին:

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՆԴԻՐ

Այժմ դառնանք այն խօսքին, որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք խնդիր ունեցան» (տե՛ս Յհ 3.25):

Մեկնութիւն. Խնդիրը երկմտութիւն կամ հակառակութիւն կը լսուի [կը հասկցուի], որովհետեւ Քրիստոս կը մկրտէր, Յովհաննէսն ալ կը մկրտէր, այդ պատճառով Յովհաննէսի աշակերտները նախանձեցան: Սրբութեան [մաքրութեան] մասին խնդիր ծագեցաւ, այսինքն՝ մկրտութեան մեծութեան մասին, որովհետեւ Յովհաննէսի աշակերտները Յովհաննէսին կատարած մկրտութիւնը մեծ կը համարէին չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ անապատին մէջ սնած էր, երկրորդ՝ սեղմ վարքին համար, երրորդ՝ որովհետեւ նախ քարոզեց եւ ապա մկրտեց, չորրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսն ալ մկրտեց:

Իսկ հաւատացեալ հրեաները Քրիստոսի մկրտութիւնը մեծ կը համարէին չորս պատճառով. նախ՝ անոնց որոնց Յովհաննէսը կը մկրտէր՝ կը ղրկէր Քրիստոսի մօտ, իսկ Քրիստոս չէր ղրկեր Յովհաննէսին մօտ: Երկրորդ՝ Յովհաննէսի վկայութեան համար, որ մեծամեծ խօսքերով վկայեց Քրիստոսի մասին: Երրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս նշաններ եւ սքանչելիքներ կը գործէր:

Չորրորդ՝ որովհետեւ Հայրն ալ Որդիին մասին վկայեց եւ Հոգին իջաւ [Անոր վրայ]:

Այսպիսի խնդիրը չէին կրնար լուծել, այդ պատճառով երկուքը՝ որոնք Յովհաննէսը բարի եւ սուրբ վարդապետ կը համարէին, եկան հարցնելու անոր [Յովհաննէսին]: Եւ թէեւ երկու կողմերն ալ [աշակերտներն ու հրեաները] եկած էին, սակայն միայն աշակերտները կը հարցնեն Յովհաննէսին:

Խօսք. «Վարդապե՛տ» (Յհ 3.26):

Մեկնութիւն. Չորս չար բան խօսեցան. նախ՝ «Ան, որ քեզի հետ էր Յորդանան գետին միւս կողմը» (Յհ 3.25), երբ դուն վարդապետ էիր եւ Ան քու մօտդ եկաւ, ինչպէս բոլոր աշակերտները վարդապետին մօտ կու գան: Երկրորդ՝ Որու մասին դուն վկայեցիր, Իր փառքը քու վկայութիւններէդ ստացաւ: Երրորդ՝ «ահաւասիկ Ի՛նքն ալ կը մկրտէ» (Յհ 3.26), որպէս թէ քու գործդ կը յափշտակէ: Չորրորդ՝ «բոլորն ալ Իրեն կ՚երթան» (Յհ 3.26), որպէս թէ քեզ անարգեցին եւ Անոր մօտ կ՚երթան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 28

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019