ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԷ՛

«Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4)։

Պէնտէկոստէի օրը՝ որպէս բարձրակէտը քրիստոնէական կրօնքին՝ յաճախ մեր միտքն ու սիրտը, եւ մեր ողջ էութիւնը կը լեցնէ Մխիթարիչին՝ Ս. Հոգիին գալստեան հրաշազան ու հրճուափառ ներգործութեամբը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զբանս»։

Պէնտէկոստէի օրն էր, երբ երկինքէն ահագնադղորդ ձայն մը լեցուց այն տունը, ուր հաւատացեալներ մէկտեղուած էին։ Եւ ահա, անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք եկան հանգչելու իւրաքանչիւրին վրայ ու Սուրբ Հոգիո՛վ լեցուած՝ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար իրենց։    

Մեր տրամախոհական մտածողութեան տարողութենէն, մեր մարդկային փորձառական տուեալներու ընդգրկումէն եւ պատմութեան դէպքերու ընթացիկ գնացքէն վեր, Հոգեգալուստի դրուագը բնականօրէն Քրիստոսի Յարութեան դրուագին կողքին, կը կազմէ առա՛նցքը Քրիստոսի կրօնքին։ Արդարեւ, Ս. Հոգին աննախընթացօրէն եւ ամենազօր համոզումի նկարագրով հոգեշարժ ուժականութեամբ եւ անսասանելի տոկունութեամբ գօտեպնդեց առաքեալները, նոր հոգեխառնութեամբ համակեց զանոնք եւ ծնունդ տուաւ Եկեղեցւոյ մը, որուն խորհրդալի եւ անդիմադրելի ներգործութիւնը, հրաշաստեղծ իրագործումներով, առաքեալներու փոքրիկ ու համեստ խումբը, հաւատացեալներու սակաւաթիւ եւ մարդկայնօրէն խեղճ ու տկար բազմութիւնը վերածեց յեղաշրջիչ ուժի մը, որ կրցաւ յաղթել չարին սադրանքին՝ տարածելով աստուածգիտութեան լոյսը։

Հոգեգալստեան կենսածիր ու զարմանահրաշ դրուագէն մեկնելով, մեր ուշադրութիւնը կը մտասեւեռենք հետեւեալ երեք ճշմարտութեանց.

Ա) Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլ. Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ յստակ կերպով կը բնորոշէ՝ ըսելով, թէ «Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ հոգիով կ՚առաջնորդուին» (Հռ 8.14)։ Այո՛, Ճշմարիտ քրիստոնեան ա՛ն է, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան Աստուծոյ կողմէ ղրկուած Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ կ՚ապրի ու կը գործէ։ Աստուծոյ որդիները անոնք են ի՛րապէս, որոնք ո՛չ միայն մարմնաւորապէս, այլ մանաւանդ հոգեպէս, այլ խօսքով՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած ու զօրացած քրիստոնէավայել կեանք մը կ՚ապրին։

Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ այլուր կ՚ըսէ. «Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, Անոր չի պատկանիր» (Հռ 8.9)։ Շատ պա՜րզ, բայց միաժամանակ խորիմաստ արտայայտութիւն մըն է սոյն խօսքը, որ կու գայ մեզմէ իւրաքանչիւրին անգամ մը եւս ըսելու, թէ՝ ո՛վ որ Քրիստոսի հաւատքը չ՚ընդունիր ու Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ չ՚ապրիր քրիստոնէական իր կեանքը, անիկա Քրիստոսի չի՛ պատկանիր։ Եթէ իսկապէս կ՚ուզենք ճշմարիտ ու օրինակելի քրիստոնեայ դառնալ, պէտք է Աստուծոյ Հոգիո՛վ խարսխուած կեանք մը ապրինք, որպէսզի այս աշխարհի մարդոց մտայնութիւնը բարեփոխուի, Սուրբ Հոգիի շնորհաբաշխ ազդեցութեամբ։ Ահա այն ատեն մարդը նո՜ր կեանքի մը վարագոյրը կը բանայ ու իր դիմաց կը տեսնէ պայծառ արեգակը՝ ճառագայթող ու ժպտուն։ Եւ ո՛վ է այդ պայծառ արեգակը, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մեր Տէրն ու Փրկիչը Քրիստոս Ինք։

Բ) Սուրբ հոգին կը կերպարանափոխէ ու կը զօրացնէ. Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնն ու կերպարանափոխիչ ուժը ի զօրու են մինչեւ այսօր, եթէ մեր կարգին որոշենք վերջակէտ մը դնել մեր հին մեղսալից կեանքին, ու Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ նոր մարդ դարձած, Անոր աներեւակայելի զօրութեամբ վերանորոգուած քալել Քրիստոսի հարթած ճշմարիտ ուղիէն։ Արդ, պատրաս՞տ ենք արդեօք մեր կեանքերը Սուրբ Հոգիով կերպարանափոխելու։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգիին կրակը մեր մէջ գտնուող ամէն տեսակի մեղք կ՚այրէ ու մեր սիրտերը կը մաքրէ ամէն տեսակի աղտեղութենէ։

Քրիստոս կ՚ըսէ. «Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գրծ 1.8)։ Աստուածորդին կը հաստատէ, թէ անոնք՝ որոնք Սուրբ Հոգին կը ստանան՝ զօրութեամբ կը լեցուին եւ Իր վկաները կը դառնան ամէն տեղ։ Այսօրուան մեր կեանքին մէջ շատեր կան, որոնք կը վկայեն Քրիստոսի համար, բայց ո՛չ մէկ զօրութիւն ունին իրենց կեանքին մէջ։ Ո՛չ իրենց հակառակորդները սիրելու զօրութիւնը ունին, ո՛չ զիրենք վիրաւորողներուն ներելու զօրութիւնը ունին, ո՛չ մեղքին դէմ դնելու զօրութիւնը ունին, ո՛չ տիպար ու քաջալերող օրինակ ըլլալու զօրութիւնը ունին, ո՛չ տրտմած սիրտ մը ուրախացնելու կամ սգաւոր մը մխիթարելու զօրութիւնը ունին եւ ոչ ալ խռովութեան դիմաց իրենց խաղաղութիւնը պահելու զօրութիւնը ունին։ Այդպիսիք փորձութեան դիմաց չեն կրնար կանգուն մնալ, նեղութեան առջեւ չեն կրնան հաստատ մնալ, հալածանքի դիմաց չեն կրնար չտրտմիլ, մերժումի դիմաց չեն կրնար չբարկանալ, անտեսումի դիմաց չեն կրնար չզայրանալ…։ Ինչո՞ւ համար չեն կրնար։ Որովհետեւ իրենց մէջ չունի՛ն ներկայութիւնը Սուրբ Հոգիին, չե՛ն ապրիր Սուրբ Հոգիով եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ։ Աստուածաշունչը յաճախ երբ Սուրբ Հոգիին մասին կը խօսի՝ ակնարկութիւն կ՚ընէ նաեւ զօրութեան։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած Իր Հոգին մեզի տուաւ, որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք եւ զօրանանք» (Բ.Տմ 1.7)։

Գ) Մեր պատերազմակիցը՝ Սուրբ Հոգին. «Քրիստոս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար» (Մտ 4.1)։ Յիսուս առանձին չգնաց փորձութեան անապատ։ Ան հոն առաջնորդուեցաւ Սուրբ Հոգիին կողմէ։ Եւ այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մենք առանձին չենք երբ փորձութեանց կ՚ենթարկուինք, այլ Սուրբ Հոգին մեզի հետ ու մեր կողքին է՝ մեզ յաղթող դարձնելու համար փորձութեան դէմ։ Եթէ երբեք փորձութեան մը հանդիպինք եւ պարտուինք անոր դէմ մեր պայքարին մէջ, պէտք է քննենք մենք զմեզ ու տեսնենք, թէ արդեօք մեր կեանքի ղեկը յանձնա՞ծ ենք Սուրբ Հոգիին։ Եթէ մեր կեանքի ղեկը չենք դրած Սուրբ Հոգիին ձեռքին մէջ, կը նշանակէ թէ Սուրբ Հոգին Ինք չէ մեր ղեկավարը, մեր նաւապետն ու մեր առաջնորդը, իսկ եթէ Ինք չէ մեր առաջնորդը՝ չենք կրնար յաղթել փորձութեանց։

Սատանան մեր փորձիչն է, մեզ փորձութեանց ենթարկողը։ Այդ փորձութիւնները կրնան բազմաթիւ ու բազմապիսի ըլլալ։ Օրինակ՝ բամբասուիլը, զրպարտուիլը, լքուիլը, զրկուիլը, անիրաւուիլը, վիրաւորուիլը, ծաղրուիլը, մերժուիլը եւ անարգուիլը, այս բոլորը փորձութիւններ են մարդուն համար։ Առանց Սուրբ Հոգիին օգնութեան չենք կրնար այս բոլորը տանիլ։ Պօղոս առաքեալ խօսելէ ետք հաւատացեալին սպասող նեղութեան, վիշտի, չարչարանքի, ծեծի, բանտի, խռովարարներու վայրագութեանց, յոգնութեան, անքնութեան եւ անօթութեան մասին, կ՚աւելցնէ՝ ըսելով. «Այս բոլորը տարէք՝ մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով» (Բ.Կր 6.4-6)։

Սիրելի՛ ընթերցող, իբր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ, երբեք զգացա՞ծ ես Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը առօրեայ վազվզուքիդ ու կենսընթացիդ մէջ։ Եթէ որեւէ ժամանակ առիթ չես ունեցած զգալու, ահաւասիկ, այժմ պահն է Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին ընդունելու եւ մարմինդ Անոր տաճարը դարձնելու։

Արդ, ձայնակցելով Ս. Ներսէս Շնորհալիին հոգիիդ ընդերքէն զեղուն հաւատքով բացագանչէ՝ ըսելով. «Հոգի Աստուծոյ վերստի՛ն մաքրէ զիս քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներով մաքրեցիր սուրբ առաքեալները. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի բազմամեղիս»։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2018